Փուչիկը, սկսելով Տասնչորրորդ փողոցին վրայ կէտէ մը, որուն ճշգրիտ վայրը չեմ կրնար յայտնել, դէպի հիւսիս ընդլայնեցաւ մէկ գիշերուան մէջ, երբ մարդիկ կը քնանային, մինչեւ հասաւ Հանրային պարտէզը։ Հոն զայն կեցուցի։ Արեւածա­գին, ամենէն հիւսիսային եզերքը ծածկած էր Փլազան. անկաշկանդ ծփացող շարժումը թեթեւ էր ու մեղմիկ։ Բայց այդ կասեցումէն բխող գրգռուածութեան աղօտ զգացումէ մը տարուած, նոյնիսկ եթէ ծառերը կը պաշտպանուէին, եւ որեւէ պատճառ չգտնելով որ փուչիկը դէպի հիւսիս չտարածուի քաղաքին այն մասերուն վրայ, որոնց «օդային տա­րածքը» մտած էր, ճարտարա գէտներէն խնդրեցի, որ զբաղին այդ խնդրով։ Ընդլայնու­մը տեւեց ամբողջ առաւօտը, կափոյրներէն ելլող կազի աննշմարելի փափուկ հառաչով մը։ Փուչիկը գրաւած էր հիւսիսէն հարաւ քառասուն հինգ թաղերու եւ արեւելքէն արեւ­մուտք անկանոն տարածք մը, նոյնիսկ կարգ մը կէտերու պարագային Պողոտային եր­կու կողմերը վեց թաղամասեր ծածկելով։ Այդ էր կացութիւնը, ուրեմն։

Բայց ճիշտ չէ խօսիլ «կացութիւններու» մասին, որոնք ենթադրել կու տան լուծման որոշ յանգումի մը կամ պրկումի մը թուլացման պարագաներ։ Կացութիւններ չկային. փուչիկը պարզապէս կախուած էր հոն,- իր մեծ մասամբ տժգունած թաւ մոխրագոյնը եւ սրճագոյնը՝ հակադրուած ընկուզագոյն եւ մեղմ դեղին երանգներուն։ Յղկումի դիտում­նաւոր անտեսում մը, որուն կ’աւելնար ճարտար տեղադրութիւն մը, մակերեսին կու տար անհարթ, մոռցուած որակ մը։ Մէջը, զգուշութեամբ լարուած՝ սահող ծանրութիւններ հսկայ անձեւ զանգուածը կը խարսխէին զանազան կէտերու։ Ամէն կարգի մետիաներու մէջ ունեցած ենք հոյլ մը ինքնատիպ գաղափարներ, եզակիօրէն գեղեցիկ գործեր, ինչպէս նաեւ ծաւալումի պատմութեան մէջ ուշագրաւ մղոնաքարեր, բայց այդ պահուն կար միայն այս փուչիկը, շօշափելի ու մասնաւոր, հոն կախուած։

Հակազդեցութիւններ եղան։ Ոմանք փուչիկը «հետաքրքրական» գտան։ Այդ արտայայտութիւնը թերի կը թուէր փուչիկին վիթխարիութեան ու քաղաքին վրայ յանկար­ծօրէն երեւումին համեմատ. միւս կողմէ, ընկերային կարգերէ բխող անձկութեան մը կամ ծանր խռովքի մը բացակայութեան, զայն հանդարտ, «հասուն» պէտք է համարել։ Սկիզբը, փուչիկին «իմաստ»ը տուն տուաւ որոշ վիճաբանութեան, որ հետզհետէ նուա­զեցաւ, տրուած ըլլալով որ սորված ենք իմաստներու հետամուտ չըլլալ, եւ այժմ անոնք հազուադէպօրէն կը փնտռուին, բացի ամենէն պարզ, ամենէն ապահով բներեւոյթնե­րու պարագաներէն։ Երբ փուչիկին բացարձակ իմաստը ճշտելու անկարելիութեան մա­սին համաձայնութիւն գոյացաւ, կարծիքներու յաւելեալ փոխանակումը աւելորդ համարուեցաւ, կամ առնուազն նուազ իմաստալից՝ քան գործունէութիւնը ոմանց, որոնք, օրինակ, փուչիկին տաքուկ մոխրագոյն վարի մասէն կանաչ եւ կապոյտ թուղթէ լապ տերներ կախեցին, ­

իսկ որոշ փողոցներու մէջ ալ, առիթէն օգտուեցան փուչիկին մակերեսին վրայ անբնական արարքներ կատարելու՝ իրենց կամ իրենց ծանօթներուն պատ­րաստակամութիւնը յայտնելու։

Յանդուգն մանուկներ կը ցատկէին, յատկապէս այն կէտերուն, ուր փուչիկը կը ծփար շէնքի մը մօտը, ուր փուչիկին եւ շէնքին միջեւ միջոցը մի քանի մատնաչափ էր, կամ այնտեղ ուր փուչիկը կը հպէր շէնքին, անոր վրայ թեթեւակի ճնշում բանեցնելով, այնպէս՝ որ փուչիկն ու շէնքը կը միաւորուէին։ Վերի մակերեսը կառուցուած էր «դաշտանկար»ի մը տեսքով, փոքր հովիտներով, ինչպէս նաեւ պզտիկ բլրակներով կամ հո­ղակոյտներով։ Անգամ մը որ վեր հասնէիր, կարելի էր շրջագայիլ հոն, կամ նոյնիսկ ճամբորդել մէկ կէտէն միւսը։ Հաճոյք էր զառիվարէ մը վար վազել, յետոյ հանդիպա­կաց զառիվերը բարձրանալ,– երկուքն ալ մեղմ,– կամ մէկէն միւսը ոստում մը ընել։ Փու­չիկին կակուղ մակերեսին վրայ ցատկռտելն ալ կարելի էր, եթէ այդ փափագէիր։ Քաղաքին տափարակ, կարծր մակերեսին վարժուած մանուկներուն համար, փուչիկին «վեր»ը հասնելու այս եւ տակաւին այլ տարատեսակ շարժումներու կարելիութիւնը չափազանց խանդավառիչ էր։ Բայց փուչիկին նպատակը մանուկները հաճոյացնել չէր։

Նաեւ՝ նկարագրուած պատեհութիւններէն օգտուող չափահասներու թէ մանուկնե­րու թիւը այնքան ալ մեծ չէր, որքան կրնար ըլլալ։ Փուչիկէն որոշ երկչոտութիւն մը, անոր հանդէպ անվստահութիւն մը կը տեսնուէր. կար, տակաւին, որոշակի թշնամա­կան կեցուածք մը։ Որովհետեւ փուչիկին մէջ հիլիում լեցնող գործիքը պահած էինք, եւ որովհետեւ մակերեսը այնքան ընդարձակ էր որ իշխանութիւնները չէին կրնար ճշտո­րոշել մուտքի կէտը,– այն՝ ուրկէ կազը կը լեցուէր փուչիկին մէջ,– քաղաքի այն պաշտօ­նատարներուն մօտ, որոնց իրաւասութեան մէջ սովորաբար կ’իյնան նման երեւոյթներ, զգալի սրդողում մը կը պարզուէր։ Փուչիկին յայտնապէս աննպատակ ըլլալը նեղացու­ցիչ էր (ինչպէս եւ այն իրողութիւնը որ «կար»)։ Փուչիկին կողմերուն վրայ խոշոր տառե­րով ներկած ըլլայինք «ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆԱՅԻՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԿԸ ՓԱՍՏԵՆ» կամ «18% ԱՒԵԼԻ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ» խօսքերը, այս դժուարութիւնը շրջանցուած պիտի ըլ­լար, բայց այդ ընելը սրտովս չէր։ Ընդհանուր առմամբ, նկատի առնելով զարտուղութեան ծաւալը, այդ պաշտօնատարները հանդուրժողական էին, հանդուրժողականու­թիւն՝ որ արդիւնք էր նախ՝ գիշերային գաղտնի փորձարկութիւններու, որոնք համոզած էին զիրենք, թէ շատ բան կարելի չէր ընել փուչիկը քանդելու կամ զայն փոխադրելու տեսակէտէն, եւ երկրորդ՝ փուչիկին հանդէպ սովորական քաղաքացիներու հետզհետէ աճող հանրային ջերմ վերաբերմունքին (ոչ բոլորովին զերծ յիշեալ թշնամական կեցուածքի երանգներէն) պատճառով։

Որովհետեւ միակ փուչիկ մը ամբողջ կեանք մը փուչիկներու մասին մտածած ըլլա­լու յայտանշանն է, այնպէս ալ ամէն մէկ քաղաքացի արտայայտեց, իր ընտրած վերա­բերմունքով, կեցուածքներու կու տակում մը։ Մէկը կրնար համարել, որ փուչիկը կապ ունէր արատաւորման մտքին հետ, ինչպէս օրինակ՝ Խոշոր փուչիկը կարատաւորէր Մանհաթընի այլապէս պարզ ու շողացող երկինքը նախադասութեան մէջ։ Այլ խօսքով, ըստ այս մարդուն կարծիքին, փուչիկը խաչագողութիւն մըն էր, նախապէս երեւցած երկինքէն ստորակարգ,  ­

մարդիկը իրենց «երկինքէն» տարանջատող բան մը։ Բայց իրականութիւնը այն էր, որ յունուարի մէջ էինք, եւ երկինքը մութ ու տգեղ էր։ Այն երկինքը չէր, որ փողոցին մէջ կռնակիդ վրայ երկնցած՝ հաճոյքով դիտէիր, բացի եթէ հաճոյքը, քեզի համար, կը բխէր սպառնալիքի կամ չարաշահութեան ապրումէ մը։ Ներհակաբար, հաճոյք էր վեր նայիլ փուչիկին վարի մակերեսին, որովհետեւ մենք այնպէս ըրած էինք, որ հոն տեսնուէին դալուկ մոխրագոյններ եւ սրճագոյններ, հակադրուած ընկուզագոյն եւ մեղմ, մոռցուած դեղին երանգներուն։ Եւ ուրեմն, մինչ այդ մարդը կը մտածէր արատաւորուածութեան մասին, իր մտքին մէջ տակաւին առկայ էր հաճոյարար ճանաչողու­թեան խառնուրդ մը, որ կը մրցէր իր առաջին տպաւորութեան հետ։

Միւս կողմէ, ուրիշ մը կրնար փուչիկը դիտել իբր չսպասուած վարձատրութիւններու դրութեան մը մէկ մասը, ինչպէս օրինակ երբ մէկուն գործատէրը ներս կու գայ եւ կ’ըսէ, «Հենրի, առ այս դրամի կապոցը որ քեզի համար ծրարած եմ, որովհետեւ մեր գործին մէջ այնքան յաջողակ ենք, եւ ես կը հիանամ կակաչները ճմլելու կարողութեանդ վրայ, առանց որուն բաժանմունքդ յաջողութեան պիտի չհասնէր, կամ առնուազն ոչ այն յաջո­ղութեան որ գտած է»։ Այդ մարդուն համար, փուչիկը կրնար փայլուն հերոսական “muscle and pluck”1 ապրում մը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ ապրումը լաւ հասկցուած չէր։

Ուրիշ մարդ մը կրնար ըսել, «Առանց ——— ի օրինակին, կասկածելի է, որ ——— ը իր ներկայ կերպարանքով գոյութիւն ունենար այսօր», եւ տեսնէր, որ շատերը կը հա մաձայնէին կամ կը վիճէին իր հետ։ «Փքանալ»ու եւ «ծփալ»ու գաղափարներ կը ներ­կայացուէին, ինչպէս եւ երազի եւ պատասխանատուութեան յղացքներ։ Ուրիշներ կը մշակէին փուչիկին մէջ կորսուելու կամ զայն լափելու ուշագրաւօրէն մանրամասն ֆան­թէզի ներ։ Այս տենչերուն գաղտնի բնոյթը, անոնց խորունկ թաղուած ու անյայտ սկըզբ­նաղբիւրը այնպիսին էր, որ այդ մասին շատ չէր խօսուէր. բայց անոնց համատարածութեան փաստը կար։ Կար նաեւ այն կարծիքը, որ կարեւորը փուչիկին տակ կեցած պահուդ զգացածդ էր. ոմանք կը պնդէին, թէ պատսպարուածութեան զգացումը կ’ունե­նային, ջերմացած՝ ինչպէս երբեւիցէ չէին եղած, իսկ փուչիկին թշնամիները կը զգային, կամ կը յայտնէին թէ կաշկանդուած էին եւ «ծանր» զգացում մը կ’ապրէին։

Դատողական կարծիքները միանշանակ չէին.

«հրէշային հոսք»

«տաւիղ»

ՔՔՔՔՔՔՔ « մութ բաժիններու հետ որոշ հակադրութիւններ»

«ներքին ցնծութիւն»

«խոշոր քառակուսի անկիւններ»

«պահպանողական ընտրապաշտութիւն մը, որ ցարդ

կառավարած է փուչիկի արդիական յղացքը»

1 Մկան ու խիզախութիւն. հաւանաբար ակնարկութիւն մը Ուոլթ Ուիթմընի Leaves of Grass (1891-1892) հատորէն “Song of the Broad-Axe” (Տապարի երգը) բանաստեղծութեան «Muscle and pluck forever!» տողին։

։։։։։։։ «անբնական առոյգութիւն»

«գաղջ, մեղմ, յոյլ անցքեր»

«միատարրութիւնը ընդլայնական որա կի՞ մը տեղի տուած է»

“Quelle catastrophe!”

«կրծումներ»

Տարօրինակօրէն, մարդիկ սկսան իրենց գտնուած վայրը նշել փուչիկին կէտերուն յարաբերութեամբ։ «Պիտի ըլլամ հոն՝ ուր փուչիկը մինչեւ մայթ կ’իջնէ Քառասունեօթե­րորդ փողոցին մէջ, Alamo Chile Houseին մօտը», կամ «Չելլե՞նք փուչիկին վրայ կենանք, օդ առնենք, քիչ մը քալենք այնտեղ ուր փուչիկը սեղմ, կոր գծի մը կը վերածուի Արդի արուեստի թանգարանին դէմ»։ Փուչիկին եզերքներու հատման կէտերը որոշ ժամանա­կի համար մուտքեր կը բանային, ինչպէս եւ «գաղջ, մեղմ, յոյլ անցքեր»ը, որոնց մէջ… Բայց ճիշտ չէ խօսիլ «եզերքներու հատման կէտերու» մասին. իւրաքանչիւր խաչաձե­ւում ճակատագրական էր եւ զայն անտեսելը անկարելի (կարծես այնտեղ քալած պա­հուդ, չգտնէ իր մէկը, որ կարենար, կայծակի արագութեամբ, ուշադրութիւնդ դարձնել հին վարժութիւններէ դէպի նորերը, դէպի վտանգներ եւ սրումներ)։ Փուչիկին եւ շէնքե­րուն, փուչիկին եւ մարդոց, փուչիկին եւ փուչիկի միջեւ ամէն մէկ խաչաձեւում ճակա­տագրական էր։

Կ’ըսուէր, թէ փուչիկին հիանալի յատկանիշը վերջ ի վերջոյ կը կայանար հետեւեալին մէջ. թէ ան անսահման էր կամ անորոշ։ Երբեմն ուռ մը, այտոյց մը, կամ ենթաբա­ժին մը, զայն ինքնաբերաբար արեւելք կը տանէր, մինչեւ գետեզր, այնպէս ինչպէս բանակի մը շարժումները կը դիտուին, կռիւէն հեռու, հրամանատարութեան կեդրոնի քարտէսին վրայ։ Յետոյ կարծէք այդ մասը կրկին յառաջ կը նետուէր կամ կը նահան­ջէր դէպի նոր դիրքեր. յաջորդ առտու, այդ մասը նորէն կը խոյանար կամ բոլորովին կ’անհետանար։ Փուչիկին իր ձեւը շրջելու, փոփոխուելու, այս կարողութիւնը շատ հա­ճոյացնող էր, մանաւանդ անոնց համար, որոնց կեանքերը կարծրօրէն կաղապարուած էին, մարդիկ՝ որոնք թէեւ փոփոխութիւն կը փնտռէին, սակայն զայն միշտ չէին գտներ։ Իր գոյութեան քսաներկու օրերուն, իր տարասովոր ընթացքով, փուչիկը հնարաւոր կը դարձնէր ներքին եսի տեղափոխութիւնը, մարդոց ոտքերուն տակի ճշգրիտ, քառան­կիւն ուղիներու վանդակէն զատորոշումը։ Մասնագիտական պատրաստութեան այժմու պահանջը եւ անոր հետեւող երկարատեւ յանձնառութիւններու բաղձալիութիւնը կը բխին բարդ մեքենաներու յարաճուն կարեւորութենէն, գրեթէ ամէն տեսակ գործողու­թիւններու մէջ։ Մինչ այս միտումը կը զարգանայ, զուգահեռաբար պիտի բազմանայ թի­ւը այն մարդոց, որոնք շփոթահար անատակութեամբ պիտի փնտռեն լուծումներ, որոնց համար փուչիկը կրնայ նախատիպ մը կամ «սեւագրութիւն» մը հանդիսանալ։

Քեզի հանդիպեցայ փուչիկին տակ, Նորվեկիայէն վերադարձիդ։ Հարցուցիր, թէ ի՞մս էր. ըսի՝ այո։ Փուչիկը, ըսի, ինքնակենսագրական քօղազերծման մը ինքնաբեր դրսեւորումն էր, որ կը բխէր բացակայութեանդ ընթացքին ապրած խռովքէս եւ սեռային յարաբերութենէ զրկումէս. բայց հիմա որ Պըրկըն այցելութիւնդ աւարտած էր, փուչիկը

այլեւս ո՛չ պիտանի էր, ո՛չ ալ պատշաճ։ Զայն քանդելը դիւրին էր։ Բեռնակառքերը տարին անոր դատարկ հիւսուածքը, որ հիմա պահեստի դրուած է Արեւմտեան Վըրճինիա նահանգին մէջ եւ որ կը սպասէ ապերջանկութեան մէկ այլ պահու, պահ մը՝ երբ թերեւս իրարմէ բարկացած ըլլանք։

Թարգմանեց` Վիգէն Թիւֆէնքճեան