ԸՆԴԱՌԱՋՈՒՄ
Գրիգոր Պըլտեան
Խմբագիր՝
Քրիստիան Բատիկեան
Կողքի ձեւաւորում՝
Վահագն Քէշիշեան
Արաս, Պոլիս, 2025, 368 էջ

Ընդառաջումը Գրիգոր Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։

Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։