Փողոցի երկփեղկ դրան փակ մասին ետեւ, ձեռնահիւս սեւ շալ մը ուսերուն, կանգնած էր ան, երբ կինս ու ես իջանք մեր բնակարանին ներքին սանդուղներէն։
Դարձուց գլուխը, իր թափանցող ակնարկովը չափեց–չափչփեց երկուքս եւ, կրկին նայելով դէպի դուրս`
– Խե՞նթ են՝ ի՛նչ են, աս անձրեւին փողոց կ’ելլուի՞, – ըսաւ ինքն իրեն՝ լսելի ձայնով մը։
– Հա՛յ է,– շշնչեց կինս ինծի՝ ակնարկելով կնոջ:
Մօտեցանք դրան: Անձրեւը, զոր չէինք նկատած յարկաբաժնէն իջնելէ առաջ, կասեցուց մեզ եւս դրան առջեւ:
–Պիտի սպասենք, ըսի կնոջս, եւ, ընդոստ, քայլ մը ետեւ գացի՝ զերծ մնալու համար ջուրերէն, զորս ցայտեցուց փողոցէն սուրացող ինքնաշարժ մը:
Տիկինը, որ վաթսունի մօտ կ՚երեւէր, գլուխը յանկարծ դարձուց մեզի եւ, քիչ մը շփոթ,
–Զէհէր հայ էք, – ըսաւ ժպտուն, – հիչ վրանիդ չդրի:
– Ինչո՞ւ, – ընդմիջեցի նոյնպէս ժպտուն, – հայու չե՞նք նմանիր:
– Է՜հ, տիկինը՝ քիչ մը, – բերաւ՝ կարծէք սխալ մը պարտկելու փութկոտութեամբ:
– Իսկ ե՞ս։
– Ի՜նչ մեղքս պահեմ, դուն բնաւ չես նմանիր հայու։
Եւ, խօսքը ուղղելով կնոջս,
–Անանկ չէ՞, տիկի՛ն, – ուզեց առնել անոր հաւանութիւնը:
Յետոյ ձեռքը տարաւ գլխուն, թաշկինակովը, զոր սեղմեր էր ափին մէջ, սրբեց թրջուած մազերը, եւ՝
– Չնեղանա՜ս, միւսի՛ւ, – կրկին դարձաւ ինծի, – հայ ըսածդ ղալիպէ չ’ելլեր եա… Ամէնքս ալ Աստուծոյ ստեղծածներն ենք. քիթը բերանը չէ կարեւորը, սիրտո՛վ հայ ըլլալու է մարդ:
– Ճի՛շդ է, – պատասխանեցի, – հայու նմանիլը չէ կարեւորը, ո՛չ ալ հայ ծնած ըլլալը. Այլ՝ հա՛յ ապրիլը:
– Հապա՜, – բարձրացուց ձայնը՝ մօտենալով ինծի, – ի՜նչ աղէկ ըսիր քիթով բերնով Հայեր կան քի Հայութենէն բա՜ն չունին իրենց ներսիդին…: Դուն ինծի՛ հարցուր ատանկները:
– Կ’երեւի ծանօթներ շատ ունիս, ըսի, – թէեւ այս թաղը քիչ hայեր կան:
–Ես աս թաղէն չեմ: Կիրակի «սոռդիիս» օրն է. էկայ՝ մեր գեղացիկներէն մէկը տեսնելու: Ետեւի փողոցը կը բնակի:
– Պրուսայի շրջաններէ՞ն ես:
– Ինչէ՞ն հասկցար, – յանկարծ ցցեց գլուխը:
–Շալէ՛դ։
Ժպտեցաւ գոհունակ, շալը շտկեց ուսերուն վրայ գուրգուրանքով մը եւ՝
– Մօրս յիշատա՛կն է, – ըսաւ – հօրենական տունէս ա՛ս մնացած է. մասունքի պէս կը դողամ վրան:
– Այո՜, յիշատակները քաղցր են:
– Աղջիկս գլօխս կ’ուտէ քի չգործածեմ. Փարիզի մէջ ամօթ է, կ’ըսէ. հո՜գս: Ի՛նչ չէշիտ ուզես կայ աստեղ…
– Ուրեմն համագիւղացիներ ալ ունիս:
– Այո՛. ատենը մէկ կու գամ, հին օրերը կը յիշենք…
– Զէթինլիխները, Թութլուխները …
– Ա՛տ ալ գիտէ, նայէ՛, – ոգեւորուեցաւ յանկարծ՝ խոշոր բանալով աչքերը, – մեր կողմերէն չըլլա՜ս… հը՞… Օրթագեղէ՞ն ես, թէ Սէօլէօզէն…
–Ո՛չ, – ըսի,– ջուրին միւս եզերքէն եմ:
– Զէթինլիխնե՜րը, – աւաղեց՝ շարժելով գլուխը, – տէտէներէն մնացած զէթինլիխները ձգեցինք ու ինկանք աս դժոխքը:
– Փարիզը գեղեցիկ է:
– Ինչո՞ւս պէտք Փարիզի աղուորութիւնը: Ես քեզի բան մը ըսե՞մ. աս տեղ զէնկինի ու ճահիլի քաղաք է: Փարա ունեցողը կամ ճահիլ էղողը քաղաքին տէրն է. չունեցողն ալ ինծի պէս կը չարչարուի…
– Առողջութիւն ըլլայ, քոյրի՛կ, – վրայ բերի, – դրամը ամէն բան չէ:
– Է հա՛, ա՛տ ալ շիտակ է, ամմա, չոր առողջութիւնն ալ… ո՛ւր դառնաս դրամ կ’ուզէ նէ՜…
Երեսները կը փալփլէին յղկուած մարմարի նման: Եւ իր կլոր դէմքին վրայ՝ կարմիրի մը երանգները կը մատնէին անհետացած գեղեցկութիւն մը գեղջկական։ Իր յարաշարժ ու կապոյտ բիբերուն փայլը ուշիմութիւն մը կ’արտայայտէր:
Անհամբեր կ’երեւէր:
– Չուշացած՝ տեղս տեղաւորուիմ, ըսի, բայց անձրեւը մէկէն սկսաւ եւ մտայ այս բաց դռնէն ներս: Վախնամ ուշանամ. քառսուն գործ ունիմ ընելիք:
– Տան գործերը երբեք չեն վերջանար, – մէջ ինկաւ կինս , – միշտ ետեւէն պիտի վազես:
– Տանդ տիրուհին ըլլաս՝ ուրի՛շ է, տիկի՛նս, բայց մեզիպէսները…
– Տե՞ղ մը կ’աշխատիս:
– Աշխատանք՝ ըսէ, ծեծկուիլ ըսէ՝ ի՛նչ կ’ուզես ըսէ… ժամանակին տուն–տեղ ունեցիր տէ, էլիր էկուր էրէկուան խլէզին հրամանի՜ն տակ չարչարուէ կեցիր… Տուն ու տեղէ, մաքրութենէ հասկնայ նէ սիրտս չի ցաւիր:
– Ընտանիքի՞ քով ես:
– Այո՛. խըզմէթքար ըսելու տեղ՝ ալաֆրանկա անուն մը դրեր են… պօն ա դու թէռ…: Ի՞նչ ըսել է՝ գիտե՞մ:
– Աղէկ գէշ ընտանիքի մէջ ես վերջապէս։
– Ընտանիք ըսածդ ա՜լ… ամա՜ ն, ի՞նչ գիտնամ… հիմակուանները…
–Ինչո՞ւ:
– Կիւյէ էրիկ կնիկ են… Չեմ գիտեր՝ քաղա՞քը կ’ընէ, դրա՞մը կ’ընէ:
– Հայե՞ր են:
– Այո՛. հէմ՝ քիթով բերնով. հարիւր օտարին միջեւ տեսնես՝ մէ՛կէն կ’ըսես քի հայ են։
– Քեզի համար առաւելութիւն մըն է ատիկա:
– Խերով բարով չըլլա՞ր:
– Ինչո՞ւ, – հետաքրքրուեցաւ կինս, – օտարին հետ աւելի դժուար է անշուշտ:
– Անոնց մինակ սօռաթնին հայ է: Տղաքը ըսես՝ բա՛ռ մը հայերէն չեն գիտեր:
– Տան մէջ հայերէն չե՞ն խօսիր:
– Մարերնին կը ձգէ՞: Աքսան կ’ունենան, կ’ըսէ… Քա՛, կիւզէլիմ հայերէնին աքսան ընելը նոր իմացայ…: Եթէ հայերէն խօսին, Ֆրանսերէնը Ֆրանսացիի պէս չեն կրնար խօսիլ, կ’ըսէ տիկինը, եւ տղաքը կը հեռացնէ քովէս:
– Իսկ հայրէնի՞ն:
– Գիտնա՜լ անգամ չ’ուզեր. չէշիտ մը էրիկը, չէշիտ մը՝ կնիկը: Տղաքը ըսես՝ մէմէ՜ռ , մէմէ՜ռ ըսելէն վրաս կը վերնան: Արիւ՞ն է, ի՞նչ է՝ կը քաշէ զէհէր…
Պահ մը լռեց: Յետոյ՝
– Ամա՜ն – վերսկսաւ, – աղէկ բան չէ ըրածս։ Պիտի ըսէք քի հացերնին կ’ուտէ, էտեւնուն կը խօսի. ամմա, սիրտս կ’էրի։ Պագի ես ինծի կ’ըսեմ քի ձգեմ՝ էրթամ, քաշուիմ սենեակս, պատառ մը հացս ուտեմ, նէ՛ տեսնեմ, նէ՛ ալ լսեմ՝
– Ո՞ր տեղացի են, – հետաքրքրուեցայ:
– Մեր գեղէն է էրիկը:
– Ուրեմն կը ճանչնայիր առաջուընէ։
– Հարկա՜ւ. կնի՛կն ալ։ Էրկանը հարը ամառ ձմեռ. ձին հեծած Պուրսա կ’երթար կու գար: Ծուռ Աստուրին թոռն է: Ասատուրեանին «եան»ը նետած՝ «մէօսիւէ Աստուր» եղած է…
– Իսկ կի՞նը։
– Օվաճըքէն է։ Մարսիլիա՛ գտեր են զիրար: Անկէ հոս՝ չոր հացի մը էտեւէն… Գիտէ՛ք՝ պատերազմի ատեն աչքը փէք էղողը բեռը շտկեց։ Բաներ մրն ալ կը պատմեն. հայու մը խաղ խաղացեր են: Իրա՞ւ է, սո՞ւտ է, չար բերա՞ն է, գիտե՞մ:
– Ի՞նչ գործով կը զբաղին։
– Թռիքոյի գործ կ’ընեն։ Իրենց ֆապրիքան կ’աշխատէի. տունին մէջ վստահելի մէկը կ’ուզենք, ըսին՝ տուն առին զիս: Ֆապրիքան որ տեսնես՝ ափ ի բերան կը մնաս։ Ամէն մէկ մաքինան քանի մը միլիոն կ’արժէ։
– Կրցեր են շահիլ ու պիտի վայելեն անշուշտ:
– Քա, թո՛ղ վայելեն, հէլա՛լ ըլլայ, – մեղմացուց ձայնը, – մէնակ քի…
– Ի՞նչ։
– Ինծի՛ նայէ, միւսի՛ւ, – մտերմութիւն մը դրաւ ձայնին մէջ – չտեսած մարդը մէկէն ի մէկ փարա տեսնէ նէ… Ատ ճանապէթ փարան չկա՞յ, տունէ մը ներս մտա՛ւ տունին համը հոտը կը փախցնէ։ Շտակը՝ ճունճուղին կաթը պակաս է տունին մէջ:
– Ուրեմն այդքան հարո՞ւստ են:
– Ճերմակ պոպոզակով աշճի՞ն կ’ուզես, կուվէռնա՞նտը կ’ուզես… Գիտէք քի չե՞մ ուրախանար. կ’ուրախանա՛մ. Հա՜յ են նէ. ամմա, երբ չըռփըյէն դուրս բաներ տեսնեմ…
Տեղատարափը կը շարունակուէր: Շալը կրկին շտկեց ուսերուն վյրայ: Ճակտէն ետեւ ըրաւ ինկող մազերուն թելերը եւ՝
– Գամուեցանք՝ մնացինք, – դժգոհեցաւ:
– Երեւի տիկինը կ’օգնէ ամուսնոյն, – ըսի, – այստեղ ամէն մարդ կ’աշխատի։
– Փո՜ւ,– քքջաց՝ բերնին տանելով թաշկինակը, – պիտի օգնէ՜… Օր մը օրանց իրարու հետ եղած ունի՞ն.. էրիկը ի՛ր գործին, կնիկը՝ ի՛ր։
– Առանձի՞ն գործ ունի տիկինը։
– Նայէ՛ ի՞նչ հոր կը փորէ միւսիւդ, – դարձաւ կնոջս, – ըսե՛լ պիտի տայ ամէն բան. . . Մատամը օթօ՜ ունի, – հեգնական շեշտով մը երկարեց բառը – հատ մը ունէր չհաւնեցաւ. հիմա ամերիքական մը առած է: Սէթրոյին օդը աղտոտ է, չեմ կրնար շնչել, կը խեղդուիմ, կ’ըսէ…
– Քանի որ նիւթական վիճակնին կը ներէ…
– Է՜… Կը ներէ ըսելով՝ բանդալոնը հագնիլ՝ լերան թէփէները ասոր անոր հետ ըսքի ընելո՞ւ երթալ… Կը վայլէ՞ հայ կնկան…
– Հիմա ատոնք սովորական բաներ են, – ընդմիջեցի՝ ջանալով մեղմել վրդովումը, – աչք գոցէ՝ անցի՛ր. աղջիկդ չէ վերջապէս… Դուն հանգի՞ստ ես՝ ա՛ն նայէ։
– Լսեցի՞ր, տիկի՛ն, – կրկին դարձաւ կնոջս, – աչք գոցէ, կ’ըսէ միւսիւդ…: Ըսել է՝ ա՛լ մոռնանք գեղ ու պատիւ, տուն ու տեղ… Հայութենէն ի՞նչ կը մնայ… Հա՞յ կ’ըսեմ էս ատանկներուն… Օր մըն ալ ինծի չըսէ՞ քի, Մարիա՛մ, անունդ գէշ կը հնչէ, տիկիններ կու գան ժուռ ֆիքսիս, Մարի սլիտի կոչենք քեզ… Արունս գլօխս ցատկեց մէկէն: Ինծի նայէ, տիկին Բրաբ, ըսի… Հապա՜, Բրաբ կ’ըսեմ իրեն. Բրա՜բ է նէ… Ժագլի՞նս ո՛րն է… Հա՜, տիկին Բրաբ, ըսի, ես Աստուծու տուած՝ հացէն վազ կ’անցնիմ, անունէս ու մեռոնէս վազ չեմ անցնիր… Մարիա՛մ էկած եմ, Մարիա՛մ ալ պիտի էրթամ … Անունիս մէջ հօրս մօրս ձայները կան, ըսի, ազգիս ու արունիս ձայնը…
Երեսները շառագուներ էին: Կը հեւար: Եւ ինծի այնպէս թուեցաւ, թէ մտապատկերուած «Ժագլինը» եւ դէմս կեցող Մարիամը երկու սերունդներ էին՝ արիւնով իրարու հարազատ, բայց ըմբռնումներով ու նախասիրութիւններով իրարու հակադիր…:
– Չդժգոհեցա՞ւ, – հետաքրքրուեցաւ կինս:
– Ի՞նտոր պիտի դժգոհի. մի նեղուիր, Մարիամ, ըսաւ, տեղին պէտք է յարմարինք… Մենք ալ, նայէ՛, մեր անունները… Աղէ՞կ էք ըրած, ըսի, գիտես քի Ֆրանսացին կը հաւնի՞ ատ ըրածնուդ… Անունդ կը փոխես՝ արունդ կրնա՞ս փոխել, տիկին Բրաբ, ըսի… Խորթ կը հնչէ եղեր… Հո՜գս, ըսի , խըրսով… Ա՛լ չհամբերեցի… Պողչատ կապել էրթալս էկաւ… Խաթիրդ չմնայ ամմա, ըսի, Բրաբը ձգած՝ Ժագլին էղած ես նէ հօրդ մօրդ աղջիկը ըլլալէ դադրա՞ ծ ես…
– Շա՛տ լաւ ըսեր ես, ապրի՛ս, տիկին Մարիամ, – ուրախացաւ կինս:
– Հարկա՜ւ… Նայէ՛, ըսի, սա սալոնդ կը տեսնե՞ս։ Փառքէ կ’ըսէք, ի՛նչ կ’ըսէք, շաբաթը մէյ մը ճիլայել կու տաս եւ քէչէին կտորները ոտքերնուս կը դնենք քի չսահինք՝ չիյնանք… իշտէ ատանկ ճիլայի վրայ են կեցած Ֆրանսայի Հայերը, ըսի, կը սահի՜նք կոր, տիկին Բրաբ, մէկիկ մէկիկ կ’իյնան կոր… Կը հասկնա՞ս, ըսի:
– Ի՞նչ պատասխանեց:
– Ի՞նչ պիտի պատասխանէ: Հայութիւնը ե՞ս պիտի փրկեմ, ըսաւ: Հայութիւնը, դուն պիտի չփրկես ամմա, դուն՝ քե՛զ, ես ալ զիս պիտի փրկեմ քի Հայութիւնը փրկած ըլլանք, ըսի:
Շունչ առաւ: Նայեցաւ դուրս: Յետոյ կրկին դարձաւ մեզի եւ ձեռքովը հպելով կնոջս թեւին,
– Մեր գրոց բրոցները եւ խօսողները հիմա բան մը առեր՝ կ’երթան, – վերսկսաւ հեգնական շեշտ մը ձայնին մէջ, – ո՛ր թերթը բանաս, ո՛ր ճառախօսը մտիկ ընես՝ ազգապահպանում, հայապահպանում… Ասանկի պէս բառ մը…: Նոր իճատ ըրին ատ բառն ալ: Հայը ե՞րբ ինքզինք պահելու ճախտ ըրած չէ: Նո՞ր է քի կը հատնինք։ Մատ մըն էինք զմըպա մօրուքով վարժապետ մը բերին գեղը: Յեղափոխական է կը փսփսային: Կոկորդնիս պատռել կու տար, աւելի՛ ուժով, աւելի՛ ուժով կ’ըսէր երբ «Տէ՛ր կեցո՛ դու զհայս» կ’երգէինք: Փա՜ռք Աստուծոյ, – դժգոհանք մը դրաւ ձայնին մէջ,– սէրը պահե՜ց պահպանեց հիմա, բունը աւրուած թռչուններու պէս, ցիր ու ցան էինք… Ու մենք մեզի կը պոռանք կոր՛ «Հա՛յ, կեցո՛ դու զհա՛յս» …: Հապա «Հա՛յ ապրինք, եղբա՞րք»ը…: Արշակ թագաւորը պարսիկին դէմ կռուեցաւ Հայը Հայ պահելու համար: Վարդանը Աւարայրի մէջ մեռաւ՛ Հայը Հայ պահելու համար: Ս. Մեսրոպ Հայ գիրերը գտաւ՛ Հայը Հայ պահելու համար…: Ու քալէ էկո՛ւր մինչեւ մեր օրերը… Անդրանիկ, Գէորգ Չաւուշ, դաշնակ, հնչակ… ասոնք ամէնքն ալ հայութիւնը պահելու, պահպանելու համար չէի՞ն… Հայը ե՞րբ ազատած է, միւսի՛ւ, ինքզինքը, իր Հայութի՛ւնը պահպանելու հոգէն… Գիտե՜ս քի նոր բան մը կ’ընեն կոր: Հը՞, – յանկարծ ուղիղ նայեցաւ ինծի, – դուն ալ ատ գրոց բրոցներէն չըլլա՜ս…
– Ե՞ս:
– Այո՛, խօսքդ խորաթադ փէք գրաբառ է, – շեշտեց… «ռ»ն, – աֆ կ’ընես ամմա, ատ ճառերը, յօդուածները վրա՛ս գրէ… Ատոնք ամէնքն ալ պարապ խօսքեր են… Բառ շա՜տ, շարեցէք իրարու, քով… հանդիպողը հիմա Հայը Հայ պահելու ելեր է խօսքով… ճառ խօսելու տեղ՝ անուն ու լեզու փոխողները թերթերուն մէջ ծաղր ու ծանակ ըրէք քի, Ժագլինները Բրաբ մնան, Ժաներն ալ Օհաննէս…: Ի՜նչ տղոց ու աղջիկներուն ետեւէն ինկեր էք… Ձուլուողները է՛ն առաջ մեծերն են… Տղաքը ի՞նչ յանցանք ունին… Ի՞նչ տուիք իրենց որ բան սպասէք իրենցմէ…։ Ամէն բան տունէն կ’ըլլայ, ճի՞շդ է…
– Այո՛:
– Տղան Հայ շինողը մարը պապան են. է՛ն աոաջ՛ մա՛րը… Ծարիրածը մօրուց կ’ըլլայ, կ’ըսէին մեր ծերերը…Իշտէ Հայն ալ ատա՛նկ է: Մար մը ուզէ նէ քսան օտարին քով Հա՛յ կը մեծցնէ իր զաւակը… կաթին հետ՝ հայերէ՛նն ալ կու տայ…: Աքսա՜ն… Հայը ե՞րբ ուրիշ լեզուներ չէ սորվեր ու խօսեր. ասորերէ՞նը կ’ուզես, պարսկերէ՞նը կ’ուզես, արաբերէ՞նը, թուրքերէ՞նը, ֆրանսերէ՞նը, գերմաներէ՞նը… հէմ՝ ասորի՛ի, պարսիկի, անգլիացիի՛ պէս… Անա՞նկ է թէ չէ…։ Այո չե՜ս ըսեր նէ, – սրտնեղեցաւ ինծի։
– Շատ ճիշդ է, ըսի:
– Օրը օրին, սանկ նանկ ապրուստ մը ունեցողներէն վախ չկա՛յ, միւսի՛ւ, – կրկին բարձրացուց ձայնը, – ասանկնե՛րն են Հայութեան արմատը չորցնողները:
– Այո՛, մեծ մասամբ, – վրայ բերի։
Անձրեւը մեղմացեր էր: Այլեւս միայն կը նժար:
Մօտեցաւ դրան: Նայեցաւ դուրս: Եւ կրկին դառնալով մեզի,
– Կը ներէ՛ք, – ըսաւ, – գլօխ ցաւցուցի… էրթամ։ Մինչեւ փորդ տը Նէօյյի ժամ մը մեթրօ ունիմ: Ժամը քանի՞ն էղաւ:
– Վե՛ց, – պատասխանեցի, – եօթնին տեղդ կ’ըլլաս:
– Նայէ՛, մինչեւ քի անձրեւը չկեցաւ՝ դուրս չելանք։ Դո՛ւն, ես մեզի պէսները կէս–գոց դրան ետեւ կեցողներն էինք: Ճահիլը կը կենա՞յ։ Հազար ըսէ քի անձրեւ է՝ կը թրջուիս, մտիկ կ’ընէ՞։ Կը ձուլուինք կո՜ր պոռալը ատո՛ր կը նմանի… Կրնաս նէ աս գոց դրան էտեւը կեցուր տղաքն ու աղջիկները…
Ձեռքը երկարեց կնոջս։ Յետոյ՝ ինծի։ Ափովը կրկին շտկեց մազերը եւ ելաւ դուրս:
Ելանք նաեւ մենք։
Ամպերը ցրուեր էին եւ իրիկնադէմի մարմրուն ցոլքեր վարդի շափրակներ կը նկարէին ամպերու յամեցող ծուէններուն վրայ…։