Ո՞ւր է երկրորդ ծաղիկը մեր տառապանքին
բերկրանքն այն հոտեւան,
որ պիտի գար վայելչակերպ յայտնութեամբ
իբրեւ կերպարն ու ոգին՝ 
երբեմնի մեր ցնորքներուն բնապաշտ.
եւ գոյակցէր խայտաբորբ մեր երգերուն՝ 
նորաբողբոջ իր շունչով,
ցօղաթուրմ իր արցունքով

Ես կը տեսնեմ զայն կարծես,
վառ տարփանքիս շափրակներով խանձարոյր՝ 
անրջագե՜ղ իր տեսքով,
որ վերահաս աղուալոյսին հետ կեանքիս
կը հետեւի հոլովոյթին խոհերուս՝
խորհուրդի պէս տեսլայայտ
եւ կը նայի աչքերուս՝
դեռ չերգուած մորմոքներուս լռութեամբ…

Մերթ կը կառչի ան կարծես
հին յուշերուս խորշակահար ոստերուն՝
անգիտակից յոյզերով.
տագնապելով ինծի հետ՝
իբրեւ աղօթք,
իբրեւ աղերս
եւ հեծութիւն գիշերային.
եւ իր հեծքին մէջ անզօր
ես կը լսեմ բաբախումներն գարնանային՝ 
հին հրճուանքիս ողջակիզուած ձայներուն

Զայն կը տեսնեմ տեսլադաշտին մէջ մտքիս
յարափոփոխ վիճակներով մարմնացած՛ 
իբրեւ կերպարն էութեանդ 
եւ շառաւիղն անցեալիդ

Կը վերապրիմ պահ մը իրմով
կրկներեւոյթը ճշմարիտ
եւ յանկերգը հարազատ՝ 
անրջանքին մեր մահացեալ 
եւ ձգտումին թեւաբեկ.
Հաւատքին
որ ողջունեց՝ ո՛չ մէկ ժպիտ ծլարձակ՝ 
խորհրդածուփ ածուներուն բերկրանքի– 
Յոյսին,
որ մնաց միշտ կալանաւորն անիծապարտ՝ 
ստուերախոհ պահերու.
եւ Տարփանքին,
որ աստղային ոլորտներու մէջ յածող՝ 
դարձաւ սիրոյ անօթեւան ուղեւոր

Ո՞ւր է մեր տառապանքի երկրորդ ծաղիկն
որ պիտի գար.
եւ լիաշունչ իր երգով՝ 
կենսաշնորհ նոր երանգ մը ընձեռէր՝
մեր օրերու երանգազուրկ խնդութեան
բեւեռելով մեր հոգին
մրգահասի խոկումներով օղակուած՝
հաճոյական նոյն երկունքին պտղաբեր…

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
ՆԱԽԱԴՐՈՅԹ