Զարեհ Որբունիի Հալածուածները վիպաշարքին առաջին հինգ գիրքերը երկու խոշոր հատորներով լոյս տեսած էին 2020ին ու 2022ին, առաջինը՝ Փորձը, Թեկնածուն, եւ Ասֆալթը խորագիրներով վէպերը խմբող իսկ երկորդը՝ Սովորական օր մը ու Տիգրանը։ Ասոնցմէ առաջին չորսը նախապէս լոյս տեսած էին հեղինակի կենդանութեան, սակայն հատորները երկար ատեն է արդէն կը մնային անգտանելի։ Իսկ 5րդէն սկսեալ անոնք առանձին հատորով լոյս տեսած չէին բացի Եւ եղեւ մարդէն, որ իբր անջատ վէպ 1964ին լոյս տեսնելէն ետք է որ Որբունի զայն որպէս 6րդ օղակ մտցուցած է վիպաշարքին մէջ։
Ներկայ հատորը կը խմբէ Հալածուածներըի վերջին չորս գիրքերը՝ Եւ եղեւ մարդ, Զի քո է կարողութիւն, Մոնիք կամ Ասֆալթ երկու եւ Ջրհեղեղէն առաջ, որմէ գրուած ունինք միմիայն երկու հատուած։ Հատորը կ՚ամբողջանայ Ազատութիւն բանտարկեալ, Մարդուն մորթը, Ֆրանսուազը, Մահազդը, Կենսագրական շաղակրատութիւն Գուրգէն Մահարիի հետ եւ Հալածուածները՝ հատուած համանուն վէպէն արձակ գրութիւններով։
Այսպիսով առաջին անգամ ըլլալով ընթերցողը իր տրամադրութեան տակ ունի Որբունիի «կեանքի գործը» նկատուող ու մեր գրականութեան մէջ որպէս վիպաշարք յղացուած ու նմանը չունեցող այս բացառիկ յղացումը իբրեւ ամբողջութիւն, որ կը հրամցուի խմբագրական մանրամասն ու անհրաժեշտ աշխատանքներով լրացուած։ Հատորը հրատարակութեան պատրաստած ու խմբագրած են Գրիգոր Պըլտեան եւ Սիրանոյշ Դւոյեան։





