Մաքուր, յստակ աչքերով,
Ըլլալ տղա՛յ մը բարի,
Ունենալ սէր ու գորով՝
Հանդէպ հանո՜ւր աշխարհի…
Ամպերուն հետ սպիտակ,
Որ քաղցրօրէն, տես, կ՚անցնին,
Կեանքիդ ափէն աւերակ,
Ըլլալ ընկե՛ր մտերիմ։
Կուրծքդ ըլլայ արձագանգ
Տերեւներու խարշափին,
Որոնք տժգոյն եւ անկեանք՛
Ալ կը մեկնի՜ն, կը մեկնի՜ն…
Մեռնող ամէն ծերուկի
Տալ պատասխան գթալիր,
Ծնող ամէն մանուկի՝
Օրհնութիւննե՜ր անձանձիր։
Ցոյսին համար, որ կու գայ
Հեռուներէն, խորերէն՝
Այս հին կեանքին մէջ հիմա,
Վառել ճրա՛գ մը նորէն։