ՊԱՐԸ
Գրիգոր Պըլտեան

Սարգիս Խաչենց, Փրինթինֆո Երեւան, 2025, 490 էջ

Այս հատորը 11րդը կը հանդիսանայ Գրիգոր Պըլտեանի «Գիշերադարձ» շարքին, որուն առաջին հատորը՝ Սեմեր, լոյս տեսած էր 1997ին։ Շարքի երկայնքին հետեւած էինք «Բլուր»ի թաղամասի բնակիչներու կենցաղին, որոնք ամէն մէկը հին երկրէն հետը քաշկռտած էր վերապրողի գոյութիւն մը ու հասնող սերունդներով նոր երկրին մէջ ծնունդ տուած խայտաբղէտ իրականութիւններով լի առօրեայի մը։ Պատմասանը հատորէ հատոր պիտի մեծնար ու հասուննար, ապա լքեր ծննդեան թաղամասը երթալ ուսանելու համար նախ քանի մը քայլ անդին՝ քաղաքի դպրոցը, ապա ծովէն անդին նոր կեանք մը ու գուցէ ժամանակ մը յայտնաբերելու համար։ Շարքը սակայն միշտ պիտի վերադառնայ ծննդավայր ու անկէ բխած դրուագներուն։ Քրոնիկոնին այս փուլին մէջ պատմասանը կը բեմադրէ հինադրէքի աւանդական տեսարանը, կը պեղէ անհետացման ժամանակը, հոն ուր պարին շուրջ կը յայտնուին ծնունդ ու խայտանք։