Պատումներու այս շարքով, Անահիտ Սարգիսեան կը պատմէ այն աշխարհին մասին, ուր «իմս քուկդ չկա՛ր»։ Ընթերցողին առջեւ կը կախուի անհետացող աշխարհին սովորական առօրեայէն փրթած, գողտրիկ պատկերներ։ Հատորին թելերը կը հանգուցեն ներկան՝ անցեալին, ընթերցողը՝ հեղինակին, ցաւը՝ սիրոյ, եւ «իմս քուկդ» կը դառնայ՝ մե՛րը





