ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ «ՏԷՅԶԻ»Ի ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Քանի մը տարի առաջ երբ Զ. Որբունիի օրագիրը կը պատրաստէի հրատարակու­թեան1, ձեռագիր տետրակներու կողքին, առանձին տրցակի մը մէջ երեւցաւ այս «Տէյզի»ի բնագիրը։

Օրագրական ձեւով պատմուածք ակնյայտօրէն, որ մնացած է անտիպ։ Տեղ չէ գտած գրագէտի պատմուածքներու երեք հատորներէն ո՛չ մէկուն մէջ. ո՛չ Վարձու սենեակին (Փարիզ 1939-46), ո՛չ Անձրեւոտ օրերին (Փարիզ 1958) կամ Գոհարիկ եւ ուրիշ պատմուածքներ»ուն (Պէյրութ 1966), ուր կրնար զետեղուած ըլլալ, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի փորձառութենէն եկող էջերու կարգին։

Արդեօք Որբունի կը մտածէր զայն ներմուծե՞լ Օրագրին մէջ եւ ատոր համար ձեռագիրը կցած էր օրագիրներու տետրերուն։ Արդ՝ օրագրի մեքենագրուած տարբերակին մէջ, նկատի չէ առած զայն, մինչ նոյն ատեն Գերմանիա 1940-44 տարիներու գերութեան ընթացքին գրած քերթուածներուն տուած է գրեթէ օրագրութեան հանգամանք. «Անգամ մը եւս ոտանաւորի ձեւով գրուած գրութիւններուս տեղ կու տամ հոս իբրեւ տեսակ մը օրագիր»2։ Նոյն մօտեցումն ունեցած էր արդէն օրագրի առաջին տարիներուն համար, «Յուշարան» կոչուածին, երբ արտագրած էր պատանեկան ալպոմէ մնացորդ արձակ ու չափածոյ քերթուածներ։ Որբունիի համար այս ամենը ոչ թէ բանաստեղծու­թիւն է, այլ «ապագային վերյիշուելիք նիւթ մը» 3։

Հոս տեղը չէ անդրադառնալու որբունիական այս կեցուածքին վրայ, որ որոշ էջեր կը վերածէ օրագրութեան, կարծէք թէ գրողական այդ գործունէութիւնը ձեւ մը ըլլար «ժամանակի անցքը», մանաւանդ անոր պակասը սրբագրելու, զայն լեցնելով տարաբնոյթ նիւթերով։ Ասֆալթը-ի յառաջաբանի ընթերցողը կը հասկնայ թէ ի՛նչ կը նշանա­կէ «ժամանակին դէմ պայքարը»։

«Տէյզի»ի ձեռագիրը կը կազմէ տետրակի մը մէկ մասը, 39 էջ, թուագրուած 33-71։ Չէ նշուած գրութեան ճիշդ տեղը, եթէ անշուշտ մուտքի նշումը չնոյնացնենք գրուելու թուա­կանին։ Ձեռագիրը չէ ստորագրուած։ Յայտնի չէ թէ ի՞նչ կար ձեռագրի առաջին էջերուն մէջ։ Ուրի՞շ նոթեր։ Քերթուածնե՞ր, որոնց կ’ակնարկէ Որբունի Օրագրին մէջ4։ Զինուո­րը՝ որ կը կոչուի Ժան, երկու անգամ կը խօսի նոթերէ, որոնք շատ հաւանաբար այս էջերուն կը վերաբերին։ Մոռնալու չէ որ պատերազմի ամենէն բուռն օրերուն իսկ Որբունի ջանացած է օրագրութիւն բռնել եւ քերթուածներ գրել… Որով անհասկնալի չէ պատմուածքին տրուած օրագրական ընթացքը։ Յամենայնդէպս՝ Անգլիա գրուած նման արձակ այլ էջեր չկան Որբունիի արխիւին մէջ, ոչ ալ հրատարակուած են։ Միակ գրութիւ­նը որ կը թուի այս մէկուն յաջորդել, ժամանակագրական ընթացքը նկատի առած, «Անդաստան» տարեգիրքին մէջ լոյս տեսած «Կարապի երգը»ն է, որ նոյնպէս հատորի մէջ չէ մտած5 եւ ուր որեւէ ակնարկ չկայ «Տէյզի»ին, բայց կայ յղում Անգլիայէն անցքին։ Երկու գրութիւնները խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն 1940ի ֆրանսական բանակի նա­հանջն ու քայքայումը եւ վերապրող զինուորի փորձառութիւնը, որ Որբունիին է անկաս­կած։

 

«Էջեր զինուորի մը օրագրէն»ը կը զարգանայ չորս օրերու երկայնքին, ուրբաթէն երկուշաբթի։ Օրագիրէն գիտենք, որ Որբունի ֆրանսական բանակի զինուոր Տընքեր­քի ռմբագործութիւններէն ետք (29-30 մայիս), բանակի մէկ մասին հետ ճողոպրած ու յաջողած է անցնիլ Անգլիա, 31 մայիս 1940ին։ Այնտեղ մնացած է Պոռնմութ (Bornemouth), «անգլիական Ռիվիերան», ինչպէս կը գրէ։ «Հրաշալի ընդունելութիւն, ինչպէս ամբողջ ճամբորդութեան ընթացքին» (Օր. էջ 197)։ Յունիս 6ին է որ կը մեկնի Պրեսթ, Ֆրանսա, ուր կը հասնի յաջորդ օրը։ Որով գրագէտին կեցութիւնը Անգլիա տեւած է հազիւ մէկ շա­բաթ։ «Էջեր»ը կը համապատասխանէ ժամանակի այս հատուածին եւ այդ ծովափնեայ “անգլիական Ռիվիերայի” կեանքին։ Իբրեւ այդ՝ չափազանց թանկագին է։ «Կարապի երգը» նկատի ունի յաջորդող շաբաթները, երբ Փեթէն կու գայ իշխանութեան գլուխը, ֆրանսական բանակը կը կազմալուծուի եւ զինուորներէն մաս մը կը փոխադրուի Գեր­մանիա, որպէս բանուոր աշխատելու համար գերմանական գործարաններու մէջ։ Պէտք է ըսել, որ փորձառութեան այս մասը բաւականաչափ չէ պեղուած։ Այդ չորս-հինգ եր­կար եւ արկածալից տարիներու ընթացքին Որբունի յաջողած է գրել հայերէն քերթուածներ ինչպէս ֆրանսերէն արձակ, անաւարտ գրութիւններ։ Մօրը՝ Արաքսիին եւ կնոջ՝ Էլիզապէթին հետ նամակագրական կապ ունեցած է գրեթէ մինչեւ ազատագրու­մը՝ 8 մայիս 1945։

Կարելի է «Տէյզի»ն նկատել միջնարար մը պատերազմի երկու ժամանակներուն մի­ջեւ։ Կը կեդրոնանայ Անգլիա կեցութեան քիչ թէ շատ զարմանալի ու երանելի պահին։ Շատ մը կէտերով կ’ընդլայնէ Օրագիրի մէջ մտած նշումներ։

Մելանով գրուած ձեռագրին վրայ կան մատիտով ուղղումներ։ Յայտնի չէ թէ ե՞րբ եղած են անոնք. տեղւո՞յն վրայ, թէ Գերմանիա, ուր տարուած ըլլալու էր ձեռագիրը, ուրիշ էջերու հետ։ Այլ հարց՝ հիմնական. աւարտա՞ծ է։

Առաջին հեղումը շարունակութիւն մը կը խոստանայ, որ վերջին տողը կը թելադրէ. «Լա՛ւ, ուրեմն՝ ահաւասիկ պատմութիւնս»։ Արդ այս տողը ջնջուած է, բայց կը մնայ ըն­թեռնելի։ Ի հարկէ ջնջումը չի նշանակեր որ գրագէտը աւարտած կը նկատէր «Էջեր»ը։ Վերջին պարբերութիւնը բաւական խիտ, եթէ ոչ աճապարոտ կտրուածք ունի, անկաս­կած։ Միայն թէ գրութիւնը ինքնաբաւ է, առանց այդ խոստացուած ու չեկած “պատմու­թեան”։ «Ներողութիւն»ը կը փակէ միջադէպն ու էջը, ձգելով որ ընթերցողը ինք հասկնայ գրութեան նշանակութիւնը։ Եղածը գրական հնարք մըն է, որ կանխումով կամ ներքին հայելացումով աւարտի մը կը համապատասխանէ։ Գրուած է. «Սիրային պատմութիւն մը անպայման դէպք մը չի նշանակեր, կրնայ եւ ըլլալ ինչպէս, օրինակի համար, եօթը տարեկանին ունեցած սէր մը որ զուտ սիրոյ զգացումի մը պատմութիւնն է»։ Այլ խօսքով՝ ինչ որ պատմուեցաւ մինչեւ հոն, ինքնին սիրային պատմութիւն է, զերծ ամեն շռնդալից իրադարձութենէ։

Ըստ ամենայնի «Տէյզի»ն փորձ մըն է նման “սիրոյ պատմութեան” մը, Տէյզիի շուրջ, կէտադրուած մանրավէպերով, որ սակայն չէ գտած իր վերջնական կաղապարը։ Ատոր մտահոգութի՞ւնն է որ մղած է գրագէտը զայն հրապարակ չհանելու, պահած է զայն, գի­տակից՝ որ շահեկան թեմա մըն է, “որբունիական թեմա մը”, ուր կրնար ըլլալ ո՛չ թէ սի­րային դէպքը, այլ “զգացումին”ին պատմութիւնը, որ բնաւ նոյնը չէ անշուշտ։ Դէպք/ պահ հակադրութիւնը պարագայական չէ երբեք, վիպային կանխորոշում մըն է, որ կը յուշէ Որբունիի պատմուածքներուն ու վէպերուն սկզբունքերէն հիմնականը. գրել-պատմել ո՛չ թէ իրադարձութիւն մը այլ անոր առթած ենթակայական պահը, պահին մէջ զգացուած-մտածուածը։ Ինչ որ կրնայ կոչուիլ “դէպքին հոգեբանական երեսակը, անոր արձագան­գը ներքին ժամանակին մէջ։

Որբունիի ուղղումները կարեւոր են անկասկած, սակայն պարզապէս թեթեւ սրբագ­րութիւններէ անդին չեն երթար, աւելի լեզուական են քան գրութենական։ Շատ քիչ ան­գամ պատումին մէջ անորոշ մնացած կէտեր կ’որոշեն։ Եղածներն ալ համակարգային բնոյթ չունին։ Հաւանաբար մէկ շունչով գրուած՝ բնագրին մէջ հանդիպելի են ոչ միայն քերականական անճշդութիւններ, այլ կաղացող նախադասութիւններ, ոճային թերիներ, հարկատու՝ տեղին ու պայմաններուն։ Սակայն նման զանցումներ մարդ կրնայ գտնել գրագէտի աւելի ուշ գրուած պատմուածքներուն ու վէպերուն մէջ ալ6։

Խմբագրական աշխատանքը կատարած եմ առանց որեւէ վեր հպումի կամ վերա­շարադրանքի։ Ջանացած եմ ճշգրիտ վերծանել հոս-հոն երբեմն խճճուած ձեռագիրը եւ ընել կէտադրական մի քանի յաւելում կամ փոփոխութիւն, հետամուտ՝ գրութեան յեղաս­տեղծական նկարագրին։ Պահած եմ պարբերութիւններու թաւալը, օտար, մանաւանդ անգլերէն բառերու գործածութիւնը, մե՛րթ լատինատառ, մե՛րթ հայատառ. տողատակի նշած եմ ջնջումները երբ շահեկան կը թուէին ինծի։ Պահած եմ անշուշտ անխուսափելի ֆրանսաբանութիւնները եւ ասոնց արդիւնք՝ հայերէնի հոլովման զարտուղութիւնները։ Որբունի սովորութիւն չունէր ծածկելու իր լեզուական տկարութիւնները, այլ կը յուսար որ ներողամիտ խմբագիր-հրատարակիչ կամ հմուտ ընթերցող կը կատարեն անհրա­ժեշտ սրբագրութիւնները, առանց խաթարելու գրուածքը։

Գ. Պ.

1 Տես Զարեհ Որբունի, Օրագիր, Սարգիս Խաչենց-Փրինթինֆօ, Երեւան 2024։

2 Նշ. հատոր, էջ 200։

3 Նշ. հատոր, էջ 24-44։

4 Օրագիր, էջ 200։ «Տէօնքերք» խորագիրով երեք քերթուածներէն առաջինը կը կրէ “1940 յունիս, Պոռնմութ, Անգլիա” նշումը, տես անդ էջ 204։

5 «Անդաստան Գրականութեան եւ արուեստի», թիւ 13, Փարիզ 1962, էջ 49-61։

6 Ընթերցողը կը յղեմ Հալածուածները-ի եռահատոր հրատարակութեան եւ այնտեղ զետեղուած նոթերուն, Յովհաննիսեան Ինստիտուտ, Երեւան, հատոր Ա, 2020. հատոր Բ, 2022. հատոր Գ, 2024։

 

նախորդ
ՏԷՅԶԻ