Գրիգոր Պըլտեան
Էլիզապէթին եւ Զարեհ որբունիին հետ, Փարիզ, 1971-1972

Լուսանկարին հրաշքը անգամ մը եւս, որ կարելի կը վերադարձնէ բոլորովին մոռցուած պահ մը, կարծես ուրիշ մէկը քեզ յիշէր աւելի ճշգրիտ կերպով բան դուն, եւ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ էիր, չէիր տեսած անգամ Էլիզապէթին splendeur-ը, Որբունիին ակներեւ ցանկութիւնը քննելու նկարողը, ապա տրուելու գործիքին։ Առաջին անգամ իր Վեցերորդ թաղամասի աշտարակային եօթներորդ յարկի տան մէջ եղեր էինք Յարութիւն Քիւրքճեանն ու ես, Սորպոնի մեր... Կարդալ աւելին
Որբունիի այս անտիպ էջերը, որոնք գրուած են անոր կեանքի վերջին տարիներուն, կը հանդիսանան Հալածուածները վիպաշարքի ութերորդ հատորի միակ գրուած էջերը։ Անոնք մեզի տրամադրուեցան Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ։ Շարքին առաջին հատորը՝ Փորձը, լոյս տեսած էր Փարիզ, 1929-ին, որմէ ետք Որբունի շատ երկար սպասած է, աւելի քան չորս... Կարդալ աւելին