ԲՋԻՋՆԵՐ ՄՇՏԱՐԹՈՒՆ

Փօլ Քլօտէլի «Հոկտեմբեր»ը ջրվէժ մըն է, որ անպայման պիտի քակէ յիշողութիւններու այս շղթան գիշերուան այս ուշ ժամուն եւ զիս մղէ այս տողերուն։ Կ՚ուզեմ գրել առանց գիտնալու, թէ ո՞ւր կրնայ առաջնորդել տողերու խորհրդաւոր կածանը։

Յիսունականներու այդ հրաշալի, այդ անկասելի ջրհեղե՛ղը՝ որ մեր կեանքերն ու մտքերը դուրս կը բերէր ափերէն եւ մեզ կը տանէր անգուշակելի ուղղութիւններով։ Մենք գիւտեր կ՚ընէինք մեր ամէն մէկ քայլափոխին։ Մեծ եղելութիւններ կ՚ալեկոծէին մեր մտքերը այդ օրերուն։ Քուպան, Ալճերիան, Հունգարիան իրենց յեղափոխական հնոցներով կը խախտէին չափանիշները եւ մենք կը գտնէինք աշխարհը իր բոլոր հակասական եզրերով։ Իրականութեան մէջ, մենք կը գտնէինք մեր ներաշխա՛րհը իր բոլոր անելանելի բաւիղներով։ Ինտրան է, որ ստեղծեց այս բառը եւ ան մտաւ մեր իմացութեան պարունակէն ներս տնեցիի նստուածքով։ Ճիշդը կ՚ուզէ՞ք։ Մենք զիրար է, որ կը գտնէինք անձէ անձ ու միտքէ միտք։ Զիրա՛ր՝ հայցականացնելով իրարը։ Մատդ դնելով անվիճելիին վրայ։ Այսինքն՝ այն իրարը, որ օրը-օրին թրծուելով յատուկ սերունդ մը պիտի ըլլար։ Այո՛։ Մենք սերունդ մըն էինք արդէն մեր երիտասարդութեան պոռթկուն աւիւնով, իսկ Պէյրութը բաբախուն կենսաշխարհ մըն էր, որ կ՚ապրէր մեզի հետ, մեզմէ անկախ, մեր կշիռներով, խախտելով այդ կշիռները, հաստատելով նորերը, բերելով մեզի իր յաւիտենապէս յարափոփոխ ալիքներուն պչրանքն ու աղը։

Այս պահուն արդէն կը խուսափիմ խորանալէ մեր կեանքերու առեղծուածային ծալքերուն մէջ եւ կ՚ուզեմ միայն տանիլ այս տողը յիշողութեան արահետներով։ Քլօտէլի վարար արձակը յիշեցուց ինծի Վիգէն Սասունիի յայտնուիլը Պէյրութի մէջ։ Մեր պատկառելի ուսուցչին՝ Կարօ Սասունիի միջնեկ որդին էր ան,  որ յանկարծ մուտք գործեց Պէյրութի խաղաբեմէն ներս եւ փուլ բերաւ ամէն բան։ Հանրակառքի ճռնչող գիծերէն մէկն էր, որ կ՚ուղղուէր դէպի Ֆըրըն Շպպէք, դէպի Ֆրանսական Լիսէ, դէպի Սէն Ժոզէֆ համալսարան, դէպի Հայոց ազգային գերեզմանատուն, դէպի Լիբանանի ազգային թանգարանը։ Այդ գիծին վրայ կը գտնուէր նաեւ Սանթրը (Centre d’Etudes Superieures)։ Հոն էր նաեւ նախկին Սինէմա Միլիթէրը, ֆրանսական բանակէն մնացած յայտնի կառոյցը,  որ այժմ կը ծառայէր որպէս ֆրանսական մշակոյթի կեդրոն։ Եւ հոն է, որ Վիգէն Սասունի բեմ պիտի հանէր Քլօտէլի  «Քրիստափոր Քոլոմպոսի Մատեանը» (Le Livre de Christophe Colomb) եւ տակնուվրայ ընէր Պէյրութի թատերական բեմը։ Փութացինք ընկերներով։

Վիգէն Սասունի երիտասարդ թատերագէտ մըն էր եւ բեմադրիչ մը, հասակ առած Փարիզի մէջ, որ կու գար Պէյրութ վերագտնելու իր պապենական աշխարհի արեւն ու համեմները եւ իր անհանդարտ գիտութիւնը բերելու Պէյրութի մեր առօրեային։ Պէյրութի մէջ, ան հիմներ էր «Գրպանի Թատրոն»ը (Theatre de Poche) Փարիզի նոյնանուն թատերախումբի հետեւողութեամբ։ 

Կը յիշեմ, որ բեմը բացուեցաւ կլանող խաւարի մը մէջ եւ Քլօտէլի խորհրդաւոր արձակը քայլ առ քայլ ինքզինք յայտնաբերեց լոյսի կտուցներու եւ դէմքերու յարափոփոխ առընչութիւններով բեմն  ու սրահը միացնելով եւ վերածելով առեղծուածային մէկ տիեզերքի։ Բեմը այն տեղն էր, ուր դուն կը յայտնաբերէիր ինքզինքդ։ Դուն մաս կը կազմէիր եղելութեան։ Դուն կ՚ըլլայիր նոյնինքն եղելութիւնը անեղի ուժերէն թելադրուած։ Երբ վերջապէս վարագոյրը իջաւ եւ մենք քալեցինք դուրս, զգացինք, որ վերստին հասեր էինք հողի կարծր իրականութեան։ Յանկարծ կրկին ոտք դրինք Պէյրութի քայցր երեկոյէն ներս մեր ետին թողած մղձաւանջը ըլլալուն։ Յստակ չէր այդ պահուն՝ ազատագրուա՞ծ կը զգայինք, թէ ձերբազատուած…եւ թէ ի՞նչ բանէն։ Մեր քայլերը բնազդաբար դիմեցին դէպի Օթոմաթիքի ընդյատակեայ ճաշարանը, ուր Պէյրութի հրաշահամ ֆուլն էր, որ կը հաւասարեցնէր ամէն բան վերականգնելով մեր անուղղայ քմահաճոյքն ու լաւատեսութիւնը։ 

Թատերասրահէն դուրս գալով, մենք իջեր էինք դէպի հրապարակը Պուրճի, ուր քաղաքի մետաղն էր, որ կը ձուլուէր հազար տարբեր հանածոներով եւ ի հեճուկս ամէն ինչի։

Այսօր, մտքիս մէջ շարունակ կը վերականգնեմ մեր մայրաքաղաքի այն կեդրոնավայրը, որ նաեւ անհանգիստ սիրտն էր քաղաքին։ Կ՚ակնարկեմ չորս հրապարակներու հանգոյցին։ Սկսելով Պապ Իտրիսէն, հասնելով Խորհրդարանի հրապարակը, անցնելով Ռիատ Սոլհ ու Լազարիէի ծաւալուն համալիրի բանուկ մայթով  յանգելով Պուրճի մեծ տարածքին։ Այս հանգոյցին մէջն էր նորանկախ հանրապետութեան վարչապետարանը՝ Մեծ Սէրայը, զոր նոր հանրապետութիւնը ժառանգեր էր հին օրերէն։ Հոն էր Խորհրդարանը իր կոթողական ժամացոյցով։ Նուրիէի խրթին պազա՛րը՝ որ նստած էր Հռոմէական Պէրիւթոսի հիմերուն վրայ։ Հոն էին նախարարական շէնքերը։ Հոն էր Պէյրութի քաղաքապետարանը։ Հոն էին հոգեւոր պատկառելի հաստատութիւնները։ Բայց մանաւանդ հոն էին քաղաքի նաւահանգիստն ու շուկան բոլոր իրենց խլրդային առընչութիւններով։ Այս բոլորը ընդելուզուած էին իրարու եւ վերածուած մէկ պիրկ երակի մեր բոլորին կամքէն անկախ, բայց նաեւ մեր առօրեան օր ու գիշեր պարփակող, պայմանաւորող, լիաւորող։ 

Մենք ակնթարթ մըն էինք միայն այս կանգ չառնող արկածախնդրութեան տարեգրութիւններուն մէջ։ Եւ ընդհանրապէս անգիտա՛կ՝ ժամանակներու մեծ անցուդարձին։ Պէյրութը ունէր իր հրաշալի արեւը։ Ունէր իր հրաշալի ծովը։ Ունէր իր մշտապէս պայծառ եւ լիազօրող երկինքն ու լո՛յսը։ Մենք բնազդով գիտէինք, որ այնուամենայնիւ կեանքը մերն էր եւ ապագան՝ յղի՛։  

Անկախ պետականութիւնը ինչպէ՞ս յանկարծ ցամաք ելաւ մեր այս շէնշող հրուանդանի ափերէն եւ ինչպէ՞ս ստեղծեց իր իրականութիւնը՝ «Աստուած գիտէ» կ՚ըսէր մեր հին թաղի սակաւախօս փիլոսոփան առաւօտեան սուրճի իր երկու ումպերուն միջեւ եւ չուզելով շատ քրքրել մնացեալը։ 

Անկախ պետականութիւնը՝ իր հերթի՛ն, բայց փիւնիկեան մեր ոստանը երբեք չդադրեցաւ ինքզինք ըլլալէ…Ան կերաւ, խմեց, աղօթեց, կռուեցաւ, սակարկեց, սուրբ եւ անսուրբ դաշինքներ շարեց իր համրիչին եւ բացարձակ անիշխանութեամբ խառնելով հինն ու նորը եւ տեւաբար յաւակնելով որ ինք կրնար շրջանցել Պղատոնն ու Արիստոտէլը՝ յամառօրէն հաւատաց, որ կրնար արագ համաձայնութեան գալ, թէ քանի՞ հրեշտակ կրնար ի վերջոյ սեղմիլ գնդասեղի ծայրին ըստ օրուան ոսկեդրամի ելեւէջող սակերուն…Յայտնի սեղանաւոր Պր. Յակոբն էր միայն — լումայափոխներու փողոցի յայտնի միականի՛ն — որ այդ ժամուն, անգլիական ոսկեդրամը մատներուն մէջ շօշափելով, Սուք Սըրսոքի իր խցիկէն, պիտի նայէր քաղաքին աչքերուն մէջ եւ ճշտէր սակը։

Պէյրութի այս հողը երբեք չդադրեցաւ շինարարներուն մղձաւանջը ըլլալէ։ Ճեմարանի մեր բազմահմուտ ուսուցիչը՝ Գառնիկ Գիւզալեան յաճախ կը յիշեցնէր մեզի, որ Լիբանանի ծովափնեայ աշխարհամասը Փիւնիկեան մեծ քաղաքակրթութեան օրրանն էր։ Կ՚ուզէր, որ լուրջի առնէինք այս հողը, զոր ոտքի տակ կու տայինք օրն ի բուն ֆութպոլի գնդակը թռցնլով թաղէ թաղ։ «Վերցրէք մի բրիչ, փորէք ինչ որ մարդահասակ խորութիւն եւ դուք կը յայտնաբերէք մարդու ապրող անցեալը», կ՚ըսէր ան։ «Սա Մերձաւոր Արեւելքն է, ինչպէս Հայաստանը», կը շեշտէր աչքերը փակ ու ինքնասոյզ։ «Այստեղ է ծնուել այն ամէնը, որ մենք ենք։ Շումերներից մինչ Եգիպտոս, մինչ Փիւնիկիա, մինչ Հելլենների աշխարհը։ Քաղաքակիրթ մարդու հաւաքական մե՛նքը»։ Յետոյ անմիջապէս՝ «Այստեղ է ծնուել  այբուբե՛նը…Մա՛յրը՝ բոլոր միւս ալֆապետներին։»

Այն աշխարհագրական տարածքին վրայ, ուր այսօր Ռիատ Սոլհի անունը կրող հրապարակն է, յանկարծ սկսաւ ձեւ առնել նոր օրերու Պէյրութը։ Հետզհետէ սկսանք տեսնել քաղաքին առաջին «երկնաքեր»ը, որ կոչուեցաւ «Ասէյլիի Շէնք»։ Այսօր հազիւ թէ նշմարելի ըլլայ անոր գոյութիւնը արդի Պէյրութի ճարտարապետական յղացքին մէջ։ Բայց այդ օրերուն Ասէյլիի շէնքը քաղաքին մեծ երեւոյթն էր։ Մեծ գայթակղութի՛ւնը։ Պեթոնի խառնուրդը սիմենթի նորահնար կաթսաներէն մեծ աղմուկով կը լեցուէր փիւնիկեան քաղաքի գարշապարներուն մէջ եւ նոր օրերու իրականութիւնն էր, որ կը կանգնէր պողպատեայ յարկերու կմախքով։ Հրապարակին միւս կողմը գտնուող արաբական սրճարանը (խսիրէ ցածլիկ աթոռակներով) դիտեց ու դիտեց իր աչքերուն առջեւ պարզուող այս նոր գոն եւ շունչը բռնած արձակեց նարտիի իր զառերը…

Ասէյլիի շէնքը կ՚ըստեղծէր իր ինքնուրոյն մշակոյթը։ Եւ մշակոյթը վախ էր։ Եւ մշակոյթը սպառնալիք էր։ Ան սարսափն էր։ Ան մահն էր։ Ասէյլիի կողքին տարածուեցաւ Լիբանանի դրամատնային թաղը շքեղաշուք նոր կառոյցներով։ Անկէ քիչ ասդին ՝ Լազարիէի ընդարձակածաւալ համալի՛րը։ Ասէյլիի համակարգին մէջ երեւան եկան երկրի նոր տնտեսութեան մեղուաբոյնը հանդիսացող գրասենեակներն ու վաճառատուները, Քափիթոլի չքնաղ շարժասրահը, Լիպրերի Տիւ Լիպանի մեծ գրախանութը արդիական հրատարակութիւններու իր հաւաքածոյով։ Հոն կը տեսնէինք մեր ուսուցիչները։ Հոնկէ էր, որ գնած եմ աներեւակայելի խնայողութիւններով տուն բերուած քանի մը գրքեր, որոնք գրադարանիս մէջն են մինչեւ այսօր։ Պղատոնի «Հանրապետութիւն»ը, թղթակազմ հրատարակութեամբ, մէկն էր անոնցմէ, զոր յափշտակութեամբ կարդացի այդ տարիներուն։ 

«Մենք»ը, զոր կը գործածեմ առանց մտածելու Պր. Գիւզալեանի խորախորհուրդ մենքին մասին, կ՚ակնարկէ կազմաւորուող ամբողջ սերունդի մը, բայց մանաւանդ՝ մեր անսանձահարելի եռեակի՛ն։ Երեք ճեմարանականնե՛ր՝ Սերոբ Երէցեանն ու Նազօ Փաթանեանն ու ես։ Երեք տարբեր խառնուածքներու անօրինակ սերտակցութեա՛մբ։ Երեքս ալ՝ չյագեցող հարցամոլնե՛ր՝ մտքի կաթսայէն առաւելագոյնը կորզելու մեր տնավարի շերեփներո՛վ։ Եկած քով-քովի եւ դարբնա՛ծ՝ հրաշալի մտերմութիւն մը։ Այս նեղ էջերուն մէջ անկարելի է պարփակել այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենար մեր շուրջ եւ մեր մէջ այդ օրերուն, բայց, հաւատացէք, որ մտքերու պտուտահողմը կլանած էր մեզ լիաժամ եւ մեր օրակարգը սահման չունէր։ 

Ռիատ Սոլհի տարածքէն կը բաժնուէր Ս. Նշանի զառիվերը եւ կը դիմէր դէպի վեր, դէպի մեր փողոցներն ու տուները։ Դէպի մեր Մայր Եկեղեցին՝ Ս. Նշանը եւ քաղաքի հայոց դպրոցներն ու ակումբնե՛րը։ Հոն էր Ճեմարանի նոր շէնքը։ Այդ թաղերու մտերմութեան մէջ, մենք ստեղծեր էինք խիտ ու խռպոտ մէկ հայրենիք, զոր միայն մենք գիտէինք սահմանազատել եւ միայն մենք կը հասկնայինք։ Պէյրութի Սոքաք-էլ-Պլաթ մեծատարած թաղն էր, զոր մենք կը կոչէինք Ս. Նշան թաղ, իսկ թաքսիի արաբ վարորդները՝ Քնիսթըլ Էրմէ՛ն…Եկեղեցին Հայկակա՛ն։

Բայց այստեղ պէտք է անպայման յիշեմ հրապարակի աննկարագրելին։ Ռիատ Սոլհ հրապարակին այն անկիւնը, ուրկէ սկիզբ պիտի առնէր (եկէք «կ՚առնէր» ըսենք)  Ս. Նշանի զառիվերը, գոյութիւն ունէր մէկ ճարտարապետական անհասկնալի խառնաշփոթ, զոր նկարագրելն անգամ անկարելի կը թուի այս ուշ ժամուն… Հրապարակի յայտնի «փոս»ն էր ան։ Անհասկնալի մէկ գոգաւորութի՛ւն՝  որ ժառանգուած էր անյիշատակ ժամանակներէ եւ պահպանուա՛ծ՝ իր հարազատ ինքնութեամբ։ Որպէսզի կարենայիր մտնել Ս. Նշանի զառիվերը՝ նախ զգուշութեամբ պիտի իջնէիր «փոս»ը։ Պիտի իջնէիր լայնկեկ աստիճաններով, որոնք – չես գիտեր ե՞րբ — սալարկուած էին ծովափնեայ գլաքարերու շարուածքով։ Աստիճանները քեզ կը հասցնէին «փոս»ին յատակը, ուր քաղաքի հնօրեայ անցեալէն վերապրած արեւելեան  շուկայի մէկ փշրանքն էր, մէկ յամառ ժամանակավրիպութի՛ւն, շրջանաձեւ տարածքի մը վրայ նստած եւ մօտ քսան հինգ մեթր տրամագծով՝ որմէ ետք միւս սանդխաշարն էր, որ քեզ արդէն կը հանէր վեր ու կը դնէր Ս. Նշանի զառիվերին վրայ։ 

«Փոս»ի շուկան կ՚ապրէր ինքնիր կեանքով։ Հոն հին արհեստներն էին։ Վերմակի հում բուրդը գզողները (աղեղանման իրենց նախնադարեան գործիքներով), դանակ սրողները, սանր շինողները, հին գործիքակազմով աշխատող սափրիչները, կօշիկ նորոգողները՝ մանրագամի որոշ քանակութիւն մը իրենց բերնին մէջ մթերած… (չհասկցա՞ք. չէ՛ք հասկնար. մի՛ հասկնաք)։ Երբ «փոս»էն դուրս գայիր դէպի Ս.Նշան, կը զգայիր, որ ետիդ մնաց նախնադարը իր ձայներով, իր բոյրերով եւ միշտ ապրող ու  չմեռնող իրականութեամբ…

Չմոռնամ ըսելու, որ «փոս»ին յատակէն կողմնակի սանդխաշար մը քեզ կը հանէր վեր, դէպի հին տանիքի մը բացա՛տը՝ որ «փոս»ին նայող սրճարան մըն էր եւ այդ բարձունքին վրայ կը գտնուէր «Ազդակ»ի խմբագրատունը։ Իսկական մեղուաբո՛յն մը լրագրական խոհանոցի։ Հին օրերուն, այդ նոյն խմբագրատունը ծառայած էր «Ազդակ»ի նախորդը հանդիսացող «Նոր Փիւնիկ»ին։ Ես «Նոր Փիւնիկ»էն մէկ համար միայն աչքէ անցընելու բախտը ունեցած եմ եւ այդ ալ՝ Ճեմարանի պահոցներուն մէջ։ Ըսեմ՝ որ իսկապէս ճոխ մէկ պարբերական եղած ըլլալու էր ան, որ պատկերն իսկ էր 1920-ական թուականներու եռեւեփող մեր գաղութին։ 

Աւելցնեմ անմիջապէս, որ «Նոր Փիւնիկ»ը ունէր նաեւ մէկ մեծ եւ պատկառելի աշխատակից, որ – ըստ մեր ուսուցիչ՝ Գառնիկ Բանեանին – շաբաթը երկու անգամ կը յայտնուէր խմբագրատան կողքի սրճարանը եւ իր պայուսակէն կը հանէր թուղթ եւ մատիտ իր հերթական յօդուածը գրելու։ Արաբ  սպասեակը գիտէր, որ այս գրչի մեծ տիտանին – Մեծ Սթէզի՜ն — ինք պէտք էր մատուցէր բաժակ մը օղի եւ մէկ կեղուըուած վարունգ՝ առանց որոնց Վարպետը չէր կրնար աւարտել իր յօդուածը…Վարպետը ոչ այլ ոք էր, քան նոյնինքն Երուանդ Օտեանը։ 

Տէր Զօրի դահճարաններէն մազապուրծ ազատուած հայոց մեծ երգիծաբանը, քայքայուած ու կիսամերկ, հրաշքով հասած էր Հալէպ եւ ի վերջոյ Պէյրո՛ւթ՝ ուր կար հոծ գաղթականութիւն եւ ուր կեանքը սկսեր էր եռալ անօրինակ կշիռներով։ Եւ ուր — արդէն քսանականներո՛ւն  —  լոյս կը տեսնէր գաղութին առաջին թերթը՝ «Նոր Փիւնիկ»ը։ 

Հիմա հարց տանք մենք մեզի, թէ ո՞ւր կը բնակէր ան այդ օրերուն։ Անդրանիկ Ծառուկեան ցնցիչ տողերով կը նկարագրէ Օտեանի այցը որբանոց (երեւի այսօրուան Ճիպէյլի Թռչնոց Բո՛յնը՝ որբերու հրեշտակահոգի «մօր» Մարիա Ճէյքըպսընի հոգատարութեան ներքոյ)։ Պէտք է ենթադրել սակայն, որ Օտեան, այդ օրերուն, կը բնակէր Ս.Նշանի մօտակայ փողոցներուն մէջ։ Հաւանաբար հայ ընտանիքի մը մօտ։  «Թերթէն ոչ շատ հեռու»։ Իսկ թերթը լոյս կը տեսնէր շաբաթը երկու օր միայն։ Եւ երեւի Վարպետը քալելով կ՚իջնէր Ս.Նշանի զառիվերէն (այս պարագային՝ զառիվարէն…), ինչպէս մեր օրերուն մե՛նք կ՚ընէինք օրն ի բուն։ Վարպետը կ՚իջնէր մինչեւ «փոս»ին յատակը՝ կանգ առնելով եւ դիտելով հին արհեստներու խայտաբղէտ հանդէսը՝ խմբագրատուն բարձրանալէ առաջ։ 

Պր. Բանեան եւ իր ընկերները յաճախ կը շրջապատէին Վարպետը եւ երեւի Վարպետը նոր աւիւնով կը տոգորուէր իր շուրջ տեսնելով որբերու սերունդի այս նոր ընձիւղները։ Վարպե՛տ, ըսեր էին օր մը, ինչո՞ւ կը խմէք։ Օղին կը քայքայէ ձեր առողջութիւնը…Տղա՛ք, պատասխաներ էր ան ժպիտով, ես կրնամ հաստափոր մէկ հատոր գրել օղիի վնասներուն մասին, բայց երեւակայեցէք, թէ որքա՜ն օղի պիտի սպառեմ զայն գրելու համար…

«Նոր Փիւնիկ»ի այս պարզ առօրեան գերազանցօրէն կազդուրիչ պէտք էր եղած ըլլար Օտեանի մղկտացող հոգիին։ Այդ շրջանին յղացուած «Անիծեալ Տարիներ»ու էջերը մեր գրականութեան Դանտէականն են այսօր, երբ կը կարդանք։ Անոնք գրականութիւն չեն։ Այդ տողերով Օտեան կռուած է Տէր Զօրի դեւերուն դէմ։ Ան ճգնած է վերապրիլ անքնութեան դաժան գիշերներէն։ «Նոր Փիւնիկ»ի սրճարանի իր նստած տեղէն, ան կը դիտէր Ռիատ Սոլհի հրապարակը, երբ հրապարակը դեռ հնադարեան տարածք մըն էր միայն եւ կը կոչուէր Սուրի Հրապարակ։ Այսինքն՝ երբ դեռ չկար Լիբանանի Հանրապետութիւնը։ Չկար Ասէյլիի շէնքը եւ անշուշտ չկար Վարչապետ Սոլհի արձանը եւ չկար դրամատնային թաղը իր փառահեղ կառոյցներով եւ բլուրի գագաթին չկար Ս. Նշանի այսօրուան բարձրագմբէթ եկեղեցին։  Կար հայոց մատո՛ւռը՝ որ յետագային փոխարինուեցաւ ներկայ օրերու մեծ եկեղեցիով։ Այդ սրճարանը իր խոհավայրն էր արաբներու այս ծովուն մէջ։ Վիրաւորանքը յաղթահարելու – «վէրքերը լիզելու…» — իր առանձնավա՛յրը։ Մենք այս բաները երբեք քով-քովի չէինք դրած, երբ մեր խենթ օրը կ՚ապրէինք երեքով։ Ես այս բաները նոր միայն կը տեսնեմ իմ վրդով երեւակայութեամբ։ Նոր միայն կը հասկնամ, թէ ինչպէ՞ս ապրած էր Վարպետը։ Ինչպէ՞ս ապրած էր մեր ժողովուրդը։ Ինչպէ՞ս մենք բուժած էինք մեր վէրքերը։ Կամ ինչպէ՞ս չէինք կրցած բուժել զանոնք։ 

Երբ մեր օրերուն հրապարակը կոչուեցաւ Ռիատ Սոլհի անունով եւ հրապարակի կեդրոնը բարձրացաւ Սոլհի արձանը, արձանին տակ յայտնուեցաւ ահաբեկչութեան զոհ գացած առաջին Վարչապետին յայտնի մէկ խօսքը։ Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՞ս երեքով կանգ առինք պատուանդանին առջեւ եւ կարդացինք պերճաբան այդ տողերը։ Նազոն մեր արաբագէտն էր եւ դիտել կու տար արաբերէն լեզուի հրաշալի կշռոյթը Սոլհի բառերուն կախարդող  ելեւէջով։ Միտքս մնացած են այդ բառերը։ «Լուպնան լան եաքունու լիլ իսթի’մարի մաքարրան ուա լան եաքունու լիլ իսթի’մարի մամարրան»։ «Լիբանանը պիտի չըլլայ գաղութակալութեան խարիսխ եւ պիտի չըլլայ գաղութակալութեան անցակէտ»։  Ոգեշնչող մտքե՛ր՝ որոնք պէտք էր կարգախօս հանդիսանային Լիբանանի նորահաս սերունդներուն։ Մենք չէինք գիտեր, թէ ուրիշ Լիբանանի մը հրաբուխը արդէն կ՚եռար մեր ոտքերուն տակ եւ պատրաստ էր շուտով ժայթքելու…եւ ամիսներ շարունակ անդամալուծելու մեր աշխարհը։ Կը գտնուէինք Լիբանանի 1958-ի քաղաքացիական խռովութիւններու նախօրեակին։ Առաջին նախնական փո՛ւլը՝ Լիբանանի քաղաքացիական մեծ պատերազմին։ 

Ռիատ Սոլհ եւ իրմէ ետք Սամի Սոլհ եւ Լիբանանի առաջին ղեկավարներէն շատեր, այդ օրերուն, կը սիրէին յիշեցնել իրենց հայազգի ընտրողներուն, թէ իրենք աշակերտներն էին Գրիգոր Զօհրապին Պոլսոյ իրաւաբանութեան վարժարանին մէջ։ Եւ անշուշտ այս փաստը մեծ հնչեղութիւն ունէր մեր սրտերէն ներս։ Երեւակայել կու տար մեզի, թէ ինչպիսի՞ն եղած էր կեանքը նախապատերազմեան Պոլսոյ մէջ։ Ռուբէն Տէր Մինասեան «Հայրենիք» ամսագրին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներով կու տայ յաւելեալ մանրամասնութիւններ Զօհրապի սերտ կապերուն մասին Օսմանեան Խորհրդարանէն ներս «Ազատական» խմբակցութեան երեսփոխաններուն հետ, որոնք ընդհանրապէս արաբական աշխարհէն ընտրուած օրէնսդիրներն էին։ Կը խօսի 1913-ի արաբ ազգայնական խմբաւորումներու Փարիզեան Համագումարին մասին, որուն հրաւիրուած էր մասնակցելոու նաեւ Գրիգոր Զօհրապ։ Այդ համագումարին մէջ եւս, Զօհրապ գործեց ուսուցչի հեղինակութեամբ եւ ինքն է եղած հեղինակը շարք մը հիմնարար բանաձեւերու, որոնք արաբական աշխարհի առաջին հուժկու պահանջատիրական փաստաթուղթերն էին ուղղուած Օսմանեան իշխանութեան։

Դեռ շատ փոքր տարիքէն, հայրս եղած էր բաժանորդ Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին։ Ամսագիրը, որ լոյս կը տեսնէր Դաշնակցութեան Ամերիկայի հնոցէն իր ճոխ եւ բազմակողմանի բովանդակութեամբ անզուգական դասագիրք մըն էր հօրս սերունդին համար։ Անոր օրինակները, երեքական շարքերով կազմուած եւ խնամքով տեղաւորուած՝ մեր տան գրադարանին զարդերն էին։ Հայրս կարդացած էր ամէն տող եւ յաճախ ստուգումներ կը կատարէր անոնց էջերէն։ Ռուբէնի յիշեալ յօդուածաշարքը, առաջինը, ինքն էր, որ դրած էր իմ աչքերուս առջեւ։ Յետագային նաեւ՝ Ընկ. Արշակ Գալուստեա՛նը՝ Պրոֆ. Հրայր Պալեանի մեծհայրը։ 

Ի դէպ Ընկ. Արշակը առասպելական ներկայութիւն մըն էր մեր կեանքին մէջ այդ օրերուն։ Ան եղած էր Ամերիկեան Համալսարանի ուսանող դեռ նախապատերազմեան շրջանին եւ գտնուած էր Սիմոն Զաւարեանի կողմէ հիմնուած եւ յետագային իր անունով կոչուած Զաւարեան Ուսանողական Միութեան հիմնադիր կազմին մէջ։ Արաբկիրցի արմատներով, ան եղած էր Պէյրութի ՀՅԴ կազմի առաջին ընկերներէն։ Ունէր բաւականին ճոխ գրադարան մը եւ, հօրս պէս,  չյագեցող պապակ մը կարդալու։ Տարիներ առաջ կարդացածը կրկին կը կարդար եւ ուշիմ դիտարկումներ կ՚ընէր անցեալի ընթերցումներէն բերուած սխալ տպաւորութիւններու մասին։ Աւելի երէց քան հօրս սերունդը՝ ան մեր ուժեղ կապն էր անցեալին հետ։ Եւ – հրա՛շք – մեր յաճախակի պոռթկումները իրեն համար չէին…Ինք «ազատ կացուցուած» այդ բոլորէն։ Կը սիրէինք իր ծերութիւնը։ Կը սիրէինք իր ամէն մէկ անսեթեւեթ բառը։ Կը սիրէինք նաեւ իր հայրենի բարբառին համեմները։ Կը լսէր մեզ անխօս եւ համբերատար ժպիտով եւ յետոյ կ՚ըսէր՝ «Կարդացէք Արշակ Ջամալեանի հակաճառութիւնը Քաջազնունիին «Հայրենիք» ամսագրի 1924-ի թիւերուն մէջ»…Պաղ ջո՛ւր մը ծոծրակէդ վար։ Պիտի երթայիր եւ կարդայիր։ Դեռ շատ բան ունէիր սորվելու։  

Հօրս դերձակատունը կը գտնուէր Ժորժ Փիքօ պողոտային վրայ, Պապ Իտրիսի հրապարակէն դէպի Ամերիկեան Համալսարան դիմող հանրակառքի գծին։ Այլ դերձակատուներու դրացնութեան մէջ։ Դեռ շատ փոքր տարիքէն մեր տան կարգն էր, որ ես եւ փոքր եղբայրս մաս կազմէինք հօրս խանութի առօրեային։ Որոշ յաճախականութեամբ՝ ես եւ Յարութիւնը «կ՚իջնէինք» խանութ բաժին վերցնելու համար հօրս եռուզեռէն։  

Հայրս ոչ միայն վարպետ դերձակ էր, այլեւ ՝ «դերձակ վարպե՛տ» մը այս բառակապակցութեան ամբողջական կշիռով։ Այդպէս կը կոչուէին անոնք իրենց արհեստի աշխարհին մէջ։ Հայրս կը տիրապետէր արհեստին մանուածապատ նրբութիւններուն։ Դերձակ արհեստաւորներու ամբողջ դասակարգ մը կար Պէյրութի մէջ այդ տարիներուն եւ շատը՝ հօրս բարեկամներն էին եւ յաճախ՝ մտերիմ ընկերնե՛րը։ Բայց «մատի վրայ» կը համրուէին «դերձակ վարպետ»ները, իսկ այս վերջիններէն ոչ բոլորը լիովին կ՚արդարացնէին այդ կոչումը։  Յաճախ կը տեսնէի, որ յիշեալ վարպետներէն ոմանք կը յայտնուէին հօրս դրան մէջ կերպասին փաթեթը իրենց թեւին տակ օգնութիւն խնդրելով հօրմէս կերպասը «ձեւելու» նուրբ գործին համար։ Արհեստակիցներու այս շրջանակին մէջ, հօրս կը դիմէին իր աւանդական տիտղոսով՝ «Վարպե՛տ»։ Յաճախ նաեւ անոր թրքերէն համազօրով՝ «Ուստա»։ Ուստան արաբերէնի «սթէզ»ն էր, որ իր արաբերէն համազօրով չէր գործածուեր հօրս արհեստաւորական միջավայրին մէջ։ Մեր աշխատանոցի ոչ-հայազգի տղաքն ալ կը գործածէին «Ուստա»ն, բայց արաբերէնի հնչիւնաբանութեամբ։ Երկու պարագային ալ, այդ բառերը կ՚արտասանուէին շատ յարգալիր։ Իսկ յաճախորդներու շրջանակին մէջ, յատկապէս «փրովա»յի գործողութեան պահուն, հօրս խօսքը օրէնքի ուժ ունէր։ Կիսով կարուած բաճկոնը յաճախորդի ուսերուն «նստեցնելէ» ետք, յաճախորդն ու հայրս լուռ կը դիտէին կարուածքը հայելիին «ջրհորէն»։ Յաճախ կը պատահէր, որ յաճախորդը գոհունակութեամբ – բայց կանխահասօրէն — շնորհակալութիւն յայտնէր հօրս, մինչդեռ հօրս աչքերը մնային սեւեռած բաճկոնի թեւին կամ ուսին վրայ…եւ ան յանկարծ խիզախ շարժումով մը քակէր թելակարը եւ սկսէր վերստին գծել եւ գնդասեղել։ Այս բաները ես գիտէի, քանի որ գնդասեղի պաշարը հօրս հայթայթողը ես էի յաճախ…Լուռ ու մունջ եւ խիստ ուշադի՛ր։ Վերանայուած հանդերձանքը վերստին կը մտնէր աշխատանոց, ուր ամբողջ խումբ մը կար դերձակ տղոց, որոնք կը գտնուէին արհեստաւորի զանազան մակարդակներուն վրայ։ Հայրս մանրամասնօրէն կը փոխանցէր իր ցուցմունքները աշխատանոցի մեծաւորին՝ «խալֆայ»ին եւ հագուստը ի վերջոյ դուրս կու գար աշխատանոցէն, արդուկուած եւ շքեղ։ Խալֆան պահ մը կը բռնէր բաճկոնը ձախ դաստակը բաճկոնի ձախ ուսի ներսէն եւ հայրս եւ ինք լուռ կը զննէին աշխատանոցի վերջին գլուխ-գործոցը։ Այնուհետեւ զայն կը կախէին «վերջացած» հագուստներու պահարանը մինչեւ որ «տէր»ը գար զայն վերցնելու։  

Այդ տարիներուն էր, որ Լեւոն Շանթի դասագրքէն մենք կարդացեր էինք Միքայէլ Նալբանդեանի «Երկրագործութիւնը Որպէս Ուղիղ Ճանապարհ» երկը։ Կը յիշեմ Պր. Բանեանի խանդավառ դասապահը Նալբանդեանի թէզերուն մեզ հաղորդակից ընելու իր ամբողջանուէր ճիգով…Անշուշտ մեր ուսուցիչը (ինքն ալ՝ Մեծ Եղեռնի որբերէն) լաւ կը հասկնար, որ մենք հոն էինք այդ պահուն մէկ ու միակ պատճառով։ Մենք հոն էինք, քանի որ Կիլիկիան, Կապադովկիան եւ Փոքր Ասիոյ այլ հայկական բնակավայրերը — «երկրորդ անգամ ըլլալով» կը շեշտէին մեծերը… — ենթարկուած էին դաժան բռնագաղթի։ Եթէ չըլլար Ֆրանսայի օրուան իշխանութեան անակնկալ եւ ապիկար սերտակցութիւնը Քեմալին հետ, պիտի չըլլար մեր ժողովուրդի վերջնական այս տեղահանութիւնն ու հայրենազրկումը եւ մենք իր առջեւ նստած պիտի չըլլայինք…

Իսկ մենք, գրեթէ անխտիր, կու գայինք արհեստաւորական ընտանիքներէ։ Մեր ընտանիքները կրցեր էին վերապրիլ այս օտար հողին վրայ շնորհիւ արհեստի մոգական ուժին։ Մենք պարզապէս հեռու էինք…«երկրագործութենէ»։ Իրականութեան մէջ, մենք այդ բառը սորվեր էինք Միքայէլ Նալբանդեանի բնագրէն միայն, ինչպէս բառերը «Մեր Հայրենիք»ին։ Բացառութիւնը մուսալեռցի եւ քեսապցի աշակերտներն էին։ Վարուժանի «Հացին Երգը» անոնք միայն գիտէին զգալ իր մանրամասնութեամբ եւ հարազատ բոյրերով։ Մէկը՝ տարագիրներու Այնճարին մէջ, իսկ միւսը՝ նորանկախ Սուրիոյ սահմաններուն մէջ վերապրած իր հայրենի բնաշխարհով։

Քեմալական տեղահանութեան հոսանքը (1922) մեր ընտանիքը հասցուց նախ Կիպրոս, յետոյ Դամասկոս, որ յետագային պիտի ըլլար անկախ Սուրիոյ մայրաքաղաքը։ Հայրս – տան անդրանի՛կը – տասներկու տարու էր այդ կէտին վրայ։ Գէորգ հօրեղբայրս ՝ ութ։ Իսկ Բարսեղ հօրեղբայրս՝ դեռ նորածի՛ն։ Մեծհայրս – հազիւ ազատուած՝ քեմալական տանջարաններէն եւ հրաշքով վերագտած աքսորեալ իր ընտանիքին հետքերը – կը գտնուէր հոգեկան ծանր վերիվայրումներու մէջ։ Անկարո՛ղ՝ որեւէ աշխատանքի։ Անելը շրջապատեր էր մեզ, ինչպէս գաղթական հայոց կեանքը ամէնուրեք։ Իսկ կեանքը բնաւ մոռցնել չէր տար, որ «ընտանիք ըսուած»ը ապրող օրգանիզմ էր (եւ ապրելու կոչուա՛ծ), որ պէտք էր կառչած մնար վերապրելու իր առաքելութեան եւ ոչ ոք ժամանակ ունէր իր ճակատագիրը ողբալու։ Բաւ էր նայիլ Մեծմօրս աչքերուն հասկնալու համար ամէն ինչ։

Պէտք էր վերականգնիլ։ Պէտք էր յաղթել։ Պէտք էր «կոխել ու անցնիլ», ինչպէս կ՚ըսէր հայրս։ Նոյնն էր պարագան հազարաւորներու։ Մենք երբեք չեղանք ողբի հասարակութիւն։ Մեր մեծմայրերն ու մայրերը չէին «ձգեր», որ ըլլայինք։ Իրենք ամէն օր պէտք էր առաջ տանէին ընտանիքին «արօր»ը։ Օրը երեք անգամ պէտք էր սնունդ հայթայթէին ապրող ու շնչող այս գերդաստանին։ 

Հօրս առաջին «ասպարէզ»ը կօշիկի ներկարարութիւնը եղաւ։ Պոյաճի պո՜յա…։ Դամասկոսի Մերճէի հրապարակին վրայ քով-քովի շարուած կ՚ըլլային անոնք իրենց տուփերով։ «Ծայրը չէիր տեսնէր», կ՚ըսէ հայրս քաղցր ժպիտով։ Իր քով նստած էր միշտ իր ներկարար ընկերը, որ միշտ ալ մնաց իր սրտակիցը մինչեւ խոր ծերութիւն։ Սրտակի՛ց մը՝ որ ի վերջոյ բախտը ունեցաւ ընդգրկուելու նախ Մելգոնեանի եւ ապա նորահաստատ Ճեմարանի ուսման ծրագրերէն ներս։ Յետոյ նաեւ կրցաւ յաճախել Պրիւքսէլի համալսարանը՝ աշակերտելով Նիկողայոս Ադոնցին։ Սրտակի՛ց՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Ճեմարանին եւ հայ դպրութեան եւ գրեց Դամասկոսի ներկարար տղոց կեանքին վէպը, որ կը կոչուէր «Հացի եւ Լոյսի Համար»…Եւ ես որպէս իր աշակերտը — եւ հօրս կարգադրութեամբ — իմ ձեռքով պիտի տանէի այդ գիրքը շուկայի արհեստաւորներուն, որոնք խորին ակնածանք ունէին այս մեծ վիպողին հանդէպ, որ իրենցմէ էր եւ գիտէր իրենց լեզուն եւ կ՚ապրէր իրենց տառապանքներով։ Կը խօսիմ բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ հայակրթութեան մեծ զինուոր եւ բազմաթիւ սերունդներու հոգեհայր՝ Մուշեղ Իշխանի մասին։

Առաջին մէկուկէս տարին բաւարար էր, որ Մեծհայրս «քաշէր գիծը» եւ ըսէր՝ «Ալ կը բաւէ, օղլում։ Դուն պէտք է արհեստի մտնես»։ Նոյնը՝ Գէորգ հօրեղբօ՛րս։ Արհեստը իմաստութեան ոսկեայ շաւիղն էր հայ մարդուն համար։ Հայրս բախտաւոր էր, որ ինք կրցաւ մտնել մեծահռչակ դերձակ վարպետի մը ծառայութեան մէջ շնորհիւ Մեծհօրս հնօրեայ կապերուն։ Վարպետը խոր ծերութեան մէջ էր եւ սիրով «որդեգրեց» այս պատանին, որ անիմանալի թափով կը թափանցէր արհեստի գաղտնիքներուն։ Հօրեղբայրս, որ սանտալագործի աշկերտ էր, իր կարգին ընտրեց դերձակութեան ճանապարհը ա՛յլ վարպետի մը ձեռքին տակ։ Եւ  երկու եղբայր, շատ փոքր տարիքէն, «ձեռք-ձեռքի տուին» եւ քաջութեամբ տոկացին տարագիր մարդու բոլոր դժուարութիւններուն։ 

Բարսեղ հօրեղբայրս տան մատղաշ մանուկն էր եւ ամբողջ ընտանիքին գուրգուրանքի առարկան։ Ան որպէս նորածի՛ն անցաւ տարագրութեան փորձանաւոր հանգրուաններէն եւ հրաշքով միայն վերապրեցաւ։ Ընտանիքին միահամուռ կամքն էր, որ Բարսեղը «ուսում տեսնէր»։ Բարսեղը պիտի ճեղքէր հալածական կեանքի արգելապատնէշը եւ դուրս գար ազատ աշխարհ։ Ան այդ մէկը պիտի ընէր ամբողջ ընտանիքին ուխտը իրագործելով։    

Արհեստանոցի պահանջկոտ կարգապահութեան կողքին, տեղի պիտի ունենար ուրիշ զինուորագրութիւն մը հօրս, հօրեղբօրս եւ իրենց ընկերներու կեանքին մէջ։ Դաշնակցութեան Դամասկոսի Պատանաեկան միութեան վարիչները ամէն կողմէ կը հաւաքագրէին դեռահաս այս տղաքը եւ հայրս ալ մաս կազմեց այդ մեծ շարժման։ Ծայր առաւ մեղուային հսկայ մէկ գործողութիւն, որուն նպատակն էր կազմակերպել հայրենազրկուած այս սերունդին հոգեւոր եւ մշակութային – այլ մանաւանդ գաղափարակա՛ն – դաստիարակութիւնը։ Դադար չկա՛ր։ Ցերեկը հացի պայքարն էր այս տղոց համար։ Գիշերը՝ պայքարն էր թուրքին եւ աշխարհակարգի ուժերուն դէմ։ Հայերը որոշած էին չյանձնուիլ պատմութեան դաժան վճիռին։ Անոնք վճռած էին իրե՛նք տնօրինել իրենց ճակատագիրը։

Տարիներ ետք, իր վաթսունամեայ յոբելեանի օրերուն լոյս տեսած Մուշեղ Իշխանի ինքնակենսագրական հատորը («Մնաս Բարով, Մանկութիւն») բաբախուն տողերով կը նկարագրէ ՀՅԴ Դամասկոսի Պատանեկան միութեան բեղուն կեանքը։ Այնտեղ ան կը խօսի ուսումնատենչ պատանիի մը մասին, որմէ խլուած էր ուսանելու եւ զարգանալու պատեհութիւնը։ Թուրքիան եւ օրուան աշխարհակարգը որոշած էին, որ ան ըլլար անհայրենիք, անուս եւ անօգնական, բայց ան Դամասկոսի իր համեստ գաղթաւանէն գերմարդկային ճիգեր կ՚ընէր մատչելու գրագիտութեան եւ նուաճելու գեղեցկութիւնները մեր լեզուին։ Ես բնազդով գիտէի, որ այդ պատանին հայրս էր, երբ յափշտակութեամբ կը կարդայի Պր. Մուշեղին տողերը։ Յետագային Պր. Մուշեղ՝ ի՛նքն էր, որ կեցուց զիս Ճեմարանի մուտքին եւ յատկապէս յիշեց այդ սրտառուչ փաստը։ «Տեղ մը գրէ՛», ըսաւ, «որ չմոռցուի…»։ Ահաւասիկ վերջապէս, իննսունի դռներուն, կը կատարեմ ուսուցչիս պատուէրը, երբ ինք եւ հայրս արդէն վաղուց հեռացած են կեանքէն։

Եւ, իրաւամբ, հօրս հետաքրքրութիւններու սահմանը առասպելական էր։ Հայրս իր կեանքի ընթացքին միայն մէկ տարի յաճախած էր դպրոց։ Ինք կ՚ըսէր՝ «Սելեւկիոյ Խորոզ Վարժապետին մանկապարտէ՛զը»։ Քեմալական տեղահանութիւնը վերջ տուաւ ամէն ինչին։ Ուսման բացը ան գոցեց յամառ աշխատանքով։ Ան ոչ միայն հպարտ եւ հմուտ արհեստաւոր մըն էր, այլեւ՝ իսկական մտաւորակա՛ն մը։ Իսկական շտեմարան մը մտաւոր պաշարի։ Իր պաշտամունքը մեր լեզուին հանդէպ բացարձակ էր։ Հայրս չէր հանդուրժեր լեզուական որեւէ ճապաղում մեր տան առօրեայ խօսակցութեանց մէջ։ Չէր հանդուրժեր որեւէ գռեհկաբանութիւն։ Կը սիրէր գեղեցիկ խօսքը։ Իր պաշտամունքի առարկան էր Ռուբէն Զարդարեանի արձակը։ Մեծ ոգեւորութեամբ կ՚արտասանէր «Բագինին Փառաբանութիւնը»։  Մեր լեզուն, մեր մշակոյթը, մեր հայրենիքը եւ Դաշնակցութիւնը միաձուլուած էին իր մկանին։ Միաձուլուած եւ իրարմէ՝ անքակտելի։          

Տարիներ ետք, ՀՅԴ Բաբգէն Սիւնի Պատանեկան միութեան մեր պատկառելի Վարիչը խօսեր էր մեզի Դաշնակցութեան ընկերվարական դաւանանքին մասին։ Ես եւս, իմ կարգիս (եւ ինծմէ եօթը տարի ետք՝ եղբա՛յրս), մտեր էի ՀՅԴ պատանեկան միութեան շարքերը, այս անգամ՝ Պէյրութի մէջ։ Մեր պայքարը ի բնէ ուղղուած է բոլոր շահագործողներուն դէմ, կրկներ էր Ընկ. Ալեքսանեանը՝ շրթունքները ամուր սեղմած։ 

Ես կը դիտէի այն ջերմ եւ հոգեհարազատ մօտեցումը, որ կար հօրս եւ իր դերձակատան տղոց միջեւ եւ յատուկ ճիգ կ՚ընէի հասկնալու կատարուածը։ Հայրս գործատէրն էր այս հաստատութեան, հետեւաբար այս տղաքն ալ իր «բանուոր»նե՞րն էին…Սխա՛լ։ Ո՛չ մեր տղաքն էին բանուոր, ոչ ալ հայրս՝ շահագործող։ Ի՞նչ էին հապա, հարց կու տայի ես։ Ի՞նչ էր, որ տեղի կ՚ունենար Ժորժ Փիքոյի այս մրջնոցին մէջ։

Անբացատրելի բան մը կար, որուն վրայ չէի կրնար մատս դնել։ Կը զգայի միայն, որ ասիկա բոլորովին տարբեր մարդաշխարհ մըն էր։ Դանիէլ Վարուժանի նկարագրած «գեհենամռունչ գործատուն»ը շա՜տ հեռու էր հոսկէ։ Մենք բոլորս մէկ ընտանիքի անդամներն էինք։ Հայրս հայր էր բոլորին։ Ամէն մէկ տան դժուարութիւններն ու տագնապները հայրս անձնապէս կը զգար իր ուսերուն։ Իր վերին պարտականութիւնն էր դիմել ամէն միջոցի, որ «գո՛րծ մտնէր» աշխատանոցը, որպէսզի «անիւը դառնար» եւ ինք «հասնէր» բոլոր վճարումներուն եւ օրը-օրին վճարէր բոլոր մուրհակները եւ որպէսզի «հաց» հասնէր բոլորի սեղանին։ Աշխատանոցի տղաքը բախտաւոր կը զգային, որ հօրս ջղուտ մատներուն մէջն էր այս մակոյկին ղեկը։ Ան ամուր կառչած էր ղեկին յանուն բոլորին եւ բոլորին ապրուստը ապահովելու անզիջելի առաքելութեամբ։ Եւ երբեք դիւրին յանձնառութիւն մը չէր ասիկա, քանի որ Պէյրութի շուկան կրնար շատ քմայքոտ ըլլալ եւ է՛ր։ Ան կրնար յանկարծ «սառիլ»։ Շուկան «սառած» է կ՚ըսէին դերձակ վարպետները իրարու՝ ծանրօրէն մտահոգ կոպերով։ Բոլորին ալ ուսերուն կը ճնշէր նոյն ընդհանրական պատասխանատուութիւնը։

Արհեստաւորներու Պէյրութը հայութեան կենսական խարիսխն էր Ս. Նշանէն մինչեւ Էշրէֆիէ եւ մինչեւ Անդր Նահր։ (Յետագային է, որ պիտի նուիրագործուէր Պուրճ Համուտ տեղանունը)։ Հոն էին —  դերձակներէն զատ – կօշկակարները, ատաղձագործները, կահագործները, ոսկերիչները, արծաթագործները, լուսանկարիչները, գրաշարները, արդուկիչները, շինարարները, ձուլագործները, հացագործները, բազմաճիւղ մեքենագործները, տղամարդոց սափրիչներն ու կանանց վարսայարդարները եւ բազում այլ հմտութեանց վարպետները։ Հոն էին նաեւ պերճագեղ վաճառատուներն ու առեւտրական ոլորտի մեծերը։ Բժիշկները, դեղագործները, ճարտարապետները, ճարտարագէտները։ Համալսարաններու յայտնի պրոֆեսորները։ Հայ միտքը ամէն տեղ էր եւ ուղղութիւն կու տար Լիբանանի տնտեսութեան հետզհետէ ընդլայնուող բնագաւառներուն։ 

Հայրս սովորութիւն ունէր մեծ ուշադրութեամբ զննելու կերպասը որեւէ նոր «գործ»ի ձեռնարկելէ առաջ։ Յետոյ, ըստ չափատետրի տուեալներուն, գծաքաշն ու կաւիճը ձեռք կ՚առնէր եւ ձեւաւորում կու տար կերպասի կտորին։ Հօրս վիզէն կախուած կ՚ըլլար կախարդական մեզրոն եւ ամէն քայլափոխին հայրս կը դիմէր անոր օգնութեան գծագրութեան մանրամասն չափերը ստուգելու համար…Կերպասը սովորական հիւսածոյ մը չէր երբեք։ Ան ընտրուած էր յաճախորդին կողմէ մեծ բծախնդրութեամբ անգլիական եւ սկովտիական ընտիր հաւաքածոներէն։ Հայրս կը «հաւաքէր» զանոնք քաղաքի վաճառականներու ներածոներէն։ Կը հաւաքէր շատ նուրբ ճաշակով եւ շուկայի հմտութեամբ։ Ինք գիտէր, թէ ո՞ր կերպասը «շուկայ ունէր» եւ որը՝ ո՛չ։ Քուփո՜ն…Մոգական բա՛ռը՝ որ շրջան կ՚ընէր դերձակատան խօսակցութեանց մէջ։ Այսինքն յատուկ կերպասանմո՛ւշ՝ որուն կրկնօրինակը չկայ։ Հետեւաբար՝ հսկայ պատասխանատւութի՛ւն մը վարպետին համար «կտրելու» պահուն…Այդ կէտին վրայ, հայրս կը թողուր աշխատասեղանը եւ դուրս կու գար ճեմելու։ Կ՚իջնէր մինչեւ Զէյթունիէի բազրիքը,  որմէ անդին ծովուն անծայրածիր տարածութիւնն էր՝ յաճախ փոթորկոտ։  Մօտ քառորդ ժամու կազդոյրը բաւարար էր, որ ան հեւքով վերադառնար իր աշխատանքին եւ վերստին ստուգէր չափագրութիւնները, որմէ ետք ան կը վերցնէր մկրատը եւ համարձակօրէն կը սկսէր կտրել կերպասը քիթին տակէն՝ «Մենք Անկեղծ Զինուոր Ենք» երգին մարտական կշռոյթը։  Ես կը զգայի, որ մեր յեղափոխական երգին բառերը կ՚օգնէին հօրս հեռու վանելու թէկուզ արհեստավարժ վարպետի թաքուն վախերուն վերջին դեւերը։

  Հօրս դերձակատունէն դէպի Ամերիկեան համալսարան, երկու կողմի վրայ, լիբանանեան հին եւ հոյակառոյց ապարանքներն էին, որոնք դադրած էին իրենց հին տէրերուն ծառայելէ։ Մենք այդ ապարանքներէն մէկուն մէջ էինք բնակած քանի մը տարի Դամասկոսէն Պէյրութ տեղափոխուելէ ետք։ Հոն էին Տոքթ. Գասապեանենք, մեր ընտանիքի մտերիմ բարեկամները, որոնք երկու սենեակ տրամադրեր էին մեզի։ Այդ նոյն շրջանին է, որ «աշխարհ եկաւ» եղբայրս՝ Յարութիւնը նոյն Ժորժ Փիքօ պողոտային մէջ հաստատուած Տոքթ. Չըպլաքեանի ծննդատան մէջ։ 

Այդ նոյն խաչմերուկին վրայ, այժմու Ֆենիսիա փողոցի մերձաւորութեամբ, հաստատուած էր նաեւ Հանրապետութեան առաջին երաժշտանոցը, որուն ուսուցիչները Ռուսաստանէն եւ Արեւելեան Եւրոպայէն Պէյրութ ապաստանած արուեստագէտներն էին։ Երաժշտանոցը տակաւին անհամատեղելի երեւոյթ էր մեր մայրաքաղաքի ընդհանուր մտայնութեան հետ։ Եւ սակայն Պէյրութը ունէր մէկ աննման խօսք, որ կարելի կը դարձնէր ամէն բան։ Այդ խօսքը կ՚անցնէր բերնէ բերան եւ կը զգաստացնէր բոլորը։ «Մե՞ր մեղքը ինչ է…», կ՚ըսէին մեր քաղաքի մարդերը իրարու։

Երաժշտանոցի ուսուցիչները մէկը միւսին հետեւելով կարճ ժամանակի ընթացքին դարձան հօրս յաճախորդները։ Բոլորն ալ ունէին հրամայական պահանջը իրենց սեւ թաքսիտոներով ներկայանալու իրենց աշակերտներուն։ Բայց իրենց կը պակսէր միջոցը վճարելու…Երաժշտանոցը կ՚ապրէր աճումի ցաւերով։ Հետեւաբար երաժշտանոցի ուսուցիչները ստիպուած էին գիշերները որպէս նուագածու գործ վերցնելու Զէյթունիէի գիշերատուփերուն մէջ։ Հայրս համբերութեամբ եւ կարեկցանքով (նաեւ մեծ հետաքրքրութեամբ…) կը լսէր իւրաքանչիւրին պատմութիւնը։ Բան մը կար, որ կը տխրեցնէր զինք այս բոլորին մէջ եւ կապ մը կար, որ անզգալաբար կը ստեղծուէր իր եւ այս չարչարուող մարդոց միջեւ։

Հայրս հաստատեց մասնավճարի դրութիւն մը այս ուսուցիչներուն համար եւ անոնք խոստացան յարգել վճարումի այս դրութիւնը ճշդապահօրէն։ Յարգեցին։ Առա՛նց պարտամուրհակի։ Բոլորն ալ հրեաներ էին։ «Ասոնց կեա՛նքն է երաժշտութիւնը», կ՚ըսէր հայրս աշխատանոցի տղոց։ «Երգ սիրողը անպարկեշտ չ՚ըլլար», կ՚աւելցնէր ան։ Իսկ երաժիշտները յաճախ հոն էին։ Կը սիրէին հօրս դերձակատան մտերիմ մթնոլորտը։ Դաշնակի ուսուցչապետը, օր մը, հօրս ցոյց տուաւ Կոմիտասի մէկ նօթատետրը։ Հայրս բան չէր հասկնար խազագրութեան տողերէն, իսկ վարպետը ցոյց կու տար զգլխիչ նոթեր տետրակին էջերէն զանոնք երգելով եւ հիացական դաստակը զարնելով էջին…(Նայեցէ՛ք, Վարպետ)։ Ես կը տեսնէի, որ նոր էջ մը յանկարծ սկսեր էր բացուիլ հօրս հարցասէր մտքին առջեւ… 

«Կարօ», ըսաւ Բարսեղ հօրեղբայրս օր մը ընթրիքի սեղանին վրայ, «ջութակի դաս կ՚առնե՞ս…»։ Ատով սկսաւ իմ այդ օրերու կարճատեւ արկածախնդրութիւնս ջութակի խորհրդաւոր նուագարանին հետ։ Հօրս խանութէն քիչ անդին (դէպի Պապ Իտրիս) գոյութիւն ունէր Պէյրութի միակ վաճառատունը՝ Շահի՛նը, ուր կարելի էր գտնել ամէն ինչ, որ երաժշտութեան հետ կապ ունէր։ Հոնկէ է, որ տուն բերուեցաւ իմ ջութակս։ Բայց տուն գալէ առաջ, հօրս խանութին մէջ, ջութակը զննուեցաւ երաժշտանոցի թաւջութակի վարպետին՝ Պր. Պոխպինտըրին կողմէ։ Այս վերջինի աղեղին տակ ջութակը պահ մը լեռներ նուաճեց ու մղկտալով կանգ առաւ նոթի մը վրայ…«Լաւ գործիք է», ըսաւ Վարպետը պահ մը շոյելով նուագարանը։ Յանկարծ նշմարեցի, որ ջութակին կախարդական ելեւէջները դրացիներու ամբողջ ջոկատ մը հաւաքած էին խանութի դրան մէջ…

Շուտով դասերը սկսան։ Մեր ուսուցիչն էր ջութակի յայտնի վարպետ Տիկ. Մանթըֆէլը, որուն կատաղի աղեղը փոթորիկներ կրնար յղել մտքիդ խորերը։  Մեր խումբը կը բաղկանար վեց հոգիներէ։ Վեցն ալ հայ։ Երեքը՝ Ճեմարանական, իսկ միւս երեքը՝ Մխիթարեանցի։ Այսինքն՝ սկսնակներէս մինչեւ աղեղի կախա՛րդը՝ որ Պետրոսն էր Ալահայտոյեան եւ որ ինծմէ մէկ կարգ աւելի բարձր էր Ճեմարանի մէջ։ Պետրոսը աներեւակայելի տաղանդ մըն էր, որ կ՚ապրէր ու կը շնչէր երաժշտութեամբ դեռ պատանի տարիքին եւ ջութակը անանջատելի էր իրմէ։ Թէ ինչո՞ւ Պետրոսը մաս պիտի կազմէր այն նոյն խումբին, ուր բոլոր համբակներս էինք, յստակացաւ աւելի ետք միայն։ Տիկ. Մանթըֆէլ ուշադրութեամբ զննեց մեր բոլորին մատները եւ մեղմօրէն դիտել տուաւ, որ «ասոնք ջութակի մատներ չէին»…Ջութակը ամբողջական նուիրում կը պահանջէր։ Դուք պիտի զոհէք գնդակը ի սէր ջութակին։ Ձեր մատները պիտի զգան ձայնային թրթիռը, նոյնիսկ ձեր ականջներէն առաջ…Օրինակ վերցուցէք «Փեթրոս»ը, ըսաւ։  Տիկնոջ աշխատանքային մեթոտն էր խմբականը։ Ինք միշտ նստած կ՚ըլլար դաշնակին առջեւ եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կը սպասէր իր հերթին տիկնոջ պահանջկոտ քննարկումներէն անգամ մը եւս խաչուելու…Այսպէս էր, մինչեւ որ հասնէր «Փեթրոս»ին կարգը, որ մեր վայելքի պահն էր։ Վայելքի պահն էր մանաւանդ մեր ուսուցչուհիին։ Տիկ. Մանթըֆէլ կը վերանար, երբ Պետրոս կը խօսեցնէր ջութակը Մոնթիի «Չարտաշ»ի զգլխիչ շատրուանումներով։ Դասը կ՚աւարտէր տիկնոջ հրաշալի խրախուսանքով։ Mes eleves, կ՚ըսէր ան, դուք ալ շուտով պիտի նուագէք «Փեթրոս»ին պէս։

Մենք երբեք չնուագեցինք «Փեթրոս»ին պէս։ Մենք չէինք կրնար նուագել Պետրոսին պէս։ Աստուծոյ մատը դպած էր Պետրոսի ճակտին։ Տարիներ ետք, երբ լոյս տեսաւ բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկս «Ահեկան»ի մատենաշարէն, Պետրոսին նամակը առաջինն էր, որ գտաւ զիս Նիւ Եորքի մէջ։ Կը գրէր մեծ ոգեւորութեամբ Եւրոպայի իր այդ օրերու կեցավայրէն։ Կարդացեր էր գրքոյկս։ «Դուն ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա», կ՚ըսէր ինծի հեռաձայնին միւս կողմէն։ «Աս ի՞նչ Մարմին եւ Արիւն է», կ՚ըսէր։ «Կարդացի մէկ շունչով»։ «Դուն նոր բանաստեղծութիւն մը սկսած ես, Կարօ», կ՚ըսէր, «Չըլլայ որ դադրիս գրելէ», կ՚ըսէր իրեն յատուկ կրակով։ Եւ այդ բոլորը հրաշալի խրախուսանք մըն էին ինծի համար այդ օրերուն։

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի ակումբը կարեւոր դեր մը ունեցաւ այս բոլորին մէջ։ Երաժշտանոցի կողքէն փողոց մը կը բաժնուէր ու կը դիմէր դէպի Մար Իլիաս եկեղեցին։ Հոնկէ է, որ մեր ջութակատուփերը շալկած  մենք կը դիմէինք դէպի մեր տուները։ Մար Իլիասէն քանի մը քայլ անդին եւ Առլըքէնի հրապարակէն քանի մը քայլ առաջ՝ ՀՄԸՄ-ի ակումբն էր իր խենթացնող գոռում-գոչումով…Իմ մեծ փորձութի՛ւնս՝ որմէ չկրցայ ազատագրուիլ։ Մենք չկրցանք գնդակը զոհել ջութակին։ Պետրոսը կրցաւ։  Եւ այդ իսկ էր մեր մեծ տարբերութիւնը։ Պետրոսը կ՚ապրէր երաժշտութեան կախարդական աշխարհին մէջ։ Ան մտեր էր հոն հոնկէ երբեք դուրս չգալու արարչական երդումով։ Եւ Ճեմարանի մեր ուսուցիչները գիտէին այդ մէկը եւ մեծ հոգածութեամբ կը վերաբերուէին իրեն հետ։ Իր բնածին տաղանդին կը գիտակցէինք բոլորս թէեւ յաճախ անզուսպ եւ անճահ կատակաբանութիւններով։ 

Ճեմարանի աւարտական տարին, որոշ առումով, ջրբաժան հանդիսացաւ իմ կեանքիս մէջ։ Յաջորդ օրն իսկ զգացի, որ նոր իրականութեան մը առջեւ կը գտնուէի։ Հայրս եւ մայրս երբեք զգացնել չտուին այս մէկը։ Ես նոյն պատանին էի իրենց համար։ Իսկ ես կը զգայի, որ նոր պատասխանատւութիւն մը կ՚ըստանձնէի ես ինծի եւ աշխարհին առջեւ, որուն մասին չէի իսկ մտածած։ Դպրոցէն դուրս գալով, ես ինքզինքս «ոտքով-ձեռքով» մխրճուած գտայ կեանքին մէջ գիտակցելով, որ ես՝ ինքս պիտի հատէի այս նոր ճանապարհը եւ էապէս առանձինն։ Զուգադիպաբար նոր բան մը տեղի ունեցած էր մեր ընտանիքի կեանքին մէջ, որ որոշիչ հանդիսացաւ այդ օրերուն։ 

Բարսեղ հօրեղբայրս առած էր յանդուգն քայլ մը հիմնովին յեղաշրջելով ընտանիքին աւանդական ուղեծիրը։ Ան վերստին հաստատուեր էր Դամասկոս եւ յայտնի առեւտրական տան մը հետ ընկերովի սկիզբը դրեր ձեռնարկատիրական նոր եւ հետզհետէ ծաւալող ձեռներէցութեան մը։ Ինքն էր, որ յանկարծ փարատեց իմ նոր կեանքիս շփոթը իր անակնկալ այցով այդ օրերուն։ Քանի մը հարցուփորձող խօսքերէ ետք, առաջարկեց, որ ընկերանայի իրեն դէպի Դամասկոս…

Մինչ այդ ես սովոր էի հօրս դերձակատան առօրեային եւ Գէորգ հօրեղբօրս պատրաստ հագուստի վաճառախանութի առեւտուրին, մէկը՝ Ժորժ Փիքոյի ամէնօրեայ  եռուզեռին մէջ, իսկ միւսը՝ Սուք Սըրսոքի խլրդային տիեզերքին։ Բարսեղ հօրեղբայրս գացեր էր բոլորովին այլ ճանապարհով։ Ան կառուցեր էր բոլորովին նոր շուկայական մէկ միջավայր Դամասկոսի սրտին վրայ։ Ան դուրս եկած էր արտաքին աշխարհ։ Ան այլեւս գիտէր հաղորդակցիլ Եւրոպայի շուկաներուն հետ։ Նմա՛նը՝ Պէյրութի շուկայական բարգաւաճ վերնախաւին, որ արդէն իսկ Միջին Արեւելքի ապրանքաշրջանառութեան քաշողութեան բեւեռն էր։ Արհեստաւորական Պէյրութը այլեւս կը գործէր այդ բարգաւաճութեան լուսանցքին վրայ միայն եւ կ՚ապրէր իր ամէնօրեայ քրտնաջան աշխատանքով։ Բարսեղ հօրեղբայրս ճեղքեր էր պատը եւ մտեր էր քսաներորդ դարու տնտեսութենէն ներս բոլորովին նոր տեսլականով եւ չափանիշներով։ 

Դամասկոս երթի մեր ճամբուն վրայ — եւ առաջին անգամ ըլլալով — ես ականջալուր կ՚ըլլայի հօրեղբօրս հանդարտախոհ խօսքերուն։ Այսուհետեւ այս էր մեր ընտանիքի ճամբան։ Մենք պիտի կարողանայինք «լողալ ովկիանոսին մէջ»…կ՚ըսէր ան։

Այս պատկերը շատ խօսուն էր։ Ան նոր զգայնութիւններ արթնցուց մէջս այդ պահուն, թէեւ բան չըսի հօրեղբօրս։ Իր խօսքերը կը հոսէին ուղեղէս ներս ալպեան ջրվէժի մը պէս  եւ ես չէի գիտեր ի՞նչ ըսել։ Շատ փոքր տարիքիս, հայրս տարեր էր զիս Էթուալի ծովափը լողալ սորվեցնելու։ (Յետագային այդ ծովափը Սէն Ժորժ մեծափարթամ հիւրանոցի նաւակայքը դարձաւ)։ Նկատեր էի, որ հայրս վարպետ լողորդ էր։  Համարձակօրէն կը խիզախէր ալիքները եւ կը հասնէր մինչեւ հեռուի լաստակը։ Պահ մը կը հանգչէր հոն եւ յետոյ նոյն թափով կը հասնէր ափ։ Իրեն հարցուցեր էի, թէ ո՞ւր էր սորված ինք լողալ եւ այդքան վարժ։ Իր պատասխանն էր՝ «Մեր  գետին մէջ»…Իրենց գե՜տը…

Յետագային միայն պիտի յայտնաբերէի — եւ այդ ալ Պր. Գիւզալեանի դասապահերէն –, որ հօրս գետը կը կոչուէր Կալիւկադնոս, երբ Սելեւկոս Ա. կը հիմնէր Սելեւկիա քաղաքը Ք.Ա. 295 թուին։ Թուրքերը զայն կոչեցին Կէօքսու (Կապոյտ Ջուր), երբ միջնադարուն յափշտակեցին Փոքր Ասիան։ Իսկ յամի Տեառն1190 թուին, երբ Գերման ժողովուրդի Հռոմէական Սրբազան Կայսր՝ Ֆրեդերիկ Ա., առաջնորդելով Երրորդ Խաչակրաց Արշաւանքը, յանկարծ ինքզինք գտաւ այս ջուրին դիմաց…զոր պէտք էր անցնիլ անյապաղ, չկրցաւ անցնիլ…։ Գետը կուլ տուաւ կայսրը։ Ան զոհ գնաց փրփրերախ գետին ալիքներուն…Ութը դար ետք, հայրս եւ իր թաղեցի ընկերները — հայ եւ յոյն լաճեր Սելեւկիոյ գետափին — այս իսկ գետին մէջն էր, որ պիտի սորվէին լողալու արուեստը։ Հօրս հարցուցի, թէ ինչպէ՞ս կարելի էր այդ մէկը։ Հօրս պարզ պատասխանն էր՝ «Պիտի սորվիս հոսանքին դէմ լողալ, տղա՛ս»…Ես յիշեցի հօրս այդ պարզ իմաստութիւնը, երբ հօրեղբայրս կը խօսէր ովկիանոսին մէջ կարենալ լողալու հրամայականին մասին… Հայրս եւ հօրեղբայրներս եւ իրենցմէ առաջ Մեծհայրս եւ իր Սարգիս եղբայրը եւ իրենց թալասցի նախնիները – իրենց ողջ կեանքի ընթացքին – լողացեր էին հոսանքին դէմ սանձելով կեանքին ապերախտ ջուրերը եւ իրենց դիմաց ունենալով Կոռիկոսի բերդին հրաշագեղ երազը։

Ես շատ բան սորվեցայ այդ ամառ հօրեղբօրս գործի աշխոյժ միջավայրին մէջ։ Ես տուն վերադարձայ նոր ինքնավստահութեամբ։ Ես գիտէի այլեւս, որ ես կամ եւ որ այդ կամը իմս էր, զոր ոչ ոք կրնար խլել այլեւս իմ ձեռքերէս։ Մայրս առաջինն էր, որ նկատեց մտքիս այս նոր թելը։ «Դուն Էմմիիդ քով թրծուեցար, մա՛րդ եղար», ըսաւ։ 

«Միայն տես որ գլուխդ չմեծնայ», ըսաւ եւ մեծ հագագներով խնդացինք ընթրիքի սեղանին վրայ։ 

 ՀՅԴ Քրիստափոր կոմիտէութիւնը սիրտն էր ամէն ինչին։ Գէթ համայնքի մէկ մեծ շերտին համար։ Ամէն իրիկուն, մեր ակումբը, որ կը կոչուէր «Ժողովրդային Տուն» եւ որ կը գտնուէր Ս. Նշանէն կարճ հեռաւորութեան վրայ, կը վխտար ընկերներու եռուզեռով։ Ժողովները մշտական էին եւ ամէն ընկեր իր պարտականութիւնը ունէր։ Ակումբի սենեակները բաւարար չէին։ Յաճախ ժողովները տեղի կ՚ունենային մեր տուներուն մէջ։ Մայրս սուրճը կը պատրաստէր եւ ես կը բաժնէի սուրճի բաժակները իրենց «տէր»երուն։ Իւրաքանչիւրին ՝ իր քիմքի՛ն համաձայն։ Քաղցր, կիսաքաղցր կամ լեղի։ Մայրս կը զգուշացնէր՝ «Սուրճը կը բաժնես եւ սուսուփուս ներս կու գաս։ Մէջտեղերը չսլքտաս…»։ Մայրս իրաւունք ունէր։ Վաղ պատանութենէն իսկ՝ ես մեծ յափշտակութեամբ կը հետեւէի մեծերու խօսակցութեան։ Հայ ընտանիքներու ժրաջան համակեցութիւնն էր մեր թաղը։ Եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, խմբագրատուն, շուկայ կը շնչէին նոյն թոքերով։ Հայրս եւ իր դերձակատան անձնակազմէն շատեր մաս կը կազմէին այս տարերային շաղախին։ Այս կամ այն ձեւով ամէն բջիջ իր փոխսնուցիչ պաշտօնը ունէր ամբողջին մէջ։ Եւ այս բջիջները քուն չունէին, քանի որ ամէն տան մէջ եւ ամէն օր եւ ամէն ժամ կը ծնէին ու կը վերածնէին անոնք անսահման յամառութեամբ եւ անսահման պարզութեամբ եւ բացարձակապէս անտեսելով մեծ տէրութեանց եւ մանաւանդ Թուրքիոյ գոռոզամիտ վճիռները մեր ճակատագիրը տնօրինելու։ 

Մեր մեծերը խաբուած էին եւ հայրենազրկուած, բայց կը մերժէին պարտուիլ։ «Ժողովրդային Տան» պատերը ծածկուած էին յեղափոխականներու եւ ֆէտայիներու նկարներով։ Անոնց աչքերը հարազատ էին մեզմէ ամէն մէկուն։ Անոնք մեր ընտանիքի անդամներն էին։ Մենք մեր գոյութեամբ ամէն օր ոտքի տակ կու տայինք Լօզանի Դաշնագիրը։ Ամէն օր մեր քաղաքը կ՚արթննար նոր ինքնավստահութեամբ եւ աւիւնով։ Մենք ամէն օր կը զգետնէինք Թալէաթն ու միւս դահիճները։ Մենք մեր ամէն ինչով կ՚ահաբեկէինք անոնց տեսակը ամէն քայլափոխին։ Կ՚ահաբեկէինք պատուով եւ հպարտութեամբ։ Ատոր համար էր, որ Ընկ. Դրոն այդ կիրակի բեմ բարձրացաւ Սինեմա Ռիվոլիի մէջ հաւաքուած հսկայածաւալ բազմութեան առջեւ եւ յայտարարեց՝ «…Ոչ ամերիկացին, ոչ անգլիացին, ոչ ֆրանսիացին, ոչ ռուսը եւ ոչ թուրքը չեն կարողանալու կասեցնել մեզ»։

Յաջորդ առաւօտ, հայրս գործուղեց զիս հօրեղբօրս խանութը պատուիրելով, որ կանգ առնէի Խմբապետ Մուշեղի ծխախոտի կրպակը, որ կը գտնուէր Սուք Սըրսոք շուկայի մուտքին։ Շուկայի մուտքին, փոքր կրպակ մըն էր ան եւ այդ փոքր խցիկին մէջ նստած կ՚ըլլար առիւծաբաշ Խմբապետը իր անսասանելի մենութեան մէջ։ Ես հազիւ յայտնուեցայ կրպակի մայթին, Խմբապետը սեղանին տակէն դուրս բերաւ անզուգական գանձը՝ Ընկ. Կոմսի «Յուշեր»ուն առաջին հատորը, որ նոր դուրս եկած էր տպարանէն եւ արագօրէն կը յափշտակուէր մեր հայրերու սերունդին կողմէ։ «Ասիկա կու տաս հօրդ», ըսաւ իր խիստ նայուածքով, որուն մէջ լեռնաշխարհն էր ամփոփուած։ Առի եւ քալեցի։ Անկիւնը դառնալէ ետք միայն նայեցայ գրքին, որ կը բաբախէր ձեռքերուս մէջ։ Ես գիտէի, թէ հայրս ինչպիսի՜ անյագ ծարաւով պիտի կուլ տար անոր էջերը մոռնալով ընթրիքի սեղանը։

Մեր համեստ տան մէկ սենեակը յատկացուած էր ինծի եւ եղբօրս։ Սենեակին մէջ զետեղուած էին մեր մահճակալներն ու գրասեղանները։ Եւ այդ սենեակը մեր տիեզերքն  էր։ Այդ սենեակին պատերուն մէջ էր, որ եղբայրս եւ ես կը նուաճէինք մեր ներքին աշխարհը։ Իւրաքանչիւրս՝ իր տարիքի պարունակէն։ Եղբօրս կեանքի ամէն մէկ օրը յատուկ դպրոց մըն էր ինծի համար։ Իսկ ես իր ամէնօրեայ հարցադրումներուն առաջին թիրախն էի։  

Ես երկար գրած եմ մեր ընտանիքի կենսագրութեան զանազան փուլերուն մասին եւ հիմա կ՚անդրադառնամ, որ ոչինչ գրած եմ դեռ։ Ընտանիքի նորերս բոլորովին այլ ուղղութիւններով գծեցինք մեր կեանքերու կորագծերը։ Պէյրութի հնոցը մեզ «եփեց» եւ կոփեց ամէն օր եւ մեր ամէն քայլափոխին։ Դարբինները շատ էին եւ մեծամեծ։ Թալասի Արմենեան ազգատոհմէն Գէորգի որդի՝ Յովհաննէս Արմենեանի ճիւղէն վերապրած երեք եղբայրները – հայրս եւ հօրեղբայրնե՛րս — բախտաւորուեցան եօթը ընձիւղներով, որոնք, իրենց կարգին, ծնունդ տուին բազմաթիւ այլ ընձիւղներու։ Աշխարհով մէ՛կ։ Բայց մենք միշտ մնացինք իրարմէ անբաժան։ «Նոյնիսկ ծովերէն անդին», ինչպէս կ՚ըսէր Գէորգ հօրեղբայրս։ Հայրս եւ հօրեղբայրներս միշտ ջանացին, որ մենք ապրէինք եղբօր եւ քրոջ ջերմ սերտակցութեամբ։ Ես առաջինն էի նորերու շաւիղին։ Ինծի յաջորդեցին Սագոն, Յարութիւնը, Օհանը, Ատրուշանը, Հայկուհին եւ Պերճը։ Հին տոհմածառը այժմ խաչաձեւուած է բազմաթիւ այլ ազգանուններով։ Մենք հարուստ ենք բազմաթիւ գերդաստաններու մեծ համակեցութեամբ, որ ամէն օր կը տարածուի նոր աւիւնով եւ կը վերածուի մշտանորոգ Սփիւռքի մը, որ կը մերժէ յանձնուիլ։ Երբեմնի Արմենեան, Տատուրեան, Չէրքէզեան եւ Կիւլպէնկեան ճիւղաւորումներուն կողքին, որոնք կը շեշտեն Թալասի մեր արմատները, արդէն վաղուց ընձիւղած են բազում խնամութիւններ հայութեան բոլոր ածուներէն։ Հայրս եւ Գէորգ հօրեղբայրս արդէն վաղուց հրաժեշտ տուած են կեանքին։ Բարսեղ հօրեղբայրս իր կեանքի 104րդ տարին բոլորեց այս տարի։ Ան մեր անմեռ յիշողութիւնն է եւ մեր ինքնագիտակցութիւնը։ Իրմով գիտենք շատ բան մեր անվիճելի ինքնութեան մասին եւ մանաւանդ գիտենք, որ մեր ազգի յաղթանակը ամէն կասկածէ վեր է։ 

 

                                                                                       Կարօ Արմենեան

                                                                                          յուլիս 31, 2025             

 

 

 

 

 

նախորդ
Camera Obscura