Սոյն դասախօսութիւնը խօսուեցաւ այս տարի երկու անգամ, տարբեր պայմաններու մէջ։ Խօսուեցաւ նախ Լոս Անճելըս, 2016-ի Օգոստոսին, «Ապրիլ» գրատան կողմէ կազմակերպուած Art in Diaspora ձեռնարկին առիթով, ուր առաջին անգամ ըլլալով առանձին հրապարակային ցուցադրումի կ՚արժանանային Հրայր Անմահունիի գործերը, կը ցուցադրուէին Վահէ Օշականին նուիրուած իր պատրաստած... Կարդալ աւելին
Հրայր Անմահունի Էօլմէսէքեան Սփիւռքի արուեստագէտն է, եթէ այդ բազմիցս չարչարուած եզրը պարպենք իր սովորական երկակի հասկացողութիւններէն կապուած ներսի/դուրսի, կեդրոնի/ծայրամասի, վաւերականի/անվաւերի, մնայունի/գնայունի, եւայլն։ Հարիւր տարի է վերապրող գոյութիւն մը... Կարդալ աւելին