Ձեր կեանքի տարբեր հանգրուաներուն բնակաած էք`Գահիրէ, Այնճար, Պէյրութ, Լոս Անճելոս. ընդհանուր առմամբ կրնա՞ք մեզի հետ բաժնել թէ ինչպէս ձեւաւորուած է ձեր կազմաւորումը իբր անձ եւ իբր մտաւորական այս վայրերուն մէջ:
Անշուշտ ծննդավայրս՝ Գահիրէն, մեծ տպաւորութիւն ձգած է վրաս, մանաւանդ՝ պատմութեան հանդէպ սէրը արմատացուցած է մէջս։ Ես ծնած եմ Գահիրէի արուարձաններէն Մաթարիոյ մէջ։ Մաթարիան փարաւոններու ժամանակաշրջանին արեւի քաղաքը եղած է, եւ այնտեղ տակաւին օպէլիսկ (կոթող) մը կայ, որ այդ բոլորին արձանագրութիւնը կը կրէ։ Անցեալին ատիկա զիս խորապէս տպաւորած է եւ պատմութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնս եւ սէրս արթնցուցած է։ Հետագային անշուշտ համալսարանին մէջ տարբեր նիւթեր, օտար ազդեցութիւններ, գաղափարներու աշխարհ մը… ասոնք ամբողջ կեանքիս մաս կազմած են. սակայն ամենէն աւելի կազմաւորմանս վրայ ազդեցութիւնը 1956-ին ամուսնութիւնս եղած է, Սարգիս Զէյթլեանի հետ։ Ամուսնութիւնս հունաւորած է իմ բոլոր գաղափարներս. եւ երբ կ’ըսեմ հունաւորած է՝ ուղղութիւնը ճշդած է եւ ես հետեւած եմ, եւ զարգացուցած այդ ուղղութիւնը՝ կարողութիւններուս ներած չափով։
Ուսուցչուհի էի Գահիրէի ազգային Գալուստեան վարժարանին մէջ ինքն ալ այն ատեն ուսուցիչ էր, ինքը՝ հայերէնի, ես անգլերէնի բաժնի ուսուցչուհի էի։ Հոն է, այդ դպրոցին մէջ է որ ծանօթացանք իրարու: Ամուսնութենէս ետք, երբ երկու զաւակներս ծնած էին, 1962ին փոխադրուեցանք Լիբանան։
Ձեր բարձրագոյն ուսումը ստացած էք Գահիրէի մէջ, Գահիրէի Ամերիկեան համալասրանէն ներս, մասնագիտանալով՝ ընկերաբանութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն մէջ։ Ուսուցչական ասպարէզ մտտնելու միտումով էր որ այդ ճիւղերը ընտրած էիք. ի՞նչ պայմաններ մղեցին ձեզ ի վերջոյ անգլերէն գրականութեան դասատու դառնալու:
Ուսանողութեանս շրջանին, աղջիկները տունէն դուրս աշխատանքի չէին դիմեր։ Բայց ես ուսուցչութիւնը շատ կը սիրէի։ Կը սիրէի սորվիլ եւ սորվեցնել։ Այդ պատճառով, երբ աւարտեցի ուսումս աղջիկներու ամերիկեան դպրոցը եւ այլ հաստատութիւններէ ներս աշխատանք փնտռելու սկսայ։ Հայրս միջամտեց յորդորելով, որ քանի միտքս դրած եմ աշխատիլ՝ ժողովուրդիս ծառայեմ ազգային վարժարանին մէջ։ Չուզեցի հօրս մերժել։ Հազիւ աշխատելու արտօնութիւն ստացած էի։ Այն ատեն, Գալուստեան վարժարանը Գահիրէի ամենէն կարեւոր ազգային վարժարանն էր. անգլերէնի ուսուցչուհին ծննդաբերած էր եւ քաշուած էր պաշտօնէն, ուստի միայն այդ պաշտօնը բաց էր։ Այդ պատճառով է որ միացայ Գալուստեան դպրոցին եւ դարձայ անգլերէնի ուսուցչուհի։ Թէեւ ուսուցչութիւնը ընտրելը իմ որոշումս եւ փափաքս էր, բայց անգլերէնի ուսուցչուհի ըլլալը պատահականութեան հետեւանք էր:
Ձեր երիտասարդութիւնը զզուգադիպած է Միջին Արեւելքի հայութեան յետ եղեռնեան ամենէն աշխոյժ տարիներուն. դուք եւ ձեր ամուսինը՝ Սարգիս Զէյթլեանը, կազմակերպական շատ մը նախաձեռնութիւններու ընդմէջէն սփիւռքահայ սերունդ պատրաստելու աշխատանքին մէջ մեծ ներդրում ունեցած էք։ Կրնա՞ք պատմել թէ սփիւռք յղացքը կամ սփիւռքեան գիտակցութիւնը ի՞նչ նշանակութիւն ունէին 1955-ական 60ական թուականներուն։ Այս հարցումը՝ ի մասնաւորի նկաատի ունենալով Այնճարի մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնը. բայց կրնանք նաեւ ընդհանրապէս խօսիլ, քանի որ տարբեր համայնքներու մէջ աշխատած էք:
Մենք ամուսնացանք 1956ին եւ երկու զաւակներու մայր էի, երբ Եգիպտոսի քաղաքականկացութիւնը փոխուեցաւ եւ որոշեցինք վերադառնալ Այնճար։ Հոն ամուսինս Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնեց։ Ես ալ կամաւոր կերպով, շաբաթը անգամ մը, յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ կը պատրաստէի աշակերտներուն։ Սակայն այդքան։ Սկիզբը Այնճարի մէջ զգացի «Եապանճի»ի վերաբերում մը ինծի հանդէպ, սակայն մտածեցի որ կարեւորը աշխատանքն է եւ աշխատանքին հիման վրան է, որ կրնաս արժեւորում ստանալ, հետեւաբար գործս շարունակեցի։ Նկատեցի որ կիները ստորադաս կը նկատուէին, աղջիկներուն ուսումը բնաւ կարեւոր չէր, մանաւանդ եթէ պէտք էր (բազմանդամ ընտանիքներու պարագային) իրենց մօրը օգնել, նախընտրութիւնը ատոր կը տրուէր։ Թէ՛ տան մէջ օգտակար ըլլալ եւ թէ՛ իրենց փոքր քոյրերուն եղբայրներուն հոգ տանիլը աւելի կարեւոր էր քան դպրոց երթալը։ Հակառակ այս անտեսումին, կիները չարաչար կ’աշխատէին. թէ՛ տունէն ներս եւ թէ՛ ալ տունէն դուրս դաշտային աշխատանքներու կը մասնակցէին։
Այս վերաբերումին անարդարութիւնը ինծի շատ կ’անհանգստացնէր եւ կը մտածէի թէ ի՞նչ կարելի է ընել ատիկա փոխելու համար։
Այնճար բնակած ժամանակ մեզի կ’այցելէր ամուսինիս մեծ մայրը, որ 80 տարեկանը անց կին մըն էր։ Մասնակցած էր Մուսա Տաղի հերոսամարտին. քանի մը ուրիշ կիներու նման ինքն ալ իր մասնակցութիւնը բերած էր կռուողներուն ուտելիք ու ջուր տանելով, եւ զանազան տեսակի սպասարկութիւններ ընելով։ Շատ հպարտ էր ատով եւ աշխատանքը արժեւորելու համար կ’ըսէր` ես էրքէկ կին եմ. առնական, որովհետեւ այր մարդու յատկանիշներն էին որոնք այդքան կարեւոր էին։ Որքան պատմէր, այդքան զիս կը մղէր ընթերցումներու, յուշեր պռպտելու։ Սկսայ մտածել որ թերեւս կարելի էր բան մը փոխել եթէ իմանամ թէ կիները ինչ ըրած են այդ ժամանակներուն եւ անոնց աշխատանքը վեր առնելով արժեւորել զիրենք։ Եւ այսպէս, սկսայ նիւթեր հաւաքել. անշուշտ շատ քիչ բան գրուած էր կիներու աշխատանքին մասին. էջեր պէտք է դարձնէ իր տող մը կարդալու համար։ Բայց ատիկա զիս չյուսահատեցուց եւ շարունակեցի աշխատանքս։ Այն ատեն, ողջ էր Ճեմարանի տնօրէնը՝ պարոն Սիմոն Վրացեանը, որ Հայաստանի վերջին վարչապետը եղած էր։ Անոր դիմեցի յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար։ Պարոն Վրացեանը գնահատելով հանդերձ աշխատանքս, թելադրեց որ փոխանակ այդ բաներով զբաղէի, օգնութեան խաչի կիներուն աշխատանքներուն մասին խօսէի։ Հայաստանի Ա հանրապետութեան շրջանին կին նախարարներ ունեցած ենք, ունեցած ենք առաջին միջազգային չափանիշով արտաքին գործոց նախարար մը բայց այդ բոլորը իրեն համար այդքան կարեւոր չէին որքան օգնութեան խաչի ընթացիկ աշխատանքներուն մէջ կիներուն գործը արժեւորելը։ Այդ գնահատանքի պակասը խթան մը աւելի դարձաւ ինծի որ յարատեւեմ եւ հետաքրքրութիւնս նպատակի վերածեմ։ Հետեւաբար, նպատակս եղաւ կիներուն փորձառութիւնը վեր առնել եւ այդ փորձառութեան ընդմէջէն անոնց դերը ճշդել յեղափոխութեան շրջանին, կամ սփիւռքի զանազան գաղութներու կազմաւորման մէջ, որովհետեւ կը հաւատամ որ անցեալը ճանչնալը ներկան կ’արժեւորէ եւ ապագան կը ձեւաւորէ. ատոր համար այս արժեւորումը ինծի համար շատ կարեւոր էր:
Հրատարակած էք թէ՛ պատմաբանական պատմագրական թէ՛ ազգագրական աշխաութիւններ. արդէն ակնարկեցիք այս ուղղութեամբ թէ ուրկէ՞ կու գայ անցեալն ու ներկան արձանագրելլու ձեր մղումը եւ քիչ մըն ալ մեզի ցոյց տուիք թէ ինչպէ՞ս հասած էք նիւթի ընտրութեան կամ ինչպէ՞ս զգացած էք բացի մը պահանջը։ Ձեր աշխատանքներուն մէջ վկայագրութեան մղում մը եւս կա՞ր։
Սկիզբը գրի առի բոլոր անոնց վկայութիւնները, որոնք վերապրողներ էին. անոնց յուշերը կամ ունեցած փորձառութիւնները։ Ապա պատրաստեցի Արի արանց շարքը, որովհետեւ ժողովուրդիդ առասպելական պատմութիւնը քեզի առիթը կու տայ քու կողմէդ ներդրում մը ընելու անոր շարադրութեան մէջ։ Արի արանց շարքին մէջ, բոլոր նիւթերն ալ առասպելական պատմութեան հետ կապուած են.
4
հոն են՝ Հայկ եւ Արամ նահապետները, Տիգրան Երուանդեանը, Արտաշէս թագաւորը… ասոնք բոլորն ալ առանձին գրքոյկներ են Արի արանց շարքին մէջ։ Նպատակս այն էր որ Մուսա Տաղցիներուն ժառանգորդները՝ պատանիները, որոնք օտարութեան մէջ կը մեծնային, ծանօթանան իրենց ժողովուրդի անցեալին եւ այդ մէկը ծառայէ ինքնաճանաչման ու ազգային արժէքներու պահպանման։ Այդ էր նպատակս։ Այդ գիրքերը հետաքրքրութիւն ստեղծեցին եւ ի վերջոյ այդ գիրքերու շարքը Ուսումնական Խորհուրդը որոշեց որպէս ամառնային պարտադիր ընթերցում նկատի ունենալ։
Հետեւաբար, զգացի որ նպատակին կը ծառայէ մանաւանդ անոնց ինքնութիւնը շեշտելու տեսակէտէն։ Այդ գրքոյկներուն մէջ նաեւ ես արձանագրեցի իմ կատարած բազմաթիւ ընթերցումներուս միջոցով՝ անցեալի բարքերը, զանազան տօնակատարութիւնները իրենց մանրամասնութիւններով, որպէսզի հարազատութեան մթնոլորտ մը տամ գրութեան։
Ձեզի համարպատմական անցեալը չէ միայն որ մշակութային արժէք ունի, այլ նաեւ աւանդական հեքիաթները, առասպելական անցեալը եւ դիցաբանութիւնը ընդհանրապէս:
Ատոնք ի մի բերած էի այդ շարքին մէջ, բայց քանի յիշեցիք հեքիաթները, ըսեմ նաեւ որ Այնճար եղած ատենս տունէ տուն այցելելով—անշուշտ ընտրուած տուներ ուր տարիքոտ անձեր կային որոնք իրենց երիտասարդութիւնը Մուսա Տաղ անցուցած էին, լսած էին բերնէ բերան փոխանցուող պատմութիւնները—անոնց այցելելով գրի առի այդ բերնէ բերան փոխանցուող պատմութիւնները, որոնք իրենք կը պատմէին իրենց բառբարով։ Մուսա Տաղի հեքիաթները յետոյ մատչելի դարձնելու համար, հայերէնով առանձին հատորով մը հրատարակուեցան Լիբանանի մէջ։ Այդ ալ շատ ժողովրդականութիւն գտաւ եւ պարտադիր դարձաւ Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ իբրեւ ամառնային ընթերցում:
1968ի ձեր առաջին գիրքին հրատարակութեամբ իսկ ձեր գրութիւններու եւ յետոյ դասախօսական շարքերունիւթերուն մեծ մասը կը կեդրոնանայ հայ կնոջ խաղցած ընկերային քաղաքական եւ մշակութային դերին շուրջ։ Ինչ է ծագումը ընդհանրապէս սեռատեսակային հարցերու մասին ձեր ունեցած հետաքրքրութեան եւ եթէ կրնանք քիչ մըն ալ անդին երթալ՝ ինչպէ՞ս մշակած էք այդ հետաքրքրութիւնը տարիներու ընթացքին:
Ինչպէս որ ըսի, կիներուն անտեսուած ըլլալը ամենէն աւելի ինծի անարդարութեան զգացումը փոխանցեց։ Երբ Գանատա այցելեցի, հոն մեծ թիւով եգիպտահայեր կ’ապրէին, որոնք կանուխէն ներգաղթած էին, ուրեմն կրցայ կիներու հետ այս հարցազրոյցները շարունակել տեղեկութիւն հաւաքելու համար։ Բայց վերադառնալով քու հարցումիդ, այս գրութիւնները ոչ միայն յեղափոխական շրջանին կիներուն կը վերաբերէին, այլ նաեւ Պոլսոյ մէջ կիներուն ունեցած դերին, որոնցմէ ոմանք նաեւ ուսուցչութեան պաշտօն վարեցին գաւառներուն մէջ։ Այս բոլոր նիւթերը երկար տարիներու ընթերցումով հաւաքած եմ եւ դասաւորած։ Այս ձեւով է որ այդ գիրքերը կազմուած են:
Ըսիք Սիմոն Վրացեան այն անձերէն է որ յատուկ ազդեցութիւն ունեցած են ձեր աշխատանքին վրայ. կա՞ն այլ մարրդիկ որոնք գնահաատելով ձեր հետազօտութիւններուն կարեւորութիւնը քաջալեր հանդիսացած են ձեզի։
Պէտք է ըսել որ չկային շատ մարդիկ. նոյնիսկ պարոն Վրացեաքնը ինչպէս որ յիշեցի գնահատեց աշխատանքս բայց ըսաւ աւելի լաւ կ’ըլլայ եթէ դուն օգնութեան խա չի կիներու աշխատանքով զբաղիս։ Բայց յամառութիւնը ձեւով մը փրկեց զիս, որովհետեւ երբ տեսայ ընդհանրապէս արժէք չի տրուիր կիներու ըրած աշխատանքին, աւելի եւս ինծի նպատակ դարձաւ փնտռելու գտնելու արժանի գործեր եւ ատով հաստատելու որ այս կիները պէտք չէ անտեսուին այլ անոնց պատմութիւնը պէտք է յիշուի եւ իբրեւ օրինակ ծառայէ յաջորդ սերունդներուն: Պարոն Վրացեանը այն համոզումը ունէր որ ես պիտի շարունակեմ աշխատանքս Oգնութեան խաչի միջոցով։ Ես արդէն օգտակար կը դառնայի Օգնութեան խաչին, որովհետեւ թէ՛ անդամ էի եւ թէ ալ յաճախ դասախօսութիւններ կու տայի, ձեռնարկներուն կը մասնակցէի։ Բայց ինծի համար աւելի կարեւոր էր մոռցուած կիները վերարժեւորել, որովհետեւ կը տեսնէի որ կիներու հանդէպ ոչ միայն անհրաժեշտ յարգանքը չկայ այլեւ անոնց կատարած դերին հանդէպ տարակուսանք կայ։ Ատ էր պատճառը որ ինծի համար շատ կարեւոր դարձաւ վեր առնել, ուսումնասիրել, փաստացի կերպով ներկայացնել այդ կիներուն կատարած աշխատանքը. եւ այդ միջոցով ցոյց տալ որ այս կիները ինչ ըրած են:
Եւ կը ներառէի՞ք ձեր հետազօտական աշխատանքներուն արդիւնքները, գիտելիքները. ձեր դասընթացքներէն ներս աառիթը կա՞ր մէջբերելու այս բոլորը:
Այո, դասախօսութիւններ յաճախ կու տայի նոյնիսկ Այնճար բնակած ատենս, եթէ ոչ շաբաթական դրութեամբ, այլ երկու շաբաթը անգամ մը։ Այնտեղ զրոյցներ կ’ըլլային եւ ես անպայման մասնակցութիւնս կը բերէի եւ կիներուն գործունէութեան մասին զեկուցումներ կու տայի։ Ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին, բայց իրենց համար կարեւորը (մանաւանդ Այնճարի մասին է խօսքս) Մուսա Տաղի հերոսամարտին մասնակցութիւնն էր եւ այդ հերոսամարտին մէջ՝ կիներուն դերը։ Այդ էր տիրապետող թեման, ուրեմն առաջին հետազօտութիւններս հերոսամարտերէն սկսայ, բոլոր հերոսամարտերը ուսումնասիրեցի։ Հետաքրքրութիւնը երբ որ խորանայ նոր ուղիներ կը բանայ։ Ես շատ ընթերցասէր էի շատ կը կարդայի եւ երբ կը կարդամ մինչեւ հիմա գրիչը միշտ ձեռքս կ’ըլլայ որովհետեւ այն բանը որ կը սիրեմ անպայման նօթ կ’առնեմ։ Այս ձեւով ահագին տեղեկութիւն կը հաւաքեմ եւ հաւաքածներս կը բաժնեմ ուրիշներուն հետ։
Ի վերջոյ որոշեցի առաջին հաւաքած աշխատանքս հայ կնոջ դերին մասին հրատարակութեան տալ։ Այն ատեն Անթիլիասի մէջ նոր սկսած էր Մելիտինեցի մրցանակը. մրցանակը կը տրուէր տարին անգամ մը հայագիտութեան վերաբերեալ նիւթերու մէջ առաջին անգամ ըլլալով գրի առնուած աշխատանքի մը։ Ես Մելիտինեցի մրցանակին ներկայացուցի իմ առաջին գործս։ Երբ ըսի իմ ծանօթներուս, ներառեալ պարոն Վրացեանին, որ այս կը մտածեմ ընել, շատ կարեւորութիւն չտուին ըսելով որ Մելիտինեցի մրցանակը կիներո՞ւ աշխատանքին պիտի նուիրեն. բայց անվերապահօրէն—շատ հպարտ եմ, որ Մելիտինեցի մրցանակին ամբողջ անձնակազմը որոշած էր որ կիներու հանրային գործունէութիւնը արժեւորող այս աշխատանքս՝ Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ տպագրութեան յանձնէ։
Տարիներ վերջ, որովհետեւ անդադար կը կարդամ եւ նոր տեղեկութիւններ կը հաւաքեմ, 1992ին, Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ գիրքը, Լոս Անճելոսի մէջ, վերահրատարակուեցաւ նոր տեղեկութիւններով եւ նոր նիւթերով ճոխացած։ Այս գիրքը, հպարտ եմ ըսելու որ հարաւային ամերիկայի մէջ սպաներէնի կը թարգմանուի, իսկ Լոս Անճելոսի մէջ Վաչէ Թովմասեան ընտանեկան հիմնարկը որոշած է այս գիրքը անգլերէնի թարգմանել։
Իսկ Ըրվայնի մէջ, Դոկտ. Հուրի Պէրպէրեանի գլխաւորութեամբ հաւաքի մը ընթացքին, այս գիրքը արժեւորուեցաւ եւ իւրայատուկ ձեւով յիշատակութեան արժանացաւ, որպէս առաջին գիրքը, որ հիմը դրած է կիներու գործունէութեան շուրջ ուսումնասիրութիւններու հսկայածաւալ խատանքին։ Գոհ եմ որ սկսած աշխատանքս ճիւղաւորուեցաւ, իր կարեւոր տեղը գտաւ գիտական աշխարհին եւ մեր ազգային պատմութեան մէջ:
Իմ սերնդակիցներուս համար, նա մանաւանդ անոնք որոնք հայագիտական մասնագիտութիւն ունին, անկարելի է մտածել մեր պատմութեան յեղափոխական ժամանակաշրջանին մասին եւ այդ ժամանակաշրջանին մէջ կնոջ դերին մասին, առանց ձեր գործին անդրադառնալու։ Ճամբայ բացող, ուղի բացող մեծ աշխատանք եղած է։ Ձեր դասախօսական ներկայացումները եւս տարիներու ընթաքին այժմէական եւ մատչելի դարձուցած են այս նիւթը նոր սերունդներու եւ ունկնդիրներու համար։
Աշխատակցած էք հայկական հաստատութիւններու եւ կառոյցներու. ըստ ձեզի, սփիւռքեան իրականութենէն կարելի՞ է գրող ըլլալ առանց նաեւ մղուելու դէպի գործի դաշտ. Կարելի՞ է զանազանել մտաաւորականը մշակութային գործիչէն:
Շատ կարեւոր կէտի մը անդրադարձար։ Չի բաւեր միայն պաշար ունենալ, այլ նաեւ պէտք է այդ պաշարը փոխանցելու միջոցը ապահովել։ Ատոր համար ոչ միայն Հայ Օգնութեան Միութեան, այլ զանազան կանանց կազմակերպութիւններու անդամակցած եմ եւ այդ կազմակերպութիւններուն միջոցով միշտ դասախօսութիւններ տուած եմ ոչ միայն կիներու, այլ՝ յարակից նիւթերու մասին, որպէսզի կիներու հարցերուն եւ գործունէութեան վերաբերող թեմաները լիովին արժեւորուին։ Այսօր կը խորհիմ որ այդ աշխատանքը իր նպատակին հասաւ, որովհետեւ այսօր կանանց հարցերու վերաբերող ուսմունքը ոչ միայն Ըրվայնի մէջ, այլ նաեւ ուրիշ կեդրոններու մէջ է որ կը զարգանայ։ Հետաքրքրական է նաեւ որ միշտ նորանոր պրպտումներ կը կատարուին զանազան մասնագէտներու կողմէ, նորութիւններ կ’աւելնան, այնպէս որ սկսած աշխատանքս ծաւալած է եւ այդ ծաւալումով հարստացած է։ Այդ մէկը ինծի հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կը պատճառէ։
Ամբողջ կեանք մը նուիրած էք հայ կիներու պատմութիւնը տեսանելի դարձնելու եւ հայ կնոջ հեղինակութիւնը մոռացութենէ պահպանելու աշխատանքին. անձնական գետնի վրայ արդեօք ի՞նչ տեսակի մարտահրաւէրներու հանդիպած էք իբր կին եւ մայր որ հետապնդած է յամառօրէն —ինչպէս քիչ առաջ ըսիք, ճիւղաւոր աշխատանքի ասպարէզ մը. մայր, ուսուցիչ, դասախօս, գրող, գործիչ:
Ինչ որ ինծի փրկած է ժամանակացոյցը եղած է. թերեւս ուսուցչուհի ըլլալս դեր մը կատարած է ատոր մէջ, բայց ամբողջ կեանքս մինչեւ այսօր, ժամանակացոյցով կը շարժիմ։ Երբ զաւակներս փոքր էին, իմ աշխատանքներս առտու կանուխէն, իրենք ընդհանրապէս ժամը 6ին 7ին կ’արթննային, ես ժամը 4ին կ’արթննայի որպէսզի առտուան ես կ’ըսէի «գողցուած ժամեր»ը արժեւորեմ։ Առտու կանուխ արթննալը սովորութիւն դարձած է. եւ հիմա արդէն ժա մը 4ին արթուն կ’ըլլամ։ Միաժամանակ իրենց պարտականութիւնները կատարելէ ետքը—չորս հատ էին եւ կանուխէն իրենց գործերը կ’աւարտէին—անկէ յետոյ անգամ մը որ իրենք անկողին մտած էին, ժամանակը իմս կ’ըլլար. եւ ես երկու օրուան տարբեր ժամանակներուն գողցուած ժամերով կ’աշխատէի։ Կրնամ ըսել որ ատիկա պատճառ կ’ըլլար որ աւելի կեդրոնացնեմ աշխատանքս. անոնց յարգը գիտնամ, ժամանակին յարգը գիտնամ եւ կարելիս ընեմ այդ ժամերը կարենալ օգտագործելու համար առանց թերանալու զաւակներուս հանդէպ իմ ունեցած պարտականութիւններուս մէջ, նաեւ ամուսինիս հանդէպ, որ ինչպէս գիտէք, դժբախտաբար 1985ին առեւանգուեցաւ Լիբանանի մէջ։ Այդ ուղղութեամբ ալ բաւական աշխատանք տարած եմ հետքը գտնելու համար մինչեւ որ յոյսս կտրեցի:
Տիկին Զէյթլեան, մենք շատ բան կը պարտինք ձեզի եւ շատ բան ունինք սորվելիք ձեզմէ։ Շատ շնոորհակալ ենք որ այս հարցազրոյցին առիթը ստեղծեցիք, ժամանակը գտաք եւ մտերմօրէն եւ անկեղծօրէն մեզի հետ բաժնեցիք ձեր գործերու, միտքերու եւ անձնական կեանքի զարգացման պատմութիւնը։
Սիրով։ Մանաւանդ նկատի ունենալով, որ երբ քեզի կը նայիմ կը յիշեմ նաեւ անցեալս, որովհետեւ մայրիկդ իմ սիրելի աշակերտուհիս եղած է։ Ան միշտ ներկայ է քու միջոցովդ իմ ալ կեանքիս մէջ, ատոր համար ալ շնորհակալ եմ քեզմէ:
Այո, մայրս ձեր ուսանողներէն եղած է Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Գոլէճի մէջ. անգլերէնի եւ հայոց պատմութեան դասաատուն եղած էք։ Կրնամ երեւակայել 60ական 70ական թուականներուն աշխարհաքաղաքական իրավիճակին մէջ որոշ յեղաաշրջում մը կար, մանաւանդ կիներու իրաաւունքներու պայքար մը։ Կրնամ երեւաակայել թէ ինչ մեծ դեր ունեցած էք դուք մօրս սերունդին վրայ. կրնամ երեւակայել թէ որքան ոգեւորիչ եւ խանդավառութիւն ստեղծող ուժ մը եղած ըլլալու էք այդ տարիներուն:
Այո։ Այս ալ աւելցնեմ։ Զանազան առիթներով, հայ կնոջ մասին, հայ մօր մասին գովասանական արտայայտութիւններ կ’ըլլան։ Իմ նպատակս միշտ եղած է հիմնաւորել, օրինակ ներբերել պատմութենէն որպէսզի խօսքի սահմաններուն մէջ չմնան. այլ փաստացի ըլլան։ Սերունդները համոզուին անցեալի օրինակով եւ ապագային ատիկա դեր մը ունենայ իրենց կատարելիք գործին մէջ:
Հարցազրոյցը վարեց Դալար Շահինեան





