Ֆելիետոններ ընդհանուր խորագիրին տակ լոյս տեսած այս Ա. հատորը կը խմբէ Լեռ Կամսարի արեւմտահայերէնով գրած երգիծական թերթօնները:Կենդանիներու համագումարը խորագրով հատորը գրուած է 1911-1923 տարիներուն: Կամսարի երգիծանքի սուր զգացողութիւնը երգիծական թերթօնի ձեւին մէջ կը կ՚արտացոլեն իր ապրած ու ստեղծագործած տարիներու զանազան ընկերային ու հասարակական զանազան բարքերն ու գայթակղութիւնները եւ առ այդ կը զգենուն նաեւ պատմագիտական արժէք։ Հատորը կազմած է երգիծաբանի թոռնուհին՝ Վանուհի Թովմասեան, ծանօթագրած են Արմէն Քեշիշեանն ու Գէորգ Եազըճեան, որ նաեւ հատորի խմբագիրն է։ Հատորը լոյս տեսած են դասական ուղղագրութեամբ։





