ՏԷՅԶԻ

(Էջեր զինուորի մը օրագրէն)

 

Անգլիա, Յունիս 1940, Ուրբաթ

 

          Մեր իջեւանած դպրոցը կայարանէն մօտաւրապէս հինգ հարիւր մեթր է։ Երկյարկանի պիւսերը իրարու ետեւ շարուած արդէն մեզ կը սպասէին։ Ինչ որ մեզի խորհիլ տուաւ թէ անպայման քաղաքէն հեռու վայր մը պիտի երթայինք։ Բայց զարմանքնիս եւ նոյն ատեն հաճոյքնիս մեծ եղաւ երբ հազիւ կառք նստած պէտք եղաւ իջնել։

          Գրեթէ անմիջապէս բոլորս փռուեցանք չոր տախտակամածին վրայ։

          Դպրոցը ամառանոցի մը պէս արեւոտ եւ օդասուն է։ Դասարանները՝ մեծ։ Լուացարանը՝ խոհանոցի փոխուած։ Մեծ սրահը երկայն սեղաններ կը կքին սանտուիչներու անտառին տակ։

          Վզէն մէյ մէկ տուփ կախած՝ աղջիկ մը եւ տղայ մը հոս-հոն կ՚երթեւեկեն հարցնելով.

          —Որո՞ւն ոտքը կը ցաւի, որո՞ւն ոտքը կը ցաւի…

          Աջ ոտքիս բթամատը որ արիւնած եւ վէրք ունէր՝ խնամել տալէ ետք, գացի բակը աւազանին շուրջ նստեցայ, ձեռքս նախորդ օրուան թերթ մը՝ զոր չկրցայ կարդալ Տուվրէն մինչեւ հոս գիւղերու եւ քաղաքներու բնակչութեան մեզի ըրած խանդավառ ընդունելութեան պատճառաւ։ Թերթին ճակատը խոշոր գիրեր կը պոռային «Անօթի, ծարաւ, խոնջած կու գան, կու գան…» (Hungry, thursty and tired they are coming, they are coming) Բայց արդէն իսկ բազմութիւնը խռնուեր էր ցանկապատին առջեւ։ Ձեռքով ոտքով խօսակցութիւններ սկսեր էին պատին երկու կողմերէն ու կին մը հեռուէն զիս կը կանչէր նշանով։ Հասկցայ թէ դուրս կ՚ուզէր որ գայի։ Ըսի.

          —Արգիլուած է դուրս գալը։

          —Օհ, անգլերէն կը խօսիք, դուրս եկէք, կ՚աղաչեմ։

          Երկու վայրկեանի համար պահակը արտօնեց։ Երբ մօտեցայ, տիկինը սկսաւ խօսիլ արտորանքով.

          —Երկու զինուոր կ՚ուզեմ, դրացուհիներս ամենքն ալ ունին։

          —Բայց, տիկի՛ն, մեզի դպրոցէն դուրս ելլել արգիլուած է։

          Արգիլուած բան չկար տիկինին համար։ Ան կը կրկնէր «Կ՚ուզեմ երկու զինուորներս»։

          —Այն ատեն, ըսի, առաջինը ես, իսկ քիչ վերջը հետս կը բերեմ երիտասարդ ընկեր մը որ առջի օր քսան տարեկան եղաւ։

          Երբ տուն հասաւ, ըսաւ.

          —Լոգանք մը ամեն բանէ առաջ։

          Հինգ վայրկեանէն ջուրը տաքցաւ։ Տիկինը ափ-ափ հանգստարար աղ մը նետեց մէջը։ Ամիսէ մ’իվեր առաջին անգամ կը հանուէի։ Գետինները սողալով, մեռելներու քսքսուելով, ռումբերու սպառնանքին տակ՝ հողին փակելով կորսնցուցեր էի մարմին մը ունենալու զգայնութիւնը։ Երբ մտայ լոգարան, ջուրը գրկեց զիս։ Սիրուհիի մը համբոյրին պէս տաք էր։ Ու աչքերս գոցուեցան անոր հեշտագին վայելքին տակ։

          Չեմ գիտեր ինչքան մնացեր էի այդ թմբիրային վիճակին մէջ, երբ խորունկէն ձայն մը եկաւ բանալ աչքերս.

          —Պարո՛ն Ժան, պարոն Ժան, կ’ըսէր ձայնը։

          Տանտիկինն էր։ Անպատասխան մնալով՝ եկեր կանգներ էր դրան առջեւ։ Բաւական երկար մնացած ըլլալու էի, որովհետեւ տիկնոջ ձայնէն վախի ծուէններ կը թափէին։

          Մէկէն ոտքի կանգնելուվ՝ աղով խտացած  ջուրը կուռ ճողբիւն մը ձգեց։ Դրան առջեւ ձայն մը երկարաձիգ շունչ մը առնելով շարունակեց.

          —Սուրճը պատրաստ է, շուտ վա՛ր եկէք։

          —Անմիջապէս։

         —Կարծես կրկին աշխարհ եկած եմ, ըսի տիկինին, երբ վար իջայ։

          —Այո, պատասխանեց գոհունակ ժպիտով մը, աղը յոգնութիւնը կը քաշէ։ 

          Ժպիտը որ ակռաներուն փայլ մը տուաւ, արթնցած ուշադրութիւնս գրաւեց եւ տեսայ ոը տանտիկինը գեղեցիկ էր եղած ժամանակին։

          Ճաշասրահը ետեւի պարտէզին վրայ է։ Արեւը նստեր է աթոռներուն, սեղանին, գետնի գորգերու գոյներուն վրայ, հոս-հոն յորդած փրփուրի նման ու բերած իր հետ խաղաղ մտերմութիւն մը։ Անկիւնը, ձայնասփիւռին մէջ Ֆրանսան կ’երգէ։ Երգերը կը խառնուին, կը գրկուին Անգլիոյ արեւին հետ ու զարմանալի թոն մը կը ստեղծեն շուրջս։ Նորութիւն մը։ Սեղանին վրայ կաթին ու սուրճին ամաններէն ծոյլ շոգի մը կը բարձրանայ եւ մինչ հացի շերտին վրայ կը քսեմ կարագը, միտքս կ՚երթայ կեանքի քաղցրութիւններուն։

          Խոհանոցէն մերթ ընդ մերթ իրար զարնուող պնակներու աղմուկը կու գայ։ Սիրտս կը լեզուի գորովով։ Կ՚երազեմ կատու մը որ հոս, անկիւնը, պառկած ըլլար, գլուխը թաթերուն միջեւ, ճանկերը ներս քաշած, ամբողջացնելու համար նորոգուող երջանկութիւնս։

          Տանտիկինը կ՚երթայ կու գայ, միշտ մեծ արտորանքով, հարց տալով սիրած կերակուրներուս վրայ, արտասանելով անուններ, պարոն Հորն, Ճորճ, Տէյզի, ոչխարի քոթըլէթ՝ սպակեթի, բայց իմ նայուածքս կը մնայ յառած անկիւնին, ուր հալած արեւի կաթիլ մը ինկեր է եւ ուր կ՚ուզէի որ ըլլար կատու մը եւ ես կանչէի “փիսի-փիսի”, մատներս հոսեցնէի անոր մուշտակին մէջ, աչքս աչքին։

 

Շաբաթ

          Պարոն Հորն, տանտէրը, հայրական շեշտով մը ըսաւ մեզի.

          —Յոգնած ըլլալու էք, այս իրիկուն կանուխ պառկեցէք։

          Փոլ անմիջապէս ինկաւ Մորփէոսի բազուկներուն մէջ։ Փիժաման, կարմիր երիզներով, վարդագոյն թոն մը տուաւ անոր նիհար դէմքին որ աղջկունակ երեւոյթ մը առաւ։ Իսկ ես մնացի սեղանին առջեւ, նոթերս առնելու համար, մերթ ընդ մերթ խորհելով մեր նոր կեանքին վրայ։

          Պարոն Հորն բարակ, բարձրահասակ, սակաւախօս ու ժուժկալ շարժուձեւերով համակրելի մարդ մըն է։  Քանի մը խօսքէ ետք իր ընդոստ լռութիւնները խոհուն մթնոլորտ մը կը սփռեն իր շուրջ։ Ճորճ, տասը տարեկան պարմանի մը, հօրը մանրանկար տիպարն է, ոսկեծամ, ձայնին մէջ դիւրաբեկ շունչ մը։

          —Տէյզի Ֆրէտիենց պիտի երթար, անկէ ալ սինեմա, ըսաւ տիկին Հորն իր ամուսնին։

          Միտքս գնաց թափառիլ Տէյզիի մը գաղափարին շուրջ, ցայգաթիթեռի մը նման որ կը դառնայ լամբարին լոյսէ լեզուին շրջակայքը։

          Կէս գիշերուան մօտ, պառկելէ առաջ, երբ դուրս ելլել ուզեցի, նրբանցքին մէջ երիտասարդ աղջիկ մը դէմս ելաւ։ Զարմանալի շփոթութենէ մը բռնուեցաւ, ինչպէս երբ մարդ սխալ կացութեան մը մէջ անակնկալի կու գայ։

          —Ներողութիւն, մրմնջեցի, վերադարձայ սենեակ ու ականջս կախուած մնաց նրբանցքի խորհրդաւոր շշուկներէն։

               Տարօրինակ կը թուի ինծի անդորրը։ Լայն ու մաքուր փողոցներէն պիւսերը կ՚անցնին իրենց ետեւէն քաշքշելով լռութիւնը։ Ջիղերս անդադար պէտքը կը զգան կծկուելու եւ կը փնտռեմ ռումբերու սուլոցն ու պայթիւնը։ Խաղաղութիւնը կը զայրացնէ զանոնք, այնքան բուռն է մէջս ժխորի պահանջը։ Ահա, վիզս կը ծռի, պրկուած։ Միտքս կը հետեւի օրերուն մէջ օձերու նման ֆշֆշացող ռումբերուն որ չեն գար։ Գանկիս տակ, բարեբախտաբար դեռ կը յամենայ թնթանօթաձգութեան ներկայութիւնը, ուրկէ ջիղերս կը ստանան իրենց սնունդը։ Պատերազմը կը պտտի ինծի հետ անգլիական սա խաղաղ, ծաղկահեղձ քաղաքին մէջ։

          Դպրոցէն դուրս ելլելու արգելքը պաշտօնապէս կայ՝ բայց շատ քիչեր միայն մնացեր են։ Պահակները նոյնիսկ չեն զբաղիր ներս-դուրս ընողներով, ցանկապատին առջեւ միշտ նոյն բուռն բազմութիւնը։ Պատանիներ ու աղջնակներ լը յարձակին զինուորներու վրայ, աջէն-ձախէն, “autograph” մրմնջելով։ Առանց հաշուելու մերժուածները, այսօր, հարիւր յիսուն ստորագրութիւն տուի։ Փողոցներուն մէջ հանգիստ չկայ. ո՛ւր որ դառնաս ձեռքեր դէպի քեզ կը կարկառի, մատիտով ու տետրակով մը. “autograph”։

          Ընկերներս քաղաքը պտտելու գացեր էին։ Տիկիններ գիրք կը բաժնէին, ֆրանսերէն եւ անգլերէն։ Քաթըրին Մանսֆիլտի «Օրագիր»ը առի ու գացի աւազանին շուրջ նստայ։ Արեւը նոր հարսի պէս համով էր։ Ցայտուն ջուրին շշուկը՝ երազաբեր։ Երեք կիներ թեւերնուն անցուցած փոքրիկ սակառներ, գլանիկ, շաքարեղէն, եւայլն կը բաժնէին։ Զուարթութիւնը եւ հնչուն խնդուքը քիչ մը խոտոր կը համեմատէին իրենց տարիքին։

          —Ահ, ահ, ըսաւ մէկը, կը կարդա՞ք։

          —Չէ՞ք պտտիր, ըսաւ միւսը։

          —Չեմ սիրեր, պատասխանեցի։

          —Ի՞նչ կը սիրէք։

          —Կարդալ, նկարել։

          —Ուրիշ բա՞ն…

          —The loving affair, ըսաւ երրորդը որ մինչեւ այդ չէր խօսած, the french loving affair:

          Նայուածքս վերցուցի տիկնոջ երեսին, լրջօրէն եւ սեւեռուն։

          —Անտարակոյս։

          Տիկինը կարմրեցաւ։

          Խօսքը պտոյտի վրայ դարձաւ կրկին ու իրենց հասցէները ձգելով հեռացան։

          Միտքս դրած էի որ առաջին գրուած հասցէին պիտի երթամ ճաշէն ետք։

          Փողոցին թիւերը կը կարդայի, երբ տիկին “loving affair” ը դէմս ելաւ։ Զիս առաջնորդեց տուն, փութկոտութեամբ մը որ կարծես կը վախնար թէ միւս երկու տիկինները վրայ հասնէին։ Տասը վայրկեանի մէջ սեղանը պատրաստ էր, հակառակ  դիմադրութեանս, մինչ թէյին ջուրը եփ ելած կ՚երգէր կրակին վրայ։

          —Բայց, Միսի՛ս, դեռ հիմա սեղանէն ելայ։

          —Ոչինչ, պէտք է ճաշել, այնքան անօթութենէ վերջ…

          Թերթերը ապականեր էին բոլոր միտքերը։ «Անօթի, ծարաւ, խոնջած կու գան, կու գան…»

          Կռնակիս դրաւ հաստկեկ կակուղ բարձեր։ Գաւաթը լեցուց թէյով ու կաթով։ Անուշներ, կարկանդակներ, պանիր, պահածոյ ձուկի տուփեր եւ հազար կը զարդարէին սեղանը։ Կարմիր, փափուկ, ամչկոտ լոլիկներ։

          Քաղաքավարութեան տուրք մը տալու համար five o՝clockը ճաշակեցի, բայց երբ լմնցաւ եւ իրարու ըսելիք չունենալով, լուռ մնացինք դէմ դիմաց։ Յետոյ ժպտեցանք իրարու, կարծես նեղուած մեր միտքերէն անցնող մեղապարտ մտածումներէն։ Ինչ որ սակայն զիս աւելի նեղ դրութեան մէջ դրաւ, երբ պտոյտի ելանք, տիկինին հպարտ քալուածքն էր որ կ՚ըսէր ամեն մէկ քայլին. «Իմ զինուորս, իմ զինուորս»։ Անոր իմ անձիս սեփականացումը զիս ընդվզեց ու անբարտաւան դարձուց։ Ծովափը երիտասարդ կիներ, աղջիկներ ամառնային կիսաբաց հագուստներով հրապուրիչ, տենդոտ նայուածքէն կը խպնէին։ Սրտի թեթեւութեամբ մը ժպիտներ ու խօսքեր կ՚արձակէի դէպի այդ գեղեցկուհիները, մինչդեռ Միսիս “loving affair” կը սրդողէր առանց կարենալ պահելու իր սրտնեղութիւնը։ Բայց նշմարեցի որ քիչ քիչ ինքն ալ մասնակից կ՚ըլլար իմ խաղերուս, աւելի յարմար նկատելով զուարթ ձեւանալ։ Հասեր էինք երկար ծովափին միւս ծայրը։ Տիկինը վաղուան համար ծովի լոգանք կը ծրագրէր։ Հետը պիտի բերէր լոգանքի վարտիկ մը ինծի համար ու կ՚առաջարկէր գաւաթ մը թէյ Փավիյիօնի շքեղ ծովահայեաց պատշգամը, երբ տեսայ 8 թիւ պիւսը, որ կ՚անցնէր։ Շուարած, քանի մը պատրուակներ շարելով, ցատկեցի կառքին մէջ, ժպտերես, կրկնելով, երբ պիւսը սկսած էր շարժիլ.

          —Վաղը կէսօրին, Միսիս, մի՛ մոռնաք ծովու վարտիկս հետերնիդ բերելու։

          Տիկին Հորն, Տէյզի, Ճորճ եւ Փոլ յանդիմանութեամբ ընդառաջ եկան ինծի։ Արդարեւ տիկին Հորն որոշած էր մեզ պտոյտի տանիլ։ Ի հարկէ շատ հաճելի բան մը չէ սխալ կացութիւն մը, բայց այս պարագային յանցանքս նպաստաւոր եղաւ։ Տիկին Հորն մեղսակից ժպիտով մը, ցուցամատը ուղղած դէպի սրահը, աչքերով կ՚աղաղակէր «Հոն, հո՛ն»։ Տէյզի նստեր էր թիկնաթոռի մը մէջ, կզակը ափին, ակնարկը հեռուն, հեռուն։

          —Good afternoon, Daisy:

          Ձայն ձուն չկայ։ Տէյզին այլայլած է։ Իր խարտեաշի յատուկ դիմագիծերու նրբութիւնը, մազերուն արեգակի ճառագայթներու ձգած կրկներեւոյթը երեսին վրայ՝ անոր սրդողութեան կու տային տիեզերական հանգամանք մը։

          —Good afternoon, little Daisy:

          Ոչինչ։ Ո՛չ մէկ բան, ոչ իսկ ամենէն ծիծաղկոտ կատակաբանութիւնները չէին կրնար կնճիռ մը փրցնել Տէյզիի դէմքէն։

          Տիկին Հորն մէջ մտաւ։

          —Կը բաւէ, Ժան, կարելի չէ անոր հետ գլուխ ելլել, իշու չափ յամառ է։

          —Օ, ո՛չ ըսի, էշէն աւելի յամառը կայ. Ես։

          Ընդհանուր պակուցում։ Տէյզի թեթեւ մը գլուխը դարձուց եւ արհամարհոտ ժպիտ մը ունեցաւ։ Յետոյ անմիջապէս արձանացաւ նախկին կեցուածքին մէջ։

          Սրահը արեւմուտքի կողմն է։ Արեւը սպրդելով վարագոյրներու ետեւէն կ՚ողողէր անոր ոսկեգոյն վարսերը։ Կապոյտ աչքերը որոնք պահ առ պահ կանաչի կու տային, զարմանալի աղուորութիւն մը ունէին եւ որ անհուն համեստութիւն մը կ՚արտայայտէին, տեսակ մը շոյող, գգուող թաւշականութեամբ։ Յանկարծ միտքս ինկաւ երէկուան կատու մը ունենալու ըղձանքս։ Ինքնաբերաբար էր որ մատս տարի կզակին տակ, խտղտացնելով ըսի «Փիսի-փիսի»։

          Ճորճ խնդալէն սկսաւ ցատկռտել։ Տիկին Հորն ու Փոլ նմանապէս, խնդուքէ մը բռնուած քաշուեցան սրահէն։ Ես իսկ ապշած մնացի։ Դեռ մինչեւ քիչ առաջ Տէյզի անծանօթ էր ինծի, թէեւ առտուան նախաճաշին քոյր-եղբօր պէս քիչ մը կատակաբանած էինք միասին։ Բայց եւ այնպէս աններելի էր արարքս։ Սիրտս զղջումով լեցուեցաւ։

          —Ներողութի՜ւն, Տէյզի, ըսի ցած ձայնով, որպէսզի միւսները չիմանան, ներողութիւն՝ կոպտութեանս համար։

          Տէյզի մէկէն ոտքի ելաւ, պոռաց երեսիս.

          —Չա՛ր, դուք չար էք։

          Ու փախաւ։ Նայուածքէն կայծակ կը ցայտէր երբ կ՚ըսէր «Դուք չար էք»։

          Դուրսի դրան ձայնը սթափեց[ուց] զիս։ Մէկ ոստումով վազեցի ետեւէն, բռնեցի ու առի թեւերուս մէջ՝ ուր կը թպրտար ան, բարկաճայթ, ոտքերը զարնելով աջ ու ձախ։ Ամբողջ ուժովս բռներ էի, ակռաներս սեղմած ու նայելով աչքերուն, բուռն նայուածքով մը։ Իր տապլտուքին մէջ շրջազգեստը սոթուեր էր մինչեւ մէջքը։ Կուրծքը կը դողար ռունգերուս ուղխօրէն եւ զուսպ շունչին տակ։ Մարմինէս սարսուռ մը անցաւ։ Անոր կուրծքին այդքան մօտիկութիւնը շրթներուս, մարմնին ցնցումները բազուկներուս մէջ, կը պտտցնէին սարսուռը իմ հողեղէն կառուցուածքիս մէջ։

                                                         *

          Փոլ կը քնանայ։ Վիզին շուրջ փիժամային կամիր երիզները եւ սաւանին սպիտակութիւնը անոր ննջող դէմքին ծփացող սարսափին վրայ կը նետեն խաղաղութեան դրոշմը եւ մանկական քաղցրութիւն մը։ Գետնաքարշ կռիւները եւ ընկերներու դիակներուն հպումները անոր հոգին տակաւին կը պահեն գոց տուփի մը մէջ։ Աչքերը գոցելէն առաջ, յանդիմանական շեշտով մը ըսաւ ինծի.

          —Գիտե՞ս, շատ կոպիտ էր վարմունքդ Տէյզիին հետ։

          Իրաւունք ունի։ Դեռ չկրցայ արարքիս արդարացում մը գտնել։ Անտարակոյս առանց տիկին Հորնի քաջալերութեան համարձակութիւն պիտի չունենայի։ Ան էր որ իր մատով ու դէմքով մեղսակից՝ կամքս առաջնորդեց։ Բայց ամենէն ահաւորը ջիղերուս կռուելու հարկադրանքէն եկող դրդումն է։ Վարժուած ծայրահեղ պրպկումներու, թշնամին հետազօտելու եւ յարձակելու, ջղային դրութիւնը կը խլրտի անգործութեան մէջէն ի խնդիր գինովութիւներու։

          Նոթերու տետրակիս էջերը բաց են սեղանին վրայ։ Black-outներէն ներս սենեակին լռութիւնը կը հսկէ ականջներուս՝ որ ի զուր կը փնտռեն նրբանցքին մէջ չյայտնուող շշուկներ։ Ճակատս հակ, մտածումներս կանգ առած, լռութիւնը քիչ քիչ կը պղտորի դրան առջեւ։

 

Կիրակի

          Հակառակ համատարած անդորրութեան, որուն մէջ կը տարածուի քաղաքը իր ծաղկայեռ պարտէզներով, իր ծովուն կապտաւուն ջուրերով, խժալուր աղմուկներ կը պտտին ներսս, կ՚ընդհարին, կը թաւալին, եւ ո՛չ մէկ ցնցում կու գայ դադար մը տալ անոնց։ Նահանջի տպաւորութիւնները, հրկիզուող քաղաքներու ճարճատիւնը, յոգնած ոտքերու դոփիւնները  փոշոտ ճամբաներու վրայ, ուղեղիս մէջ պատէ պատ կը զարնուին ու արձագանգ կու տան, խուլ, յամառ։ Փաթթուեր կեանքիս արմատին՝ անոնք կը սողոսկին, կը բարձրանան տարածուելով բաղեղի  նման։ 

          Փոլ նոյնպէս խառնափնթոր երազներով երկարած էր գիշերը։ Դեռ քնաթաթախ էր երբ իջանք նախաճաշի։.

          —Good morning, good morning, զուարթ կանչերով օծեցինք նախաճաշի լուռ սպասումը։ Բայց իսկոյն ներսէս խափանուեցաւ զուարթութիւնս եւ ի տես Տէյզիին՝ իրիկուան դէպքի զղջումս ծանրախոհ դարձուց զիս։ Բարեբախտաբար տիկին Հորն օգնութեան հասաւ. Փոլ՝ Տէյզիի փիժամային մէջ ու սեւ գանգուռ մազերով կը նմանէր աղջնակի մը, մանաւանդ որ շրթները մատնոցի ձեւ առեր էին քունէն։

          Խնդուքը վարակիչ եղաւ։ Տիկին Հորն կը կրկնէր անզուսպ խնդուքով.

          —Մէկ աղջիկ ունէի, հիմա երկու եղաւ, եւ մէկէն ընդհատելով բայց պաղատագին՝ ուշ պիտի մնաք, շո՛ւտ, շո՛ւտ հագուեցէք։

                                                          *

          Այն աստիճան անվարժ եմ եկեղեցական արարողութիւններուն որ աչքս Տէյզիի վրայ յառած մնացի, զայն կապկելու համար։ Բայց եւ այնպէս անկարող էի անոր կեցուածքը, շարժումները եւ խաչ հանելը նմանցնելու։ Մնացի անշարժ, մէյ մը խորանին, մէյ մը Տէյզիին նայելով։ Մեծ մասամբ կիներ էին, վայելուչ՝ կիրակնօրեայ գեղեցկութեամբ։ Բան մը որ սրտնեղութիւնս աւելցուց երբ կը խորհէի թէ ազատութիւնս կաշկանդուած էր, չէի կրնար ուզած ձեւովս օր մը անցընել եւ հաւանաբար սիրային արկածախնդրութեան մէջ թաքուն գաղափարէն մղուած։ Արդէն մեր զինուորները անգլուհիներուն հետ կը զարդարէին փողոցներուն անկիւնները, աչք աչքի, լուռ ու տրտում։

          Երբեմն կը զղջամ դպրոցը մնացած չըլլալուս։ Քաղաքը կ՚ապրէր նահանջող զինուորներու ներկայութեան յառաջ բերած ոգեւորութան մէջ։ Թշնամիին առջեւէն մեր յաջող փախուստը, Տէօնքերքի անունը մեզ հերոսներ ըրած էին։ Բայց տիկին Հորն կը կազմակերպէր մեր օրուայ կեանքը։

          —Կէսօրէ վերջ կ՚երթանք Տէյզին կ՚առնենք գրասենեակէն…

          Ո՛ւր որ դառնայինք Տէյզիի պատկերը կը ցցուէր մեր աչքերուն առջեւ։

          Տէյզի, գլուխը կուրծքին վրայ ծռած, ծայրայեղ լրջութեամբ մտիկ կ՚ընէր Քիրի Էլէյիսոններու հանդիսաւորութիւնը։ Արարողութեան եւ Տէյզիի դէմքին արտայայտութեան հակադրաբար մտքիս մէջ շրջիլ սկսան ազատօրէն պատերազմի աղմուկները։ Կեանքի եւ մահուան միջեւ մաքառող ցեխոտ ու նիհար դէմքեր կը թաւալէին իրարու վրայ։ Այդ մարդկային խեղճութիւնը կը խորունկնար, կը տարածուէր հոգիիս մէջ, երբ փառաբանող երգերը կը գրաւէին մթնոլորտը, ամբողջ մթնոլորտը իրենց լայնակոհակ վերամբարձութեան մէջ դէպի երկինք։ Պատարագը սկսած էր շրջագայիլ ջիղերուս մէջ որոնք ակամայ կծկումներու կ՚ենթարկուէին օդանաւերու խուճապային ժխորէն, երբ ականջը սարսափով կը սպասէ ռումբերու մահասարսուռ պայթիւններուն։ Հոգիս զարմանալի կռուադաշտ մըն էր, ինչպէս միտքը՝ հրաշալի քերթուածի մը առջեւ, երբ չոր ու պարտադրիչ զանգակի հարուած մը անշարժացուց ամեն ինչ, լռեցուց ամեն ոք, նոյնիսկ սրտիս բաբախումը։ Բան մը որ ինծի այդ հրամայական լռութիւնը ըլլալ կը թուէր, զիս բռնած գահավիժեց ինքզինքիս մէջ։ Թէ ինչքա՞ն ժամանակ անցաւ առաջին եւ երկրորդ զանգին միջեւ անկարելի է ըսել ինծի, բայց դանդաղ եղաւ վերելքը, դանդաղ ու հանդիսաւոր, գարնան բացուող արշալոյսին պէս։

          Consumatum est…

          Եւ պայծառ լուսաւորութեան մը մէջ առաջին առարկան որ տեսայ Ճէյզին էր, թաթխուած տակաւին նուիրական լռութեան խորհուրդով։ Այդ պահուն Տէյզին սարսափելիօրէն գեղեցիկ երեւցաւ ինծի։

          Վերադարձին կը քալէի բռնած Ճորճի ձեռքէն որ եկեղեցիէն եկող տղու պէս խելօք էր։ Առանց միտքս ցրուելու կրցայ վայելել պատկերը Տէյզիին որ կը քալէր մեր առջեւէն, խաղաղ փողոցներուն մէջ։

          Աւանդական ժիկոյէն վերջ —ժիկօ մը որ զգլխիչ համ ունէր—գացինք ծովափ ինչպէս որ նախապէս ծրագրուած էր։

          Ծովափը ութը քիլոմեթր երկարութիւն ունի, քիչ մը ցամաքին մէջ կորացած, զուտ, մանր դեղնորակ աւազէ։ Ամբողջ երկայնքին բաւականաչափ բարձր բլուր մըն    է ուր կը մագլցին զիկզակ սանդուխներ։ Բլուրին վրայ կանաչ մարգագետիններ կը յանգին անտառի մը՝ ուրկէ կը սկսի ռոտոտէնտրոններու վարագոյրներէ ծածկուած շքեղ վիլլաներու շարք մը։

          Տիկին Փորթըր մեծաձայն եւ մեծղի շարժումներով մեզ հիւրընկալեց իր քապինը։ Քապինը կը նմանէր խանութի մը։ Սեղանի մը վրայ շարժուած էին կարկանդակներ, թէյի սպասներ ու քովը, աթոռի մը վրայ կրամաֆոնը։ Ձախ անկիւնը, վարագոյր մը՝ որ կը շարժէր խորհրդաւոր ծալքերով։ Տէյզի դուրս ելաւ անոր ետեւէն, միտքը քիչ մը շատ զբաղուած իր մարմինովը որմէ միաժամանակ հպարտ ու ամչկոտ կը թուէր, որովհետեւ շարժումները կորսնցուցած էին իրենց պարզութիւնը։ Կարծեմ թէ իր տղայունակ ձեւերը զուրկ չէին տեսակ մը կնոջական հետաքրքրութենէ, որ է հասկնալ թէ ի՞նչ աստիճան նայուածքս կը փնտռէ իր մարմինը, որ հասնող պտուղի մը հմայքը ունէր։ Եւ կրցայ ոչ միայն իր հետաքրքրութենէն, այլ նաեւ միւսներէն պարտկելով, նայուածքս պտտցնել գաղտագողի անոր մարմինին շուրջ։ Տէյզի երկնցած էր տաք աւազին վրայ։ Եկեղեցիի օրուան մասնաւոր պահուն հոգեղէն գեղեցկութեան յայտնութեան տակէն քիչ քիչ կը պարզուէր ակնարկիս առջեւ նոր հրապոյր մը որ բերնիս մէջ մարմնեղէն համ մը կը ձգէր։ Ինծի կը թուէր թէ իր դիրքը, աւազին վրայ, սպասում մըն էր, աւելին՝ հրաւէր մը, միասին ծով մտնելու։ Տէյզիի արտաքին անտարբերութեան տակ պահուած սպասողական վիճակը զիս տպաւորեց այնպէս ինչպէս նոր հարսը լուռ ու յուզուած կը սպասէ նոր փեսան որ դեռ վերջին պատրաստութիւններուն վրայ է։ Եւ սակայն երբ հանուեցայ միեւնոյն վարագոյրին ետեւ, այտերուս ու շրթներուս քսելով իր հոն ձգած թեթեւ, օդային հանդերձանքը, վազեցի մէկ շունչով ու նետուեցայ ծով, միայնակ, չորս դիս ճողբացնելով ու փրփրելով կապոյտ ջուրերը։

          Պէտք է խոստովանիլ որ երբ հեռացայ ծովուն բացը ու կռնակի վրայ լողալով կը դիտէի ծովափը, այն յաւակնութիւնն ունէի թէ Տէյզի պիտի վազէր ետեւէս։ Յուսախաբութեան եւ զղջումի յուզումներս խառնուեցան հպարտութեան զգացումի մը, որ զիս աւելի հեռու տարաւ, միշտ աւելի հեռու։

          Երկար չմնացի ծովուն բացը, խաղալով մակոյկներուն հետ որոնք կը կրէին անգլօ-ֆրանսական զոյգեր։ Ծովափ վերադարձիս Տէյզի նոյն տեղը կեցեր էր, միշտ լուռ ու դէմքին վրայ ստուեր մը աւելցած։ Ճորճ եւ Փոլ ծովեզերքի աւազոտ ջուրերուն մէջ կը խաղային։ Տիկիններ Հորն եւ Փորթըր եւ մէկ երկու տարեց կիներ իրենց գլուխը հաւաքեր էին մեր զինուորներէն քանի մը հոգիներ։ Տիկին Փորթըր ֆոնօն լարած էր, թէյ ու կարկանդակ կը հրամցնէր, երբ սկսաւ մէկ զինուորէն միւսին հետ պարել նորելուկ պարեր, որոնք կը պահանջէին քիչ մը ազատ շարժումներ։ Բայց մթնոլորտը տաքցնելէ ետք իր ճիչերով ու խնդուքներով, շնչահատ նստաւ առանց դադրելու շատախօսելէ։

          Այն ատեն է որ տիկին Հորն նշմարեց իր աղջկան մեկուսացումը, մտածումը՝ հեռաւոր ու տրտում։

          —Ժան, ըսաւ ինծի, ինչո՞ւ Տէյզին լոգանքի չէք տանիր։

          Տէյզի ընդոստ գլուխը դարձուց, կապոյտ աչքերուն մէջ բարկութեան կրակը տեսանելի էր, բայց ձայնը զայն կը մատնէր, երբ պոռաց.

          —Ո՛չ, չեմ ուզեր։

          Այնքան ատեն որ մնացինք ծովափը, Տէյզին կաթիլ մը ջուրով չթրջեց իր ծովու շապիկը։ Ի զուր դէմքին վրայ ժպիտ մը բերելու մարմաջով մանկական ոգեւորութեամբ Ճորճին հետ պատերազմ խաղացի աւազէ ամրոցներուն մէջ, տալով ռմբակոծումներ եւ գրոհներ, որոնք Ճորճի համար անմոռանալի պիտի մնան։

          Տէյզի ակնթարթ մ՚իսկ չնայեցաւ մեր խաղերուն։

Կէս գիշեր

          Պարոն եւ տիկին Փորթըր նոր մեկնեցան։ Մէկէն տունը ինկաւ լռութեան մէջ իր black-outներուն ետեւ։ Պարոն Փորթըր երկարահասակ, լրջախոհ մարդ մըն է։ Տիկին Փորթըր միջահասակ՝ զոր գիրութիւնը կը կարճցնէր։ Սրունքները պէտք եղածէն աւելի հաստ, ցուցադրուած իր քահքահներուն ցնցումներէն, ինչպէս նաեւ ստինքներուն մեծ մասը։ Պարոնը վերջին ծայր հանդարտ եւ կշռաւոր խօսակցութիւն մը ունի, մինչդեռ տիկինը կատակաբան, բարձրախօս եւ յարաշարժ։ Զգալի է որ ամուսինը շատ չ՚ախորժիր կնոջը այդ վարմունքէն։

          Պարոն Հորն ըսաւ.

          —Ատոր համար է որ ամուսինը շատ անգամներ հետը դուրս չ՚ելլեր։

          Եկած էր նաեւ երիտասարդ մը, պարոն Ուինսթըն, Տէյզիի նշանածը։ Ուինսթըն պարզունակ երիտասարդ մըն է, բոլոր մայրերուն երազած փեսան։ Տիկին Հորնի խօսքերէն յայտնի եղաւ որ “կը բռնէ”։

          —Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ զինուոր չէ, հարցուցի։

          —Ազգային պաշտպանութեան մէջ է, պատասխանեց տիկին Հորն։

          Մեր ներկայութիւնը արգելք հանդիսացաւ երկու նշանածներու շաբաթական պտոյտին որ շարժանկարի երթալ է։ Ուինսթըն նստաւ Տէյզիին քով ու հազիւ երբեմն նայուածքը բարձրացուց դէպի իր դրացուհիին սիրուն դէմքը։

          Տէյզի միշտ անշարժ ու անխօս մնաց։ Քիչ մը մտասեւեռ։ Բաժանման ատեն, նրբանցքին մէջ, տեսայ որ ան այտը երկարեց իր նշանածին որ հոն թեթեւ ու երկար համբոյր մը դրոշմեց։

          Երբ ննջասենեակին դուռը գացի, Փոլ զարմանքով դարձաւ ինծի.

          —Կամա՜ց, դուռը պիտի կոտրես։

 

Երկուշաբթի

          Օդը սքանչելի էր այս առաւօտ։ Երկինքը՝ գրեթէ երազային կապոյտ մը։ Բարակ սիւքը պարտէզներուն ծաղկի թուփերը կը շոյէր եւ արեւը երկինքէն մարդկութեան ղրկուած յորդող ձօն մըն էր։

          Փոլ եւ ես գացինք թափառելու փողոցները, բայց տակաւին ոգեւորութիւնը չէ նուազած, ուստի պէտք եղաւ խորամանկութեամբ խոյս տալ մեզի կարկառուած տետրակներէն։ Օթըկրաֆ, օթըկրաֆ…կը կրկնէին նորէն աղջնակներ ու պատանիներ։ 

          Նուիրատուութիւնը համաճարակ մը եղած է։ Տասնհինգ տարեկան ստահակ մը մօտեցաւ ինծի ու տուփ մը գլանիկ տուաւ։

          Սիքս-փէնս խանութի մը մէջ, սիրուն տիկին մը անգլիական հնչումով ֆրանսերէն հրաւէր կու տար մեզի կարկանդակներու եւ օշարակներու բաժինին առջեւ.

          —Խնդրեմ գաւաթ մը օշարակ, կարկանդակ մը։

          Հազիւ թէ ցուցափեղկի մը մէջ առարկայի մը կը նայէինք, որ խանութպանը դուրս կ՚ելլէր զայն մեզի հրամցնելու։ Բայց զիս խորապէս յուզողը եղաւ պառաւ կին մը։ Փոքրիկ, նիհար պառաւ մը, աղքատ մեծ մայրիկ մը, կեցած փողոցին մէկ անկիւնը, ձեռքը երկարեց անձայն, նայուածքը աղաչող։ Փոլ զարմանքով կը նայէր ինծի։ Պառաւին ձեռքը կարկառուն կը մնար օդին մէջ։ Ո՜վ գիտէ քանի անգամ այդ ձեռքը ի զուր երկնցած ըալլու էր որ երբ սիրայօժար ընդունեցի թուղթն ու պահարանները, պառաւին աչքը լոյսի պէս վառեցաւ ու կարծես երախտագիտութեան ժպիտ մըն էր որ փայլեցաւ անոր տժգոյն ու թառած այտերուն վրայ։

          Պառաւին նուէրը շատ յուզեց զիս։ Մնացի մտածկոտ ու շփոթ։ Երբ ամեն ոք լոկ մեր անձը կը շփացնէր, պառաւը յղացումը ունեցած էր մեր անձին ընկերցնելու մեր հեռաւոր սիրելիները որոնք հաւանաբար օրէ օր մեր մահուան գոյժն է որ կը սպասէին։ “Գրեցէք, շուտ գրեցէք”, ըսել կ՚ուզէր կարծես պառաւը։

          Ես անմիջապէս որ տուն եկայ, նստայ նամակներ գրելու։

                                                          *

          Տէյզի, Ճորճ, Փոլ ու ես իրիկունը գացինք Հորն ընտանիքին նոր վիլլան, պարտէզը ջրելու։ Տիկին Հորն շատ զբաղած էր իրիկուան ճաշով։ Մեր յիսնապետը հրաւիրած էինք։

          Տունը այցելելէ ետք պարտէզ իջանք։ Տէյզի հպարտութեամբ մեզի ցուցուց իր անձնական սենեակը։ Նոր տունը  նախկինէն մեծ ըլլալուն՝ ստիպուած չէր իր սենեակը բաժնել Ճորճի հետ։ Ու արդէն իր շարժումները կը յայտնէին որ պատանեկութենէ դուրս կու գար, կը մտնէր տարբեր մարդոց աշխարհը։

          Ճորճ խելօք, անձայն, փոքրիկ ցնցուղով կը ջրէր իր սեփական պարտէզը որ երկու մեթր տիամեթրով շրջանակ մըն էր։ Տէյզի գնաց պառկեցաւ տանձենիին տակ, պարտէզին հիւսիսային կողմը, մինչդեռ Փոլ ու ես քրտնեցանք ջուր կրելով ու ջրելով։ Առաջին անգամն էր որ Փոլ իր թմբիրէն դուրս կ՚ելլէր։ Հետաքրքիր ակնարկներ կը նետէր դէպի տանձենին։ Տէյզիի թեթեւ ու կարճ շրջազգեստը քաշուեր էր, թեւերը գլխուն տակ, ծունկին մէկը միւսին վրայ։ Դէմքին վերացական արտայայտութիւնը նոր հրապոյր մը կ՚աւելցնէր անոր խարտեաշի յատուկ գեղեցկութեան վրայ։ Չեմ գիտեր թէ ինչքա՜ն դիտումնաւոր էին անոր ձեւերը, ամեն պարագայի՝ զուրկ չէին աղջկան մը կեցուածքները բանաստեղծականացնելու ձգտումէն։ Շատցող յուզումով մըն էր որ մեր նայուածքը կ՚երթար անոր, շոյելով սրունքները մետաքսէ գուլպաներուն տակ, աւելի քան թէ գուշակող զիստերը, ազնիւ կերպասին տակ կլորցող նորակազմ ստինքները։

          —Գեղեցիկ աղջիկ է, ըսաւ Փոլ, ջանալով հառաչ մը խեղդել կուրծքին մէջ։

          —Այո, բայց վաղը կամ միւս օր պիտի մեկնինք, լաւ է մոռնալ։

          Ջրտուքը լմնցնելէ ետք վարդի ու զանազան ծաղիկներու փունջեր կապեցինք։ Ճորճ խորապէս զբաղած էր իր պարտէզով, ուր բոյսերը խառնիխուռն, արեւէն յոգնաբեկ, հազիւ կը սկսէին ջուրէն եւ իրիկուան զովութենէն աննշմարելի շնչառութիւն մը [առնել]։

          Գացինք երեքով նստանք տանձենիի շուքին։ Տէյզի առաջարկեց խաղալ։

          —Ի՞նչ խաղանք, ըսաւ Փոլ հիացած։

          Տէյզիի դէմքը լրջացաւ։ Սեւեռուն՝ նայուածքը կառչեցաւ հեռաւոր, անտեսանելի առարկայի մը։

          Ու մէկէն.

          —Պատերազմ խաղանք, ըսաւ։

          —Ո՛չ, ըսի, միտք մը ունիմ։ Չորս կողմերնիս վարդի, ծաղիկներու թուփեր են, արեւը ծուլօրէն տեսակ մը զղջումով իր ետեւ կը ձգէ մեր երկինքը որ աւելի կը կապուտնայ, կը զովանայ։ Խելօք խելօք նստեր ենք, եկէք մէյմէկ սիրային պատմութիւն պատմենք մեր կեանքէն։

          Ծափ զարնելով Տէյզի ընդունեց առաջարկս, աւելցնելով այսուհանդերձ թէ իր կեանքը դեռ շատ մատաղ էր սիրային հետաքրքրաշարժ պատմութիւններ ունեցած ըլլալու համար։ Պնդեցի թէ սիրային պատմութիւն մը անպայման դէպք մը չի նշանակեր, կրնայ եւ ըլլալ, ինչպէ՞ս օրինակի համար, եօթը տարեկանին ունեցած սէր մը որ զուտ սիրոյ մը զգացումի մը պատմութիւնն է։

          —Դուք սկսեցէք, ըսաւ Տէյզի, աչքերը լեցուն փայլով մը որ կարծես ճակատագիր մը պիտի որոշուէր։

          —Լաւ, կ՚ընդունիմ, ընդառաջ գացի երիտասարդ աղջկան փափաքին ու մեկուսի՝ բայց, Աստուած իմ, ո՞րը…

          —Ինչպէ՞ս թէ ո՞րը, աղաղակեց Տէյզի զարմացած, քանի՞ անգամ սիրած էք։ Կարելի՞ է մէկէ աւելի սէր ունենալ։

          —Իրաւունք ունիք, Տէյզի։ Սէրը մէկ է, մեծ սէրը, գլխագիր սէրը, միայն թէ յաճախ պէտք կ՚ըլլայ զայն փնտռել շատ մը անձերու մէջ։ Ամեն անգամ մարդ կը կարծէ մեծ սէրը գտած ըլլալ, բայց օրինակի համար, հաւատացած էք որ Ուինսթընը ձեր…

          —Բայց ի՞նչ, ձեր, խնդրեմ…բողոքի շեշտով ու կտրուկ, Տէյզի ընդհատեց խօսքս։

          Գլխու թեթեւ խոնարհում մը ըրի, նայուածքս անոր աչքերուն մէջ եւ արտասանեցի՝ 

          —Ներողութիւն։