Retratos da Fundação Calouste Gulbenkian

ՀԱՅԵՐ. ԱՐՔԱՆԵՐԷ ԵՒ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԷ՝ ԱՌԵՒՏՐԱԿԱՆՆԵՐ ՈՒ ԿՈՄԻՍԱՐՆԵՐ

Ուսումնասիրութիւնս1 կ’աւարտեմ հետազօտելով ինքնութիւններու բազմակիութիւնը ժամանակակից հայկական իրականութիւններուն մէջ։ Այլ խօսքով՝ կ’ուզեմ վերադառնալ գիրքին սկիզբէն մինչեւ վերջ ներազգային տարբե­րութիւններու մասին կատարած տեսա­կան եւ պատմական փաստարկումներուս, այս անգամ սակայն հայութեան ժամանա­կակից միջավայրերուն մէջ։

Չորս պատկերներուներ կայացումը լաւագոյն ձեւն է ցոյց տալու հայկական ազգային ինքնութեան տարբեր տարողու­թիւնները, որոնք կը յուշեն հայկականու­թեան զարգացումին մէջ հաւանական ուղղութիւններ։ Կը յուսամ չորս օրինակնե­րով որոշ լոյս սփռել քսանմէկերորդ դարու սկիզբը հայ ըլլալու կարելի տարբերակնե­րուն վրայ։ Պարագաներէն երկուքը Սփիւռքէն են, երկուքը՝ Հայաստանէն։ Անշուշտ ծայրայեղ օրինակներ են, սակայն նպա­տակայարմար են ցոյց տալու կարելիու­թիւններու ծիրը թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ ազգայնականութեան առումով։

Առաջինը տասնչորսամեայ դպրոցական տղեկի մը կողմէ (ծնած եւ հասակ նե­տած՝ Երեւան) իր հօրը ուղղուած հարցումներու շարք մըն է Հայաստանի մէջ, 1997-ին։ Երեքս կ’ուղեւորուէինք թրքական սահ­մանին զուգահեռ մայրուղիով եւ կը խօսէինք երկու երկիրները իրարմէ բաժնող գետին միւս կողմը գտնուող հայկական պատմական «կորուսեալ» հողերուն մա­սին, երբ տղեկը հարցուց․ «Ո՞ւր է Արա­րատ լեռը, Հայաստանի՞ մէջ, թէ՞ Թուրքիոյ», «Ի՞նչ է Անին [սահմանին թրքական կողմը գտնուող միջնադարու հռչակաւոր հայկական քաղաքը որ այժմ աւերակ է եւ յստակօրէն տեսանելի Հայաստանէն]», «Ի՞նչ է մզկիթը, կրա՞կ կը պաշտեն հոն» եւ «Ի՞նչ է թուրքերուն կրօնը»։ Տղեկը սովո­րական պատանի մըն էր, ու որեւէ երկրի մէջ տասնչորս տարեկան անչափահասէ մը պատմական շատ գիտելիք պէտք չէ ակնկալել։ Սակայն իր ուղղած հարցումնե­րուն բնոյթը ցոյց կու տար որ 1988էն տա­սը տարի անց հայկական ազգայնականութիւնը բացարձակապէս չէր առնչուեր իր ինքնութեան հետ։ Անվստահ չէր թէ ո՛ւր կը գտնուէր հայերուն ազգային խորհրդա­նիշը եւ ծանօթ չէր ամենէն հիմնական տարբերութեան որ զինք կը զատորոշէր «Ուրիշէն»։ Ասիկա հայրենիքի մէջ ազգային ինքնութեան «թուլութեան» օրինակնե­րէն մէկն է։

Միւս ծայրայեղութիւնը Հայաստանի մէջ «Ազգայնական ակումբ» կոչուած գա­ղափարական ընկերակցութիւնն է․ համե­մատաբար ծայրայեղ ազգայնականներու խմբաւորում մը, որուն ղեկավար անդամները որոշ ժամանակ մը կը կազմէին մտա­ւորական կորիզը Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան, մինչեւ որ այս վերջինը քաղաքական գլխաւոր կազմա­կերպութիւն դարձաւ 1998ին (Հանրապե­տական Կուսակցութեան ղեկավար Անդրանիկ Մարգարեան վարչապետ նշանակուեցաւ 2000ի մայիսին)։ Այս անձերը կը հետեւին «ցեղակրօն» գաղափարաբանու­թեան (այսինքն՝ հայ ցեղը պաշտելու գա­ղափարը) եւ բազմաթիւ գիրքեր ու յօդուածներ կը հրատարակեն այս նիւթով։ Իրենց մէկ գրքոյկին մէջ հետեւեալ կոչը կ’ուղղեն Հայաստանի երիտասարդութեան․ «Ճա­նաչի՛ր ցեղդ»,— եւ կ’աւելցնեն,— «Ցե­ղակրօնութեան էական մասն է կազմում ցեղապաշտութիւնը–պաշտամունքը ցեղի որակների, արժէքների ու սրբութիւննե­րի»։2 Այլ գրքոյկի մը մէջ կը պնդեն թէ ազ­գային գաղափարախօսութիւնը «գոյութիւն ունի ի սկզբանէ, Ազգի ծնունդի հետ, եւ խնդիրը ոչ թէ այն ստեղծելը, այլ ճանա­չելը, յայտնագործելն է»։3 Այս ակումբին պատկանող բանալի անձնաւորութենէ մը խնդրեցի պարզել իրենց գաղափարաբա­նութեան հիմքը եւ հայ ազգի իրենց պատ­կերացումը։ Ինք բացատրեց․

Մարդկութիւնը բաժնուած է ազգերու։ Իւրաքանչիւր ազգ եզակի է եւ ունի իրեն բնորոշ առանձնայատկութիւններ, ինչպէս՝ լեզու, մշակութային յատկանիշներ, ընտանեկան արժէքներ, տարածք եւայլն։ Ասոնք պէտք է պահպանուին եւ յաւերժա­ցուին անխաթար ձեւով, զերծ այլ արժէքներէ եւ ցեղերու ազդեցութե­նէ, այսինքն՝ ազգային արիւնը պէտք է մաքուր մնայ։ Ուստի խառն ամուս­նութիւնները եւ մշակութային տա­րասերութիւնը (hybridity) ընդունելի չեն։ Արեւմուտքի ներխուժումը պէտք է մերժուի։ Օրինակ, արեւմտեան հասկացութիւններ, ինչպէս՝ մարդ­կային իրաւունքներ, կիներու իրա­ւունքներու պաշտպանութիւն եւայլն խորթ են հայկական արժէքներուն եւ պէտք է ընդդիմանալ անոնց։ Աւե­լի՛ն. հայերը պէտք է տիրանան իրենց պատմական հողերուն, ուր ճշմարիտ հայերը պէտք է վերադառ­նան Սփիւռքէն։ Ցեղակրօնները հա­կադրուած չեն ուրիշ ազգերու այն-քան ատեն որ ուրիշ ազգեր հան­գիստ ձգեն հայերը եւ ոտնձգութիւն­ներ չկատարեն հայկական պատմական հողերուն դէմ, ինչպէս թուր­քերը ըրած են։ Ուստի այս տարածք­ները՝ առանց ներկայի թուրք եւ քիւրտ գրաւողներուն, պէտք է վերա­դարձուին հայերուն, եւ հողերը պէտք է բնակեցուին հայերով։4

Վերոնշեալ պատանին, որ նոյնիսկ գաղափարը չունէր «կորուսեալ հողերու» (եւ որ կ’ուզէր առաւելագոյնս «արեւմուտք­ցի» ըլլալ), եւ ցեղակրօնները այնքան ալ հասարակաց եզրեր չունին իրենց կեցուածքներով եւ աշխարհահայեացքնե­րով։ Այնուամենայնիւ անոնք կը պատկա­նին նոյն ազգին։ Կարելի է հարց տալ թէ ինչպէ՞ս կամ արդեօ՞ք այս երկու ծայրայե­ղութիւնները ապագային պիտի կարենան հաշտեցնել իրենց արմատապէս հակոտ­նեայ կեցուածքները նոյն ազգային պատ­կանելիութեան հետ (թէեւ պատմութիւնը կ’ապացուցէ թէ անգիտութիւնն ու վախը կրնան նման անձեր մերձեցնել քաղաքական զօրաշարժի միջոցով)։

Նմանապէս՝ Սփիւռքէն երկու օրինակ­ներ ցոյց կու տան թէ հայերը որքա՛ն տար­բեր ձեւերով կը դրսեւորեն իրենց ազգութիւնը։ Լոս Անճելըսի մէջ հայ երիտա­սարդներու ստեղծած հեւի մեթըլ երաժըշ- տութեան System of a Down խումբը Միացեալ Նահանգներու տարածքին ուշագրաւ դիրք կը վայելէ իբրեւ տիրական ռոք խումբ։5 System of a Down-ը «ազգային խումբ» չէ—իր անդամները կ’ընդվզին այս նեղ պիտակաւորումէն—սակայն իր կարգ մը երգերը իրապէ՛ս հայկական քաղաքական բնաբաններ կը միախառնեն ամերի­կեան հեւի մեթըլ երաժշտութեան հետ։ Ամենէն ցայտուն օրինակներէն է PLUCK կոչուած երգը․ յապաւում մը Politically Lying, Unholy, Cowardly Killers-ի՝ «Քաղա­քականապէս ստող, անսուրբ, փոքրոգի մարդասպաններ», որ Հայկական Ցեղաս­պանութեան մասին է։ Խումբի անդամնե­րէն Սերժ Թանքեան ամերիկացի պատանիներու համար կ’երգէ․

Die, why, walk down, walk down,

A whole race Genocide,

Մեռի՛ր, ինչո՛ւ, քալէ՛, քալէ՛,

Ամբողջ ազգի մը Ցեղասպանութիւն,

Revolution, the only solution,

We’ve taken all your shit, now it’s time for restitution.

Recognition, Restoration, Reparation

Յեղափոխութիւն, միակ լուծումը,

Կրեցինք ձեր ամբողջ նախատինքը, հիմա ժամանակն է փոխ հատուցումի։

Ճանաչում, վերականգնում, հատուցում

The plan was mastered and called Genocide.

Ծրագիրը կատարելագործուած էր եւ կոչուած՝ Ցեղասպանութիւն։6

Արդեօք ցեղակրօնները ի՛նչ պիտի ըսէին այս հեւի մեթըլ ոճի հայկական «ազ­գայնականութեան» մասին։

Հուսկ վերջին պատկերը օրաթերթային անհեթեթ ծանուցում մըն է Լոս Անճե­լըսի մէջ 22 հոկտեմբեր 1999ին տեղի ունե­նալիք հրապարա կային մէկ դասախօսութեան եւ տեսերիզի ցուցադրութեան։7 Քեսապի Հայրենակցական Միութեան Ու­սումնասիրաց Միութիւնը զայն կազմակերպած էր Լոս Անճելըսի իր նորակառոյց կեդրոնին մէջ (հայկական բուն Քեսապ գիւղը կը գտնուի Սուրիոյ մէջ եւ կը գոյա­տեւէ մինչեւ այսօր)։ Ձեռնարկը վերնագրուած էր «Արցախ 2001»։ Նշմարել որ սփիւռքահայերու գիւղի մը (Սուրիոյ մէջ) Սփիւռքը (Լոս Անճելըսի մէջ) կը կազմա­կերպէր Ղարաբաղի վերաբերող ձեռնարկ մը։

Քառորդ էջնոց ծանուցումը կը պարու­նակէ շարք մը խորհրդանիշներ։ Կեդրոնը պատկերուած՝ Ղարաբաղի Սուրբ Յով­հաննէս Մկրտիչ եկեղեցիին (տասներեքե­րորդ դարու) բացատրութիւնը (հայերէնով) կ’ըսէ․ «“Այն որ տէրն է Յովհաննէս Մկրտիչի գլուխին, կը տիրապետէ աշխարհին” —Եւրոպայի Երուսաղէմի Ասպետներու աւանդական խօսքը»։ Ասոր վրայ կ’աւել­նայ թէ Յովհաննէսի գանկը իրօք թաղուած է այս եկեղեցիին մէջ (ըստ հայկա­կան աւանդապատումին)։ Եկեղեցիին լու­սանկարին ձախին Արարատ լերան վրայ Նոյեան տապանի ճեպանկարն է, իսկ աջին՝ Ադամի ու Եւայի։ Նաեւ կայ սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի գծանկարը։ Ձեռ­նարկին ընթացքին քննարկուելիք հարցե­րը ուրուագծող ծանուցումին բացատրութիւնը հետեւեալն է (իր ամբողջութեան մէջ եւ առանց սրբագրութիւններու)․

Լսած էք, որ Հայաստանի լեռնաշ­խարհը կը համարուի որպէս Աստուածաշունչի «ԴՐԱԽՏԱՎԱՅՐ»ը, իսկ ըստ նոր հետազօտութեանց Արցախը «ԴՐԱԽՏԻ ՊԱՐՏԷԶ»ն է: Ովքե՞ր էին Ադամը և Եւան: Ի՞նչ գիտական տուեալներ կան որ Նոյեան Տապանի պատմութիւնը հիմնուած է իրական երկրաբանական յեղաշրջումներու վրայ: Ինչո՞ւ Հայաստանը կը համարուի արիական ժողովուրդ­ներու օրրանը ուրկէ տարածուած են համաշխարհային քաղաքակրթու­թիւնները: Ի՞նչ անժխտելի փաստեր կան որ Արցախէն գաղթած են Եւրո­պական շատ մը ժողովուրդներ՝ ինչ­պէս Բորտուգալացիները, Սպանեացիները, Գերմանիո [sic] Բավարեացիները, Պասքերը և Ալբանեա-Քո­սովացիները: Ի՞նչ է Հայկ Նահապետի պատմութեան գաղտնիքը եւ ինչ կապակցութիւն կայ երկնային աստ­ղերու հետ: Ինչո՞ւ Հայերը կը ճանաչուին որպէս «Քրիստոնէութեան Պահապա նը» – The Keepers of Chris­tian Faith. Եւ ինչո՞ւ Հայը երկու հա­զար տարիներ պահպանած է Քրիստոնէութեան հիմնադիրներու մա­սունքները: Ինչո՞ւ եկող երկ հազա­րամեակը կը կոչուի «Հայկական Ջրհոսեան Դարաշրջան»:

Կարելի է էջեր սպառել ապա կառուցե­լով սոսկ այս ծանուցումին մէջ գտնուող ցեղախորհրդանշական հարուստ պատկե­րումը։ Անիկա ուշագրաւ խառնուրդ մըն է առասպելներու եւ խորհրդանիշներու՝ ինչ կը վերաբերի ազգի, ցեղի, տարածքի, սփիւռքի, կրօնի եւ սնապաշտութեան։ Չեմ գիտեր թէ քանի՞ հոգիներ կայ եղած է այս ձեռնարկին, որքանո՞վ «համոզիչ» եղած են փաստարկութիւնները, ինչպէ՞ս ընկա­լուած են բանախօսները կամ նոյնիսկ քա­նի՞ հոգի իրապէ՛ս կարդացած է ծանուցումը։ Հայերուն մեծ մասը չի հաւատար նման ոչնչաբանութեան, ոչ ալ ուշադրութիւն կը դարձնէ։ Սակայն անշուշտ մարդ կը հակի փնտռելու նման մտածողութեան ետին գտնուող «տրամաբանութիւնը»։ Երեւանի ցեղակրօնները հպարտ պիտի զգային նման ձեռնարկով, մինչդեռ System of a Down-ի ունկնդիրները վստահաբար բաւական անհեթեթ պիտի նկատէին ամբողջ գաղափարը։

Այս չորս օրինակները ցոյց կու տան հայերը իրարու կապող իմաստներու եւ հաւատալիքներու բարդ ցանցին այլազա­նութիւնը։ Ազգային մտահոգութիւններ չու­նեցող պատանին, ցեղը պաշտող ծայրայեղ ազգայնականը, Ցեղասպանութեան մասին երգող հեւիմեթըլ խումբին անդա­մը եւ երեւակայական հիմքով «դաստիարակչական» ձեռնարկին կազմակերպիչն ու բանախօսը բոլորն ալ մաս կը կազմեն նոյն ազգին։ Հազուագիւտ են—եթէ երբե­ւէկան—զանոնք իրարու կապող առար­կայական ցուցանիշները։ Այս իրավիճակը նոր չէ․ տասնութերորդ եւ տասնիններորդ դարերուն հայկական զանազան համայնքներու մէջ ապրած առեւտրականներ, վա­նականներ, գիւղացիներ եւ յեղափոխա­կաններ նոյնպէս հասարակաց շատ եզրեր չունէին։ Այս օրինակները կը բնորոշեն հայկական ինքնութեան մասնատուածու­թիւնը (fragmentation)։ Այնուամենայնիւ նաեւ կ’ապացուցեն առկայութիւնը պատկանելիութեան ենթակայական զգայութեան մը որ նման այլազան մարդիկ կը մղէ պնդելու թէ իրենք կը պատկանին նոյն ազգին։

Աշխարհականացումի դարաշրջանին՝ մասնաւորաբար քսաներորդ դարուն, խորհրդային եւ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ պատկանելիութեան ենթակայական զգայութիւն մը փոխարինած է այն ինչ որ անցեալին կրօնն էր հայերուն համար։ Են­թակայական պատկանելիութիւնը ազգի մը շուրջ կը համախմբէ մարդիկը, թէեւ են­թակայականութիւնը շատ աւելի յեղյեղուկ է, շարժունակ եւ անձնականացուած քան կրօնական աւանդական սովորութիւնները եւ եկեղեցիին կարծր հաստատութենակա­նութիւնը։ Թերեւս յարմարագոյնը «մաս­նատուած հաւաքականութեան» (fragmented collective) պատկերն է․ այս եզրը կը յուշէ թէ՛ անհամատեղելիութիւն եւ թէ՛ մի­ասնութիւն։ Հայ ազգին բնորոշ երկու յատ­կութիւններ․ այլազանութիւն եւ կապուածութիւն։

Այսպիսի մասնատուածութիւնն ու միասնութիւնը միայն հայերուն յատուկ չէ։ Սակայն հայութեան պարագայէն մեկնե­լով կարելի է ընդհանուր եզրայանգումնե­րու հասնիլ ազգային ինքնութեան բնոյթին մասին։ Չորս պատկերները ցոյց կու տան այս գիրքին երեք հիմնական կէտերը․ ազ­գի «երեւակայուած համայնքի» բազմա­վայր (multilocal) այլազանութիւնը, զանազան թելերը կապող ենթակայական «կամեցողութիւնը» եւ ազգային ինքնութեան արդիութիւնը։

Նշուած չորս պարագաներէն երեքը քաղաքական շատ յստակ հաստատում մը կը կատարեն ազգին մասին՝ արտացոլե­լով ազգային ինքնութեան համար անհրա­ժեշտ պատկանելիութեան քաղաքական բնոյթը։ Լոս Անճելըսի System of a Down-էն մինչեւ Երեւանի ցեղակրօնները հայերը իրենք զիրենք գլխաւորաբար անդամ կը նկատեն ժամանակակից քաղաքական համայնքի մը՝ «քաղաքականութեան» ամենալայն իմաստով, ինչպէս նաեւ պատմականօրէն կազմաւորուած քաղաքական համայնքի մը (որ անպայմանօրէն չ’ապ­րիր այն ամբողջութեան մէջ որ կը պատ­կերացնէ թէ պէտք է ըլլայ իր պետութիւնը)։ Մշակութային ցուցանիշները կը փոխուին, լեզուն կրնայ կորսուիլ, սովորու­թիւնները կրնան բնաշրջուիլ տարբեր ձե­ւերով, սակայն հայկականութեան այս քաղաքական զգայութիւնը—ազգային իրա­ւունքներու աշխարհիկ սկզբունքներու վրայ հիմնուած հաւաքական միասնութեան գաղափարը—կը գոյատեւէ։ Այս հասկացութիւնը յար եւ նման է «քաղաքա­ցիութեան», սակայն պետականակեդրոն յղացք մըն է որ պէտք է զգուշութեամբ գործածել այն պարագաներուն, երբ գաղա­փարը գոյ է՝ թէեւ ոչ անպայման ազգային պետութեան մը առկայութեան։

Վերոյիշեալ մասնատուածութիւնը հիմնուած է ծայրայեղ օրինակներու վրայ, սա­կայն այլ ազգերու եւ պետութիւններու հա­մար օգտակար պիտի ըլլար զայն նկատի ունենալ իբրեւ կողմնորոշող տուեալ։ Նման այլազանութեան կարելի է հանդիպիլ նաեւ շատ ուրիշ պարագաներու՝ Գանա­տայէն մինչեւ Բրիտանիա եւ Ինտոնեզիա։ Ազգերու եւ ազգայնականութեան տեսութիւնները այսպիսի այլազանութիւնը կը նկատեն «խնդիր» կամ միաձոյլ ընկերու­թիւն ստեղծելու ազգայնական դիտաւորութեան «ձախողութիւնը»։ Այս գիրքին մէջ փաստարկուածը այն է, թէ այլազանութիւ­նը անպայման խնդիր մը չի ներկայացներ այնքան ատեն որ իբրեւ ազգ սահմանուած քաղաքական միեւնոյն համայնքին հան­դէպ գոյութիւն ունենայ ենթակայական պատկանելիութեան ուժեղ զգայութիւն մը։

Անգլերէնէ թարգմանեց՝

Լուսիկ Կիւլոյեան-Սրապեան

1 Ռազմիկ Փանոսեանի Հայեր. արքաներէ եւ քահա­նաներէ՝ առեւտրականներ ու կոմիսարներ հատորի եզրափակիչ հատուածը. Razmik Panossian, The Arme­nians from Kings and Priests to Merchants and Commis­sars, New York: Columbia University Press, 2006, էջ 388-393։

2 Ցեղակրօնութիւն. էջ 5–6 (Հանրապետական Կու­սակցութեան հրատարակութիւն, Երեւան, 1994):

3 Ազգային գաղափարախօսութեան արդիականու­թիւնը. էջ 3 (Հանրապետական թերթի հրատարակու­թիւն, Երեւան, 1996):

4 1997ի նոյեմբերին Մուշեղ Լալայեանի եւ Գեւորգ Յովսէփեանի հետ քննարկումէ մը վերարտադրուած, նաեւ՝ Մուշեղ Լալայեանի հետ հեղինակին հարցազրոյցէն։ Անդրանիկ Մարգարեան Հանրապետական Կուսակցութեան գաղափարաբանական հիմքը

քն­նարկեց ցեղակրօն գաղափարաբանութեան առու­մով (Անդրանիկ Մարգարեանի հետ հեղինակին հարցազրոյցը՝ 1997ի նոյեմբերին)։

5 Steve Morse, “Rock Notes,” Boston Globe, 21 Jan. 2000 եւ Sarah Rodman, “System of a Down is on its Way up,” Boston Globe, 16 Feb. 2000 (երկուքն ալ հրապարակուած Groong Armenian News Network-ի վրայ, յաջորդաբար 31 յունուար 2000ին եւ 16 փետրուար 2000ին)։

6 Երգին բառերը՝ խումբին առաջին ալպոմէն․ System of a Down (1998)։ Խումբը նաեւ մասնակցած է բարե­սիրական համերգներու՝ նիւթական միջոցներ ապա­հովելու համար Միացեալ Նահանգներու տարածքին Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու։

7 Ծանուցումը հրապարակուած է այդ թուականին Լոս Անճելըսի մէջ մեծաթիւ տպաքանակով հրատա­րակուող Նոր Կեանք թերթին հոկտեմբեր 1999ի համարներուն մէջ։