Հատորը կը խմբէ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանի արխիւին մաս կազմող 40 գրողներու նամակներէն 223ը, որոնք բոլորն ալ անտիպ են (բացի Համաստեղի եւ Արամ Հայկազի հինգական նամակներէն): Վերջին էջերուն զետեղուած լուսանկարներու փունջը վերցուած է Պ. Սնապեանի անձնական հարուստ ալպոմէն, որ կը գտնուի իր տուն-թանգարանին մէջ, Այնճար: Այս բոլոր լուսանկարները առաւել կամ նուազ չափով աղերս ունին նամակներուն բովանդակութեանց հետ, եւ բացի քանի մը հատէն՝ կը հրապարակուին առաջին անգամ: