«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպութեամբ երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունիս 2014 երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում մը, ուր ներկայացուեցաւ Աղուան Վարդանեան բանաստեղծը եւ անոր «Ելք երկրից» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:
Յակոբ Պալեան ողջունելէ ետք ներկաները ցաւով յիշեց գրականագէտ եւ խմբագիր Պօղոս Սնապեանի կորուստը` ըսելով, որ անոր տեղը միշտ ալ բաց պիտի մնայ սփիւռքի հայ իրականութեան եւ հայրենիքի մէջ: Ապա անդրադարձաւ քաղաքականութեան եւ գրականութեան համատեղելիութեան հարցին եւ համաշխարհային գրականութենէն օրինակներ բերելէ ետք նկատել տուաւ, որ այս երկու հասկացողութիւնները հայ իրականութեան մէջ շատ աւելի դժուար համատեղելի են: Քաղաքականութեան դաշտին մէջ Աղուան Վարդանեան այն քիչերէն է, որ զբաղեր է նաեւ գրականութեամբ: Յակոբ Պալեան սեղմ գիծերով ներկայացուց Աղուան Վարդանեանի կենսագրական տուեալները, որմէ ետք ներկայացուց Վարդանեանի «Ելք երկրից» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ անոր 25-ամեայ ստեղծագործութեան ամբողջ արգասիքը կը կազմէ:
«Բագին». Գրական Հանդիպում` Նուիրուած Աղուան Վարդանեանի «Ելք Երկրից» Հատորին