Պօղոս Սնապեան (1927-2014)

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ 

Եդուարդ Պօյաճեան հայ գրականութեան մէջ մուտք գործած է բանաստեղծութեամբ: Ինքնակենսագրական համառօտ ուրուագծէ մը կը տեղեկանանք, որ գրել սկսած է շատ կանուխէն, բայց գրածները տպագրել տուած 1932էն սկսեալ: Ա՛յդ ու յաջորդ տարին իր հրատարակութեան տուած կտորները մեզի անծանօթ կը մնան: Հաւանաբար օրաթերթերու մէջ ըրած է իր սկիզբը՝ «Ազդակ»ի, «Յուսաբեր»ի, կամ «Յառաջ» մէջ, որոնց հաւաքածոները, դժբախտաբար, հեռու մնացին մեր հասողութեան սահմաններէն: Իր ստորագրութեան առաջին անգամ հանդիպած ենք 1935ին, «Հայրենիք» ամսագրի մէջ, «Կապոյտ քերթուած» խորագրով բանաստեղծութեան մը տակ, երբ Պօյաճեան ուղիղ քսան տարեկան էր:
    Այդ թուականին յաջորդող տասնամեակին, մինչեւ իր «Սէր եւ վիշտ» բանաստեղծական հատորին հրատարակութեան թուականը, մինչեւ 1946, «Հայրենիք» ամսագրի, «Նայիրի»ի, «Ազդակ Շաբաթօրեակ»ի եւ «Ակօս»ի մէջ բանաստեղծ Պօյաճեանի ստորագրութեամբ երեւցած են շուրջ երեսուն քերթուածներ: Առաջին տասնամեակի ամբողջ բերքին գումարը չեն կազմեր հաւանաբար անոնք, բայց ի վիճակի են ամբողջական գաղափար մը տալու բանաստեղծին խառնուածքին, արտայայտչական միջոցներուն եւ իրագործումներուն մասին:
    Առաջին այս բանաստեղծութիւնները գրուած են հայ բանաստեղծութեան ծանօթ աւանդութիւններուն ազդեցութեան տակ: Գրեթէ ամէնուն մէջ ընթերցողը կը հանդիպի ծանօթ դէմքերու ստուերներուն, որոնց ճնշումին տակ դժուար կ’ըլլայ կազմել երիտասարդ բանաստեղծին սեփական դիմագիծը: Իր դպրոցական ընկերները կը պատմեն, թէ գիւղէն քաղաք եկած շփոթահար պատանի մըն էր Պօյաճեան, աչքերը լայն բացած, իւրաքանչիւր երեւոյթի դիմաց ցնցուող, ճանչնալու, իւրացնելու, յարմարելու կիրքին ու հարկադրանքին տակ տուայտող անձ մը: Իրեն ծանօթ աշխարհին բոլորովին հակադիր միջավայրի մը յարմարելու պարտադի՛ր այս ճիգը, անշո՛ւշտ ունեցաւ իր խոր անդրադարձը պատանիի հոգիին վրայ։ Փորձեց ամէնուն պէս ըլլալ, չկրցաւ: Ուզեց հակազդել, ձախողեցաւ: Մեզի կը թուի, թէ այս բախումը բեկում մը առաջացուց իր ներսը, կասկած մը՝ իր ուժերուն վրայ, եւ, ի վերջոյ, սկսաւ սիրել ամէնո՛ւն սիրածը, կրկնել՝ ամէնո՛ւն կրկնածը: Ու գրեց ամէնուն պէս՝ յանգով, չափով, ընդունուած կաղապարներուն մէջ մտնելու փութկոտ աճապարանքով մը։

… գիւղէն քաղաք եկած շփոթահար պատանի մըն էր Պօյաճեան,
աչքերը լայն բացած, իւրաքանչիւր երեւոյթի դիմաց ցնցուող,
ճանչնալու, իւրացնելու, յարմարելու կիրքին ու
հարկադրանքին տակ տուայտող անձ մը
:

    Սէր, տրտմութիւն, անձրեւ, մշուշ երգող առաջին տասնամեակի իր բանաստեղծութիւններուն մէջ՝ Պօյաճեան կը փորձէ բոլոր ձեւերը, բանաստեղծական բոլոր չափերը: Ինքզինք ըլլալու ճիգ մը չի մատներ, երկչոտութիւնը կը ղեկավարէ զինք, ուրիշին պէս կարենալ ըլլալու ապացոյց մը կ’ուզէ տալ ինքնիրեն: Այս նշմարները հաստատող ցայտուն նմոյշ մը՝ – Մուսա-Տաղի մէջ ծնած ու Ճեմարանէն անցած Պօյաճեանը կը գրէ. 

Աշունի ոսկեգոյն մեղեդի, 
Լացում է մի երազ իմ հոգում, 
Մի թախիծ հեռաւոր հեծկլտում, 
Հնացած յիշատակ արեւի: 

    Եօթը տուննոց քերթուածէ մը առնուած է այս քառեակը եւ առանձին օրինակ մը չէ Պօյաճեանի այդ օրերու գրականութեան մէջ: Քանի մը հատ են արեւելահայերէնով գրուած այս ոտանաւորները:  

Աղջիկները մեծարենցեան «քոյր» են իրեն համար,
բնութիւնը տէրեանական «մշուշ», ու ամբողջ կեանքը
որբերու սերունդին պատկերացուցած պատկերը
ունի՝ տխուր, թախծամրմունջ, սեւ: 

    Հաւանաբար ըսուի, թէ ամօթխածութիւն մը կրնայ ըլլալ ատոր պատճառը, հասցէ կորսնցնելու ձեւ մը: Բայց ատիկա ճիշդ պիտի չըլլար, որովհետեւ այդ ոտանաւորները գրուած են ծածկանունով: Մի՛ւս ենթադրութիւնն է ճիշդը: Ուրիշին ըրածը կարենալ ընելու մղումը: Մրցումի ելած է ուրիշին հետ: Օրինակ, իր տարեկիցներէն մէկը բանաստեղծութիւն մը կը գրէ, յանկարծ կը տեսնէք, որ ինք եւս նոյն խորագիրը կրող բան մը կը ստորագրէ: «Հայրենիք» ամսագրին մէջ մենք կը յիշենք գետի մը նուիրուած ոտանաւոր մը, որուն ետեւէն, ընդամէնը երկու թիւ ետք, կը հոսեցնէ ի՛ր «Գետ»ը, ձօնելով զայն առաջինի հեղինակին: Այդ շրջանին այդպէս է միշտ: Աղջիկները մեծարենցեան «քոյր» են իրեն համար, բնութիւնը տէրեանական «մշուշ», ու ամբողջ կեանքը որբերու սերունդին պատկերացուցած պատկերը ունի՝ տխուր, թախծամրմունջ, սեւ: 
    Բայց այս բանաստեղծութիւնները ուրիշներուն հետքերը կրելու փաստերուն քովն ի վեր, կրկնելի ըլլալու իրենց տկարութիւններէն անկախ, բոլորովին անշահեկան յօրինումներ չեն: Կարելի չէ անտարբեր անցնիլ անոնց մօտէն: Իրենց լեզուական առոյգութեամբ, առանձին քառեակներու մէջ սեղմուած վիճակներուն ալեկոծութեամբ ու պատկերներուն նորութեամբ՝ ակնկալութիւններ կը ստեղծեն: Ընթերցողը իսկոյն կը զզայ, թէ բան մը կ’եռայ Պօյաճեանի տողերուն մէջ, տողերէ՛ն առաջ, տողերէն յետոյ: Կարելիութիւններ կ’ընդնշմարէ ու կը զգայ մօտալուտ յորդումի մը նախանշանները: Այդ մէկուն կը սպասէ նաեւ ինք: Հազիւ քանի մը քերթուած ստորագրած՝ պիտի գրէր. 

Հաւատարիմ աստղի պէս, 
Որ կը շողայ միշտ բարի, 
Ունենալ դուն կը կարծես, 
Սիրտ, մեղեդի մը վայրի: 

    Յուսատու է մանաւանդ քերթուածը «Գետի մը», որ օր մը անցաւ իր աչքերուն, հոգիին ու մտածումին մէջէն. 

Որքան ծաղիկ, որքան բոյր,  
    որքան արե՜ւ ափերուդ, 
Կ’ողողէ քեզ լո՜յսն անհուն 
    ու կ’ողողես դուն ճամբադ, 
Դուն աւշայորդ լայն երակ, 
    անապատին մէջ դուն գութ, 
Կու տաս դուն քեզ մաս առ մաս 
    հողերուն գո՜րշ ու առատ: 

Այդ դուն նորէն ինչպէս միշտ, 
    մեծածաւալ ու խորունկ, 
Կ’անցնիս անհուն բարութեամբ 
    մտածումի մը նման, 
Որ ամէնուն կու տայ կեանք, 
    կու տայ աւիշ եւ սնունդ, 
Որ կ’երթայ ե՜րգ մը ինչպէս 
    դէպի հեռուն անսահման: 

…………………………………………………..

Եւ ճակտիս գի՜րն ալ այդպէս,  
    նման գետին վեհընթաց, 
Անյայտներուն ընդմէջէն, կը հնչէ 
    թանձր ու խռով
Ու թաւալքին մէջ իր լայն, 
    կ’ընէ ափերն ամբողջ թաց, 
Գուցէ վիշտով, տրտմութեամբ 
    կամ անանուն տենչանքով:

    Ուրիշ ոտանաւորներու առանձին տողերու մէջ զգացուող յուսատու անհանդարտութեան, ինչպէս նաեւ այս իրակա՛ն գետին, այս մարդկայնացած դետին, անյայտ խորշերէ եկող եւ իր ափերուն հողին բանաստեղծութիւնը պայթեցնելով կրկի՛ն դէպի անյայտութիւն թաւալող այս ճակատագրակից գետին մէջ՝ արդէն տեսանելի են Պօյաճեանի խառնուածքին աւշայորդ կարելիութիւնները, որոնք, տասնամեակ մը անց, 1945ին, «Սէր եւ վիշտ» հատորին մէջ յայտնուեցան, բանաստեղծին սեփական դիմագիծը կազմելու բացայայտ յատկանիշներով

Պօյաճեանի խառնուածքին աւշայորդ կարելիութիւնները,
որոնք, տասնամեակ մը անց,
1945ին,
«Սէր եւ վիշտ» հատորին մէջ յայտնուեցան,
բանաստեղծին սեփական դիմագիծը
կազմելու բացայայտ յատկանիշներով

    «Սէր եւ վիշտ»ով Եդուարդ Պօյաճեան քանդեց բոլոր թումբերը, բանաստեղծական ծանօթ բոլո՛ր կաղապարները ու ազատ յորձանք մը տուաւ իր ներքին ջուրերուն: Անկոխ ճամբաներու ուխտաւորն է հոս ու կ’երկրպագէ ինքնաբուխին, տարերայինին, ուժգին բաներու միայն: Իր էջերուն մէջ ի՛նքն է այլեւս, ամբողջական անհատականութիւն մը, որ զինք նախորդող նուաճումներուն հետ կապը խզած՝ կ’ըսէ իր խօսքը, առանց իր սորվածներուն կամ իրեն բան սորվեցնողներուն միջամտութեան, առանց վարպետի մը օժանդակութեան: 
    Արուեստի պատմութեան մէջ հազուադէպ չէ այս երեւոյթը: Դիտուած է, որ օժտուածները որ երկար ատեն թափառած են հին ճամբաներու մէջ, կրկնած են դասականը, աւանդականը, մինչեւ իրենց օրերը երկարող բոլոր հին փորձերը եւ, բախտաւոր պահու մը, հպատակելով. ներքին յայտնատեսութեան մը ցնորքին՝ թօթափած են հին լուծերը եւ հաստատած իրենց իշխանութիւնը: Այս օրէնքով իրենց ինքնութիւնը պարտադրող երկու դէմքերը կ’ապրին այսօր եւ կը կոչուին Փիքասօ եւ Փրէվէր: Մեր գրականութեան մէջ Պօյաճեան եկաւ նոյն ճամբով: Խարխափեց, արձագանգեց ատեն մը, եւ օր մըն ալ, թերեւս առանց մտածելու, իր անցեալ բերքէն դժգոհ եւ սեփական խառնուածքին դրդումներուն ենթակայ՝ բացաւ իր ճամբան ու բարձրացուց իր ձայնը՝ ուժեղ, արու, հնչեղ, երբեմն խռպոտ, երբեմն անկիրթ, բայց բոլոր պարագաներուն իրը, անհրաժեշտը, իրեն համար, մեզի համար, իր անհատականութեան կազմութեան համար, մեր պապակած սրտերուն հաշւոյն: 

Պօյաճեան… բացաւ իր ճամբան ու բարձրացուց
իր ձայնը՝ ուժեղ, արու, հնչեղ, երբեմն խռպոտ,
երբեմն անկիրթ, բայց բոլոր պարագաներուն
իրը, անհրաժեշտը, իրեն համար, մեզի համար,
իր անհատականութեան կազմութեան համար,
մեր պապակած սրտերուն հաշւոյն:
 


    Դժբախտ են այն գրողները, որոնք իրենց նետած առաջին քայլերով կը մտնեն ուրիշներու կաղապարներուն մէջ եւ կը վախնան շրջանակները խորտակելու յեղափոխական տրամադրութիւններու դրսեւորումներէն: Ատիկա գոհունակ մարդերու յատուկ կացութիւն մըն է, որ նոր տեսիլքներով խենթենալու անընդունակութիւն կը նշանակէ, կը նշանակէ լճացում ու մահ: Օր մը փայլած, օր մը յոյսեր ներշնչած եւ ապա խամրած գրողներուն պարագան բացատրելու համար ուրիշ տուեալներ կը պակսին: Ուժեղ խառնուածքի մը թելադրանքով՝ մարդո՛ց կեանքը եւ իրերուն կեանքը, սրտին գաղտնիքները եւ տիեզերքին գաղտնիքները սերտելու բուռն ու բռնակալ տենչին փոխարէն՝ գիրքեր սերտած ու սերտողութեան պահերուն մէջ քարացած գրողներու դասակարգին կը պատկանին այս վերջինները, որոնք հանդիպելի են բոլոր գրականութիւններուն մէջ: 
    Պիտի չդժուարանայինք այդ դժբախտ բանաստեղծներէն մէկը հաշուել Պօյաճեանը, եթէ ամէնուն պէս փորձէր առաջին իր բանաստեղծութիւնները մէկտեղել եւ հատորով մը ներկայացնել ընթերցողին: Բայց հոս եւս ուրիշներէն տարբեր վերաբերում մը ցուցաբերեց: Հանրութեան հատորով ներկայանալու ատեն, թերթերուն մէջ տպուածները թերթերո՛ւն մէջ ձգեց, օրուան ճաշակներուն ու ըմբռնումներուն հետ ներդաշնակ ինկող անոնց անտիպ նմանակները դարակներուն մէջ ձգեց ու հրապարակ հանեց անսովորներուն շարքը, որ, ինչպէս ծանօթ է, իր տարերային սէրէն բխեցաւ եւ կազմեց իր սաստկագոյն վիշտը: 
    1945ը մեզմէ հեռու թուական մը չէ ու ամէն ոք կը ճանչնայ այդ օրերուն հրապարակ իջած դէմքերը կամ ծանօթ դէմքերուն հրապարակ նետած հատորները: Ցանկի կազմութեան պարագային, անմիջապէս պիտի նկատենք, որ Պօյաճեանի «Սէր եւ վիշտ»ը հասարակաց ոչինչ ունի ժամանակակից հրատարակութիւններուն հետ: Բացարձակ արժէքին քննութիւնը առկախելով՝ պիտի ըսենք, որ երեւոյթ մըն էր այդ գրքոյկը մեր մէջ եւ իր յղացումներուն նորութեամբ ու արտայայտչական յանդգնութիւններով՝ բացառիկ խառնուածքի մը լուրը կ’աւետէր: 
    Այդ շրջանին, Սփիւռքի մեր գրականութիւնը իբրեւ թեմա ունի Հայրենիքի կարօտը, որբութեան վիշտը, զրկանքներու անդրադարձ ապրումները եւ անհատական ուրիշ յոյզեր: Հասարակաց մթնոլորտ է ատիկա, որուն շրջանակները քանդելու առաջին խիզախումը կատարեց ինք: 

Եդուարդ Պօյաճեան եւ Պօղոս Սնապեան


    Ոչ հայրենիք կայ «Սէր եւ վիշտ»ին մէջ, ոչ ազգ, ոչ ընկերութիւն եւ ոչ ալ ընթացիկ զրկանքներէ առաջացած ճիչ

Հասարակաց… շրջանակները քանդելու առաջին
խիզախումը կատարեց ինք:
Ոչ հայրենիք կայ
«Սէր եւ վիշտ»ին մէջ, ոչ ազգ, ոչ ընկերութիւն
եւ ոչ ալ ընթացիկ զրկանքներէ առաջացած ճիչ

    Սէրն է հատորին առանցքային նիւթը եւ սրտին ճամբաներուն կարօտներ կան, սպասման երկարատեւ ժամերը կան, յուսաբեկման պահեր կան, որոնց ընթացքին կը ծնի վիշտը ու կը խառնէ իր շուքը միւսին անապական լոյսին: 
    Կը գրէ անիշխանական թափով ու մտահոգ չէ ընթերցողին հաւանական հակազդեցութիւններով: Վերադարձած է ինքն իրեն, ու դարձած է լեռնային հովերուն հետ ապրած, ծովուն ծովային խռովներուն ծարաւի, Աստուծոյ հետ եւ աստուածային բաներու հետ խառնուածք շինած «Մրրկակրօն, խառնապաշտ ու մոլեռանդ երիտասարդը» ու կ’ըսէ իր խօսքը: 
    Աստղային, աստղածաւալ սէրերու պատարագ է «Սէր եւ վիշտ»ը, խորունկ կսկիծ, փոթորիկ ու բարբարոսութիւն. յախուռն յղացումներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ՝ տարօրինակ աղօթք է ան ու տարօրինակ յափշտակութիւն, տարօրինակ ծաղիկ, տարօրինակ գոյն, փափկութիւն, խորհուրդ: 
    «Սէր եւ վիշտ»ի հեղինակէն տարբեր մոլորակէ մը եկած ըլլալու տպաւորութիւնը կ’առնէ ընթերցողը, առնուազն տարբեր մոլորակի մը կարօտով տոչորող էակը կը տեսնէ հոն, դէպի անհունը մեկնելու եւ անոր էութիւնը քննարկելու ճակատագրական կամքի մը ենթակայ մարդը:
    Դէպի հոն պիտի դիմէ միշտ, իր տարերքը կազմած է՝ 

 

Պատանութեան վարար ու բորբ 
                                                   շրջանին,
Ամառ եղանակներու համագրաւ, 
                                                  խոր ու զմայլագեղ 
Բանաստեղծութեան մը գիրքը: 

 

    «Դեռ այն տարիքին», պիտի ըսէ ուրիշ տեղ մը՝ 

Անդամագրուեցայ Ծածուկ ու Մեծ Բանին, – 
Բանաստեղծութեան 
Յաճախելով անհատնում երկնաւորներու
Շքեղ հաւաքատեղին: 

    Այս յաճախանքները, ծածուկ ու մեծ բաները իմանալու իղձերը պատահական վիճակներ չեն Պօյաճեանի ներաշխարհին մէջ, մնայուն ալեկոծութիւններ են: Նուիրուած է վերը բանե՛ր տանելու ու աստուածացնելու տենդի մը, երկինքէն մասեր բերելու ու կեանքը քաղցրացնելու առաքելութեան։ Իր ուժերը կը դաւաճանեն իրեն հոս, ատոր համար լուսաբաղձ մուրացկանը կ’ըլլայ եւ՝

Բախտոգիներէն, լոյսէն, աստուածներէն 
Ան կը մուրայ իր տարահրաշ 
Ու խոր էութեան 
Բո՛ւն, ներքի՛ն, անվերածելի իսկանկարը… 

    Իր էութեան իսկանկարը կամ ուրիշ էութիւններու տեսիլքը այսպէս որոնումներու պիտի մղեն զինք. պիտի երթայ, քննէ, հարցապնդէ՛ ոգիները, մեր իրականութենէն որեւէ ձեւով անջատուող եւ երկնաւորներուն այցելութիւն տուած ամէ՛ն էակ, նոյն հետաքրքրութեամբ, կարօտակէզ նոյն սրտով: Պիտի կանգնի մինչեւ իսկ ի քուն եղող սիրելիի մը դիմաց եւ անձկութեամբ սպասէ անոր զարթնումին եւ աւետելիք աւարին. 

Դուն ի՞նչ պիտի բերես վար 
Երկնային մեծ բարձունքներու 
Շքեղ աւարէն, 
Ըսէ՛, առտու պիտի ըլլայ, 
դուն ի՞նչ պիտի բերես

    Աչքերը սեւեռած այդ «աւար»ին՝ կ’այլակերպի յաճախ եւ կ’օրհներգէ զայն կարելի դարձնող առաջին միջոցը՝ երազը, որ հազար կարօտ, հազար բերկրանք, հոգիի հազար սնունդ հայթայթող կենսատու ուժը պիտի ըլլայ, պիտի ըլլայ գործօն՝ երա՛զը, պիտի տագնապի ու երգ դառնայ ու իբրեւ սէր պիտի ծաւալի հոգիներուն ու շրջապատին մէջ։ Երազը աւիշ է Պօյաճեանի գրականութեան մէջ, երգը՝ գործունէութիւն, ու սէրը՝ հոգիներուն ու տարրերուն խորքը թափանցող ջահ, հաղորդակցութիւն: 
    «Սէր եւ վիշտ»ի հրատարակութենէն գրեթէ անմիջապէս ետք, Եդ. Պօյաճեան ձգեց գիւղի իր միջավայրը եւ կրկին քաղաք հաստատուեցաւ: Այս նոր իրականութեան մէջ՝ իր գրչին տակ առաջին տեղը կը գրաւէ արձակագիրը. քայլ մը աւելի առօրեային խառնուելով՝ դուրս կու գայ անխառն գրականութեան սահմաններէն եւ կը մտնէ հրապարակագրութեան մէջ: Հայեացքը յառած գրական, կրթական, գաղափարական, քաղաքական մարզերուն, հայրենիք, ազգ, մարդկութիւն, հող, արուեստ, ճշմարտութիւն հասկացողութիւններէն մղուած՝ կը նետուի պայքարի թոհուբոհին մէջ, երբեմն իր զայրոյթը պոռթկալով, երբեմն հիացումը, խոհը, առաջարկը: Այս շրջանը կը տեւէ ուղիղ մէկուկէս տասնամեակ եւ Պօյաճեան՝ երրորդ անգամ իբրեւ բանաստեղծ կը ներկայանայ ընթերցողին, «Բագին»ի էջերէն, վաթսունական թուականներէն ետք: 
    Ընդհանրապէս լայն կտաւի վրայ գրուած շուրջ 15 կտորներ են «Բագին» լոյս ընծայածները եւ մաս կը կազմեն «Դուն» խորագրով հրատարակելի ստուար հատորի մը: «Դուն»ը մարդն է, մարդկային տիպարներու ամբողջութիւնը: 
    Ըսել կ՛ուզենք, այս շարքը անձի մը վկայութիւնը բերող բանաստեղծական անխառն վիճակներու սոսկական յայտնութիւնը չէ, հոս այլեւս բանաստեղծութեան հերոսը դէպի Անեզրը, դէպի Անհունը, դէպի անծանօթ հորիզոնները թեւածող յախուռն բանաստեղծը չէ միայն, այլ այդ բաներուն հետազօտութեան նախասահմանուած, բայց երկրի վրայ ապրող եւ երկրային բարքերու ճնշումներուն ենթակա՛յ մարդն է, իր ամբողջական կենսագրութեամբ

… Անեզրը, դէպի Անհունը, դէպի անծանօթ
հորիզոնները թեւածող յախուռն
բանաստեղծը չէ միայն, այլ այդ բաներուն
հետազօտութեան նախասահմանուած,
բայց երկրի վրայ ապրող եւ երկրային
բարքերու ճնշումներուն ենթակա՛յ մարդն է,
իր ամբողջական կենսագրութեամբ

    Կը թուի, թէ քիչ առաջ ուրուագծուած Պօյաճեանի եռուն առօրեան մեծապէս անդրադարձած է իր հոգիին: Խորապէս մտահոգ է հիմա: «Սէր եւ վիշտ»ով սահմանուած կոչումէն հեռու կը գտնէ մարդը, մանր, մութ, բո՛ւթ, ու պայքարի կ’ելլէ «ծուռ ու բորբոս ամէն բանի» դէմ, «ընդդէմ մութին, տգիտութեան ու բռնութեան»: Ու եղծուած հազար գեղեցկութիւններ թուելով, նկարագիր փոխած հազար սրբութիւններու վրայ ողբալով, հաշտութեան, լճացումի, անտարբերութեան նոյնքան վտանգաւոր ունակութիւնները սեւագրելով՝ կ’որդեգրէ «Ոչ»ի զայրալից փիլիսոփայութիւն մը. 

«Ոչ» ըսելու՝ 
Դատավճռի, որ վճիռ չէ, 
Աղօթքներու, որ աղօթք չեն, 
Երգերու, որ վանկ են միայն,
           յանգ են միայն, 
 Իմաստ ունայն: 

…………………………………

«Ոչ» ըսելու մրրիկի պէս սրբող տանող, 
«Ոչ» ըսելու դժոխքի պէս հրակիզող՝ 
Ամէն սիրոյ, որ չի զոհուիր, 
Ամէն խղճի, որ չի գործեր, 
Ամէն ուժի, որ չէ ուղղուած բաներու 
    դէմ ցուրտ ու հսկայ, 
Որ բռնութեան սեւ բռունցք է միշտ անխնայ: 

    Այս տրամադրութիւնը ձեւակերպուած է շարքին մաս կազմող եւ «Գիր բանաստեղծի» անունը կրող քերթուածի մը մէջ, զոր լոյս ընծայեց «Բագին»ի 1962 ապրիլի թիւով: Յաջորդ տարուան սեպտեմբերին լոյս ընծայած իր «Վայր անծանօթ, բան անծանօթ» քերթուածով, Պօյաճեան կրկին կ’անդրադառնայ որդեգրած իր այդ բուռն կեցուածքին: Կը գտնէ, որ խոնարհաձայն արտասանուած «Այո»ն կործանարար եղած է մարդուն համար, մարդը շեղած է իր բուն կոչումէն եւ ըրած է զայն ստրուկ, տգէտ, տժգոյն, ունայն: Ըստ Պօյաճեանի մարդը պիտի չըլլար այսպէս, պիտի ըլլար ազատ, խորագէտ, լուսապայծառ, իմաստուն, եթէ անիկա ունկնդրէր իր հոգիին ըսուածը. 

Տեղէ անյայտ, տեղէ խորին, 
Աստուածակայք տեղէ ներքին՝ 
«Ոչ» ըսել միշտ, 
Մարդու կեանքին մութ պարտադրող 
Ամէն, ամէն խաւար ուժի: 

    «Ոչ»ի այս փիլիսոփայութիւնը, հարկ է, քմահաճ կիրք մը չէ, այլ կը բխի մարդը գերագոյն կոչումի մը սահմանող խորունկ համոզումէ մը: Իրմէ կ’իմանաք, որ յոռի բարքերը զարհուրելի համեմատութիւններու հասած են. սուտը, կեղծիքը, խարդախութիւնները, բռնութիւնները դաշնակցած են իրարու հետ եւ դժոխքի մը վերածած կեանքը Արարիչին պատկերով ստեղծուած եւ արարչագործելու նոյնքան խորհրդաւոր պայմաններով օժտուած բացառիկ ուժն է բանաստեղծին մտքին մէջ մարդը եւ իր ճակատագիրը իրագործելու համար իրեն տրուած այս թանկ առիթը՝ կեա՛նքը, պէտք չէ զուր անցնի, որովհետեւ 

Եկած ենք հոս մենք իբրեւ մարդ, 
Կարճ կեանքի մէջ, հողագունդի վրայ փխրուն 
Աստուածափորձ կատարելու: 
Մահը գրքի պէս բանալու, 
Ու կարդալու, ու սերտելու. 
Եկած ենք հոս արեան խորունկ ճշմարտութեամբ՝ 
Ազատութիւն, յաւերժութիւն ստեղծելու: 
Դասագրքէն տիեզերքին՝ 
Անմահութեան խոր քննութիւն պատրաստելու: 

    Այս կոչումով ու համոզումո՛վ կազմեց ան իր չափանիշը եւ անկէ յետոյ մարդոց նայեցաւ անոր տրամադրութեան համաձայն, սիրեց ու ատեց այդ չափանիշին համաձայն: 
    «Բագին»ի լոյս ընծայած Պօյաճեանի քերթուածներուն շարքին՝ կա՛ն կտորներ, որոնց մէջ կատարուած ընդհանրացումները, ծանօթ փորձառութիւններու եւ մտածումներու տպաւորութիւնը կը գործեն առաջին ակնարկով: Անոնցմէ մէկն է, օրինակ, «Կինը» խորագրուած կտորը: 
    Իր մէկ տենչին դրա՛խտը զոհած աստուածաշնչական Եւայէն սկսեալ մինչեւ մեծ բախումներու դուռ բացող Տրովադացիներու Հեղինէն, մարգարէներու գլուխը սովորական նուէրի մը պէս ստացող ցնորապար Սալոմէէն մինչեւ իր երազին տիրելու համար բանակնե՛ր բանակներու զարնող սիրառատ Շամիրամը, աստուածներու մայր եղող հեզահամբոյր Մարիամէն մինչեւ աստուածներուն սիրտը խռոված խռովարար Մագթաղենացին, ու տակաւին մինչեւ վերջին պալատին ու վերջին խրճիթին վերջի՛ն Եւան, կինը ծանօթ է մարդոց, ամէն խաւի մարդոց, ամէնո՛ւն, ու Պօյաճեանի ներկայացուցած կինը տարբեր չէ կնոջ մասին տիրող կարծիքներէն: Այսուհանդերձ քերթուածը յաջողած է նուաճել առանձին հմայք մը: 
    Արարչութեան լաւագոյն բանաստեղծութիւններուն մէջէն ընտրուած, արեւին, աստղերուն, լուսնին, կապոյտներուն ու ծաղիկներուն մէջէն անջատուած, այլ անոնց շողը, տրոփը, գոյնը, բոյրը, խորհուրդը իր մէջ համադրող էա՛կն է ան, որ վիհերուն ամենէն խորունկը կ’ըլլայ մերթ ու իր վիհերուն մէջ կը նետէ մարդը, դժո՛խք կ’ըլլայ ու իր դժոխքին թէժ կրակներուն կեր կը դարձնէ զայն, նախընտրելի դրախտը կ’ըլլայ ու դրախտային երանութեան մը կը վերածէ կեանքը, եւ այսպէս, բոլոր պարագաներուն ու բոլոր ճամբաներուն վրայ ետեւէն կը քաշքշէ իր ձգողութեան տեւաբար ենթակայ հոգին, մղելով զայն փոխ առ փոխ ոճիրի ու վեհութեան, բարբարոսութեան ու բանաստեղծութեան, նուաստացումներու եւ աստուածացման, պատճառ դառնալով ի վերջոյ դրական ու բացասական խռովքներու եւ եռուն գեղեցկութեան սեւ ու պայծառ զգայնութիւններու հարուստ յայտնակերպումի մը: Պօյաճեանի քերթուածէն մէկտեղուած քանի մը ասոյթներով՝ 

Կինն է դժոխքը, կինն է կրակը, 
Կինն է սեւ ցուրտը, կինն է գէշ բանտը
Ամբողջ կարօտը, 
Ծայրագոյն սովը.

………………………………………

Կի՜նը …-
Հին ասութիւն, հին մոգութիւն, 
Հեքիաթներու հին թովչութիւն: 

…………………………………….

Երգ սկիզբի ու վախճանի, 
Գեղեցկութեան ու կործանման 
Տարօրինակ նախապատճառ: 

………………………………………..

Կինն է խորհուրդը, 
Այր մարդու կեանքին դիմաց շողացող 
Մեծ արարչութեան այդ մեծ զմրուխտը, 
Քաղցրագոյն թիւը, ու շքեղաշող իմաստուն բառը: 

    Մէջբերուած այս պատկերներուն ճշմարտութիւնը, թարմութիւնը, վայելչութիւնն ու գրական միւս արժանիքները կշռելու հարկ չկայ, կ’ուզէինք ընդգծել միայն, որ մռայլ ճամբաներէն, վիհերէն ու դժոխքներէն իր հերոսուհին անցընող եւ զայն փարթամ դերի մը մէջ դնող Պօյաճեանի այս ոճը՝ կը բխի ընդհանուր կեցուածքէ մը: Այս օրինակով նայած է ան կեանքի երեւոյթներուն եւ յոյսը լքած չէ զինք:  
    Վերջին շարքի այս բանաստեղծութիւնները ունին արդէն հասարակաց միջավայր մը՝ իրական կեանքը, եւ անկէ բերուած եւ Պօյաճեանի էջերուն մէջ շնչող հերոսները վէպի մը տպաւորութիւնը կը ձգեն մերթ: Հոն են մեծ խռովքներու, ճակատագրական կացութիւններու բոլոր մեծ ներկայացուցիչ ները՝ բանաստեղծը, կինը, «Մարդը նորէն», եւ բնական է, հո՛ն պիտի ըլլար նաեւ ու հոն է այդ ամէնուն չափ մտահոգիչ, խռովիչ միւս տիպարը, միւս սէրը՝ նորածին մանուկը: 
    Այնքան դաժան բաներ տեսած, հին, մաշած, բորբոսած իրականութիւններու անթիւ անգամներ բախած, այլ մաքրութեան, արդարութեան, նոր խօսքի, մեծ սիրոյ, խոր յղացումներու կարօտով տոչորող մարդը, որ բանաստեղծ Պօյաճեանը եղաւ, նորածին մանուկի մը առաջին ճիչին ի լուր՝ վերանորոգեց իր տագնապը եւ այս անգամ իր բոլոր փորձառութիւններն ու տենչանքները ի մի բերելով՝ կազմեց «Մարդկութեան խօսք՝ նորածինի»: 
    Պոէմայի մը ծաւալը ունի քերթուածը, ուր՝ բանաստեղծը առաւելագոյն սաստկութեամբ կ’ապրի քայքայիչ ուժերուն մղձաւանջը: «Անդիի գոյնը վրան», «Աստուծոյ բոյրը վրան, շունչը վրան», «Մարդադժոխք սա աշխարհին» մէջ եկած մանուկը, առաջին վայրկեանէն իսկ ենթակայ է աշխարհային վտանգներու: Պիտի եղծանեն իր գոյնը, պիտի ջնջեն վրայէն բոյրը: Վախ կայ, որ իր կարգին, մանուկը ըլլայ ուրիշներուն պէս, «մոռնայ բարբառն այն աշխարհին, նախակայքին, ուրի՜շ, ուրի՜շ այն գոյութեան» եւ ամէնուն պէս հաց ճչայ, ճչայ սէր, ցաւ, հող եւ ապա՝ անվերջ դիրք մուրայ, փառք, համակրութիւն, իշխանութիւն, միտք, «քիչ մը դպրոց, վկայական, օրեր դիւրին, օրեր առատ, օրեր անվիշտ. 

«Դեռ եւայլն, դեռ եւայլն, դեռ եւայլն»: 

    Բայց պարզապէս հրաշալի է այս սովորական, անգոյն, բանաստեղծութեան մէջ երբեւիցէ մուտք չգործած եւայլններու շարքը, որ աղքատութիւններ ծածկող իր հին չարչարանքէն դուրս կու գայ ահաւասիկ, նենգութիւններ ու երկչոտութիւններ վարագուրող իր դարաւոր դիմակը վար կ’առնէ եւ պարզագոյն իր ձեւին մէջ՝ կը ստանայ թելադրական բեղմնաւոր խորք մը, երաժշտական կառոյց մը, նո՛ր քաղցրութիւն մը՝ 

    «Դեռ եւայլն, դեռ եւայլն, դեռ եւայլն»: 

    Բանաստեղծին մտավախութեան մէջ՝ գող աշխարհին մէջ պզտիկ գող մը կ’աւելնայ դեռ, պզտիկ մուրացիկ մը՝ մուրացիկներու բազմութեան մէջ, հին խառնակիչներու կարգին՝ «նորաժաման խառնակիչ» մը, քաոսին վրայ՝ պզտիկ քաոս մը, ամպակոյտերու քով՝ պզտիկ ամպ մը, բայց ատոնց համար պէտք չկար գալու, ատոնց համար արդէն միլիառ գործիչ կայ հոս, ուրիշ կարօտ մը կը տանջէ մարդկութիւնը, կը տանջուի «լոյսի համար, սիրոյ համար, վերին խոհի ու արարքի» համար: «Լաւ բան կ’ուզենք, մեր պապակն է»՝ 

Եթէ իբրեւ սկիզբ եկար նոր մարդկութեան, 
Ճիշդ խօսքերու, ճիշդ արուեստի, ճիշդ ժպիտի,
Ազատութեան ազա՛տ ձայնի, 
Խաղաղութեան խաղա՛ղ խօսքի,
Բարի եկար, դուն բի՜ւր բարի, 
Փոքրիկ եղբայր, անուշ եղբայր, 
Դուն անծանօթ, քաղցր եղբայր…:

    Հասնող մանուկէն առաջ՝ ուրիշներ դեր ունեցած են հարկաւ կազմուած այս չափանիշին ու պապակին մէջ։ 
    Ընթերցողին ծանօթ չէ, ու անտիպներուն մասին ճիշդ չէ խօսք բանալ, այսուհանդերձ, մտերիմ կապերու շնորհիւ ձեռք բերուած ծանօթութեան մը վրայ կռթնելով՝ պզտիկ շեղում մը պիտի ընենք ու ըսենք, որ մարդը պատէ պատ, անդունդէ անդունդ զարնող, անոր սեւ կողմերը մեծաքանակ սեւագրութեան մը ենթարկած Պօյաճեանը բացարձակ յոռետեսը չէ, մռայլ երեւոյթներով ճաշակ սնուցանելու հեշտանքին անձնատուր խառնուածքը չէ ինք, աչքերն ու հոգին չէ փակած աշխարհին դէմ, ու աշխարհը լեցնողները ցուրտ Հերովդէսներ չեն միայն, սեւ Յուդա չեն, Կայէն չեն ամէնքը, քուրջ, մատնիչ, քայքայիչներ չեն միշտ, նոյն աշխարհին մէջէն անցած էին եւ իր օրով բոլորովին բացակայ չէին միւսները, ու ինք կը պաշտէ՛ր միւսները, իր արարչագործութեամբ մարմին առած մանուկին օրինակով մեծցած մեծե՛րը՝ մարգարէն, բանաստեղծը, գիտունը, յեղափոխականը, միջոցը խորաչափած ու տարածութեան տարածութիւններուն մէջ իշխանաբար թեւածող մեծախռով տիպարները, որոնք մէկ մէկ աստուածներու սահմաններուն մէջ խիզախեցին եւ ապա կեանքին վրայ տարածեցին իրենց աստուածային կողմերը, բաշխուող, կառուցանող կարողութիւնները, ըմբոստութեան եւ աղօթքի հզօր աւանդութիւններ կտակելով տառապած մարդկութեան: 
    Շարքին վերջին ու ընդարձակագոյն բանաստեղծութեան մէջ, որուն անունով կնքուած է հրատարակելի հատորին անունը եւ կը կոչուի «Դուն», գաղափարական, լեզուական, ոճական շքեղ հանդէսի մը մէջ այս տիպարը կը ներկայացնէ Պօյաճեան, յանգելով շքեղ արդիւնքի մը: 
    Ընկերային տիպարներ ու հարցեր ներկայացնելու պարագային, սակայն, որքա՛ն ալ շահեկան ըլլան իր փորձառութիւնները եւ փորձ գրողի ընդհանրացումները, իր անձէն որքան ալ բան դրած ըլլայ անոնց խորքը, այնուհանդերձ, ինչպէս մատնանշեցինք «Սէր եւ վիշտ»ին առիթով, Պօյաճեանի բանաստեղծութեան մայր երակը կը մնայ մարդու իր սեփական տագնապը: Բնազանցական շեշտ հակում մը ունի իր խառնուածքը, «տիեզերքն ու ինք տրուած են իրարու» եւ հոգին ենթարկած «վայր անծանօթ, բան անծանօթ» խուզարկելու հզօր կիրքին՝ կը տուայտի ու կը հրճուի, կ՛արիւնի ու կը ծաղկի: Անդիմադրելի տենդի մը մղումով՝ սահմանած է ինքզինք՝ 

Գեղեցկութեան ու անանցի խոր որոնման,
Հմայիչի ձկնորսութեան:
Հոգիներու, ու ձայներու, ու ձեւերու, 
Նաեւ լոյսի, նաեւ մութի ու կրակի 
Հանքապեղման: 

    Իր խորագոյն անձը, անձին անապական էութեան բաղկացուցիչ տարրերը այդ բորբ կարօտներն են, որոնց ցնորքին նուիրուած՝ կը վերանայ, կ’երթայ հեռուն, կը պտտի, եւ սրտի միեւնոյն ջերմութեամբ կը հաղորդէ իր անկումներուն յուզումը՝ 

Շրջած եմ ցարդ քաոսիդ մէջ, 
Ո՜վ Բացարձակ, 
           Չկանչուած լոյսի նման, 
Չարտասանուած բառի նման, 
Երգի նման դեռ չերգուած

    Չկանչուած այս լոյսը շռայլ է սակայն, չարտասանուած բառը աւելի ուժականութիւն կը բովանդակէ հաւանաբար, քան արտասանուածներէն ամէնէն հզօրը, ու չերգուած երգին հունչը արդէն ու քաղցրօրէն լսելի է: 

Պօյաճեանի բանաստեղծութեան
մայր երակը կը մնայ մարդու
իր սեփական տագնապը:

    Խորհուրդի մը վրայ բացուելու տագնապով դողացող այս լոյսերը, բառերն ու երգերը մինչեւ վերջ իղձ մնացին Պօյաճեանի սրտին, մինչեւ վերջ տանջեցին զինք: Մահէն տարի մը առաջ, ուրիշ բանաստեղծութեան մը մէջ դարձեա՛լ պիտի քնարերգէր իր արգաւանդ դժգոհութիւնը.

Գագտնի գիրի մը համար, 
Չձգող, հաղորդող՝ 
Աստուծմէ եւ մարդէն ամէն ինչ, 
Տանջեցի՛, այրեցի՛, 
Մէջս իմ յուսահատ մեռցուցի՝ 
Մեսրոպի ուղեղնե՜ր անհամար.
Ներսս իմ անմեսրոպ, անլեզու, 
Անվարպետ միշտ մնաց, 
Մահացա՜ւ, մահացա՜ւ, մահացա՜ւ, 
Գերագոյն գիր ուզող 
Թարգմանի՜չն իմ սրտի… 

    «Գիրեր անծանօթ» խորագրուած այս քերթուածով չաւարտեցաւ ինքզինք ամբողջովին չյայտնակերպած մարդու իր տանջալից տրտունջքը: Առեղծուածներով, խորհուրդներով, արեգակներով ու դժոխքներով խաչաձեւուած ու անոնց տակ խաչուած անդարման սրտին համար՝ կազմեց ուրիշ «Գիրեր անծանօթ» մը, ու այս անգամ Աստուծոյ ըսաւ իր ալեկոծ տխրութեան բուն պատճառը. 

Ու ես լեցուեցայ, – 
            Աստուած իմ, անդուլ –
Ինձմէ իսկ ծածուկ, 
          Քեզմէ իսկ ծածուկ, 
Բացականերու խորունկ տխրութեամբ 

………………………….

Այս երկրի վրայ 
Ես բուն բաներուն բացական եղայ 
                                        ու սէրը եղայ՝ 
Անհունը կէտին մէջ զետեղելու 
               յեղաշրջական զուր ճիգը եղայ 
                                           Կաթիլ մը ես ջուր՝ 
Անվերջ վերջնագիր յղեցի ծովին, 
                                     եւ ովկիաններուն, 
Աշխարհը ծածկող, Դուն լաւ կը յիշես, 
                                  մեծ Ջրհեղեղին: 
Այս երկրին վրայ, ես մեծ խօսքերու 
                                մեծ կալուածատէր՝ 
Անհուն խօսքերու չշարադրուած 
                               նամակը եղայ, 
Այնքան ապրումի, այնքան տխրութեան, 
                            այնքան տռամի, 
Ինձմէ միշտ փախչող իմ վէ՛պըս եղայ… 

    Ծածուկ բաներու եւ բանաստեղծութեան անդամագրուելէն ասդին, ամբողջ երեսո՛ւն տարի, բացականերու ունկնդիրը եւ զրուցակիցը եղաւ Պօյաճեան եւ զանոնք առարկայացնելու իր կարելիութիւններէն դժգոհ՝ տռամի մը վերածեց իր բովանդակ կեանքը: Ատոր համար անթիւ թշնամիներ ունեցաւ, թշնամացաւ Աստուծոյ հետ, ճակատագրին հետ, ոգիներուն հետ, ամէնէն առաջ ինքզինք թշնամի համարեց իր բո՛ւն անձին՝ 

Ես ոսոխ՝ երակներուս, արիւնիս, 
           ոսկորներուս ու ծուծիս 
                   ու պայմաններուս, 
Վասնզի բոլոր ատոնք պարսպած էին 
          Անհունն ի վեր նետուելու իմ 
         ամենասոսկալի մոլեռանդութիւնս: 

    «Սէր եւ վիշտ»ի քերթուածներէն մէկուն մէջ տարազուած է իր ներքին կենսագրութեան այս թունդ բաժինը, որ տեւական վտանգի մը պէս պտտեցաւ հետը իր բոլոր օրերուն, բոլոր քայլերուն: Պիտի անդրադառնայ անոր յաճախ, երբեմն արձակով: Գիտակցութեան այդ առաջին զարթնումէն ուղի՛ղ տասնըհինգ տարի ետք, «Թուղթ զաւակներուս» խորագրեալ արձակ բանաստեղծութեան մէջ՝ այս անգամ արձակով պիտի բանայ ու պատմէ նոյն վէրքը. 

«Ամէն վայրկեան յաւիտենական եւ յաւիտեան սիրոյ մը տեսիլքը կայ մէջս, որ կ’այրէ, կ’ուտէ, կ’անեցնէ ու կը սպառէ զիս: Յաճախ այնպէս կը թուի ինծի, որ տեսիլքները պիտի պատռեն մորթս ու ելլեն դուրս՝ կեանքի խորագոյն ճշմարտութիւն մը պոռալու մարդոց երեսին»: 

    Բաղձացուած այդ ճշմարտութիւնը, ի՛ր խոստովանութեամբ, երբեք մարմին չառաւ, ու տեսիլքը նորէն շարունակեց այրել իր անձը: 
    Վերջին օրերուն, «Բագին» մէջ, ողջուցը հրատարակութեան տուած իր վերջին քերթուածով՝ Պօյաճեան դարձեալ նոյն տագնապին կը վերադառնայ, եղածին, կատարուածին դժգոհութիւնը կը յայտնէ նորէն եւ ամբողջապէս դրսեւորուելու յուսահատ իրականութեան հակառակ, սրտառուչ, ցաւագին, ողբերգակա՛ն աճապարանքով մը կ’որոշէ. 

Այսուհանդերձ, ըսե՛լ ինքզինք,
                              ըսե՜լ, ըսե՜լ, 
Եւ ըսելով ձերբազատուիլ, 
Ալ մաքրուիլ մութ խոհերէն, 
Ալ մաքրուիլ քաղցր ու կծու 
                        կոյր բառերէն, 
Սրտի կրակ սա ջերմերէն: 

    Այս երեւոյթին դիմաց մարդ անպայման կը տարուի հարցնել, թէ ի՞նչ է բանաստեղծութիւնը եւ բանաստեղծներու ո՞ր դասակարգին կը պատկանի Պօյաճեան:  
    Ոմանց համար ներքին երաժշտականութիւն է բանաստեղծութիւնը: Հաւաքական ապրումներ խտացնող վկայութի՛ւն է բանաստեղծութիւնը ուրիշներուն համար: 
    Երրորդ ըմբռնումի մը համաձայն՝ դաստիարակչական բնոյթ մը ունի անիկա: 
    Պէտք է անմիջապէս աւելցնել, որ Պօյաճեանի բանաստեղծութիւնը այս սահմանումներէն դուրս կը մնայ: 
    Եդուարդ Պօյաճեանի համար բանաստեղծութիւնը բնազանցական վիճակ է նախ եւ յետոյ անկէ ազատագրուելու բաղձանք: Յետոյ ցնորք, մեկնում, անկում, տառապանք: 
    Տեսլահար մարդու այս տառապանքը կազմեց իր ուժը եւ տկարութիւնը: Իր մտածումներէն ե՛տ մնացած եւ բառերէն առա՛ջ անցած մարդու տարօրինակ վիճակ մը ապրեցաւ շարունակ, եւ հասնելու տենչին ու չկարենալ հասնելու իրականութեան առջեւ՝ Աւետարանի սգաւորներուն չափ խորունկ սուգ մը կրեց իր հոգիին:  

Պօյաճեանի համար բանաստեղծութիւնը
բնազանցական վիճակ է նախ եւ յետոյ անկէ
ազատագրուելու բաղձանք:
Յետոյ ցնորք, մեկնում, անկում, տառապանք:
 

    Ուժը՝ նուաճուած բանաստեղծութիւնն է, տկարութիւնը՝ հոն նշմարուած թերութիւնը: 
    Եդուարդ Պօյաճեանի գրականութեան մէջ՝ քննադատները ընդգծած են երկու թերութիւններ, նոյն գաղափարին տարբերակները իրարու վրայ գումարելու թերութիւնը մէկ, եւ երկրորդ՝ կառուցումի թերութիւնը: 
    Մեզի կը թուի, թէ այս տկարութիւնները կու գան դարձեալ վերը տրուած տեսլահար մարդու իր բուռն իրականութենէն: Ըսել կ’ուզենք միեւնոյն մտածումին շուրջ նախադասութիւններ կուտակելու դիւրութիւնը չէ այս արդիւնքին պատճառը, արդէն դիւրութեամբ քով քովի գրուած չեն անոնք, տառապանքի մը գինն են, զօրութեամբ զգացուող զօրաւո՛ր տեսիլքին ահազնութիւնն է զինք տակնուվրայ ընողը: Տեսիլքը միշտ աւելի զօրաւոր եղած է Պօյաճեանի մօտ, քան զայն իրագործելու մարդկային իր հնարաւորութիւնները: Եւ որովհետեւ առաջին բխումին մէջ մտապատկերին ամբողջութիւնը մարմնացած չի տեսներ յաճախ, ապա ուրեմն կը շարունակէ երկունքը, կը ստեղծէ երկրորդ պատկեր մը, երրորդ մը, եւ այսպէս՝ հիմնական գաղափարը նուաճուած տեսնելու փոխարէն՝ ընթերցողը հանդիսատես կ’ըլլայ անոր շուրջ դարձող պատկերներու տողանցքի մը: 
    Պատկերներու այս առատութիւնը, այս առաջին թերութիւնը, իր կարգին, պատճառ կը դառնայ կառուցումի թերութեան: Հարուածը հարստութենէն կու գայ ու ճիշդ ատոր համար մահացու չէ անիկա: 
    Արդարեւ, որքա՛ն ալ շեշտենք նշուած թերութիւնները, արուեստի խտութեան եւ կառուցման օրէնքները որքա՛ն ալ խստացնեն մեզ, չենք կրնար սակայն հանգիստ սրտով ու ամբողջութեամբ զեղչել այդ կրկնուող ձայները, կրկնուող գոյները, լոյսերը, կրկնուող լռութիւնները: Հեռուներուն ու խորունկներուն մէջ յածող, այլ տակաւին չբռնուած, չսանձուած, իր ապստամբութիւնը շարունակող գաղափարին ամբողջական լոյսը աղերսող հոգիի մը ո՛ճը կը բերեն անոնք, անհասին համար տուայտող մարդու մը սուգը, որ կատարուած նուաճումներուն խռովքին համազօր խռովք մը ունի: 
    «Փորձեցի, բայց չյաջողեցայ, յանցաւորը ես չեմ»,- կ’ըսէ տեղ մը մեր դարուն մեծագոյն գրագէտներէն մին, Սէնթ Էկզիւփէրի: 
    Անծանօթին ձեռք զարկած իրա՛ւ խառնուածքներուն մօտ՝ ի՜նչ փոյթ յաջողութիւնը, երբ փոխանցած են փորձին դժնդակ համը, չգտնուած աշխարհին, լոյսին, Բանին հրապոյրը, բանաստեղծութի՛ւնը: 
    Իր ողջ գրականութեան թթխմորը դժգոհութիւնը եղաւ, դժգոհութիւնը անհանդարտ դարձուց զինք, անհանդարտութիւնը պարտադրեց իրեն՝ 

Շարժել անշարժութիւնը, տեղափոխել, 
       մղել, հանել, շրջել, քանդել 
Ու վերստեղծել ամէն բան, 
     հոգի, երեւոյթ, ըմբռնում: 

    Անշարժութեան, լճացումին, քարացած ամէն բանի ի բնութենէ թշնամի խառնուածքը եղաւ միշտ: Խաղաղ ծովուն վրայ սպիտակ փոթորիկներ բարձրացուց, կայունութեան դէմ մրրիկնե՛ր արձակեց, որեւէ համակերպումի դէմ հանեց ապստամբ ուժ մը: Հակադրութիւնը գործօն սկզբունքը դարձաւ իրեն եւ իր էջերուն մէջ ներհակ ուժերը տեւաբար իրարու բախեցան: Անդունդներուն մռայլը կայ հոն եւ բարձունքներուն վեհութիւնը, սեւին սարսափը եւ լոյսին պաշտամունքը, կան տակաւին վատութեան եւ ազնուութեան խորհրդանիշ դէմքերը՝ Կայէնն ու Աբէլը, Յուդան ու Յիսուսը, Թուրքը եւ Հայը, եւ սաստկագոյն այն միւս կացութիւնները, որոնք կը կոչուին տարագրի կսկիծ եւ հայրենիքի սէր: 
    Բախումը շարժում բերաւ իր տողերուն, 
    Որոնումը՝ թարմութիւն,
    Տագնապը՝ բոց,
    Արիւնը՝ մթնոլորտ: 
    Սիրեց Արարիչը, Անհունը, լոյսը, հայրենիքը, կինը, երազը, երգը ու գերազանց թափով մը պաշտեց մեր լեզուն։ Առաւ անկէ շատ բան, տուաւ անոր շա՛տ բան, հասարակ բառերուն եռուն կեանքը փոխադրեց դէպի գրականութիւն, ստեղծեց հարիւրաւոր նոր բառեր, երբեմն նոյնիսկ չվստահեցաւ նորաստեղծներուն, դիմեց յատուկ անուններու օժանդակութեան, մերթ Ալասքա դարձուց հոգին, մերթ Սահարա, Նիակարա, հասարակածային, բեւեռային բաներու, խառնելով իր ոճին մէջ անապատային, ջրվիժային, բեւեռային ու հասարակածային տապ, ցուրտ, լռութիւն, աղմուկ: 
    Այս յատկութիւններով եկաւ աշխարհ, այսպէս տեսաւ, ըմբռնեց, ապրեցաւ աշխարհը ու մեկնեցաւ՝ աշխարհին կտակելով նոր հարստութիւն մը, բանաստեղծութիւն մը, որ քնարական տարրեր ունի իր մէջ, բայց քնարերգութիւն չէ, դիւցազներգական երանգներ ունի, բայց դիւցազներգութիւն չէ, պատգամական շեշտեր ունի, բայց վարդապետական չէ, գրականութեան մէջ եկող իւրաքանչիւր ճշմարիտի հետ յայտնուող առանձին որակ է, պա՛ր է՝ քամիներուն ու փոթորիկներուն տարերքէն խենթեցած խելագա՜ր պար, երաժշտութիւնն է՝ որոտումներով ու լռութիւններով կազմուած անօրինակ աղմուկ, նկարչութիւն է՝ արեւներէն, կապոյտներէն, ծաղիկներէն յափշտակուած պատկերներու խօլական արշաւ: 
    Եղած բաներ՝ ու եղածին լո՛յսը բերաւ մեզի Պօյաճեան: 
    Չեղած բաներ՝ ու չեղածին յո՛յսը բերաւ: 
    Ու մեկնեցաւ կեանքէն, հաստատելով վերջնական ներկայութիւն մը:

(Թիւ 5, 1967)

Your email address will not be published. Required fields are marked *