ՇՈՂԵՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԿՈՐՍՈՒԱԾ ՏԱՌԸ ՎԷՊԸ

Պտանեկան գրականութեան կարիքը վաղուց զգացած է հայ հա­սարակութիւնը, սակայն նշանակալից եւ ժամանակակից շատ քիչ բան կատարուած է այդ ուղղութեամբ։ Կան բա­ւական թիւով մանկական գիրքեր, բայց ո՛չ այդքան՝ պատանեկան։ 1

Եւ ահա եղաւ Շողեր Մարգարեանի վէպը, որ թէ՛ գեղարուեստական իմաստով եւ թէ՛ խորքային իմաստով՝ կարեւոր ստեղ­ծագործութիւն մըն է։

Նախ պիտի տամ վէպին հակիրճ պա­տումը, ապա պիտի կեդրոնանամ յատկանիշներուն եւ յատկութիւններուն վրայ։

Կորսուած տառը ունի բծախնդրութեամբ ծրագրուած կառոյց եւ կ’ընթանայ բաղդատական դիցաբանութեան մասնագէտ՝ Joseph Campbell-ի Հերոսի Ճամբոր­դութեան (Hero’s Journey) հենքին վրայ։

Վէպին հերոսին՝ դպրոցական աշա­կերտ, պատանի Թնճուկեանին առաքելու­թիւն մը կը տրուի, զոր ինք նախ կը փորձէ մերժել (ինչպէս բոլոր հերոսները), բայց որ ազգային մեծ կարեւորութիւն ունի—այդ առաքելութեան յաջողութեամբ՝ պիտի փրկուի հայ մշակոյթը, հայ ինքնութիւնը։

Թնճուկեանի հայերէնի ուսուցիչը օր մը դասարան կը մտնէ խիստ խանգարուած՝ որովհետեւ այբուբենի վերջին տառը կորսուած է։ Կը դիմէ Թնճուկեանին եւ կը պարտադրէ զինք գտնելու այդ կորսուած տառը, որովհետեւ միայն ի՛նքն է որ կրնայ գտնել զայն. տեսակ մը ճակատա­գիր՝ որ իրեն վերապահուած է։ Թնճուկեան ստիպողաբար կ’ընդունի իր ճակա­տագիրը եւ կը սկսի փնտռել կորսուած տառը, քաղաքէ քաղաք ճամբորդելով։

Հակառակ որ ուսուցիչը, պարոն Ա­տոմ, իրեն տուած էր հասցէ մը, որ օգտա­կար պիտի ըլլար գտնելու այդ տառը՝ արկածի մը հետեւանքով Թնճուկեանի ճամ­բորդութիւնը կը դժուարանայ եւ կ’երկարի, ու զանազան հանգրուաններէ կ’անցնի։

Մինչ ինք մտադիր է օր առաջ գտնել կորսուած տառը եւ տուն վերադառնալ իր մօր, մեծ մօր ու չարաճճի քրոջ մօտ, Թնճուկեան կը հանդիպի յաջորդական ար­գելքներու եւ իր քայլերը կ’ըլլան ապար- դիւն։ Կորսուած տառը անհասանելի կը թուի, որովհետեւ հետզհետէ թնճուկը քա­կելը կը դժուարանայ։ Բայց Թնճուկեան (անուններու այս դիտումնաւոր ընտրութեան մասին քիչ ետք պիտի անդրադառ­նամ) իւրաքանչիւր վայրի մէջ նոր եւ եզա­կի անձերու կը հանդիպի, նոր բաներ կը սորվի եւ աւելի կը զարգանայ։

Վերջապէս, թնճուկին բանալին կը գտնէ՝ լուծելով պարոն Ատոմին թուղթի կտորի մը վրայ իրեն տուած 404 ձեւանիշը։ Այս ալ՝ ծածկագիրով տրուած հանելուկ մըն է, որ թուաբանութեամբ կը լու- ծուի։ Ճամբորդութենէն վերադառնալով, Թնճուկեան իր հետ կը բերէ իր գտած տա­ռը, այսինքն «գանձը», որ կը հանդիսանայ փրկութիւնը այբուբենին եւ հայ գիր ու գրականութեան։

Եւ երբ կը վերադառնայ դասարան, այսինքն՝ հերոսի սկզբնական միջավայրը, ուրկէ սկսած էր իր առաքելութիւնը՝ Թնճուկեան փոխուած անձ մըն է. աւելի ինք­նավստահ է եւ քաջ։

Այժմ հինգ կէտերով տամ գիրքին գլ­խաւոր յատկանիշներն ու յատկութիւննե­րը.

 

ՎԷՊԻՆ ԼԵԶՈՒՆ

Վէպին լեզուն անմիջական է եւ գրուած՝ բաւական լաւ հայերէն խօսող պատանիի մը լեզուով, թէկուզ քերականական որոշ սխալներով, որոնք դիտումնաւոր կերպով հոն են —որպէսզի աւելի հարազատ հնչէ ընթերցողի ականչին. վերջ ի վերջոյ՝ պա­տանի մը դժուար թէ անսխալ հայերէն խօ­սի։ Այնուհանդերձ, կան նաեւ որոշ բառեր եւ բառային դարձուածքներ, որոնք կարգ մը պատանի ընթերցողներու համար հա­ւանականօրէն նորութիւն ըլլան, բայց հոն են որպէսզի անոնք նոր բառերու ծանօթա­նան։ Այս բառերուն բացատրութիւնը կամ անգլերէն թարգմանութիւնը տրուած է իւ­րաքանչիւր գլխու աւարտին։ Օրինակ՝

Մակերես-բանի մը վրան, surface

Լեզուին վրայ մազ բուսնիլ – շատ ան­գամ կրկնելէն յոգնիլ

Պաստառ – screen

Բիւրեղ – crystal

… եւ այլն։

ՎԷՊԻ ԿԵՐՊԱՐՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻՒՐԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ

Իւրաքանչիւր կերպարի անունը ընտրուած է յստակ իմաստ մը կամ վիճակ մը փո­խանցելու համար։

Նախ՝ ըսեմ որ գիրքին գլուխները Այ­բուբենի տառերուն յաջորդականութեամբ շաղկապուած են իրարու եւ կը կրեն կեր­պարի մը անունը։ Օրինակ՝ առաջին գլու­խը կը կոչուի՝ «Ա. Պարոն Ատոմը», երկրորդ գլուխը՝ «Բ. Բիւրեղը», երրորդ գլու­խը՝ «Գ. Գրավաճառ Գիրգոր»,… եւ այս­պէս։

Կերպարներուն տրուած են ոչ միայն այբբենական կարգով անուններ, այլ ի­րենց անուններուն համաձայն յատուկ նկարագիր։ Օրինակ՝ թեթեւամիտ կնոջ մը ա­նունն է՝ Թիթեռ, լոյս տարածող կնոջ մը ա­նունն է՝ Լուսաբեր, գրավաճառին անունն է՝ Գիրգոր (հակառակ որ գիրքը ք-ով կը գրուի, հոս շատ հաւանաբար հնչիւնը նկա­տի առնուած է)։ Գլխաւոր հերոսին մակա­նունը Թնճուկեան է, որովհետեւ ինքն է որ վէպին կորիզային թնճուկը պիտի քակէ։ Իսկ իր անունը՝ որ շատ իմաստալից է՝ մի­այն վերջաւորութեան կ’իմանանք։ Ցաւ ի սիրտ, հոս չեմ կրնար հրապարակել։ Անձ­նապէս բացայայտելու վայելքը չեմ ուզեր զլանալ ձեզմէ անոնց՝ որոնք գիրքը պիտի ընթերցեն։

Իր ճամբորդութեան ընթացքին Թնճուկեանի հանդիպած անձերը, որոնց իւ­րաքանչիւրին գլուխ մը յատկացուած է, բոլորն ալ շղթայով մը կապուած են իրա­րու, որ վէպը ընթերցելով հետզհետէ ի յայտ կու գայ։

Իսկ իր այցելած բոլոր քաղաքներուն հայերէն անուններն ալ հետաքրքրական օրէն ­ կը սկսին այս անպիտան կորսուած տառով։ Եւ ուրեմն՝ այս քաղաքներուն ա­նունները գիրքին մէջ չեն կրնար սկսիլ ի­րենց առաջին տառով, որովհետեւ այդ տառը կորսուած է, այլ՝ կը սկսին տուփիկով մը.

Օրինակ՝ ☐րէզնօ, ☐լորանս, ☐ուքոշի­մա, ☐որդ Լոտըրտէյլ, ☐ապրըվիլ… եւայլն։ Բացայայտումը դժուար չէ. ձեզի կը թողում։

Այս մօտեցումը խելացի ձեւ է ամբողջ գիրքը իր էջերու տեսքով ալ վէպին գլխաւոր նիւթին՝ կորսուած տառին հետ կառու­ցային տեսանելի կապ մը ստեղծելու— կառոյց եւ բովանդակութիւն զիրար ցոլաց­նող հնարք է այս։

 

ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՄՈԹԻՎԸ

Ինչպէս գիրքին կողքին վրայ գրուած է, գիրքը արկածախնդրական պատում մըն է, բայց ոչ՝ սովորական արկածախնդրու­թեան մը։ Այս գիրքին արկածախնդրութեան շարժիչը կախարդական բնոյթ ունի։

Վէպի սկզբնաւորութեան, նախքան իր ճամբորդութիւնը, կայ Երազ անունով կեր­պար մը, որուն անունն իսկ կախարդական աշխարհ մը կը բնորոշէ։ Այս անձը ամէն օր երեկոյեան ժամը 5։13-էն մինչեւ 6։13 Թն­ճուկեանի մօտ է։ Յիշենք՝ որ 13 թիւը ինք­նին կախարդակա՛ն թիւ է։ Իսկ Թնճուկեան Երազէն շատ բան կը սորվի, եւ Ե­րազն է, որ իր ճամբորդութեան կազմակերպողը եւ առաջին օգնողը կը հանդիսանայ։ Երազ իրեն կու տայ կախարդա­կան անցագիր մը, որու շնորհիւ իր ճամ­բորդութիւնը կ’ընթանայ դիւրասահ եւ առանց բարդութիւններու։

Կախարդական բան մը կայ, որ կը շրջի Թնճուկեանին հետ, իր ճանբորդութեան ամբողջ ընթացքին, իր առաքելութեան օգնելու համար։ Բայց մանաւանդ՝ կախարդականը հոս այն է, որ ժամանակն ու տարածութիւնները սովորական բնոյթի չեն, չունին սահմաններ։ Տարիները չեն հաշուուիր մեր գիտցած օրերով, իսկ որե­ւէ տարածութիւն հասանելի է կախարդա­կան անցագրի մը միջոցաւ։

Իսկ իր հանդիպած անձերը կախար­դական թելով մը կապուած են իրարու եւ պատահական ոչինչ կայ. ամէն ինչ կ’ըն­թանայ յստակ ծրագրի մը համաձայն, զոր հեղինակը հնարամտօրէն հիւսած է։ Այս անձերէն Թնճուկեան կը ստանայ կարեւոր նուէրներ, որոնք փոքր բանալիներու դեր կը կատարեն եւ կ’օգնեն իր փնտռտուքը շարունակելու։

ԶՈՒԱՐԹԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԵՐԳԻԾԱՆՔԸ

Գիրքին մէջ յաճախակի են զուարթամիտ հատուածները։ Հիւմորով եւ սրամիտ դար­ձուածքներով գրուած հատուածներէն են հետեւեալները. Տէր Իշխան քահանայ կերպարը կ’ըսէ.

Եգիպտոսէն կուգամ, թաղում մը ու­նէի: Գահիրէի գաղութը թաղեցինք, Աստուած հոգին լուսաւորէ:

Երգիծանքի հետեւեալ տողերը կ’ար­ձակէ հմուտ վաճառական՝ Ուսթէզ Ժիրայ­րը, իբրեւ թէ օգնելու համար Թնճուկեանին, որ կորսուած տառը գտած համարէ.

Սըտեղ նայէ՛ շուրջդ, հարիւրաւոր տառեր: Մէկ հատ մը ա՛ռ, փակցո՛ւր, բան մը ըրէ՛: … Ա՛ռ սա գիրը, արա­բերէն ☐ գիրն է: Մէկը չի գիտնար: Մէկը չի գանգատիր: Միտքդ հան­գիստ գործածէ՛, ձրի է: Ինձմէ նուէր քեզի:

Իսկ հետեւեալ տողերը կ’արտասանէ վարդի անոյշ պատրաստող տիկին Վար­դանոյշը.

Հապա Ռոմէոն եւ Ժիւլիէ՞թը: Անկարելի զոյգ մը: Շէխ ըՍպիրին ական­ջին փսփսացողը ե՛ս էի, որ իրենց ճամբան իրար միացնէ (այն ատեն Շէխ ըՍպիրը աչքը վրաս դրած էր – բայց այդ ուրիշ պատմութիւն է, ուրիշ օր կը պատմեմ):

Երգիծանքով լեցուն «Թիթեռ» խորագրուած գլխուն մէջ կը հանդիպինք այս տո­ղերուն՝ արտասանուած Թիթեռ կերպարին կողմէ.

…այսօր պիտի ճամբորդեմ եւ մի քանի քիլօ պատմուածք պիտի ուզէի հետս տանիլ որ ճամբու ընթացքին կարդամ…։

Եւ Թիթեռ իր գնումներու ցանկը կու տայ.

Երկու քիլօ պատմուածք, թեթեւ տեսակէն թող ըլլայ: Այսօրուան թեր­թին քիլոն քանի՞ է: Քիլօ մըն ալ գունաւոր թերթ, բայց չմոռնաս, կծու տեսակը լաւ չեմ կրնար մարսել:

Ահաւասիկ, երգիծանքով շաղախուած ահարկու զարկ այն մարդոց հասցէին՝ ո­րոնք գիրքեր կը գնեն պարզապէս իրենց գրադարանները զարդարելու կամ մի մի­այն պարզունակ, առանց խորունկ իմաստի կարճ գրութիւններ որպէս ժամանց կարդալու համար։

ՎԷՊԻՆ ԽՈՐՔԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս սկիզբը ըսի՝ Շողեր Մարգարեանի վէպը թէ՛ գեղարուեստական իմաստով եւ թէ՛ խորքային իմաստով՝ կարեւոր գործ մըն է։ Ան կը խօսի մեզի մէկէ աւելի մա­կարդակներու վրայ.

Ամէն բանէ առաջ՝ վէպը իսկապէս հաճելի ընթերցում մըն է ոեւէ տարիքի ընթեր­ցողի համար։ Տակաւին առանց իսկ շատ խորը թափանցելու՝ զուարթ պատում մըն է, հետաքրքրական կերպարներով, ծիծա­ղաշարժ տրամախօսութեամբ եւ արկա­ծախնդիր հերոսով մը։

Իսկ քիչ մը խորանալով՝ կորսուած տառի խորհրդանիշին ընդմէջէն, վէպը կը խօսի ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ հայե­րէնի դանդաղ կորուստին մասին, զոր կա­րելի է վերագտնել՝ վերադառնալով մեր ակունքներուն։

Բայց մինչեւ այդ վերադարձը՝ վերեւ նշուած Վարդանոյշ կերպարը շատ դի­պուկ կերպով կ’ընէ հետեւեալ յայտնութիւ­նը.

Էհ, հարիւր տարին մէյ մը գիրերու գիւտ փնտռող մոլորուած մը կը յայտնուի մեր քով: Այդպէս չէ՞ Վար­դիվար: Ամէն մարդ մէջը տարբեր գաղտնիք մը կ’որոնէ:

Այս իմաստալից տողերը կը յայտնեն՝ որ հարիւր տարին մէյ մը հայը իր ինքնու­թիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։

Գիրքին արժէքը կը կայանայ նաեւ ա­նոր մէջ, որ ան արեւմտահայ լեզուի եւ մշակոյթի տարածման կ’օգնէ պատանիի մը արկածախանդրական պատումին ընդ­մէջէն, գրուած՝ դիւրամատչելի լեզուով, բանաստեղծութիւններու եւ երգերու մէջբերումներով՝ պատանիները հայ բանաս­տեղծութեան հաղորդակից դարձնելով, եւ նոր բառերու ու հայկական դարձուածքնե­րու ծանօթացումով։ Օրինակ՝ «կօշիկէն

վեր ելլել», «մէկու մը ձեռք մը տալ», « ցաւդ տանիմ»… եւ այլն։

Բացի այս, Շողեր Մարգարեան ազ­գայինի շեշտով տեսակ մը հեքիաթային համ տուած է գործին, ուր անհաւանակա­նը, ֆիզիքապէս գոյութիւն չունեցողը՝ երե­ւակայութեամբ կեանք կ’առնէ եւ շատ բնականօրէն կը հրամցուի։ Օրինակ՝ գրա­վաճառ Գիրգոր կ’ըսէ.

Այո տղաս, հարիւր հազարաւոր, մի­լիոնաւոր գիրքեր ունիմ: Հոս անգիր գիրքերու գրատուն է, բերանացի պատմուածքներու եւ անգիր օրէնք­ներու հաւաքածոներ։ […] հսկայա­կան հաւաքածոյ մը: Ամենէն շատ գործածուածները՝ բարեւելու եղա­նակներ, շնորհակալութիւն յայտնելու պարտաւորութիւնը, անոյշ կերպով մերժելու ձեւեր, աղ ու հացով հիւր ընդունելու արուեստ, մաղ­թանքներով ճամբու դնելու սովորութիւն, անոյշի կապելու գաղտնիք…:

Խորհրդանշական պատկեր մը կը ներկայացուի գիրքի գրեթէ վերջաւորութեան, կապուած հերոսի մօր եւ մեծ մօր հետ։ Մինչեւ հոս, պատումի ամբողջ տեւո­ղութեան ընթացքին, այս կերպարներուն գոյութեան մասին շարունակ ակնարկու­թիւններ եղած էին միայն, իսկ իրենք չկային։ Բայց վերջաւորութեան՝ ճիշդ կոր­սուած տառը գտնելէ առաջ՝ երեք սերունդ իրարու կը միանայ նոյն անձին մօտ, որ կ’առաջնորդէ զիրենք դէպի կորսուած տառին գտնուած վայրը։ Իսկ այդ վայրը երբեք իրենց օտար չէ. այլ միասնաբար վերադարձ մըն է դէպի իրենց ակունքնե­րը։ Կարծես սերունդներու միացումը ան­հրաժեշտ էր գտնելու համար այդ ակունքները։

Իսկ գիրքի վերջաւորութեան, խորհրդանիշերու գեղեցիկ գործածութեամբ հե­տեւեալ տողերը կը կարդանք.

Պայուսակէս հանեցի արծաթէ խաչ­քարի տուփիկը, [որ նուէր ստացած էր Խաչքար Խաչիկէն], եւ պարոն Ա­տոմին տուած թուղթը [որուն վրայ հիմա այբուբենի բոլոր տառերը լռիւ շարուած էին] խնամքով պահեցի մէ­ջը: Խաչքարը զինքը կը պահպանէ, անկարելի է որ փախչի։ Կօշկակար Ղազարին տուած մուրճով ալ տու­փին հատ մը հարուածեցի: Սիրտս հանգչեցաւ:

Յստակ է. խաչքարը՝ իր կրօնական, ազգային, մշակութային, գեղարուեստա­կան եւ դարերու դիմացկունութեամբ կր­նայ դարերով պաշտպանել հայ ինքնութեան կարեւոր մէկ մասնիկը, այբուբենը։

Վէպի վերջաւորութեան, հեղինակը շատ յաջող վերադարձ մը կը կատարէ սկիզբը ըսուած խօսքի մը, ձեւով մը շրջա­նակը ամբողջացնելով։ Առաջին գլխուն մէջ կարդացած էինք, որ պարոն Ատոմ, որպէս բերանացի ներկայացում՝ Թնճուկեանին թելադրած էր որ դասարանին խօ­սէր «մարդկութեան համար յարգի գանձի մը մասին», բայց Թնճուկեան շուարած էր թէ ի՞նչ նիւթ կրնար ընտրել։ Իսկ վէպի վերջին գլխուն մէջ, երբ ինք կորսուած տա­ռը գտած վերադարձած է դասարան, պա­րոն Ատոմ կը կրկնէ իր թելադրանքը. «Հրամմէ՛, քու կարգդ է, այսօր առաջին խօսողը դո՛ւն եղիր: Ներկայացո՛ւր մարդկութեան համար յարգի գանձի մը մա­սին»։ Եւ Թնճուկեան, գիտակցելով որ գտած էր մարդկութեան համար յարգի գանձը, հպարտութեամբ կը խօսի՝ Գիրե­րու Գիւտին մասին։

1 Այս գրախօսականը ներկայացուած է Պոլսահայ ՄԷԿ Մշակութային յանձնախումբի կազմակերպած Կորսուած տառը գիրքի շնորհահանդէսին, 20 մարտ 2024ին, Մոնթրէալ, Գանատա։