Մարմինն ու արիւնը գիրի վերածելով եւ բանաստեղծութեան մարմին ու արիւն տուող բանաստեղծն է Կարօ Արմենեանը։ Վկայակոչելով մարդը եւ վաւերագրելով մարդուն գոյութենական խնդիրներն ու անկէ բխող հարցադրումները, Կարօ Արմենեանը սփիւռքի բանաստեղծութեան կը բերէ «իրաւ»ութեամբ գրելու արուեստը։ Արեան Կարդալ աւելին
Խօսող լերան պատմութիւնը հատորը ի մի կը բերէ Վեհանոյշ Թեքեանի գրական խոհագրութիւններու շարք մը, գրուած՝ երեք տասնամեակներու ընթացքին (1984–2015)։ Հեղինակը իր հայեացքը սեւեռած է Սփիւռքի վրայ, ու այդ նպատակով՝ տարբեր ժամանակներու գրուած ու տարբեր Կարդալ աւելին
Ես սուտ մարդն եմ
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին
ցուցափեղկի գաճէ արձան
որուն ոչ ոք բարեւ կու տայ
կարծելով թէ տեղս կայնած
մէկը կայ
համեղ պատառ անօթութեան աչքերուն մէջ
սովը սառած ՝ ճերմակ լոյսի ակռաներով
զիս կը լափեն հազար կողմէն ու կը կլլեն Կարդալ աւելին