ԺԱՄԱՆԱԿԸ ՈՐ ԿԸ ՄՆԱՅ
(Թուղթ առ Հռովմայեցիսի պարզաբանում մը)
Հեղինակ՝ Ջորջօ Ագամբէն

Թարգմանութիւն եւ վերջաբան՝ Մարկ Նշանեանի
ԿԱՄ փիլիսոփայական գրադարան
Հրատարակութիւն Հայ գրքի կենտրոնի,
Երեւան, 2025, 224 էջ

Ջորջօ Ագամբէնի Ժամանակը որ կը մնայ գիրքին իտալերէն բնագիրը լոյս տեսած է 2000ին։ Դասախօսութիւններու շարք մըն էր, որ կարդացուած ու խօսուած է 1998-1999 տարիներուն․ նախ Ֆրանսա, յետոյ Իտալիա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Երբ գիրքը լոյս տեսաւ, յայտնի էր բոլորին որ բնական շարունակութիւնը կը հանդիսանար Homo Sacer եւ անկէ անմիջապէս ետքը լոյս տեսած՝ Մնացորդք Աւշուիցի հատորներուն մէջ ներկայացուած մտածողական ընդածիրին։ “Մեսիական ժամանակ”ը արդէն իսկ ներկայ էր Մնացորդք Աւշուիցի գիրքին մէջ, նոյն ինքն “Մնացորդ”ի գաղափարով։ Մնացորդը ժամանակին մէջ “որպէս թէ ըլլար մեռեալ”ի մարմնացումն է, հոն ուր նշխարեալ լեզուն խօսողը “յարաբերութեան մէջ է eschaton-ին հետ”, վախճանը կը բերէ ներկային մէջ, մարմին կու տայ անոր։ Այդտեղ է, որ կը միջամտէ “մնացորդ”ը որպէս “աստուածա-բանական-մեսիական յղացք”, եւ արդէն իսկ կը յիշուի Պաւղոսի Թուղթ առ Հռովմայցիսը, այդտեղ է որ կը կատարուի “մեսիական”ին եւ “վկայութեան” միջեւ կապակցութիւնը։ Մէկ պարբերութիւն է միայն (4.12), ընդամէնը քսան տող։ Այս քսան տողերն են, որոնք ըստ երեւոյթին պէտք ունէին զարգացուելու, գիրք դառնալու։