2012ին ամբողջացաւ «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադրութեան յիսնամեակը: Թէեւ երկու տարուան ուշացումով, բայց եւ այնպէս օգտուելով հանդէսի խմբագիր, գրող-հրապարակախօս Յակոբ Պալեանի Լոս Անճելըս ներկայութենէն՝ Ուրբաթ, 2 Մայիսի երեկոյեան ժամը 7ին, Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին»ի կէս դար եւ աւելի շարունակուող երթին նուիրուած ձեռնարկ, հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան գրական-գեղարուեստական յանձնախումբին, գործակցութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան եւ «Սարդարապատ» գրախանութի տնօրէնութեան: Հանդիսութեան ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներ, Շրջանային վարչութեան անդամներ, գրողներ, մտաւորականներ, համազգայնականներ եւ գրասէր հանրութիւն մը:
Կարդալ աւելին այստեղ՝ https://bit.ly/3eXWfrA