Լեո Լեո Վարդանյանը ուշագրաւ արուեստագէտ մըն է։ Որպէս վերացական ոճի հետեւորդ, ան իր պաստառներուն միջոցով կ’ուսումնասիրէ տարբեր տարածքներու յարաբերութիւնները, տարբեր շերտերու ձգողականութիւնն ու թրթռացումները։ Անոր կտաւները ունին քաշողական ուժ մը, որոնք իրենց մէջ կ’աքցանեն դիտողն ու անոր արուեստի ընկալման փորձառութիւնը։ Պաստառին վրայ արձանագրուած նկարիչին անկեղծութեան երանգներն ու շերտերը ազատօրէն կ’օրօրեն դիտողին միտքը՝ գունային ցանցի ու ներդաշնակութեան համաչափ ռիթմով։ Լեոյի պաստառներուն առջեւ, արուեստասէրը հայելացման փորձառութիւն մը կ’ապրի, որ կ’անցնի ժամանակի անսահման ու անչափելի տարածքներէ։ Հոն է, ուր դիտողը կը պապէ իր ներքին հոգեկան կենսուժը, մտասուզուելու, հարցադրումներ ընելու, փիլիսոփայելու, մտախոհութեան լուռ ու անմատչելի վայրեր գտնելու կամ՝ երկխօսութեան մէջ մտնելու նկարիչին բացակայութեան հետ։
Լեո լեո Վարդանյանը կ’ապրի ու կը ստեղծագործէ Երեւանի մէջ։ Տասը տարեկանէն մաս կազմած է նկարչական զանազան ակումբներու ու սթիւտիոներու։ 1996ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստից ակադեմիայի նկարչութեան բաժինը։ 2007 թուականէն անդամ է Հայաստանի նկարիչներու միութեան։