Հոկտեմբեր 2024ին առիթը ունեցանք քննելու Հայրենիք ամսագրի թղթածրարը, որ մաս կը կազմէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան արխիւներուն (Ուոթըրթաուն, Մասաչուսէթս) եւ տակաւին մշակուած ու դասաւորուած չէ։ Յիշեալ թղթածրարը մնացորդացն է ամսագրի 48ամեայ պատմութեան արխիւներուն, քանի որ անոր կորիզը կը կազմեն 1945-1960 թուականներուն վերաբերող նիւթեր, հիմնականին՝ ամսագրի խմբագիր Ռուբէն Դարբինեանին (1888-1968) ուղղուած նամակներ եւ հատուկենտ մերժուած կամ ինչ-ինչ պատճառներով չհրատարակուած աշխատակցութիւններ, որոնց պէտք է գումարել քանի մը նամակ 1930ականներէն։ Պահպանուած նամակները, իրենց կարգին, տուեալ անձի թղթակցութեան ամբողջական պատկերը չեն ներկայացներ։ Հաւանական պէտք է նկատել, որ 1922-1938ի շրջանի նիւթերը մեծաւ մասամբ ոչնչացած ըլլան Հայրենիքի շէնքի (13-15 Shawmut Street, Boston) սեպտեմբեր 1938ի հրդեհին ընթացքին, բայց կարելի չէ ոչինչ ըսել 1938-1945 եւ 1960-1970 թուականներուն մասին։ Հետաքրքրական է դիտել տալ, սակայն, որ 1920-1930ական թուականներու նամակագրութեան բնագիրները, որոնք հրատարակուած էին խմբագրութեան կողմէ 1962-1964ին, նոյնպէս պահպանուած չեն։
Արխիւը կը պարունակէ Սփիւռքի գրականութեան ծանօթ դէմքերէն մէկուն՝ Բագինի հիմնադիրներէն Եդուարդ Պօյաճեանի (1915-1966) երեք բանաստեղծութիւններ, ինչպէս եւ Դարբինեանին ուղղուած նամակ մը, բոլորն ալ ձեռագիր։
Ըստ Պօղոս Սնապեանի, Պօյաճեան 1932-1933ին հրատարակած է իր առաջին բանաստեղծութիւնները, որոնք ցարդ գտանելի կը մնան, օրաթերթերու մէջ։ Առաջին ծանօթ քերթուածները լոյս տեսած են դեկտեմբեր 1935ին, Հայրենիք ամսագրին մէջ, թէ՛ բուն ստորագրութեամբ՝ արեւմտահայերէն, եւ թէ՛ Ալբադրօս գրչանունով՝ արեւելահայերէն։ Այս երկուութեան պատճառը կը մնայ անծանօթ։ Կը թուի թէ արեւելահայերէն միակ տպագիր փորձն է, քանի որ երեք ամիս ետք, գրչանունը դարձած է Ալպաթրօս/ Ալպաթրոս՝ արեւմտահայերէնի անցումով։ Բուն ստորագրութեան մէկ երեւումէն ետք («Պօյաճեան»ի եւ «Պոյաճեան»ի միջեւ տատանում մը եղած է տարիներու ընթացքին), Ալպաթրոս եւ Եդուարդ Պօյաճեան վերջին անգամ միասնաբար կը յայտնուին յունուար 1939ին, այս անգամ միեւնոյն էջին վրայ։ Երկար բանաստեղծութիւն մը հրատարակելէ ետք քանի մը ամիս ետք, Պօյաճեան իր աշխատակցութիւնը հարկադրաբար դադրեցուցած է Բ. Աշխարհամարտին, իսկ յաջորդաբար միայն մէկ բանաստեղծութիւն լոյս ընծայած է 1946ին։ 1951-1954ին հրատարակած է երեք պատմուածք եւ Անդրանիկ Ծառուկեանին նուիրուած ընդարձակ յօդուած մը։ Վերջին պատմուածքին ընկերացած է ստորեւ հրատարակուող նամակը, ուր յայտնած է աշխատակցութիւնը շարունակելու տրամադրութիւնը։ Սակայն, Պօյաճեանի անունին այլեւս չենք հանդիպիր ամսագրի էջերուն մէջ։
Նորայայտ երեք բանաստեղծութիւնները թերեւս պէտք է բոլորովին անտիպ սեպել, քանի որ լոյս տեսած չեն ամսագրին մէջ, Եդ. Պօյաճեանի հատորներուն մաս չեն կազմած, եւ չի թուիր, որ հրատարակուած ըլլան այլուր, թէեւ մեր պրպտումը ամբողջական եղած չէ։ Առաջինին ընծայականը՝ «Սիրով՝ Կ. Զարեանին», անուղղակի նշան մը կրնայ ըլլալ, որ բանաստեղծութիւնները գրուած են 1951-1954ին, երբ Զարեան Պէյրութ ապրած է եւ հանդիպած՝ Պօյաճեանին։ Ձեռագրային նոյնութիւնը միեւնոյն ժամանակ գրուած (կամ ընդօրինակուած) ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողու, իսկ այս կարծիքին կը նպաստէ նաեւ հասարակաց թեման, որ կը ցուցաբերէ միեւնոյն մռայլ տրամադրութիւնները։
ՄԱՀՈՒԱՆ ՄԱՍԻՆ
Սիրով՝ Կ.Զարեանին
Տանջանք, մտածում, հեղե՛ղ ձանձրոյթի,
Ցանկութեան կանչեր խորունկ ու խռպոտ,
Իր լա՜յն բերանով յանկարծ կը ժպտի
Մահը ծպտուած խափշիկ մո՜ւթ լակոտ։
Եղած դերասան, լպիրշ աւազակ՝
Երկդիմի, վատթար, ցուրտ ու պղծաձայն,
Մահը՝ ա՛լ նեխած, աղբահո՜տ նուագ՝
Կ’աղճատէ՛ մեզի ու երկի՜նքը համայն։
Տզրուկի երդում, վամ փիռի վատ ուխտ,
Մահը գո՜րշ վճիռ, քէ՜ն արիւնատես,
Կեանքի որջին մէջ ցրուա՜ծ բախտաթուխտ,
Ընդմի՛շտ ծուղակման տխրաշո՜ւք հանդէս։
Տիեզերքն ամբողջ ժանգոտեա՜լ պնակ,
Լեցուն տրտմութեան պատառներով
Բաժինն է մահուան ամենաբնակ,
Մահը որկրամոլ՝ խո՜ր ստամոքսով։
Մահը տարիներ պարպեց սրտիս մէջ,
Տակառներով վիշտ, ճաճանչ ու կարիճ՞
Սայրասուր փուշեր, իտէա՜լ սնամէջ,
Արիւնաբնոյթ Մահը սե՜ւ եղիճ։
Այս Մահը նաեւ լուացարար կին,
Թոմթռկած պառաւ, տաշտի՛ն մէջ կոտրած
Ծե՜ը Յաւերժութեան, կը լուայ հոգին
Մարդուն՝ որ կեանքո՛վ է զայն պղտորած։
ՔԱՂՑՐՈՒԹԻՒՆ
Պառկիլ այսպէս, երազե՜լ,
Օտարախորթ կեանքին մէջ,
Քակել ինքզինք թել առ թե՜լ,
Ապրիլ յոյսով սնամէջ։
Ըսել.- Անցա՜ւ ամեն ինչ -,
Սակայն յուսա՛լ տակաւին,
Զգալ ամե՛ն բան ոչինչ,
Բայց հաւատա՛լ իր դարձին։
Ես կեանք չունիմ, այլ երազ,
Յիմարութի՜ւն մը խոշոր,
Ու կարօտներ սրավազ՝
Հոգիիս մէջ վիրաւոր։
* * *
Զո՛ւր է երգել Յոյսին հետ,
Մնալ յաւէտ քով-քովի,
Չափել ամեն արահետ,
Ըլլալ շուքի՛ն իսկ գիրի։
Զո՛ւր է, նորէ՛ն, Յոյսին հետ,
— Տիեզերքի պոռնիկին –,
Սիրե՜լ, մեկնի՜լ առյաւէտ՝
Մինչեւ գագա՜թը կեանքին։
Բաղաձա՜յն է Յոյսը միշտ,
Երգել երբեք չի՛ կրնար,
Կ’երգեն անյոյս, բազմավիշտ՝
Լոկ հոգինե՛րն անհնար։
ՄԵ՜ՐԿ ԵՆ ՕՐԵՐՆ ԻԲՐԵՒ ԲՈԶ
Առանց վշտի եւ սիրոյ,
Առանց մթին արկածի՝
Մե՜րկ են օրերն ու յետոյ
Նման թշուառ, ծեր բոզի։
Երբ կուրծքիդ տակ չի հնչեր
Ալ ո՜չ մէկ երգ հին օրուայ
Երբ կը քալե՜ս մթաստուեր՝
Օրերն են բո՛զ անխնայ։
Երբոր ձանձրոյթ կ’իջնէ յար
Անձրեւին հետ, ամեն տեղ
Ու կը մսի կի՛րքդ չար՝
Բո՛զ են օրերն ու տգեղ։
Ու Կեանքն է միշտ պղծանոց
Երբ գան օրե՜ր անապրում,
Բոզերո՛ւ պէս արտառոց
Խոցել հին սէրդ տրտում։
Պէյրութ, 22 մարտ [1]954
Yetvart Boyadjian
- O. Box 409
Beyrouth – Liban
Ընկեր Դարբինեան,
Ահա Ձեզի պատմուածք մը, մօտաւորապէս Ձեր ուզած ծաւալով։ Քիչ մը եւս կարճնալով՝ կարծեմ իրագործած կ’ըլլամ Ձեր փափաքը։ Կը խնդրեմ տպել նոյնութեամբ։ Արաբական պատկերներու այս շարքը մտադիր եմ առանձին գրքոյկով հրատարակել, երբ նիւթերս աւարտին։ Եթէ այս պատմուածքը որ եւ [է] ձեւով շահեկան կը գտնէք հայ եւ արաբ բարեկամութիւնը քիչ մը ամրապնդելու տեսակէտով խորհուրդ կու տա՞ք որ ան հայերէնով ամսագրին մէջ տպուելէ ետք արաբերէնի կամ անգլերէնի թարգմանուի։ Խոստովանիմ որ ես այդ միտումը բնաւ չեմ ունեցած գրած ժամանակս։ Ձեր կարծիքը թանկագին է ինծի համար։
Նախորդ նամակիս մէջ գրեր էի թէ երկար գրութիւն մը պիտի ղրկեմ Ձեզի, «Տոմար Տարագրի» անունով, Այնճարի գաղթականութեան գեղարուեստական պատկերացումը փորձող պատկերներով եւ խորհրդածութեամբ։ Անոր մէկ մասը (ոչ լաւագոյնը ըստ իս) տպուած է Հողը հատորիս մէջ, «Հրաշալի պանդուխտներ[»] վերնագրին տակ։ Չղրկեցի՝ երկարաբան ըլլալու հաւանական ամբաստանութենէ մը վախնալով, Ձեր կողմէ։ Ամեն պարագայի տակ գրուածքը ամբողջացած քովս է, առանց երկրորդ պատճէնի։ Ակօսը կ’ուզէ տպել, բայց որովհետեւ Ակօսին սպառումը քիչ է եւ նիւթական վարձատրութիւնն ալ նմանապէս քիչ՝ խօսք չտուի իրենց։ Եթէ կը փափաքիք անգամ մը տեսնել գրուածքը՝ կը ղրկեմ եւ գոհ կ’ըլլամ մեր ամենէն հեղինակաւոր ամսագրին մէջ տպուած տեսնել զայն։ Բաց աստի, ի վիճակի եմ այլեւս տեւաբար աշխատակցելու ամսագրին, պատմուածքներով։
Սիրով եւ յարգանքներով՝
ԵԴ. ՊՕՅԱՃԵԱՆ





