ՎԱԽՃԱՆԱԿԱՆ փորձընկալումին պիտի վերադառնար Օշական 1948ին, Սիոնին յանձնած իր վերջին յօդուածով, որ լոյս տեսաւ յետ մահու։ Կը կոչուի «Միտք եւ սիրտ»։ Յօդուածաշարքի վերջաւորութեան (ուրեմն Սիոնի Յունուար-Փետրաուր 1949ի թիւին մէջ) խմբագրական ծանօթագրութիւն մը կայ, որ կ՚ըսէ. «Հոս կը վերջանայ ձեռագիրը Յ. Օշականի թէեւ կցկտուր, բայց սրտայոյզ ու հոգեւին զգացուած արտայայտութիւններուն, «Միտք եւ սիրտ» խորագիրին տակ։ Ձեռագիրը Կարդալ աւելին