ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

«Պէյրութին համար որ մեռաւ կ’ըսեն»։

Շուշիկ Տասնապետեանի այս տողը, որ գրուած է աւելի քան քառասուն տարի առաջ, կարծէք այսօրուան դառն իրականութեան արձագանգը ըլլայ։ Սակայն ո՞վ կրնայ չափել այս քաղաքին մահն ու յարութիւնը, երբ անոր ամէն մէկ փլատակին տակ թաղուած է սերունդներու երազն ու վերապրումի կամքը։ Քաղաք մը, որուն անուան հետ շաղախուեցան մեր ժողովուրդի վերջին հարիւրամեակի պատմութեան ամենէն բախտորոշ էջերը։ Հայութեան բեկորները, ալիք առ ալիք, Միջերկրականի այս ափերուն գտան ո՛չ միայն ապաստան, այլեւ՝ վերածնունդի կենսաուժը։ Մինչ քաղաքը կ’աճէր ու կը բարգաւաճէր, ան դարձաւ սփիւռքահայութեան բաբա­խող սիրտը, մեր մշակոյթի ու ինքնութեան դարբնոցը, ուր հին ցաւը վերածուեցաւ նոր աւիշի։

Պէյրութը լոկ քար ու շէնք չէ, այլեւ՝ անհանգիստ ու տագնապող սիրտ մը, որ կը մերժէ հնազանդիլ մահուան ստուերին։ Անիկա այն խորհրդաւոր ափն է, ուր Միջերկրականի կապոյտը դարեր շարունակ կը խառնուի մեր արցունքի աղիին, եւ ուր ամէն անգամ, երբ կը թուի, թէ վեր­ջին ճրագը մարեցաւ, մոխիրներու թանձր շերտին տակէն նոր կայծ մը կը ժայթքէ։ Այսօր, սա­կայն, այդ սիրտը դարձեալ կը տագնապի։ Սեւ ամպեր են կրկին անոր երկնքին. մէկ կողմէն՝ անտուն դարձած գաղթականներ, միւս կողմէն՝ սարսափի ու անորոշութեան մէջ շնչող բնակ­չութիւն։ Քանի՞ անգամ կարելի է իյնալ չարչարանաց հովիտը ու դարձեալ կանգնիլ։ Քանի՞ ան­գամ կարելի է մեռնիլ ու կրկին ողջննալ։ Այս հարցումը այլեւս լոկ հռետորական հարցում մը չէ, այլ գոյութենական մարտահրաւէր մը, քանի որ Պէյրութը մեզի համար լոկ բնակավայր չէր. անիկա դիմագիծ էր ու ինքնութիւն, որմով մենք աշխարհի չորս ծագերուն հայ մնացինք։ Դարերու երկայնքին բանակներ ու կայսրութիւններ եկան ու անցան, բնութեան արհաւիրքներն ու մարդկային ոճիրները փորձեցին խորտակել զայն, բայց Պէյրութը՝ Միջերկրականի այդ յաւեր­ժահարսը, մնաց կանգուն մեր սրտերուն մէջ։

Այս թիւով կու տանք Կարօ Արմենեանի գեղեցիկ յուշագրութիւնը որ կը վերակենդանացնէ քաղաքին յիսունականներու ու վաթսունականներու հայկական երեսը, ինչպէս նաեւ Սոնիա Սանանի քերթուածը նուիրուած քաղաքին։ Մհեր Գարագաշեան կը հրամցնէ փունջ մը իր բա­նաստեղծութիւններէն իսկ Գրիգոր Պըլտեան մեզի տրամադրեց Զարեհ Որբունիէն անտիպ էջեր։ Որբունի օրագրական գողտրիկ դրուագ մը կը նկարագրէ անգլիական ափերուն վրայ, երբ իբր ֆրանսական նահանջող բանակի զինուոր փոխադրուած էր հոն Տանքըրքի պաշարու­մէն ետք։ Իսկ Մարկ Նշանեանէն կու տանք Յակոբ Օշականի Համապատկերին տրամադրուած ուսումնասիրութիւն մը, որ մաս կը կազմէ Բագինի մատենաշարով ի մօտոյ լոյս տեսնե­լիք իր Մեռեալ վկան՝ կեանք մը Յակոբ Օշականի հետ հատորին։ Այս թիւով Վարդան Մատ­թէոսեան քննութեան կ’ենթարկէ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի անտիպ մնացած 1895ի օրագրութեան ոդիսականը եւ կը համալրէ զայն բանասիրական հարուստ տեղեկութիւններով։

Ճոխթիւ մըն է որ կը հրամցնենք ձեզի ու կը նուիրենք մշտագոյ քաղաքին, հռոմայեցինե­րու օրերէն ծանօթ որպէս Colonia Felix՝ Գաղութ երանաւէտ, Legum Nutrix՝ Մայր օրինաց, ու մինչեւ վերջերս ծանօթ որպէս Միջին Արեւելքի Փարիզը։ Հայութեան համար եղար քաղաք վերապրման ու վերականգնումի։