ՄԵՆՔ ՈՒ ՄԵՐՈՆՔ
Հեղինակ՝ Մարուշ Երամեան

Տպագրութիւն՝ Nubar Digital
Գահիրէ, 2024, 126 էջ

Այս հատորը ընտանեկան ալպոմի մը նման իր էջերը կը բանայ հեղինակին անմիջական ընտանիքի անդամներուն ու շրջանակի կենսագրութեան, միաժամանակ հիւսելով քանի մը սերունդներու վրայ երկարող հալէպահայ կեանքի ժամանակագրութիւն մը։ Արդարեւ հեղինակը որպէս յառաջաբան կը գրէ. «Եթէ չըլլար Սուրիոյ, մանաւանդ Հալէպի վրայ սանձազերծուած պատերազմը 2011 թուականէն սկսեալ, այսօր իմ զաւակներս եւս, որպէս 5րդ սերունդ, պիտի շարունակէին ապրիլ Հալէպի մէջ:

Ե՛ւ հօրենական, ե՛ւ մօրենական պապերս Հալէպ եկեր են։ Ջարդերէն բաւական առաջ, կայք հաստատեր, բարգաւաճեր այնտեղ, եւ ունեցեր են իրենց դերն ու ազդեցութիւնը այդ օրերու Հալէպին վրայ, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ պատմական առումներով:

Այս գիրքը իրենց մասին է՝ պապերուս, հօրս, մօրս, որոնց երակներուն մէջէն անցաւ արեւմտահայուն արիւնը, հասաւ ինծի եւ հիմա կը հոսի զաւակներուս եւ թոռնուհիիս` Նովային երակներուն մէջէն:

Իրենց պատմութիւնն է եւ իմ յարգանքի եւ սիրոյ արտայայտութիւնս իրենց եւ զաւակներուս»:

յաջորդ
ՓՈՒՉԻԿԸ