Զապէլ Եսայեանի (1878–1943) գրական հարուստ ժառանգութեան կողքին մեծ տեղ է զբաղեցնում նաեւ նրա հասարակական գործունէութիւնը ներկայացնող վաւերագրերի ստուարածաւալ ժառանգութիւնը, որը նոյնպէս ունի ճանաչողական, աղբիւրագիտական անգերագնահատելի արժէք:
20րդ դարի առաջին տասնամեակում Կիլիկիայում կազմակերպուած հայկական ջարդերից յետոյ Պոլսի Հայոց Պատրիարքարանի յանձնարարութեամբ շրջել է մի շարք քաղաքներում (Ատանա, Այնթապ, Ուրֆա, Մերսին, Հաճըն), ականատեսը եղել այն ահաւոր ողբերգութեան, որի մասին յետոյ իր Աւերակներուն մէջ գրքով ընթերցողին է ներկայացրել տեսածի ու լսածի ողջ սահմռկեցուցիչ պատկերը:
1915 թ. Հայոց ցեղասպանութիւնից յետոյ էլ ամիսներով աշխատել է հայկական որբանոցներում այն մեծ առաքելութեամբ, որ հայութեան մատաղ ու բզկտուած սերունդը չկորցնի կապն իր արմատների հետ, պահպանի մայրենի լեզուն եւ մշակոյթը:
Ստորեւ ընթերցողին ներկայացուող նամակը եւ տեղեկագիրն այն բազմաթիւ վաւերագրերից են, որ պատմում են նրա մեծ նուիրումով կատարած աշխատանքի մասին: Ինքնագրերը պահւում են՝ Հայաստանի ազգային արխիւում, ֆոնդ 430, ցուցակ 1, գործ 338, թթ. 1-8։ Հրապարակումը պատրաստելիս կատարել ենք միայն կէտադրական շտկումներ։
Հրապարակումը ծանօթագրել է բանասիրական գիտութիւնների թեկնածու Արծուի Բախչինեանը:
Ա.
18-12-21
Փարիզ
Վսեմափայլ Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեան,
Կը խնդրեմ որ բարեհաճիք ու շադրութիւն դարձնել տեղեկագրի մը որ նամակիս հետ կը ղրկեմ Ձեզ, Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ որբանոցներու վերաբերմամբ:
Կը խնդրեմ նաեւ, որ ներողամիտ ըլլաք գրութեանս անկատարութեան։ Մտածեցի, որ եթէ մասնաւոր կէտեր աւելի լայն լուսաբանութեան կարօտ են, կրնամ բերանացի բացատրութիւններ տալ, եթէ փափաքիք:
Կիլիկիոյ խեղճ որբերուն վիճակը ինձ մասնաւորապէս զգայուն կը դարձնէ քանի որ զիրենք անձամբ կը ճանչնամ: Ինքնաբերաբար Ձեզ տեղեկագիր մը խրկելուս պատճառը այն նախանձախնդրութիւնն է, որով կը փափաքիմ ոեւէ կերպով օգտակար ըլլալ:
Տեղեկագրիս վերջին էջին յիշած ֆրանսացիս Պարոն Լաբորտն է, որուն անձամբ ծանօթ էի շատոնց. չուզեցի իր անունը դնել տեղեկագրին մէջ խորհելով որ ուրիշներ ալ կրնան կարդալ եւ կարգ մը թիւրիմացութիւններ կրնան առաջ գալ:
Կը խնդրեմ որ այս առթիւ հաճիք ընդունիլ իմ խորին յարգանացս հաւաստիքը:
Զապէլ Եսայեան
Բ.
18-12-21
Փարիզ
Վսեմափայլ Գաբրիէլ Էֆէնտի Նորատունկեան,
Նախագահ Ազգ. Պատուիրակութեան,
Կիլիկիոյ որբերու ներկայ տաժանելի դրութիւնը գիտնալով, որ Ձեր մասնաւոր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, պարտաւորութիւն կ’զգամ ամփոփ մէկ տեղեկագրով մը Ձեզ յայտնել, թէ մինչեւ 1920 յունիս 10ը ինչ էր անոնց թիւը եւ դասաւորումը, ինչ կազմակերպութիւն ստեղծուած էր, ինչ հնարաւորութիւններ կը ներկայանային, ինչ էր Ֆրանս. կառավարութեան վերաբերմունքը եւ տրամադրութիւնը եւ թէ ներկայ դրութեան մէջ ինչ չափով եւ ինչպէս կարելի է օգտուիլ այդ տրամադրութենէն:
Որբերու խնամատարութեան խնդիրը առաւելապէս գործնական խնդիր մը համարելով պիտի բաւականանամ նօթագրել միայն իմ գիտցածս եւ անձնական փորձառութեանս արդիւնքը:
ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԻՒԸ, ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐԸ.- Մինչեւ 1920 Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ մէջ կային մօտ 8399 որբեր (ըստ Ֆրանս. խնամատարութեան վիճակագրութեան) հետեւեալ վայրերու մէջ.
Ատանա եւ շրջակայքը 1297, Մերսին 1055, Տէօրթ-Եօլ 779, Այնթապ 2000, Ուրֆա 150, Հաճըն 750, Մարաշ անորոշ ոչ նուազ քան 800, Հալէպ 1400, Լիբանան 150:
Հետզհետէ յառաջ եկած դէպքերու հետեւանքով Ատանայի որբերէն 700ը փոխադրուեցան Մերսին, բայց Ատանայի որբանոցը կը մնային մօտ 300 որբեր, ասոնց եկած միացած էին Ատանայի շրջակայքի որբերը: Հարունիյէի որբանոցը (Ամերիկեան կօմիտէի խնամակալութիւն) Լորտ Մայըրս ֆօնտի որբերուն հետ փոխադրուած էին Կիպրոս, թիւով 700. Հաճընի որբանոցներու բախտը անորոշ էր, անոնք մեր հասողութենէն դուրս մնացեր էին Հաճընի պաշարմամբ եւ հակասական լուրեր կային, զորս ոչ մէկ միջոցով կարելի եղաւ հաստատել: Սիսի որբերը փոխադրուած էին Ատանա: Մերսինի
Բարեգործականի որբանոցը, ինչպէս եւ Տէօրթ-Եօլի որբանոցները կը մնային իրենց տեղերը: Այնթապի որբերը փոխադրուեր էին Սուրիա եւ կը գտնուէին Ամերիկեան խնամակալութեան ներքեւ: Ուրֆայի որբերը մնացեր էին իրենց տեղերը եւ անվնաս մնացեր էին, անոնք կը գտնուէին Ամերիկայի միսիօնարուհիներու հուանաւորութեան ներքեւ: Լիբանանի մէջ կային Անթուրայի որբանոցը եւ երկու ուրիշ որբանոցներ, որոնք յանձնուած էին Ա. Յ. քոյրերու խնամքին. այս վերջի երկու որբանոցներու որբերը Սուրիացի եւ Հայ խառն էին: Մարաշի որբերը ցրուած, կոտորուած կամ գերի տարուած էին: Հալէպի որբերը կը գտնուէին Ահարոն պատուելիի տնօրինութեան ներքեւ, 1920 մայիսին 300ի չափ 18-20 տարեկան որբեր Ֆրանս. իշխանութեանց առաջարկով եւ Պատրիարքարանի համաձայնութեամբ 50ական խումբերով իբր զինուոր ցուխրկուեցան Պոլիս, ուրկէ պիտի անցնէին Պաթում:
Այս որբերը կազմուած էին փոքր մասով տեղացի մանուկներէ, իսկ ստւար մեծամասնութիւնը կը բաղկանար Թուրքիոյ գլխաւորաբար արեւմտեան նահանգներու բնիկներէ: Մասնաւոր ուշադրութիւնս գրաւած է, որ արական դեռի որբերը զգալի կերպով բազմաթիւ էին, բայց դժբախտաբար ճիշտ համեմատութիւնը չունիմ:
ՆՊԱՍՏ ԵՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ.- Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ որ բերը կը վայելէին անխտրաբար նոյնիսկ երբ Ամերիկեան կամ Անգլիական խնամակալութեան ներքեւ էին, Ֆրանս. իշխանութեանց հոգածութիւնը եւ նիւթական նպաստը: Բոլոր որբանոցները կը ստանային կառավարութենէն շէնք կամ շէնքի վարձք եւ ամսական 11 Օսմ. թղթադրամ իւրաքանչիւր որբի համար պարէնի գին: Երբ հացը հայթայթուէր կառավարական փուռերէն պարէնի համար իւրաքանչիւր որբ կ’ստանար 8 Օսմ. ոսկի թղթադրամ. որբանոցներու վարչութիւնները ազատէին ընտրելու այս մասին:
Փոխադրութեանց պարագային ծախքերը կը հոգար կառավարութիւնը եւ դիւրութիւններ կ’ընծայէր ինչպէս նաեւ տեղափոխութեանց պատճառած բացառիկ ծախքերը: Հանրային շինութեանց Ֆրանսական équipe-ը կը հայթայթեր գործաւորները, մինչ կառավարութիւնը կու տար նիւթը եւ ծախքերը, երբ հարկ ըլլար առ ժամանակեայ թէ ոչ շինութիւն մը ընել:
Որբանոցներու վառելիքը նոյնպէս կը հայթայթուէր կառավարութենէն:
Այս ընդհանուր ծախքերէն դուրս կառավարութիւնը կու տար նաեւ անկողնի կազմած, հագուստեղէն եւ ճերմակեղէն, կօշիկ եւլն, եթէ հարկ ըլլար եւ որ բանոցի մը վարչութիւնը այդ նպատակաւ դիմում մը կատարէր: Վերջապէս իմ պաշտօնավարութեանս ընթացքին, մարտ 2 –յունիս 10, դիտած եմ, որ ոչ մէկ օրինաւոր դիմում մերժումի չէ հանդիպած:
Որբանոցներէ դուրս կային 2-300ի չափ որբեր, որոնք Ատանայի շրջակայ գիւղերէն էին եւ նոյնպէս կը վայելէին Ֆրանս. իշխանութեանց հոգածութիւնը:
Կային նաեւ գաղթականաց վրանավայրի դպրոցները, որոնք Հայ ուսուցչուհիներ ունէին եւ որոնց բոլոր ծախքերը, նոյնիսկ գրենական պիտոյքները, կը հոգացուէին Ֆրանսական կառավարութենէն:
Այս որբանոցները կը գտնուէին զանազան բարենպատակ հաստատութեանց խնամակալութեան ներքեւ որոնք էին. 1.- Հ. Ը. Բարեգործական ընկերութիւնը, 2.- Եգիպտոսի որբախնամը, 3.- Անգլիական Լորտ Մայըրս ֆօն տը, 4.- Ամերիկեան խնամատարութիւնը, 5.- Ամերիկեան Կարմիր Խաչը, 6.- Զանազան Միսիօնարական մարմիններ:
Այս հաստատութիւնները իրենց վրայ առած էին որոշ որբանոցներու խնամակալութիւնը եւ ամբողջովին կ’զբաղէին որբերու առողջական եւ կրթական վիճակով., դաստիարակութեամբ եւ հոգածութիւններով: Միեւնոյն ատեն կը հոգային ուսուցչական կազմի եւ ստորադաս պաշտօնէութեան ռոճիկները, գրենական եւ այլ ծախքերը, առողջապահական եւ բժշկական ծախքերը, ինչպէս եւ ոմանք՝ հագուստեղէնը եւ որբանոցներու կից բացուած արհեստանոցներու բոլոր ծախքերը:
ՈՐԲԱՆՈՑՆԵՐՈՒ ԸՆԴՀ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿԸ.- 1920 Մայիսին Ֆրանս. Assistanceի վարչութիւնը յայտնեց, թէ անհրաժեշտ է պատրաստել ծրագիր մը նպաստի գործը յամր հաշուէյարդարութեան մը ենթարկելու, նկատի ունենալով 6-10 տարի, որպէսզի տարիներու ընթացքին հետզհետէ կառավարական պիւտճէն թեթեւանայ. 1. – չափահաս որբերուն որբանոցներէ հեռանալով, 2.- Միջոց ընծայելով որ որբերը մասամբ գոնէ իրենք կարենան հայթայթել իրենց ծախքերը:
Այս աշխատութիւնը հանգամանօրէն կատարելու համար Կիլիկիոյ Ֆրանս. իշխանութիւնները հարկ համարեցին ստեղծել յատուկ մարմին մը, որ ուսումնասիրէ հարցը եւ տեղեկագիր մը պատրաստէ: Այն մարմինը անհրաժեշտ էր նաեւ բարոյական կապ մը եւ կրթական րէժիմի ներդաշնակութիւն մը յառաջ բերելու համար զանազան հաստատութեան եւ օտար կօմիտէներու խնամակալութեանց ներքեւ գտնուող որբանոցներու մէջ, քանի որ բոլոր որբերը մէկ ազգութեան կը պատկանէին եւ ամենքն ալ անխտրաբար Ֆրանս. կառավարութեան նպաստը կ’ստանային առաւել կամ նուազ չափով:
Ֆրանս. իշխանութիւնները պատշաճ համարեցին, որ այդ մարմնին տեսչութիւնը Հայու մը տրուի եւ ինձ նշանակելու պատիւը ըրին հետեւեալ տիտղոսով. Inspectrice générale les Orphelinats Arméniens le Syrie et Cilicie. լիազորութիւն տալով ինձ ընտրել աշխատակիցներ: Փոխադարձութեան նպատակաւ եւ նաեւ համոզուած ընտրած անձերուս ընդունակութեանց մասին եւ մտածելով նաեւ, թէ որքան Ֆրանսացիք մօտէն հետաքրքրուին մեր որբերով, այնքան վտանգի պահուն իրենց օժանդակութիւնը անմիջական կըլլայ, ինձ օժանդակ առի Տիկին Փորթուգալեանը եւ Տիկին Կանէօն, վերապահելով իրաւունք կազմը ուժովցնելու ի պահանջել հարկին:
Շնորհիւ այդ Տիկիններուն փութաջանութեան, tactին, կարգապահութեան եւ մեր մէջ տիրող բացարձակ համաձայնութեան, Անգլիական եւ Ամերիկեան ներկայացուցիչները միշտ սիրալիր համակրութեամբ ընդունեցին մեր առաջարկութիւնները եւ սիրայօժար ընդունեցին կարգ մը փոփոխութիւններ մտցնել իրենց որբանոցներու կրթական ծրագրին եւ ուսուցման լեզուին վերաբերմամբ, քանի որ իրենց մատակարարութիւնը եւ խնամքը կատարեալ կերպով լաւ էր:
Նոյն սիրալիրութիւնը ցոյց տուին Բարեգործականի եւ եւ Որբախնամի վարիչները.- մնաց որ Բարեգործականի Մերսինի որբանոցը ամեն տեսակէտներով շատ լաւ էր եւ միջամտութեան կարիք չկար: Տնօրենը, Մամբրէ վարդապետ երբեմն կը մասնակցէր մեր խորհրդակցութեանց եւ ամեն կարեւոր որոշումէ առաջ իր կարծիքը կ’առնուէր:
Այս մարմինը անմիջապէս պատրաստեց նախագիծ մը որ Commission d’Assistanceի ներկայացուցինք եւ հաւանութիւն առնելէ ետքը ձեռնարկեցինք աւելի մանրամասն տեղեկագրի մը, որ Կեդր. կառավարութեան sanction-ը ստանալէ ետք պիտի դրուէր գործադրութեան: Նախագիծը պատրաստելէ առաջ ձեռնհաս անձնաւորութիւններ մեզ յայտներ էին արդէն, թէ ինչ աստիճանի վրայ պէտք է պատրաստել զայն եւ ինչ բացառիկ պիւտճէ նախատեսուած էր:
Այդ ծրագրին նախագիծը հետեւեալն էր.
1.Բոլոր Հայ որբերը պիտի ստանային նախնական կրթութիւն հայերէն լեզուով եւ ըստ Պատրիարքարանի կրթական ծրագրին:
Իբր օտար լեզու պիտի սորվէին անհրաժեշտաբար ֆրանսերէն:
Ուսմունքի ընթացքին, տարագրութեան պատճառաւ, ընդհատուած որբերը պիտի ունենային յատուկ դասարաններ թեթեւ ցած ծրագրով:
2.Ընդհանուր վիճակագրութենէ մը ետքը պիտի խմբէին որբերը՝ նկատի առնելով ազգականական կապերը: Նախընտրութիւն պիտի տրուէր նոյն քաղաքի որբանոցներուն մէջ պահելու որքան կարելի է մէկ գաւառի, մէկ քաղաքի կամ գիւղախմբի պատկանող որբերը: Քաղաքներու բնակիչներէ սերած եւ արհեստի ընդունակ որբերը պիտի պահուէին քաղաքներու մէջ, իսկ գիւղացի տղաքը պիտի պատսպարուէին գիւղական վայրերու մէջ:
3.Նախակրթարաններու քով պիտի հաստատուէին զանազան ընթացիկ արհեստներու համար աշխատանոցներ, իսկ գիւղական աշխատութեանց հակում ունեցող տղաք պիտի ունենային պարտէզ, դաշտ եւլն:
4.Այն որբերը, որոնք նախակրթութեան ընթացքին յայտնի ընդունակութիւն եւ փափաք ցոյց կու տային ուսմունքի, պիտի կրնային իրենց ուսմունքը շարունակել կեդրոնական վարժարաններու մէջ, որոնք պիտի հաստատուէին երկու գլխաւոր քաղաքներու մէջ: Նախատեսուած էր նաեւ որոշ թիւ մը այս կարգի աշակերտներու առաջարկել Ազգ. Պատրիարքարան, որպէսզի տեղաւորուէին ձրիապէս Հայ երկրորդական վարժարաններ նախապէս կնքուած համաձայնութեան մը համեմատ:
5.Ֆրանսական կառավարութիւնը տարեկան 5 boursier պիտի ունենար ֆրանսական համալսարաններու համար, յաջող կերպով երկրորդական վարժարանը աւարտող եւ մասնաւոր մրցումի մը մասնակցող եւ յաջողող երիտասարդներէն:
6.Նախատեսուած էր նոյնպէս բանալ վարժապետանոց մը նախնական վարժարաններու ուսուցիչ եւ ուսուցչուհի հասցնելու համար եւ որոնք պիտի պաշտօնավարէին որբանոցներու նախակրթարաններու մէջ: Երկրագործական վարժարան մը, որ պիտի ունենար տիպար ագարակ մը իր բոլոր ճիւղերով:
Մեքենագործութեան եւ ելեքտրագիտութեան գործնական վարժարաններ 2 տարուան դասընթացքով:
Հիւանդապահուհիներ, մանկատածներ եւ մանկաբարձուհիներ պատրաստող դասընթացքներ, առաջինները 2 եւ երրորդը 3 տարուան շրջանով:
Այս ծրագրով կը կարծուեր, թէ 4-5 տարիէն ոչ միայն չափահաս որբերը եւ որբուհիները պիտի կրնային անկախ եւ պարկեշտ կեանք մը ստեղծել իրենց համար, այլ եւ դեռ որբանոց եղած միջոցնուն իրենց աշխատութեան արդիւնքով պիտի թեթեւցնէին մասամբ պիւտճէն եւ միմիայն շատ փոքրերը ամբողջական նպաստի կարօտ պիտի ըլլային: Ընդհանուր սկզբունք էր նաեւ որքան կարելի է որբանոցին ընտանիքի մը կերպարանքը տալ, ուր ամեն մէկ անդամ իր դերը կը կատարէ:
Գործնական առաջին քայլերու մէջ հրաշալի արդիւնք ունեցանք: Ատանայի որբանոցը երկու ամիս յետոյ կը պատրաստէր իր բոլոր հանդերձեղենը եւ մասամբ կօշիկները, մեր որբուհիները կը հսկէին փոքրերու վրայ, փոխն ի փոխ կաշխատէին խոհանոցը, լուացարանը, արդուկարանը, եւլն.: Այսպէսով կարելի եղաւ վարձկան պաշտօնեաներու թիւը կէսէն աւելի ջնջել:
Անհրաժեշտ կը համարիմ նաեւ ըսել, թէ հակառակ քաղաքական դրութեան հետըզհետէ վատթարանալուն, հակառակ վտանգի մտահոգութեանց, իշխանութեան գլուխ եղող անձերը մեզ կը քաջալերէին շարունակել մեր կազմական աշխատութիւնը, կը խնդրէին, որ շուտով պատրաստենք նաեւ ներքին կանոնագիր մը եւ օրէնքներ սահմանենք նոր որբ ընդունելու կամ չափահասութենէ առաջ մեկնողներու մասին:
Կառավարութիւնը նախընտրութիւն ուներ նաեւ հայր կամ մայր ունեցող կիսաոր բերը յանձնել իրենց ծնողներուն այն պայմանաւ որ փոքրիկին պարէնը ընդունին Commission d’Assistance-էն եւ ուսմունք ստանան ձրի:
Գործը այս կէտի վրայ էր, երբ ստիպուեցանք ընդհատել ինձմէ բոլորովին անկախ պատճառներով:
ՈՐԲԵՐՈՒ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐ.- Ապրիլ 9էն սկսեալ, Քեմալական շարժումին սաստկանալուն հետեւանքով, հարկ եղաւ նախատեսել փոխադրութիւնը Ատանայի, Մերսինի եւ Տէօրթ-Եօլի որբանոցներուն դէպի Սուրիա կամ այլուր կառավարութեան հրահանգով:
Որոշուած էր փոխադրութիւնը կատարել տրուած նշանի մը վրայ, ակնյայտնի եւ յանկարծական վտանգի մը կամ Ֆրանսական ուժերու նահանջի պարագային: Այդ նպատակաւ գաղտնի պատրաստութիւններ տեսնուեցան որբանոցներու մէջ, եւ կառավարութիւնը պատրաստեց նահանջի ծրագիր մը ու հարկ եղած հրահանգները տուաւ զինուորական եւ քաղաքային իշխանութեանց:
Օրինակ մը տալու համար կը յիշեմ հետեւեալը:
Մերսինի Base Navaleի պետը հրահանգ ստացած էր անհրաժեշտութեան պարագային ամենէն առաջ նաեւ փոխադրել որբերը: Եթէ ծովը ալեկոծ ըլլայ եւ անկարելի ըլլայ կամ վտանգաւոր որբերը դնել մակոյկներու մէջ, կամ եթէ փոխադրանաւ չի լինի այդ պահուն, տրամադրէ զորքերու փոխադրութեան մեծ լաստանաւերը:
Մայիսի վերջերը Ֆրանս. իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ Տէօրթ-Եօլի շրջանի որբերը փոխադրելու ոեւէ հաւանականութիւն չի ներկայանար:
Ընդհակառակը, մտածեցին Մերսինի եւ Ատանայի որբերը փոխադրել Տէօրթ-Եօլի շրջանը, վտանգի պարագային, այսպէսով կը մտածէին, թէ ոչ միայն որբերը Կիլիկիայի հողէն դուրս ելլելու չէին հարկադրուեր, այլ եւ Հայերը ստուար թիւ մը կը կազմէին Տէօրթ-Եօլի շրջանին մէջ, նպատակ ունէին նաեւ Ատանայի գաղթականները փոխադրել Տէօրթ-Եօլի շրջանը եւ տեղական միլիս մը կազմել ապահովութեան եւ կարգապահութեան պահպանման համար, մինչ զինուորական եւ աւելի հեռաւոր դիրքերը բռնուած պիտի ըլլային Ֆրանսական ուժերով:
Այս նպատակաւ խորհրդակցութիւն մը սկսած էր Ատանայի եւ Ալէքսանդրէթի հրամանատարութեան միջեւ եւ յոյս կար դրական արդիւնքի հասնելու, երբ դժբախտաբար Պարոն Տամատեանի հրահանգով մեկնեցայ Կիլիկիայէն ընկերանալու համար յատուկ պատուիրակութեան մը:
Այլ սակայն որբերու փոխադրութեան թէ՛ նախորդ ծրագիրը եւ թէ՛ այս վերջին ծրագիրը բուռն ընդդիմութեան հանդիպեցաւ տեղւոյն Ազգային մարմիններու կեղմէ: Այդ ընդդիմութիւնը անհամար դժուարութիւններ եւ բարդութիւններ յառաջ բերաւ, եւ Ֆրանսական իշխանութիւնները վհատեցան պահ մը ու կարծեցին, թէ լաւագոյնէ ամեն ինչ իր բախտին թողուլ, քան թէ ժողովրդական այդքան մեծ դժգոհութիւն յարուցանել շատ փափուկ քաղաքական վիճակի մը մէջ:
Բայց մտահոգութեան պատճառները շատ լուրջ էին, եւ ինձ թուեցաւ, որ տարտամ պատճառաբանութիւններով եղած ընդդիմութեան մը հակառակ պէտք է որբերը փրկել վերահաս վտանգէ: Այսօր յայտնի է արդէն, թէ այդ վարմունքը որքան անտեղի էր: Բայց այսքան մեծ պատասխանատուութիւն ունեցող խնդրի մը մէջ դժուար էր անշուշտ ինձ համար որոշում առնել եւ յոյս ունեցայ, որ երբ Բարիզ գալով իմ տեղեկատուութիւնս ընեմ, Ազգ. Պատուիրակութիւնը կացութեան համապատասխան հրահանգներ պիտի տայ:
Այդպէս ալ եղաւ, բայց դէպի Կիլիկիա վերադարձէս երկու օր առաջ ինձ յայտնեցին, թէ քաղաքական նոր բարդութիւններու հետեւանքով Պատուիրակութեան Կիլիկիոյ ներկայացուցիչը պաշտօնէ պիտի դադրի առ ժամապէս եւ քանի որ իբր աշխատակից նշանակուած էի, ներկայացուցիչին իմ պաշտօնս ալ ինքնին կը վերնար:
Այսօր չեմ կրնար ինքզինքս արգիլել յիշելէ, որ եթէ Կիլիկիոյ Ազգ. մարմինները այդ անիմաստ ընդդիմութիւնը ցոյց տուած չ’ըլլային, որբերը եւ գաղթականները տեղաւորուած պիտի ըլլային Տէօրթ-Եօլի շրջանը եւ կառավարական նպաստը ապահովուած: Թերեւս նաեւ վերջին համաձայնութեան մէջ հաշուի առնելու պիտի ստիպուէին այդ շրջանի բացառիկ դրութիւնը: Խնդրին բոլոր կողմերուն եւ հանգամանքներուն մօտէն ծանօթ ըլլալով, թոյլ կու տամ ինքզինքս ամեն կարգի ենթադրութիւններ ընելու:
Ներկայ հանգամանքներու մէջ կացութիւնը վեր ի վայր շրջած ըլլալով՝ այլեւս հնարաւոր չէ օգտուիլ Ֆրանս. կառավարութեան բարեացակամութենէ այն լայն աստիճանով, որ անցեալ տարի կարելի էր: Բայց համոզուած եմ, որ ներկայ դրութեան մէջ ալ, արագ քննութենէ մը ետք կարելի է վերակազմել նոր վիճակ մը, եթէ գործնական ոգի ունեցող եւ վարչական յատկութիւններ ունեցող անձեր տեղւոյն վրայ աշխատին այդ ուղղութեամբ:
Նկատի պէտք է առնել, որ Commission d’Assistanceի պետը եւ գլխաւոր պաշտօնէութիւնը գործի վրայ են տակաւին. Տիկին Փորթուգալեան եւ Տիկին Կանէօ Կիլիկիա են. նկատի ունեմ նաեւ կարծիքը ֆրանսացի հեղինակաւոր անձնաւորութեան մը, որ նոր մեկնեցաւ եւ որ խօսակցութեան մը միջոցին պարզած գաղափարներս գործնական եւ իրականալի համարեց: Անհրաժեշտ է կարծեմ անորոշ ժամանակով երկարաձգուող պիւտճէի հեռանկար մը չի բանալ, այլ ցոյց տալ հնարաւորութիւն աստիճանաբար թեթեւցնելու կառավարական պիւտճէն, քանի որ նոյն անձնաւորութիւնը համոզուած էր, թէ Ֆրանս. կառավարութիւնը որոշ ժամանակ եւ որոշ աստիճանով պիտի շարունակէ նպաստը: Լսեցի, որ նման հաւաստիքներ ստացած է եւ Պատուիրակութիւնը:
Այս հաշուեյարդարութիւնը շատ աւելի յամր կերպով կը կատարուի եւ մէկ օրէն միւսը հազարաւոր որբեր մեր ազգային անբաւական միջոցներուն կարօտ չեն մնար: Անշուշտ միամտութիւնը չունիմ կարծելու, թէ նոյն թիւով որբեր, նոյն լայն աստիճանի վրայ կը հոգացուին, բայց վստահ եմ, որ որքան այդ գործով զբաղող մարդիկը աչալուրջ ըլլան եւ գիտնան օգտուիլ հանգամանքներէ, առանց ենթարկուելու փոփոխական զգացումներու, այնքան շատ թիւով որբեր եւ այնքան երկար ժամանակ կը նպաստաւորուին Ֆրանս. կառավարութենէն: Վստահ եմ որբանը ինքնին կարելի է, մանաւանդ նկատի առնելով այն բնական ձգտումը, որ Կիլիկիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Ֆրանսացիք պիտի ունենան՝ կերպով մը մեղմացնելու այն սոսկալի դրութիւնը որուն ենթարկուեցան Կիլիկիոյ Հայերը:
Զապէլ Եսայեան
Յ.Գ.- Այս գործին վերաբերեալ բոլոր վկայաթուղթերը եւ փոխանակուած նամակներուն օրինակները յանձնած եմ Ազգ. Պատուիրակութեան, Պարոն Անտոնեանին:
Զ. Ե.





