Ես կ՚ուզէի,
որ դարերու անանցարգել ուղիով՝
վերապրէինք
նախաբնոյթ դրութեան մէջ ժամանակի,
ուր ամէն կեանք ոգեձուլուէր մեզի հետ՝
իր գոյութեան սկզբնական տարերքին
եւ էութեան նախաստեղծ։
Ես կ՚ուզէի,
որ դառնայիր դուն կրկին
աննիւթական թովչանքներուն մեր անցեալ,
ուր դեռ սէրը
խորհրդանիշն է անեղ
ոսկեծաղիկ անրջանքի
եւ քնարակիրը տարփոտ
ոգետեսիլ էակներու
նախածնունդ հովուերգութեան։
Ես կ՚ուզէի,
որ մնայիր դուն կրկին,
անեղակոյս զեղեցկութեամբ պատմուճանուած՝
շուշանակերպ նոյն տեսքով,
նոյն հմայքով ոսկեզօծ–
եւ մնայինք անհաղորդ
ճակատագրի ամպրոպներէն տրորուած՝
ծիծառներու մահածիծաղ համերգին
ու մոխրակէզ երազներու
անաշխարհիկ կանչերուն
թող ո՛չ մէկ յուշ ա՛լ հալածէր մեզ երբեք՝
այրիացած խղճմտանքի արտասուքով.
եւ թող բերէր ո՛չ մէկ երգ
հիւծախտաւոր տենչանքներու
հեկեկանքը աղեխարշ…
Եթէ կ՚ուզես վերածնիլ
հոգեվայրին մէջ հաւատքիս՝
իբրեւ սիրոյ հովտաշուշան,
վերընծայէ՜
անցելագեղ ցնորքներուդ վիպական՝
լոկ բաղձանք մը անբասիր,
մեր հովուական երազն անդարձ
իր նախնակերպ վիպայնութեամբ նորաստեղծող՝
իբրեւ սիրոյ արարչագործ նախանիւթ…
Խոհակերպէ կեանքը քու շուրջ՝
ողջ դրութեամբն իր ոգեղէն,
նախամարդու գիտակցութեան նո՛ր բացուած՝
երկիրն ինչպէս,
իր մենութեամբը կուսագեղ, անդորրութեամբն հոտեւան,
ուր դուն կրնաս ենթարկուի՛լ վերստին
դէպի անցեալ քեզ փոխարկող՝
հոգեփոխման հանդիսութեան մը անծէս.
ուր կը դադրիս թափառելէ
յուզաշխարհին մէջ անծանօթ հոգիներու՝
նախանձաբորբ սէրերու
ծածկախորհուրդ ծիծաղով…
Եւ որոնէ կեանքի յղացքն էական
ստուերալոյս խոհերուն մէջ
մայրամտող պահերու.
եւ որոնէ անցելադարձ ուղին կեանքիդ՝
անկումին մէջ տերեւաթափ ժպիտներու
եւ կարապի յուզումնալար մահերգին,
որդեգրելով իրավիճակն սկզբնական՝
երազներու սահմանազանց գոյակերպին,
որ իր թովիչ վիպայնութեամբ
նախայուշն է՝
քու ինքնութեան զգացական հոլովոյթին…
Եւ հո՛ն միայն,
ոգեկառոյց դրութեան մէջ ժամանակի,
պիտի գտնէ ամէն երազ՝
բնակերպարն իր նախկին.
ձերբազատի բառը կրկին՝
այլասերած ուղեգիծէն մտածումի.
եւ մեղսապարտ զգայնութիւնը սիրոյ
վերափոխուի հին հաւատքի
լիախորհուրդ սրբութեան…
Եւ հո՛ն միայն,
պիտի անցնիս հոգեվայրէ հոգեվայր,
ներզգալով ակնածանքը
ներաշխարհիդ ակունքներէն վերյառնող՝
առնչութեան մը լուսակերպ.
եւ որդեգրես նուիրախոհ բաղձանքներու
խոհակէ՛տն այն հասարակաց,
ուր ալ դադրիս փոխարկելէ
նոր մորմոքը մեղանչական՝
զգայափոխ մորմոքներուդ հանգիտութեան,
եդեմայուշ, հին փորձութհամբ վարքագծուած՝
մեղսահանգոյց սխրանքներու
երախայրիք փորձարկութեամբ…
Եւ- հո՛ն միայն,
սէրն ու վիշտը,
եւ հաւատքն ու փորձութիւնը
պիտի կազմեն նախանիւթը արարչական
եւ էատարրը ծնուցիչ
տեսլաշաւիղ երկիւղանքով երկնուած՝
քու էութեան յարածնունդ առասպելին…