Հատորը հրատարակուած է «Գրիգոր Պըլտեանի բարեկամներու շրջանակ»ին նախաձեռնութեամբ, որ կը պարփակէ արձակ ու բանաստեղծական արձակ երկեր գրողէն։ «Ասատուր կամ ջնջումի տարածքը» 1993ին գրուած կարճ փորձագրութիւն մըն է, որ կը մեկնի Ասատուրի Պէյրութի մէջ տուած առաջին ցուցահանդէսէն, որոնք կ’ընդգրկէին նկարիչին առաջին գործերը՝ մեծ մասամբ գունաւոր իւղանկարներ, մինչեւ անոր անցքը ու տիրապետումը փորագրանկարի արուեստի սեւ ու ճերմակին։





