Փանոս Ճերանեան

ԾՈԾՐԱԿԴ Ի ՎԵՐ

Ծոծրակդ ի վեր ձիւնաթո՛յր ուր կարապներ կ՚երազեն, 
Պիտ՛ այս գիշեր չարչարեմ համբոյրներուս մեղեդին… 
Ու շրթներուդ ընդմէջէն պիտի հոսին լայնօրէն, 
Տագնապահար շշուկներն անտառներու կատարին…։ 

Պիտի հանդա՛րտ ըլլայ այդ՝ ինչպէս գիշերն, որ կ՚իջնէ 
Դարպասին մէջ, ուր ձիւնէ թիթեռնիկներ կ՚երազեն… 
Մինչ կոպերուդ տակ վառուող բաւիղին մէջ լուսեղէն, 
Պիտի բանամ ես հոգւոյդ բոլոր դռներն անարգել։ 

Ու մերկացած օրերու խարխափումէն երբեմնի, 
Պիտի քալեմ ընդերկար մինչեւ գիշերն արիւնի…
Մինչեւ հոգիս ա՛լ կքի իր մեղքերուն ծանրոյթէն, 
Ծոծրակդ ի վեր ձիւնաթո՛յր, ուր կարապներ կ՚երազեն։

(Թիւ 11-12, 1975)

Your email address will not be published. Required fields are marked *

յաջորդ
ԲԱՂՁԱՆՔ