Սելեւկեաններու հին մայրաքաղաք Անտիոքի արեւմտեան կողմը կը գտնուէին Ճեպէլ Մուսայի զուտ հայաբնակ վեց գիւղերը: Ամենէն մեծը Եողուն-Օլուգն էր, Միջերկրականի արեւելեան կողմը, մօտ մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ: 1915ին գիւղի բնակչութիւնը 1,233 հոգի կը հաշուէր: Եողուն-Օլուգի հարաւը, տասը վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր Խըտըր-Պէկը (բնակչութիւն՝ 1,149 անձ), իր գեղեցիկ մրգաստաններով: Ամենէն բարձր գիւղը Պիթիասն էր (բնակչութիւն՝ 1,050 անձ) եւ իր գեղեցիկ դիրքին պատճառով վերջին տարիներուն փնտռուած ամարանոց մը եղած էր: Այս գիւղին հարաւ-արեւմտեան կողմը, քառորդ ժամ հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուէր Հաճի-Հապապլին (բնակչութիւն՝ 1,284 անձ), իսկ Խըտըր-Պէկի հարաւային կողմը, մօտ քսան վայրկեան հեռաւորութեան վրայ, կար Վագըֆը (բնակչութիւն՝ 470 անձ): Եողուն-Օլուգի արեւմտեան կողմը, ժամուան մը հեռաւորութեան վրայ դէպի ծովեզերք, կը գտնուէր Քեպուսիան (բնակչութիւն՝ 1,125 անձ):
Ճեպէլ Մուսայի այս գիւղերը, շրջապատուած թուրքերով եւ ալեւիներով (թաթերով), դարեր շարունակ պինդ փարած են մեծ լերան քարքարուտ կողերուն եւ օտարութեան ծովին մէջ գոյատեւած են յամառութեամբ ու վճռակամութեամբ:
Իրենց կեանքի ապահովութեան համար ճեպէլ մուսացիները զէնքը երբեք ձեռքէ չեն ձգած, իրենց զաւակները կանուխէն զինավարժութեան1, յանդգնութեան, անվախութեան
եւ տոկունութեան2 մղած են եւ ամեն տարի հանդիսութեամբ ընտրած են «իկիտ պաշի»3 մը (քաջերուն քաջը), որուն իշխանութիւնը կ’ըլլար բացարձակ եւ վճիռները անբեկանելի:
Իսկ իրենց հայութիւնը պահպանելու համար միշտ խանդավառութեամբ տօնած են ազգային թէ կրօնական մեծ թուականները4: Այսպէս իշխանական սեղաններու շուրջ արքայավայել պահեր ստեղծելով, ազգային հպարտութիւնը պահած են եւ երբեք ստորակայութեան սպանիչ հոգեվիճակի ենթարկուած չեն:
Ճեպէլ Մուսայի գիւղերուն մէջ հազուագիւտ էին կարդալ-գրել գիտցողները5, սակայն շատ փնտռուած էին վարպետ հաթաղողները (հեքիաթ պատմողները): Մանաւանդ ձմրան երկար գիշերներուն գիւղացինրը, կրակարանին շուրջ բոլորուած, լարուած ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէին երկարապատում հեքիաթները: Իւրաքանչիւր թաղ ունէր ինճմնելու (զրոյց–ժամանցի) կեդրոնը կամ հաւաքավայրը: Լեռը բնակող հովիւները, օճախ պատրաստող ածխագործները, վառօդ պատրաստող կտրիճները, երբ քով-քովի գային, ժամերով կը պատմէին իրենց արկածախնդրութիւններով լեցուն կեանքէն կամ իրենց պապերու հեքիաթներէն:
Յաճախ իրենց վառ երեւակայութիւնն էր, որ հեքիաթներ կը հիւսէր. լերան տոսախի մշտականաչ տարածութիւններուն մէջ բարի ոգիներ կը բնակեցնէր, սինճարի փշաթելերու ոստայնները չար ոգիներու լարած որոգայթներ կը նկատէր, Կարմիր լերան թիկունքէն յայտնուող ամպագլուխները վիշապներու կը նմնցնէր, ահաւոր անդունդներու մթին խորութիւններուն մէջ դեւերու հեծեծանքը կը լսէր: Անտառները գալարող փոթորիկներու ոռնոցն ու ժայռերը ճեղքող շանթերը աւելի եւս կը շեշտէին իրենց մարդկային տկարութիւնը՝ բնութեան անծանօթ, սարսափազդու ուժերուն դէմ եւ իբրեւ ապաստանարան՝ ճակատագրապաշտութեան պատեանին մէջ կը քաշուէին:
Ժամանակի ընթացքին երազն ու իրականութիւնը կ’ընդելուզուէր հեքիաթներուն մէջ: Այսպէս, օրինակ, հին որսորդներ պատմած են, թէ տեսած են օձէ խայթուած կրիան, որ որոշ խոտ մը ուտելով թունաւորումէ ազատած էր: Պատմած են նաեւ, թէ ծերացած օձեր որոշ աղբիւրի մը քով կ’երթան, իրենց շապիկը կը փոխեն, միայն իրե՛նց ծանօթ խոտ մը կ’ուտեն եւ ջուրին մէջ լուացուելով իրենց կեանքը կը վերանորոգեն6: Բերնէ բերան պատմուելով՝ այս տարօրինակ երեւոյթները հիւսուած են հեքիաթներու մէջ: Նոյն ձեւով, ժողովուրդը ցնցող դէպքերը ժամանակի ընթացքին հիւսուած են այս կամ այն հեքիաթին մէջ եւ կամ ուրիշ դէպքերու շարահիւսութեամբ դարձած են առանձին հեքիաթներ: Հեքիաթներուն փոխանցուած են նաեւ ժողովուրդին ապագայի հանդէպ սնուցած երազները, իղձերն ու ձգտումները: Այս բոլորը կարելի է մտածել, որովհետեւ ժողովուրդը ո՛չ գիր ունէր, ո՛չ գրականութիւն, այլ իր ապրումները կը փոխանցէր սերունդէ սերունդ՝ բերանացի բանահիւսութեան միջոցով:
Վեհաշուք էր ճեպէլ մուսացիին շրջապատը, ոչ միայն բնութեան տեսակէտէն, այլեւ հնութիւններով: Ինչպէս պիտի տեսնենք հեքիաթներուն մէջ, հիներուն երեւակայութեան վրայ անջնջելի դրոշմ ձգած են Մաղարաճըքի վիմափոր բազմաթիւ այրերը, Ս. Սարգիսի խորհրդաւոր սրբատեղին, ուր կը բարձրանային մօտ երկու հարիւր տարուան
հնութիւն ունեցող եփենոսէ սանդուխով մը, Հիակի (դէպի ակ) գետնափոր ջրուղին, որ կ’առաջնորդէ Սելեւկիոյ քաղաքի պարիսպին, Ս. Ուրբաթի սակաւաջուր աղբիւրով եւ երկու խոշոր գերեզմանաքարերով քարայրը, Խիտվուծ Կիղիցըկի քանդակներով հին սրբատեղին, Խընտըրուածքակի հին ճգնարանը, Թովմաս Առաքեալի ուխտատեղին, Վանքի հսկայական քարերով շինութեան մը մնացորդները, Արեգլի կամ Արեգնի կամ Արեգի7 վանքին աւերակները 18 ջրհորներով, ուր, հին զրոյցի մը համաձայն գանձ թաղուած է, սակայն տեսնողը թըլըսըմի տակ կ’իյնայ եւ կը մահանայ: Գիւղացիները կը յիշեն նաեւ աքսորական Յովհան Ոսկեբերանի վանքին նշանաւոր աւերակները, Ս. Եղիայի քարայրը, ինչպէս նաեւ Ս. Թալիլիու սրբատեղին:
Այս վեհաշուք շրջապատը շեշտեց ճեպէլ մուսացիներուն հայկական ուժեղ խառնուածքը եւ, շնորհիւ հայաբոյր բարբառին, եկեղեցիին, ազգային աւանդութիւններուն, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական մեկուսի դիրքին, անոնք դարեր շարունակ պահեցին իրենց ազգային դիմագիծն ու ոգին:
Ճեպէլ մուսացիները խորապէս հաւատացեալ էին ու կրօնական բարոյականի ազդեցութիւնը մեծ էր ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ, մանաւանդ որ եկեղեցին զիրենք կը պատնէշէր շրջապատի թշնամի իսլամ ժողովուրդներէն: Նոյնիսկ լեռնաբնակ հովիւներ, երբ կոչնակը լսէին, հօտերը կը յանձնէին մէկ հոգիի ու կը շտապէին եկեղեցի: Ձեռքը Աստուածաշունչին վրայ դնելով սուտ երդում ընողներուն համար կը հաւատային, որ մինչեւ արեւը մարէր շանթահար պիտի ըլլային կամ սարսափելի վախճան պիտի ունենային:
Ըմբոստ, արդարութիւնը իր զէնքով հաստատող, կատաղի ու բռնկուն զայրոյթներ ունեցող ճեպէլ մուսացիները կրօնական բարոյականի մը վրայ խարսխելու համար, ոչ միայն եկեղեցին եւ սուրբ գիրքերը կարեւոր դեր կատարած են, այլեւ մեծ թիւով բարոյախօսական հեքիաթներն ու «Թամսիլ»ները8:
Միւս կողմէ, գիւղի քահանաները, Վեց հազարեակի կամ Տոմարի նման խորհրդաւոր գիրքեր կարդալով, կը հաւատային, որ Սուրբ Հոգիի շնորհն ու իմաստութիւնը ժառանգած էին: Իրենց ընթերցումներէն ներշնչուելով «Թըլըսըմ» ներ կ’ընէին, «թուղթեր» կը գրէին, գուշակութիւններ կ’ընէին եւ այս ձեւով մեծ հեղինակութիւն կը վայելէին: Քահանաներն էին դարձեալ, որ, յատուկ ասմունքներու շնորհիւ, գազաններուն բերանը կամ աւազակներուն աչքերը կը կապէին եւ, կախարդական այս ամենազօր բանաձեւերուն շնորհիւ, կը հաւատային, որ կրնային դէպքերուն բնական ընթացքը կասեցնել կամ բնութեան օրէնքները յեղաշրջել: Ահա այսպէս կը տեսնենք, թէ ինչպէս աւանդութիւնն ու կրօնը միահիւսուած էին գիւղերուն մէջ:
Ձմրան երկար ամիսներուն ճեպէլ մուսացիներուն ամենէն սիրելի զբաղումը հեքիաթասացութիւնն էր: Վարպետ հաթաղողները, ինչպէս, օրինակ՝ Պըճճիկը, Մընճէ թը եւ Հաֆըզը, որոնց անունները մինչեւ այս օրս կը յիշուին, գիւղին ամենէն փնտռուած մարդիկն էին եւ, երբ գիւղացիները անոնց շուրջ հաւաքուէին, հեքիաթներուն հմայքը այնքան մեծ էր, որ դուռ պատուհան պինդ կը փակէին, որպէսզի ժամանակին անցքը չզգային եւ լոյսին բացուիլը չտեսնէին:
Սկսելէ առաջ, հաթաղողը երկարապատում «թաքարլամա» ներ (նախաբան) կ’արտասանէր: Հեքիաթներու այս մուտքը ընդհանրապէս թուրքերէն կ’ըլ լար: Մասնաւոր նիւթ չէր ունենար, այլ անիմաստութիւններու, հակասութիւններու շարան մը կ’ըլլար, որուն նպատակն էր ծիծաղ առաջացնել, տրամադրութիւններ բարձրացնել եւ ունկնդիրներ պատրաստել հեքիաթներու իւրայատուկ աշխարհին, ուր անկարելի ոչինչ կայ:
Երբեմն Ճեպէլ Մուսայի հաթաղողը մասնաւոր հրաւէրով կը շռջէին թրքական գիւղեր մինչեւ Անտիոք, երբեմն ալ մրցումի կ’ելլէին յայտնի պատմողներուն հետ։ Հեքիաթները իրարու կը յաջորդէին, երբեմն օրերով, մինչեւ որ պատմողներէն մէկը կամ միւսը յոգնութեան նշաններ ցոյց տային։
Կարգ մը հեքիաթներու մէջ հիւսուած էին վերջին լեռնականներուն առասպելական շահատակութիւնները (ինչպէս, օրինակ՝ հնարամտական-երգիծական բաժնի «Սուտը»ին, «Ճարպիկ գողեր»ուն եւ կենցաղային բաժնի «Ղըշտ»ին, «Ֆենտ »ին եւ «Քարնազ»ին)։ Մենք այս բաժինները զեղչած չենք հինէն եկող հեքիաթներուն մէջ, որովհետեւ կարելի չէ հեքիալի մը վերջնական կաղապար տալ։ Իւրաքանչիւր հաթաղող, անկասկած իր անհատականութեան դրոշմը կը դնէ եւ ժամանակի ուշագրաւ դրուագներով կը ճոխացնէ հեքիաթներուն կառոյցը։
Ճեպէլ մուսացիներուն Այնճար հաստատուելէն ետք, առաջին տարիներուն մասնաւորաբար, այնքան զօրաւոր էր պայքարը կեանքի աննպաստ պայմաններուն եւ համատարած թշուառութեան դէմ, որ մարդիկ միայն իրենց նոր միջավայրին մէջ տեղաւորուելու եւ ապրուստի հարցը լուծելու մասին մտածեցին։ Ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ տրամադրութիւն կար անցեալով զբաղելու եւ գիւղի հին պատմութիւնները պատմելու։
Անցան տարիներ։ Այժմ օտար հողի վրայ հասակ նետած սերունդը, դժբախտաբար, շատ քիչ ծանօթ է իր պապերուն ժառանգնութեան։ Իսկ գիւղական հին սովորութիւններէն հեռացած, շրջապատը ընդօրինակելու սկսած՝ քաղաքացի դառնալ ձգտողները հեքիաթները այլեւս հին, «տգէտ» մարդոց ժամանցին ծառայող «պոշ» բաներ, անիմաստ պատմութիւններ կը նկատէին։ Հազուագիւտ են հիմա Այնճարի մէջ այն ծերերը, որոնք դեռ կը յիշեն հին հեքիաթները։ Ասոնց շուրջ երբեմն կը հաւաքուին տարեցներ, հին օրերու կարօտը սրտերնուն։ Սակայն նոր սերունդը կը մնայ առանձին, կը մնայ անհաղորդ։
ՆՇՈՒՄՆԵՐ
- Խրախճանքներու անբաժան մասը կը կազմէր զինարձակումը եւ Բարեկենդանի Կիրակին Նշանառութեան Օր կը ճանչցուէր: Այսքան մեծ էր զէնքին հմայքը: Ժողովուրդին ամենօրեայ սիրելի զբաղումը որսորդութիւնն էր, իսկ որսորդական յանդգնութիւններով լեցուն յաճախադէպ դրուագներու պատմումը կը յեսանէր քաջութիւնը մատղաշ սրտերու մէջ:
- Ինչպէս հեքիաթներուն մէջ պիտի տեսնուի, ճեպէլ մուսացիները պատանիները յանդգնութեան ու անվախութեան վարժեցնելու համար սովորութիւն ունէին խաւար գիշերով գերեզմանատուն կամ չարքերու բնակավայր կարծուած խորունկ ձորեր (ինչպէս Խըտըր-Պէկի արեւմտեան կողմը գտնուող Իջնակը) ղրկել առանձին եւ հոն դաշոյն, թաշկինակ կամ գլխարկ ձգել: Հետագային երէցները խումբով կ’երթային ու յանձնառութեան կատարումը կը ստուգէին: Իսկ ցաւի տոկալու
համար պատանիներուն դաժան փորձեր կատարել կու տային, ինչպէս, օրինակ, խարդնելը (դաստակներուն վրայ սեփական միսը այրելը» կամ բոպիկ ոտքով կայծիկ փուշերու վրայ ցատկռտելը եւ կամ ասեղով ափերը հարուածելը: «Ա՜խ» կանչողը ընդհանուրի հեգնանքին կ’արժանանար: Կան ծերունիներ, որոնք մինչեւ հիմա հպարտութեամբ ցոյց կու տան իրենց դաստակներուն խարիսպիները:
- Կամ երիտասարդապետ. ան կ’ընտրուէր իր տարեկիցներու հաւաքական կամքով: Ուշագրաւ է, որ տօնական օրերու խրախճանքին, երիտասարդապետին գլխաւորութեամբ, վերջին շուրջպարին, գիւղապետական եւ թաղական խորհուրդներու կազմերը, այսինքն ժողովուրդին ղեկավարները, կը միանային երիտասարդներուն եւ շուրջպարը միասին կը դառնային: Այս խորհրդանշական ձեւով հինն ու նորը կը համախմբուէին քաջութեան (իկիտ պաշիի) հովանիին տակ եւ ստեղծուած ներդաշնակութիւնը կը սատարէր միութեան անսասանութեան:
- Օրինակ՝ ճեպէլ մուսացիները Վարդանանց տօնը որակած են հարբեցնողաց կամ գինովցնողներու օր, քանի որ Վարդանանց սերունդը մահուան հետ ուղղակի դէմ դիմաց գալով հոգեկան գինովութեան մը անձնատուր եղած էր: Գիւղացիները այդ օրը ապրած են ինքնամոռաց գինովութեամբ եւ «մահը կոխելու» պատրաստակամութեամբ:
- Գիւղերուն մէջ ծանօթ էին գլխաւորաբար հետեւեալ գիրքերը. Եկեղեցական գիրքեր, Վեց հազարեակը (կը գործածէր քահանան ոգիներու վրայ իշխելու համար), Յայսմաւուրքը, Տոմարը (որ ունէր ընդարձակ երազահան մը), հաւախօսը (հաւերու կանչերը բացատրող ձեռագիր գիրք մը, որ մինչեւ օրս կը գտնուի Ճեպէլ Մուսայի Վագըֆ գիւղին մէջ» եւ Սաղմոսագիրքը, որ կը գործածուէր դպրոցներու մէջ:
- Հետաքրքրական է նշել, թէ Սրուանձտեանց նման դէպք մը կը յիշէ ու կը հաստատէ, թէ Մշոյ մէջ կան յատուկ աղբիւրներ, ուր ծերացած օձերը կու գան, իրենց շապիկը կը փոխեն, միայն իրենց ծանօթ խոտ մը կամ ծաղիկ մը կ’ուտեն, ակին ջուրին մէջ կը լուացուին, ջուրէն երեք անգամ կը խմեն, ապա իրենց կեանքը վերանորոգած՝ կը հեռանան: Եթէ մէկը ականատես ըլլայ այս բոլորին, ինք ալ ուտէ օձին կերած խոտէն կամ ծաղիկէն եւ խմէ ակի ջուրէն երեք անգամ, ինք ալ կ’անմահանայ: Իբրեւ ապացոյց Սրուանձտեանց կը յիշէ Մառնիկ գիւղէն Մարգարը, որ այդ ձեւով կրցած էր մին չեւ 250 տարեկան ապրիլ եւ բոլորի վկայութեամբ եղած էր մինչեւ վերջ՝ լաւ նշանառու, լաւ աշխատող, լաւ ուտող եւ լաւ քէֆ ընող:
- Կը գտնուի Եողուն-Օլուգ գիւղի արեւմտեան կողմը, մօտ մէկ ու կէս ժամուան հեռաւորութեան վրայ: Ուշագրաւ է, որ Հայր Ներսէս Ակինեան «Հանդէս Ամսօրեայ»ի 1952 հոկտ.- դեկտ. Միացեալ թիւին մէջ, Կիրակոս Վ. Գիտնականի նուիրուած ուսումնասիրութեան մը մէջ, կը խօսի Սեաւ եւ Մթին (Ամանոսեան) լեռներու մէջ գտնուող Արեգնի Վանքի մը մասին եւ կ’ըսէ.- «Արեգի վանքը անգամ մը միայն յիշուած է հայ գրականութեան մէջ, եղած է Կաթողիկոսին հիւրընկալումի այն 1102ին»: Իսկ Հ. Չամչեան կը հաստատէ, թէ Վկայասէրը, իր երկրորդ ճանապարհորդութեան, բնակեցաւ Արեգնի վանքին մէջ: Կայ նաեւ վկայութիւնը Հ. Ալիշանի «Շնորհալի եւ պարագայ իւր» գործին մէջ: Հոն կը յիշատակուի «Արեգի վանքը, ինչպէս նաեւ մօտերը գտնուող Կարմիր վանքը (հաւանաբար ճեպէլ մուսացիներուն Վանք կոչածը):
- Բարոյախօսական պատմութիւններ կամ առօրեային պատկերաւոր արտայայտութիւնները, ուր արձագանգ կը գտնէին ժողովուրդին տենչանքներն ու ձգտումները:





