ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ
Մարդը եւ իր բանաստեղծութիւնը հրատարակութիւն՝ Զապէլ Գրախումբի
Գորիտոր Պուքս Մոնթրէալ, 2024

Հատորը ծաղկաքաղ մըն է Ֆրանսայի հերոս, երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Դիմադրութեան (Resistence) ղեկավարներէն՝ Միսաք Մանուշեանի բանաստեղծութիւններուն: Հեղինակի շօշափած թեմաները գլխաւորաբար կը վերաբերին որբ գաղթականի առանձնութեան, աշխատաւորութեան կրած զրկանքներուն, բնութեան գեղեցկութեան եւ սիրոյ: Հատորը կը պարունակէ նաեւ բանաստեղծ Լուի Արակոնի Մանուշեանին նուիրած բանաստեղծութիւնը եւ Մանուշեանի իր կնոջ՝ Մելինէին ուղղած վերջին նամակը, զոր գրած է բանտէն, իր խումբին հետ գնդակահարուելէ երկու ժամ առաջ: Վերջերս Միսաք ու Մելինէ Մանուշեաններու աճիւններուն պետական մեծ շուքով պանթէոն տեղափոխումը տուն տուած էր շարք մը հրատարակութիւններու՝ Նացի գերմանիոյ գրաւման օրերուն Միսաքի առաջնորդութեամբ գործած օտարականներու դիմադրողական արարքներուն մասին: Անոնցմէ ուշագրաւ է Մելինէ Մանուշեանի 50 սարի առաջ հրատարակած ամուսնոյն մասին յուշերու այս հատորին վերահրատարակումը Մարսէյլի Փարանթէզ հրատարակչատան կողմէ, ամբողջացած անկէ ոտանաւորներով, լուսանկարներով եւ զանազան անտիպ մնացած փաստաթուղթերով ու նամակներով: Գեղեցիկ հատոր մը, ուր կը փայլատակէ կար ժամանակ Փարիզի աշխոյժ գրական կեանքէն պատկեր մը, երբ իրար մօտիկ եղած էին Միսաքի կողքին՝ Լուիզա Ասլանեան, Զարեհ Որբունի, Արշակ Չոպանեան, ինչպէս նաեւ ՀՕԿի (Հայաստանի Օգնութեան Կոմիտէ) հովանիին տակ գործած շատ ու շատ անուններ: Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Մելինէ Մանուշեան գնդակահարուած ամուսնոյն խնդրաքով մեկնած էր Հայաստան, իր հետ տանելով անոր արխիւը: Երկաթէ վարագոյրի յարուցած արգելքին հետեւանքով չէր կրցած դուրս գալ Խորհրդային Միութենէն ու մնացած էր Երեւան 18 տարի, որուն ընթացքին 1956ին վերահրատարկուած էր Մանուշեանի տասը տարի առաջ յետ մահու փարիզ լոյս տեսած բանաստեղծութիւններու հատորը, ապա 1964ին վերադառնալով Ֆրանսա վերագտած էր իր ընտանիքի անդամներն ու լծուած ամուսնոյն ու անոր ընկերակիցներու յիշատակին յաւերժացման աշխատանքին մինչեւ իր մահը, 1989ին: Ֆրանսական քաղաքական բեմի այս անցուդարձին հետեւանքով համայն հայութիւնս քանի մը ամիս ապրեցանք ոչ միայն լրասփիւռներէն ողողուած լոյսին ներքոյ, այլ նաեւ գեղեցիկ առիթը ունեցանք վերանորոգելու սփւռքեան գեղեցիկ էջի մը հետ մենք մեր կապը:

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *