Գրքոյկը հայերէն թարգմանութիւնն է Ջորջո Ագամբենի Che cos’è il contemporano? դասախօսութեան, արտասանուած Վենետիկի ճարտարապետական համալսարանի 2005-2006 թուականներու տեսական փիլիսոփայութեան դասընթացքի բացման։
Այս դասախօսութեան ընթացքին Ագամբեն կը քննէ մարդու յարաբերութիւնը իր ժամանակին հետ։ Ինչպէ՞ս ըլլալ ժամանակակից, պահելով որոշ հեռաւորութիւն մը ներկայի պայմաններէն։
Թարգմանիչը Մովսէս Տէր Գէորգեանն է։