ՊԱՏԱՍԽԱՆՈՂՆ Է ՄԻՆԱՍ ԹԷՕԼԷՕԼԵԱՆ
Խմբագիր եւ զրուցավար՝ Վրէժ-Արմէն Արթինեան

Հրատարակութիւն Հորիզոնի
Մոնթրէալ, 2026, 48 էջ

Այս հատորը կը բովանդակէ Հորիզոն թերթի յաւելուած՝ Գրական Հորիզոնի հինգ յաջորդական թիւերու մէջ (1982 սեպտեմբեր 13-էն հոկտեմբեր 11) լոյս տեսած «Պատասխանողն է Մինաս Թէօլէօլեան» խորագրուած երկար հարցազրոյցն ու անոր ընկերակցող կենսագրական գիծերը։ Չորս տասնամեակ անցած ըլլալով հանդերձ անոնց վրայ, արժանաւոր մտաւորականին մտքերը այսօր ալ այժմէական կը հնչեն ու խորաթափանց ակնարկով կը դառնան դէպի անցեալը, հմտօրէն վերլուծելով ներկան ու մարգարէական կարողութեամբ տեսնելով ապագան՝ ըլլայ մեր ազգային-քաղաքական, մշակութային թէ լեզուական ոլորտներու մէջ։ Հատորի աւարտին Վրէժ-Արմէն աւելցուցած է Թէօլէօլեանի մահուան առիթով գրած իր «Ուսուցիչը» յօդուածը։