Նախ զգաց շամփուի՝ անիսոն յիշեցնող միջինարեւելեան բոյր մը, եւ ապա անդրադարձաւ, աչքերը բանալով, որ պատուհանէն թափանցող լոյսը կը տարբերէր անձնակազմի գործածած պանդոկին սենեակի լոյսէն։ Առաւօտեան արեւը կը կաթկթէր բարակ գիծով առաստաղէն դէպի գետին, ուր վարագոյրները, հակառակ իրենց փարթամութեան, չէին հասներ ծածկելու կարպետը։ Կարդալ աւելին
Կեանքիդ ո՞ր հանգրուանին անդրադարձար վերջնականապէս որ գրող կ՚ուզես ըլլալ։
Փոքր տարիքէս գիտէի որ գրող կ՚ուզեմ ըլլալ։ Միաժամանակ, մեծ փափաք ունէի պէյսպոլի (Major League) գնդակ արձակող ալ ըլլալ։ Թոմ Սիվըրը կուռքս էր։ Սակայն, կանուխէն բաւական յստակ էր ինծի, որ այդ մէկը պիտի չիրականանար։ Կարդալ աւելին