Առաջին ընթերցումս աւարտելէ ետք, որոշեցի Քրիստիան Բատիկեանի Մետաղէ երազներ վէպին մասին գրել՝ մէկ տարի առաջ (այո, մէկ տարի պէտք է անցնի որ միտքերս ու տպաւորութիւններս մարսուին, սառին ու ձեւաւորուին, առաւել՝ երկու ընթերցում եւս)։ Կարդալ աւելին
«Հերոս ըլլալու համար մինակ պիտի ըլլաս»։ Այսպէս կը բացուի Քրիստիան Բատիկեանի «Սուփըր հերոսները կը մեռնին ամրան» խորագրուած հատորը։ Ուշագրաւ վերնագիր մըն է, որով արդէն կ՚որոշադրուի նիւթին լարումը. սուփըր հերոսները՝ հակառակ կարծուածին՝ կը մեռնին, գուցէ պէտք է մեռնին որոշ եղանակի մը։ Ասոր վրայ կը բարդուի յաւելեալ նշում մը գիրքին սկիզբը... Կարդալ աւելին