Արդէն երկու տարի է Համազգայինի «Բագին» գրական հանդէսը լոյս կը տեսնէ նոր խմբագրական կազմով մը` գլխաւոր խմբագիր` Սոնիա Քիլեճեան-Աճեմեան, փոխխմբագիր` Նորա Բարսեղեան, խմբագրական խորհուրդ` Քրիստիան Բատիկեան, Մարուշ Երամեան, Վիգէն Թիւֆենքճեան, Յակոբ Կիւլլիւճեան, Աւետիս Հաճեան, Վարդան Մատթէոսեան, Շաղիկ Մկրտիչեան, Արքեմնիկ Նիկողոսեան, Արամ Պաչեան, Սեւան Տէյիրմենճեան, Միրնա Տուզճեան եւ Յարութիւն Քիւրքճեան: Ձեւաւորումը վստահուած է Անուշ Ակներեանին, իսկ էջադրումը` Գօգօ Հաւանճեանին: