ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«ՔԱՂԱՔՆԵՐ» ՇԱՐՔԷՆ

 

ԱԹԷՆՔ

Լիբանանի աւելի քան տասնամեայ

մղձաւանջէն ետք՝ փրկութիւն էիր:

Մոռցած էի ինչպէս ըմբոշխնել

գիշերները լուսաւոր,

քանի անդին, տարիներ,

ամբողջ Պէյրութը խաւարի մէջ կը տուայտէր,

լուսաւորումը՝

արձակուող-ինկող

հազար ռումբերու

հրդեհներն էին,

իսկ երաժտութիւնը՝

աղէտաբեր սուլոցն էր հրազէններու

եւ տարափը փամփուշտներու:

Մահը միմիայն հանգիստ կը պարէր

ալիքներուն հետ Միջերկրականի:

Խճողումը Աթէնքի զիս չէր խանգարեր,

աւելի վատ, անցարգելներու շղթաներուն մէջ,

վտանգաւոր ու խեղդող անցումներու վարժուած էի,

երբ քաղաքիս մէկ շրջանէն

միւսը պէտք էր հասնէի:

Նոյնիսկ տաք ու ապականած մթնոլորտը

Սոկրատէսի, Պղատոնի Աթէնքին մէջ,

այդ օրերուն ազդակ մըն էր ընդունելի:

Տեղ մը, վերը, միջնադարեան վանքի մը շուրջ,

թեթեւ շունչ կար, կանաչութիւն:

Սինտաղման չէ որ զիս տպաւորեց,

ոչ ալ Աքրոփոլիսի աւերակներուն դիմաց

կ’ուզէի խոկալ

անցեալ փառքերու կորուստին մասին,

նախկին սերունդներու բանաստեղծները

սպառիչ կերպով,

գրած էին այդ մասին:

Անցած էր արդէն այն պատմական ժամանակը,

երբ Տելֆիի տաճարէն

թունաւոր կազերու արտածումին

ազդեցութեամ տակ՝

գուշակութիւններ կը կատարուէին.

պարզապէս ոչինչ հարկ կար հարցնել

ապրած քաղաքիս գալիքին մասին,

Փիւնիկէի մոխիրներէն վերականգնելու

հրաշքը շատոնց վերածուած էր

անհեթեթ եւ անիմաստ առասպելի:

Ծանօթներու խումբի մը հետ

գացինք Մարաթոն.

ճիշտ է, վազելով չէինք նուաճած այդ երկար ճամբան,

իսկ մեր կառքը իր ուղեծիրը իրագործած էր

պատմական դէպքին՝

ճիշտ հակառակ ուղղութեամբ,

սակայն ծովը կազդուրող էր:

Ձիթենիներու պարտէզին կողքին՝

հրաշք էր կարծես

հանգիստ նստիլ, զրուցել եւ հաց կիսել՝

առանց ռումբերու անդոհանքին:

Մտերիմներս կը մնան այնտեղ,

հեռախօսով, երկու Յարութիւն

իրարու հետ կը զրուցենք երբեմն,

կարծես դեռ երէկ Պէյրութ ըլլայինք,

իրենց բարձրայարկ տան

ընդարձակ բակը նստած,

իսկ Մարօն, մտքիս մէջ, հանդարտ կը ժպտի:

Աթէնք, կը մնաս,

վայրը ուր տակաւ

կեանքը բնական,

բանականութեան աշխարհը մոռցուած,

լուռ վերադարձաւ:

 

ՓԱՐԻԶ

Քաղաք, հեքիաթդ ներկայ էր մտքիս

հազար ծալքերուն,

երբ եկայ քեզի:

Շուշանեանը շատոնց չկար,

ոչ ալ նոր անջրպետ նուաճած

Սարաֆեանը հրաշալի:

Սակայն ինչպէ՞ս չկային,

մեզի համար միշտ

անուանդ եւ փողոցներուդ

մէկ մասնիկն էին:

Գրիգորը ժառանգորդն ու պահապանն էր

այդ աշխարհին,

եւ ինչքան բան աւելցուցած էր

անոնց վրայ՝ ի՛ր ստեղծածով,

ընթերցումներու, մեկնաբանութեանց

տարբեր շերտերով:

Ան է որ մեզ առաջնորդեց եկեղեցին,

ուրկէ ամեն օր

ղօղանջները զանգերու

կը հասնէին Պետրոսի

Նենէթ երազող նկարչատունը,

եւ ցոյց տուաւ այն թաղը,

ուրկէ կ’իջնէր Որբունին,

տղոց հարցնելով՝ ի՞նչ պիտի խմենք:

Նաեւ տեսանք այն սրահը,

ուր Ասատուրը առաջին անգամ

իր գործերը ցուցադրած էր:

Ո՛չ, վարձու սենեակ,

նոյնիսկ ներկայիս, դժուար էր գտնել,

նահանջը երգով կամ առանց երգի,

դեռ կը շարունակուի,

հալող ասֆալթին մէջ

կուլ տալով շատ բան:

Եւ կորսուած

արձագանգներ կը հասնին

Վէնսէնի եւ այլ անտառներէ:

Անդրանիկը, ձիուն վրայ,

այլայլած ու զայրացած կը դիտէ

ինչ որ կը պատահի

հողին վրայ հայրենի:

Քաղաքը, ամեն այցելուի պէս,

չտեսաբար ըմբոշխնեցինք

Էյֆէլի եւ Սաքրը Քէորի բարձունքներէն:

Փողոցներուն ոչ Փիքասօն կար,

ո՛չ Տալին, ոչ Պրըթոնը.

իրենց ստեղծած՝

տպաւորապաշտ,

գերիրապաշտ կամ իւրայատուկ

աշխարհները կը մնային

թանգարաններուն:

Մայթ սրճարանները Շան Տ’Էլիզէի

արաբ շեյխերով կամ քաղքենի

յաճախորդներով

կը հեւային ծանրաբեռն –

բնականաբար, մեզ շահագրգռող

վայրերը չէին,

սակայն Մարալը,

երբ քմծիծաղով ինծի հարցուց, թէ

ցուցադրուած պայուսակներէն

արդեօք մէկը իրեն համար կը գնե՞մ,

ատոր փոխարէն

զինք լուսանկարեցի Լուի Վիթոնի

ցուցաբեղկին դիմաց կանգնած:

Քաղաքը գողտրիկ

իր աշխարհը մեր դիմաց բացաւ

շատ անակնկալ,

երբ Նոթրը Տամի տաճարէն դուրս,

Սէնի միւս ափը անցած, յոգնաբեկ

լուռ կը շրջէինք –

կաթողիկէ մըն էր,

ուր աւանդական

պատկերազարդ պատուհաններու

պատումին կողքին, խորանի ետին,

արդիական ապակիներու

թեթեւ ու շնչող

տարբեր աշխարհ մը ստեղծուած էր,

իսկ մէկ անկիւնը, մատուռի մը մէջ,

Ռուոյի քանի մը գործերուն դիմաց,

իւրայատուկ յղացումով պատարագի սեղանը

եւ խաչուած Քրիստոսը կը հանգչէին,

աւելի անկեղծ, աւելի թեթեւ ու անմիջական

կապ ստեղծելով արարիչին հետ՝

յոյս ներշնչելով մարդու փրկութեան:

 

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱ

Արեւ մը ջերմ, որ չ’այրեր:

Չկան Ֆրանքոյի սուր հալածանքի

եւ զայն նախորդող

տարիները պատերազմի

(այդ բոլորը ծանօթ են ինծի

եւ այդ ալ՝ ինչպէ՜ս,

նման օրեր դառնահամ

խմած եմ ցմրուր

մէկ այլ վայրի մէջ),

ուրեմն, տեղ մը, յոյս կայ կարծես,

որ նման դաժան պատմութեան պահեր,

ուր կաշկանդուած ենք

անկախ մեր կամքէն,

կրնան աւարտիլ,

սակայն ասիկա չի նշանակեր

որ երբ տեղացիք ուզեն անջատուիլ

մայր ցամաքամասէն՝

պիտի արտօնուի:

Նման այսպիսի պարագաներուն, դժուար է գիտնալ,

թէ ներկայիս, Հեմինկուէյի կամ Օրուէլի պէս գրողներ

հոս պիտի գա՞ն, եթէ ճնշումներ վաղը կրկնուին …

Կուերնիքան, այսօր,

Սպանիոյ մէջ հանգիստ կը դիտուի:

Սեւ Աստուածածինը բարձունքէն կ’իշխէ

քաղաքին վրայ,

իսկ Լա Սեկրատա Ֆամիլիան

պատանդ է զբօսաշրջիկներուն,

սակայն կառուցման մէջ է մշտական:

Փիքասօն, Միրօն իրենց անձնական

թանգարանները ունին

եւ կը բերեն իրե՛նց Սպանիան:

Դուն բոլորին պէս

ուշադիր ես

մայր ճամբաներու եւ հրապարակներու

գրպանահատներուն

եւ կը փորձես խուսափիլ

հրապարակի ճերմակ դէմքերով մնջկատակներէն,

որոնք կ’առաջարկեն իրենց կողքին լուսանկարուիլ,

ապա դրամ կը պահանջեն,

եթէ մերժես՝ կը զայրանան, լեզու կ’ելլեն:

Այս բոլորը Պարսելոնան չի շահագրգռեր,

քեզ կը գրկէ եւ ուրախութեամբ

կը մատուցանէ

ինչ որ ունի՝

իր հին ու նեղ փողոցներէն

մինչեւ Կաուտիի կառոյցները հիասքանչ:

Քաղաքը քեզ կ’իւրացնէ.

կը հալիս իր մէջ,

եւ քանի մը օր իր մէկ մասնիկը

կը դառնաս կարծես: