Ընդամէնը հայելի մըն եմ
ջարդուած հայելին զիս կրող պատկերներուն
քաղաքներու պատերուն փակցուցեր եմ
զիս կրող պատկերներուն անունները բաղաձայն
բազմաձայնումը
Ոսկորներուս խշրտուքը ծանրանալով
անլուծօրէն կը լծուի հողիս ամլութեան
Ամլութիւնը տարածուեր է լեզուիս եւ գանկիս մէջ
ոսկորներուս վրայէն պէտք է անցնէի Կարդալ աւելին
Նախ եւ առաջ յօդուածի ընթացքէն անկախ սա հաստատումը, որպէսզի ան չկորսուի պարբերութիւններու յորձանքին մէջ ու կասկած չմնայ անոր կեդրոնական կարեւորութեան. Սփիւռքի վերջին յիսնամեակի լաւագոյն մտածողները պէտք է փնտռել ոչ թէ քաղաքագէտներու, հրապարակագիրներու եւ... Կարդալ աւելին