(Ի՞նչ կրնամ պահպանել
եթէ ոչ անոնց անունը միայն,
հազիւ կոփուած
հակող հետզհետէ աւազուտքին։

Արդ ի՞նչ է մտածելը
եթէ ոչ մտածել անոնց,
տարագրուիլ ընդմիշտ
ի բաց անոնցմէ:) Կարդալ աւելին
Վերջերս ստիպուած եղայ «տուն» բառին իմաստը բառարաններու մէջ փնտռել, նախ հայերէն, ապա անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն բառարաններուն մէջ, որովհետեւ կորսնցուցեր էի զայն՝ տունին իմաստը, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար՝ տունին իսկական նշանակութիւնը եւ ուր ըլլալը:
Այլ խօսքով՝ կորսնցուցեր էի տունս: Անտուն էի: Եւ որպէս տուն չունեցող մէկը, «տուն» Կարդալ աւելին