Պօղոս Սնապեան (1927-2014)

ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ 

Երկրորդ աշխարհամարտի վախճանը աւետող լուրերը հազիւ հաստատուած՝ մարդիկ, մեծն ու փոքրը, ոտքի ելան եւ Երուսաղէմի մեծ ու փոքր զանգակները չլսուած պոռթկումով լեցուցին մթնոլորտը: 
    Միւս բոլոր ժողովուրդներուն վերէն նայող ցեղակրօն Գերմանացին ծունկի եկած էր, ու խնդութիւն էր ամէն կողմ, տարածասփիւռ, պայթուցիկ խանդավառութիւն: 
    Դասերը ընդհատուեցան անմիջապէս: Փոխ տեսուչը կարգի դրաւ մեզ եւ ուղղուեցանք դէպի մայր տաճար: Զանգակներուն աւետաբեր ղօղանջին ի լուր, ժողովուրդը արդէն խռնուած էր հոն:
    Թափօրի մը գլուխը անցած՝ դահլիճէն վար իջաւ նաեւ պատրիարքը:
    Շուտով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ մը: Բուրվառները շարժեցան: Առաջացանք «Հրաշափառ»ին կշռոյթով: Պատրիարքը Գլխադիրին առջեւ խաչակնքեց, ծնրադրեց: Սկսանք ուրիշ շարական մը. «Այսօր երկնայինքն ուրախացան ընդ երկրաւորացս նորոգման»: Պատրիարքը աւագ խորանին առջեւ եւս աղօթեց, ապա, դառնալով ժողովուրդին՝ 
    «Խաղաղութիւն թողում ձեզ, զխաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ»…
    – Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները խաղաղութիւն կը շնչեն այս պահուն, – սկսաւ պատրիարքը, – ամէն մարդ ցնծութեան մէջ է, պատմական օր է այս օրը, տառապելոց մխիթարութիւն բերող օրհնեալ օր:
    Ժողովուրդը լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր քարոզին: Անձկութեամբ սպասած էր այդ օրուան, յոգնած էր, պէտք ունէր խաղաղութեան՝ 
    «Խաղաղութիւն թողում ձեզ, զխաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ»…
    Իր խօսքը աւարտելէ ետք, քարոզիչը, նոյն հանդիսաւորութեամբ, օրհնեց թշնամին հարուածող բանակները, ոգեկոչեց զոհերուն յիշատակը ու ղօղանջող զանգակներուն հետ, ու տաճարին մէջ խռնուած բազմութեան մասնակցութեամբ՝ 

Տէր Ողորմեա, Տէր Ողորմեա,
Տուր աշխարհիս խաղաղութիւն

    Աղօթքը չէինք աւարտած տակաւին, երբ անդրադարձայ, թէ Մայիս էր ամիսը ու յիշեցի ուրիշ Մայիս մը, մե՛ր Մայիսը, Մայիս ամսու մը միահամուռ թափով ղօղանջող մեր զանգակները յիշեցի, վեց հարիւր տարիներու ընթացքին առաջին անգամ զուարթօրէն լեզու ելած մեր վեց հազար զանգակներուն հրաշալուր ղօղանջը, ղօղանջին հետ մեր յաղթապանծ կտրիճներուն տողանցքը, ժողովրդական թափօրներն ու ալեծածան դրօշները: Բանաստեղծի մը էջերուն մէջ հանդիպած էի անոնց, եւ բանաստեղծին ձայնագրած ղօղանջներուն հետ ես այն ատեն լսած էի արիւնախանձ մեր հողերուն արթնցող շշունջը, տողանցող բանակներուն հետ տեսած՝ մեռելներուն ժպիտը, ծփացող դրօշներուն ներքեւ աւերակներէն բխած լոյսը: 
    Ծնրադիր Տէր Ողորմեա երգած պահուս՝ նոյն ձայները արձագանգեցին հոգիիս, նոյն պատկերները կրկնուեցան, բայց մեր զանգակներուն պարգեւած հպարտութեան փոխարէն՝ այս զանգակները տխրութեամբ համակեցին զիս, ընդհանուր ուրախութեան մասնակցելու թափս կոտրեցաւ մէկէն, փոխանակ աղօթելու, հայհոյելու տրամադրութիւն մը թափ առաւ սրտիս ու սրբազան տաճարին մէջ սկսայ հայհոյանքներ մռլտալ, հայհոյեցի այս յաղթանակը այնքան բուխ սրտով տօնող պատրիարքին ու վարդապետներու դասուն։ Ասոնք պղտորած էին ներքին ջուրերս, մեր Մայիսին ու մայիսեան մեր կտրիճներուն հանդէպ իրենց տածած ատելութեամբ, ապերախտութեամբ, ասո՛նք՝ որ ուրիշին յաղթանակը կը փառերգեն հիմա, ուրիշին նահատակները կ’ոգեկոչեն, ասո՛նք՝ Տէր Ողորմեա, ասո՛նց՝ Տէր Ողորմեա…
    Տարբեր, տարբե՜ր մարդիկ էին ասոնք եւ մեր միջեւ հասարակաց գիծեր իրապէս չկային: 
    Ես ծնած էի ուրիշ մթնոլորտի մէջ, մեծցած՝ ուրիշ աղօթքով, լեցուած՝ ուրիշ աստուածներու հմայքով: Քաջայաղթ մարդոց հանդէպ յորդ սիրտ մը կը կրէի ու յորդեցայ այս տան սեմին ոտք դրած վայրկեանիս, յորդեցայ ու նոյն պահուն բան մը խորտակուեցաւ հոգիիս մէջ։ Ի՛նչ գիտնայի, թէ մեր հերոսներուն յիշատակութիւնը հերետիկոսութիւն կը նկատուէր հոս։ Ի՜նչ գիտնայի, թէ Դաշնակցութիւնը աւազակներու ու դաւաճաններու կազմակերպութիւն համարող մարդեր կան աշխարհի մէջ: Ինծի համար տարբեր խորք, խորհուրդ ունէին անոնք, ամէն բանէ վեր դասուած ու պաշտամունքի առարկայ սուրբեր էին, սրբութիւններ. գիտակցութեանս ամբողջ շրջանին, սիրտս անոնց հաշուոյն տրոփած էր, անոնց փառքը երգած կամ պոռացած էի ամէն օր, ամէն օր ցնծութիւն, Պանք Օթօման գրաւուած է, մի ժամուան մէջ Մազրիկ ցեղը ջնջուեցաւ, ի զէն ի վրէժ՝ ամէ՛ն օր: Գիտէի՝ որ բռնաւորներ, սուլթաններ, թալաթներ եղած են մեր կեանքին մէջ, գիտէի որ անոնց դէմ հսկաներ ծառացած են, առիւծասիրտ հազար առիւծ, երկունքի բռնուած էր ամբողջ Հայութիւնը, Դաշնակցութեան ցանած սերմերը օրհնութեան պէս ծլարձակած էին սրտերուն, ձայն մը հնչած էր ու սրտերը թունդ–թունդ ելած էին, ուրիշ ձայն մը ով որ քաջ է, ի՛նչ կը սպասէ հարցուցած էր, ու քաջերը չէին սպասած, ելած էին ոտքի, ոտքի ելլողներուն կռուեցէք տղերք ըսուած էր, ու տղերքը կռուած էին, ու տղերքը ծունկի բերած էին թշնամին, կեցցէ՛ Հայաստան, ամէն օր կեցցէ՛ Հայաստան։ 
    Այս ապրումները, ամբողջ, վեց ամիս, ստիպողական լռութեան մը դատապարտելէ ետք, խաղաղարար այս զանգակներուն ի լուր, եւ ի տես մարդոց զուարթ երեւոյթին՝ անիրաւուած, կողոպտուած պատանիի դառնութիւնս աւելի սատկացաւ եւ Տէր Ողորմեան սառեցաւ շրթներուս:
    Վերադարձանք դպրոց, միտքս չվերադարձաւ սակայն ինծի, գնաց հեռուն։ Յիշեցի նախակրթարանի պատմութեան ուսուցիչս, որ անցեալ տարի, Մայիս ամսուն, իր բոլոր պահերը յատկացուց մեր անկախութիւնը կերտող կտրիճներուն ու հերոսամարտներուն։ Յիշեցի իր յուզումը, յորդումը, դէպքերէն, դէմքերու անօրինակ սխրագործութիւններէն բխած իր վարակիչ ոգեւորութիւնը, արցունքները երբեմն: Առանց հացի, հագուստի, երդիքի՝ ժողովուրդ, առանց զէնքի, փամփուշտի՝ բանակ, հայրենիքի ապրումով զինուած ահարկու ամբողջութիւն, խոհի, խօսքի, բազկի մեծեր՝ Արամ, Նազարբէկեան, Անդրանիկ, Սիլիկեան, Դրօ, Փիրումեան, ուրիշ մեծագործներ, թշնամիին մահասփիւռ դժնդակներուն վրայ խոյացող մեր հրեղէն այրուձին։ 
    Ուսուցիչը կր պատմէր, առանձին անձերու կապուած առանձին դրուագներ կը թուէր, կու տար անկրկնելի մանրամասնութիւններ եւ իր խօսած ատեն ե՛ւ նստած չէի կրնար մնալ, ամբողջ մարմինս կ’եռար, ոտքի կ’ելլէի, վազելու, բացուելու տենդ մը կը մտրակէր զիս, պոռալ կ’ուզէր սիրտս, երգել, սլանալ , հասնիլ Արարատի շուքին, համբուրել արնաթաթախ հողը, քաջերուն հետքերը, նշխարները: Այնքա՜ն կը սիրէի հերոսները, հերոսները ի պատուի էին մեր ամբողջ գիւղին մէջ, մեր գիւղին մէջ հերոսները աւազակ, հայրենադաւ, արկածախնդիր անուանող մարդեր չկային: Հոն տարբեր էր կեանքը, սրտաբուխ, արդար, Սասնոյ գլխին ամէն օր ազատութեան դրօշակ կը փայլէր մեր գիւղին մէջ, հերոսը կը մռնչէր եւ Սուլթանը կը դողդողար, մօսինը իւր նպատակին կ’ուղղուէր եւ ոռնալով վար կ’իյնար Քէօսէ Պինպաշին. ամէն գիշեր մենք մեր մէջ կ’ունենայինք արնահեղ Գէորգը, Անդրանիկ Փաշան, Սեբաստացի ընկեր Մուրատը, չորրորդ գնդի հրամանատար քաջ Քեռին, վիթխարի կտրիճ Սեպուհը, պանծալի Համազասպը, ամէ՛նքը, կուրծքէն չորս գնդակ ստացած ու կրկին հրացան պարպող կարնեցի Գարեգինը, վէրքերով լի հազար Ֆետայի, Հայաստանի փառք ու պարծանք հազար արի»:
    Ի՜նչ աղուոր էին մեր օրերը, մեր գիշերները։ Զինադադարէն ետք, իմ ժառանգութեանս հակադրուած մտայնութիւնը աւելի թունաւորեց կեանքս։ Մօտեցող Մայիս 28ին հետ՝ վիրաւորանքը աստիճան մը աւելի զգացի, նախօրեակին՝ աշխարհը ամբողջովին մթնցաւ: Այդ հրաշափառ օրը սովորական օր պիտի ըլլար, դպրոցը բա՛ց: 
    Երեկոյեան ամէն մարդ, ամէն ինչ անհանդուրժելի թուեցաւ ինծի։ Բակի արեւելեան անկիւնը, ծառի մը կռթնած կը մտածէի ելքի մը մասին, երբ հեռուն նշմարեցի աւարտական դասարանի ամենէն լռակեաց, մռայլադէմ ու դաժան տղան՝ Վարազդատը։ Եկաւ, կանգնեցաւ քանի մը քայլ անդին, հեղ մը խուզարկեց շուրջը եւ շտապ քայլերով դիմեց դէպի խաղավայր։ Վայրկեան մը չանցած նորէն երեւցաւ, նորէն խուզարկեց շրջապատը եւ ուղղուեցաւ իմ կողմս: Տեսաւ զիս։ Կանգ առաւ դիմացս: Չախորժեցայ իր ներկայութենէն: Կռուելու տրամադրութիւն մը խմորուեցաւ մէջս յանկարծ: Հսկայ ուժ մը կուտակուեցաւ սրտիս: 

    – Հը՜, – սկսաւ գլուխը երերցնելէն:   
    «Կեցցէ՛ Հայաստան», ըսի մտքէս:
    – Այս ի՛նչ բանաստեղծական մեկուսացում:
    «Կեցցէ՛ Մայիս 28ը», ըսի նորէն իւրովի:
    – Ինչո՞ւ լուռ, ես: 
    «Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը», ըսի դարձեալ լռելեայն, այս անգամ ուղղակի աչքին նայելով։
    – Վաղուան դասերդ պատրաստա՞ծ ես:
    – Ո՛չ։
    – Ինչո՞ւ։
    – Չեմ գիտեր, անա՛նկ։
    – Ես գիտեմ:
    – Ի՞նչը , – հարցուցի խուճապի մատնուած:
    – Պատճառը, տխրութեանդ պատճառը, առանձնութեանդ պատճառը:
    Չխօսեցայ։ Կասկածելի իր յայտնութիւնը աւելի խորացուց կասկածներս: Մէկը զիս հետապնդելու պաշտօ՞ն տուած էր իրեն արդեօք։ Կարծեցի, թէ թակարդի մէջ բռնուած եմ։ Սիրտս թունդ ելաւ: Արդէն չէի սիրեր այս տղան ու հաւատաքննիչի իր դերին մէջ ուղղակի խորշանք կ’ազդէր վրաս:
    – Ինչո՞ւ մէկէն լռեցիր։
    – Աստուած սիրես, հանգի՛ստ ձգէ զիս, – ըսի զայրոյթ մատնող շեշտով մը։
    – Յիմա՛ր դաշնակ:
    – Կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը, կեցցէ՛ Մայիս 28ը, կեցցէ՛ Հայաստան, – մռնչեցի կատաղութեամբ, – վաղը ես կը մեկնիմ, կեցցե՛ն, – կրկնեցի ու պատրաստուեցայ դիմագրաւել հաւանական ամէն հակազդեցութիւն:
    – Կեցցե՛ն, – արձագանգեց յանկարծ Վարազդատ, – կեցցե՛ն, – գոռաց ու սկսաւ որոտընդոստ ծափահարել: Հրամայեց որ ծափահարեմ նաեւ ես։ Հետեւեցայ իրեն: 
    – Աւելի՛ ուժով, հազարներու, միլիոններո՛ւ փոխարէն, ամբողջ սրտով, ամբողջ սրտով կեցցեն: 
    Ապշեցայ մնացի: Ո՞վ էր այս տղան, ո՞ւր էր մինչեւ հիմա, հիմա ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Առեղծուածի մը առջեւ զգացի մէկէն ինքզինքս, կարծես երազի մէջ էի։ 
    – Հետեւէ ինծի, – ըսաւ: 
    Իջանք խաղավայր ու կանգ առինք ծայրամասին։ 
    – Վաղը Մայիս 28 է, – վերսկսաւ Վարազդատ:
    – Այո, վաղը Մայիս 28 է, – ըսի դառնութեամբ:
    – Ամէն տարի, Մայիս 28ին, ես հիւանդ կ’ըլլամ։ 
    – Ինչո՞ւ։ 
    – Սովորութիւն է: 
    – Հիւանդութի՞ւնը։ 
    – Հիւանդութի՛ւնը։ 
    – Զարմանալի է: 
    – Զարմանալի չէ՛: Անկախութեան տօնին մասնակցելու ուրիշ միջոց չկար: 
    – Վաղը դարձեա՞լ պիտի հիւանդանաս, – հարցուցի նորոգուած տրամադրութեամբ։ 
    – Ո՛չ: Վաղը պիտի հռչակեմ սեփական անկախութիւնս։ Այլեւս ոչ ոք կրնայ բռնանալ վրաս: 
    – Ինչպէ՞ս:
    – Մէկ ամիսէն կը մեկնիմ: 
    – Վարդապետ պիտի չըլլա՞ս։ 
    –Վարդապե՞տ։ Գետի՛նն անցնին բոլոր վարդապետներն ու վարդապետութիւնները, որոնք հայրենիքին համար հեղեղօրէն թափուած արեան հանդէպ երկիւղած պաշտամունք չունին, չեն ուսուցաներ: Ես կը մերժեմ անորոշ սուրբեր մեծարող ուխտերու մաս կազմել: Ուրիշ սուրբեր կը կանչեն ինծի, մեր հրասիրտ, հրաչուի քաջերը: Անոնց ընծայած պատարագս լուռ պատարագ էր ցարդ, բարձրաձայն պատարագի մը կարօտը կը տանջէ զիս հիմա: 
    Վերջին բառը արտասանած պահուն, Մայիսի բովանդակ քաղցրութիւնը հաղորդող հով մը մեղեդիացաւ ծառերուն մէջ: Հովը երկրին կապեց զիս: Զգացի՝ որ վերը երկինք մը կար ու երկինքին վրայ ամպ չկար, լոյս կար, լոյս կու գար վերէն, լոյս՝ հեռուներէն: Երկար չտեւեց սակայն այս լուսողող երանութիւնը։ Չեմ գիտեր ինչպէ՛ս, Վարազդատի հիւանդանալու պատմութենէն առած առաջին տպաւորութիւնս մթագնեցաւ իսկոյն։ Կրաւորական այս ոճը իմ ոճս չէր։ Չհամբերեցի. 
    – Հինգ տարի առաջ նոյն կարօտը չունէի՞ր։ 
    – Ինչպէս թէ չունէի, ունէի՛: 
    – Ինչո՛ւ այն ատեն չմեկնեցար: 
    – Ինձմէ առաջ մեկնած բարեկամ մը արգելք եղաւ։ Մեկնիլը լուծում մը չէ ըսաւ բարեկամս ու թելադրեց որ մնամ, շարունակեմ աւանդութիւնը: 
    – Հիւանդութեա՞ն աւանդութիւնը: 
    – Աղքատներուն, ծարաւներուն աւանդութիւնը։ Ծերունի վանական մը տուած էր իրեն հիւանդանալու խորհուրդը եւ ինք, չորս տարի շարունակ, Մայիս 28ը տօնած էր անկողնի մէջ։ Այդպէս ըրի նաեւ ես։ Եկած եմ հիմա նոյնը քեզի թելադրելու:  
    Աչքերս հեռացուցի իրմէ: Երկուութիւն մը սկսաւ խռովել զիս: 
    – Այս պարիսպներուն մէջ, – վերսկսաւ Վարազդատ, – դեռ կարելի է հերոսներուն խունկ ծխել, բայց դուրսը դժուար է ուսուցիչ ունենալ մեծադղորդ մեհենականը, Հայաստանեայց այդ շռնդալից քուրմը. յետոյ մատենադարանը կայ, լայն ժամանակ, կարդա՛, բաց ջիղերդ, ընդարձակէ հորիզոնդ եւ յետոյ մտածէ՛ մեկնումի մասին: Այս համբերութեան համար, ապահով եղիր, հերոսները կը ներեն քեզի, մնա՛։ Վաղը որեւէ հիւանդութիւն սարքէ ու վերջացուր: Ես գացի։ Անմիջապէս առի որոշումս:  
    Քիչ անց, զարնուեցաւ յաջորդ օրուան հաշուոյն սերտողութեան հրաւիրող զանգը: Առանց շահագրգռութեան աչքէ անցուցի դասագրքերս ու միւսներէն կէս ժամ առաջ, գլխու սաստիկ ցաւ մը հնարելով՝ բարձրացայ ննջարան: Արագ մը բացի անկողինս ու նոր անակնկալ մը ցնցեց էութիւնս:
    Գիրքեր զետեղուած էին վերմակին տակ, ալպոմ մը, եռագոյն կողքով երգարան մը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէկ տարեդարձին նուիրուած պզտիկ հատոր մը:
     Ալպոմի կողքին գնդասեղով կցուած կարմիր ձեռագիր մը զարկաւ աչքիս: Կարդացի. «Հետեւէ՛աղքատներուն աւանդութեան ու պիտի հարստանաս: Վարազդատ»
    Ինքն էր ուրեմն, նորէ՛ն ինքը:
    Մէկ–մէկ թերթատեցի բոլոր ընծաները։ Աստուա՛ծ իմ, ամէնքը հոն էին, բոլոր քաջերը, փափախաւոր, զինաւոր, ձիաւոր բոլոր պաշտելիները, նահատակները, բանաստեղծները: Որքա՜ն կարօտցած էի իրենց։ 
    Տղաքը եկան։ Պահեցի գիրքերս։ Առտու եկեղեցի գացին: Բացի գանձերս։ Յափշտակութեամբ սուզուեցայ անոնց մէջ, ընդհատուեցայ քիչ անգամ, բաղդատութիւններ ընելու փորձութեան վայրկեաններուն միայն: Երբեմն, նժարներէն մէկուն մէջ կը դնէի շարականներուն փառաբանած սուրբերը եւ միւսին մէջ՝ մեր երգերուն ոգեկոչած տղամարդերը, այլ այս սրբապղծութեան համար ինքս կ’ընդվզէի ինծի դէմ: Ի՛նչ նզովք որ կայ՝ բոլո՛րը ինծի, ի՛նչ կրակ որ կայ բոլո՛րը իմ գլխուն, ինչ փոյթ, արիւնս աւելի որոտման մեր որդիներուն հաշւոյն կը խայտար: Քարկոծուած,  արիւնած, խաչուած վկաներուն համար՝ դեռ տեղ կար սրտիս մէջ, անոնց յայտնաբերած մարդկային գիծերը մերթ կը յուզէին զիս, բայց ուղղակի՛ կ’ատէի ճգնաւոր կոչուածները, անապատականները, սիւնակեացները։ Ինչպէ՞ս սիրտ կ’ընէին մարդիկ աղօթել այս ախտաւորներուն յիշատակին եւ չէին ըմբռներ սրբութիւնը այն միւսներուն, մե՛ր ընտիրներուն, «Որք յաղթեցին անօրէն բռնաւորաց հեղմամբ արեան իւրեանց»։ 
    Միտքս չէր ըմբռներ կատարուածը։ Կը բորբոքէի, յետոյ նորէն կը վերադառնայի նկարներուն, երգերուն. 
   
   Ախ, ֆետայիներ, ջա՛ն ֆետայիներ, 
   Ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան.

    Ամբողջ օրը՝ այսպէ՛ս։ Դիտեցի, կարդացի, երգեր մրմնջեցի ու լիացայ։
    Երեկոյեան երեւցաւ Վարազդատ։ 
     – Տօնակատարութիւնը լաւ անցա՞ւ,– հարցուց զուարթ տրամադրութեամբ:
    – Շնորհակալ եմ,– ըսի,– շնորհակալ եմ տուած խորհուրդիդ համար, նուիրած գիրքերուդ համար, շնորհակա՛լ եմ։ 
    – Շնորհակալութեան պէտք չկայ, միայն թէ՝ չմոռնաս շարունակել աւանդութիւնը: 
    Չմոռցայ։ Շարունակեցի: Իմ կարգիս, չորս տարի, ամէն Մայիս 28ին, «հիւանդ» պառկեցայ, իսկ հինգերորդ տարին արդէն բոլորովի՛ն բուժուած էի: Հինգերորդ տարին, Անդր–Նահրի Մեսրոպեան վարժարանի ընդարձակ բակին մէջ, Եռագոյն դրօշներու ծփանքներուն տակ փոթորկող հսկայ բազմութեան մը հետ, ազատութեան տօնին, ի՛նքս ալ ազատօրէն փոթորկեցայ…

(Թիւ 5-6, 1968)

 

Your email address will not be published. Required fields are marked *