Ամէն ամառ, գոնէ շաբթուան մը համար կու գամ սա պանդոկը, թէ՛ քիչ մը արեւ ծծելու, թէ՛ ծովու օդ շնչելու եւ թէ մանաւանդ՝ սա գեղատեսիլ լիճին դրացնութիւնը վայելելու:
Այդ տարին, եկեր էի առանց նախապէս իմաց տալու, առանց նախասիրած սենեակս ապահոված ըլլալու, եւ ուրեմն ստիպուեր էի առնել որը որ տրամադրելի էր:
Գանգատելու պատճառ մը չունեցայ սակայն, երբ զայն տեսայ: Պատուհանիս առջեւ պարտէզի ընդարձակ տարածութիւնն էր՝ իր գեղեցիկ ածուներով: Կարմիր ծաղիկներու իրար սեղմուած անհամար գլուխներ, որոնց մէջ վառող ելեկտրական կտուցները՝ խոշոր կայծոռիկներու, կամ երկինքէն թափած աստղերու պատրանքը կու տային, երբ մութը իջնէր: Քիչ անդին, լիճը փռուած էր իր սրսփուն ջուրերով ու իր հայելիին մէջ գրկած շուրջի ամարանոցներն ու ծառերը:
Հասեր էի ուշ ատեն ու յոգնած: Շաբաթներու հեղձուցիչ տաքը կ’երեւի հազարաւորներ ծովափ էր նետած, այնքա՜ն խճողուած էր փայտուղին եւ ես կարճ պտոյտէ մը ետք՝ գացի հանգչելու:
Յանկարծ, քունէս ընդոստ արթնցայ: Մէկը կը խռկար, կը խռկար այնքա՜ն բարձր, այնքա՜ն մօտ, կարծես սենեակիս մէջ ըլլար…
Յուսացի որ ժամանակաւոր էր այդ. թէ շուտով, մարդուկը ով որ էր քով պիտի դառնար, կամ արթննար, բայց ի զուր…
Աղմուկը իր զանազան ելեւէջներով ու սուլոցներով կը շարունակուէր. կարծես այդ բաւական չէր՝ անոր վրայ եկաւ աւելնալ կնոջ մը պզտիկ հազը, որ հակառակ յոյսերուս՝ բոլորովին անվրդով ձգեց խռմփացողը…
Եթէ այսպէս շարունակուի, ինչպէ՜ս պիտի կարենամ հանգստանալ, ըսի մտովի ու փորձեցի պատճառը փնտռել:
Իմ եւ քովի սենեակը իրար միացնող դուռ մը կար երկու կողմերէն ալ կղպուած ու դրան տակի լայն բացութեան հետեւանքով էր հաւանաբար, որ ամէն ձայն ու աղմուկ այդպէս սենեակիս մէջ ըլլալ կը թուէր:
Լուսնալու մօտ քնացեր էի ու բաւական ուշ ելայ: Մեծ եղաւ հրճուանքս, երբ պատշգամ ուղղուեցայ ու տեսայ, թէ զիս անքուն պահողներուն դուռը բաց էր ու մեկնումի պատրաստութիւն կար ներսը…
Տրամադրութիւնս բարձրացաւ: Հանգիստ, քունս խանգարող պիտի չըլլար այլեւս…
Որքա՜ն շուտ լաւատես կը դառնանք…
Խոր ու աղուոր քունով մը քնացայ այդ գիշեր. քնոտ էի ու լաւ քնացայ, բայց սենեակս կիսամութ էր տակաւին, երբ ձայնասփիւռ մը արթնցուց զիս: Կոպերս կը մերժէին բացուիլ ու անիծեալ ձայնասփիւռը պէտք եղածէն աւելի բարձր՝ իր քաղաքական լուրերով սենեակիս մէջն էր կարծես…
Յանկարծ, աչքերս լայնօրէն բացուեցան եւ ժպիտը տարածուեցաւ դէմքիս: Կարծես ճառագայթ մը ինկաւ հոգիիս մէջ ու իր ջերմութիւնը հրճուանքի ալիքներով ողողեց էութիւնս:
– Շտկէ սաւիկա, Խոսրով, շտկէ սաւիկա, ղը, ղը, ղը կ’ընէ կոր, էճըսթ ըրէ…
Օ՜, քաղցրութիւնը, քաղցրութիւնը մայրենի լեզուիդ, նոյնիսկ, իր աղճատուած վիճակով…
Քաղցրութիւնը, օտարութեան մէջ, օտարներու մէջ յանկարծօրէն յայտնուող արիւնակիցներուդ, ցեղակիցներուդ:
– Հէ՞, – կը հարցնէ մարդը, – Հէ՞…
Կինը կը կրկնէ, յայտնի է, որ ամուսինին ականջը ծանր է ու խօսակցութիւնը կը շարունակուի աւելի բարձր:
Մտիկ կ’ընեմ, ձեռքերս գլխուս տակ ու աչքերս առաստաղին, ուր հետաքրքրական ոչինչ կայ:
– Մի՛ ածիլուիր, ճանըմ, երէկ ուշ ատեն ածիլուեցար, վաղը առտու կ’ածիլուիս… Օդին համար ի՞նչ ըսաւ…
– Աղուո՛ր է, աղուոր, շատ աղուոր օդ է, վաղն ալ աղուոր պիտի ըլլայ, կենա՞նք աճապա, խռպոտ ձայն մըն էր, հաւանաբար, բարի ու հաճոյակատար մարդուկ մը, – հայտէ՛ էլիր, էրթանք քոֆի մը խմենք, մեր Արաքսին ո՜վ գիտէ քանիին պիտի էլլայ, – կը լռէ պահ մը ու կ’աւելցնէ, – շիտակը բան մը ըսե՞մ, էս ատ տղան երբեք չհաւնեցայ… մենք պիտի ձգենք էրթանք, աղջիկը շաբաթ մը մինակը աստեղ…
– Չօճուխ չէ եա, ըրածը գիտէ:
– Ի՜նչ գիտնամ…
– Մեղա՜յ Տէր, սեպտեմբերին քսանմէկ տարեկան պիտի ըլլայ, խելքը գլուխը հասած աղջիկ է ալ…– Անանկ մը ըսիր՝ գիտես քի քառսունմէկ տարու պիտի ըլլայ:
– Էհ, հապա՜… էս ատ տարիքին քեզի էրկու զաւակ տուած էի…
– Է՜, ան վախըթը պաշխա էր, Արաքսին ինծի համար չօճուխ է տահա…
– Մեղա՜յ Տէր Աստուած, խենթեցա՞ր, մա՛րդ. Ալեքսը քսաներկուքին չամուսնացա՞ւ, Վարդուհիս քսանին: Անոնց համար ատանկ բան չըսիր… Հա՛, Ալէքսին համար իրար անցանք, գիշեր ցորեկ տէրտ ըրինք, քուն չքնացանք, լացինք, ամմա, աղջիկը օտար ըլլալուն համար էր, չէ քի կարգուիլ ուզելուն: Մութլախ, էրկուքս մինակ պիտի մնանք տէյի վախէդ է…
– Ճանըմ, տղան քիչ մը աչքը բաց բան կ’երեւայ կոր, ինտո՜ր ըսեմ, հանած վարած, աչքերը ֆըրըլ ֆըրըլ կը խաղան կոր, մեր Արաքսին մաքուր աղջիկ է, թեւերնուս տակը մեծցած աղջիկ, ի՜նչ գիտնամ…
– Քա՛ հարկաւ ճարպիկ, աչքը բաց տղայ է. անանկ չըլլար նէ ինտո՞ր հոս պիտի գար, հէ՛մ գոլէճ էրթար, հէմ աշխատէր պիտի: Աս տարի դպրոցը կը լմնցնէ. մենծ ընկերութեան մը մէջ գործը պատրաստ սեպէ: Փառք տուր քի հայ տղայ է, հայ մեծցած տղայ է, հայ աղջիկ կը փնտռէ…
– Հա՛, հա՛, հարկաւ, հարկաւ…
Ժամանակ մը լռեցին:
– Խոսրով, սանտրս վա՞ր ինկաւ նայէ… Սըւոր տակը գնաց կարծեմ… Հա՛, հա՛, հոդ… Ամէն տարի աս մեր քովի սենեակը Արաքսիին կու տային, սա օրթայի դուռը բաց կը ձգէինք, իրարմէ լուր կ’ունենայինք…
Կ’ակնարկուէր սենեակիս. պատճառ եղեր էր իրենց անջատման:
Ակնարկս ինկաւ դրան ու յիշեցի Աւետիս Ահարոնեանի «Լռութիւն»ը, փորձութեան մղող բանալիի ծակը: Եւ որպէսզի Ահարոնեանի հերոսին «յանցաւոր անհամեստութիւնը» չգործեմ՝ մեր երկուստեք ապահովութեան համար, առաջին գործս եղաւ թուղթի կտորով մը խցել այդ ծակը:
– Անգի՛ն, Արաքսիին սենեակին թիւը ի՞նչ էր…
– Տասը, դիմացի կարգին վրայ է. ձայն տալու պէտք չկայ, անիկա ուշ պառկած է, տակաւին կը քնանայ…
Լսեցի դրան բացուիլը. այն ատեն, ես ալ դուրս ելայ ու պատշգամ ուղղուեցայ:
Մարմնեղ կին մը ու ճերմակ մազերով, բարի աչքերով մարդուկ մը անցան քովէս:
Դիտեցի լիճը: Ջուրերը անհանդարտ էին հովն ու ամպերը իր հայելին փշրած, խորտակած: Բադերն ու սագերը խմբովին իջեր էին լոգանքի, թերեւս ալ ի խնդիր կերի… Սագերը կը մխրճէին իրենց գլուխները ջուրին մէջ, մինչ բադերը՝ պոչերնին միայն օդին՝ ինձ համար անյայտ բաներ կը փնտռէին հոն վարը:
* * *
Թիւ տասը սենեակէն Արաքսիին ելլելն ու մտնելը մէկէ աւելի անգամներ տեսեր էի արդէն: Տեսեր էի զինք՝ իր լոգանքի տարազով. տեսեր էի զինք՝ իր երեկոյեան արդուզարդով:
Փոքրակազմ, հայու խոշոր աչքերով, նուրբ ու սիրուն աղջիկ մըն էր: Բայց չէի տեսեր տակաւին իր բարեկամը, որուն նայուածքը շատ ալ վստահութիւն չէր ներշնչած աղջկան հօր, որ հաւանաբար, ամենէն առաքինի, ամենէն իտէալ ամուսինը միայն արժանի կը նկատէր անոր:
Բացառապէս աղուոր օր մըն էր: Մեղմ զեփիւռ մը, ջինջ երկինք, խաղաղ ծով:
Նստեր էի փայտուղիի նստարաններէն մէկուն առանձին ու կը դիտէի վարը, աւազին վրայ արեւ ծծողները, ջուրը մտնողները, խաղացող երեխաները:
Նախորդ օրուան ալեկոծ ովկիանոսը խաղաղած էր. գորշ ջուրերը մաքրուեր էին ու ծաւի պայծառ աչքեր յիշեցնող ջինջ կապոյտով մը փռուեր էին մեր առջեւ:
Լսողութիւնս լարեցի. հայերէն խօսակցութիւն մօտս. միջին տարիքի երկու զոյգեր էին:
– Ախ, աս ի՜նչ աղուոր հանդիպում, մենք ալ ճիշդ հիմա ձեր խօսքը կ’ընէինք… Ինչպէ՞ս էք, ե՞րբ եկաք, տղաքն ալ եկա՞ծ են…
– Պզտիկը հոս է, մեծը ամիս մը առաջ ամուսնացաւ… Հապա՜, տուն տեղ եղաւ, ես ալ կեսուր եղայ…
– Հա՞յ է, աղջիկը հա՞յ է…
Սրտցաւ հայուն անխուսափելի հարցումը:
Չեմ լսեր պատասխանը, բայց կը տեսնեմ դիմացինը, որ գլուխը օրօրելով՝ կը յարէ.
– Հա՛, հա՛, ամէն տուն քանի մը հատ օտար մտեր է հիմա…
Ու կը քալեն միասին:
Աւազին վրայ խումբ մը երիտասարդ աղջիկներ ու տղաք կ’աղմկեն:
Հայերէն երգի պատառ մը ուշադրութիւնս այն կողմ կը հրաւիրէ: Աղջիկ ու տղայ իրարու ձեռքէ քաշելով ոտքի կը ցատկեն իսկոյն ու պարի եղանակը իրենց շրթներուն՝ կը վազեն ջուրը:
– Րա՛քսի, Գեղա՛մ, – ձեռքով կը կանչեն ետեւ մնացող զոյգը, որ կը մերժէ իրենց հետեւիլ:
Կը դիտեմ այս վերջինները ու իսկոյն կը ճանչնամ Արաքսին: Նուրբ, շատ նուրբ եւ շատ սիրուն: Դէմքը արեւէն կարմրած, մինչեւ ուսերը հասնող մութ շագանակագոյն մազերը ականջներուն ետեւ, թաւշեայ մորթով ու կլոր աղուոր գիծերով:
Տղան՝ մազոտ ու մկանոտ, դէմքը պրոնզի գոյն առած, խոշոր–խոշոր սեւ ու փայլուն աչքեր ու կարճ, շատ կարճ խուզուած մազեր:
Կը թուէր վերջին ծայր եռանդուն: Գրեթէ միշտ ինք էր խօսողը: Աղջիկը լուրջ ու քիչ մը մտացիր, մտախոհ ու անմեղ աչքերով կը դիտէր զայն ու երբեմն կը ժպտէր: Այն ատեն՝ ամբողջ դէմքը այնպիսի լոյսով մը կը վառէր, այնպէս կը կենդանանար, կարծես գեղեցիկ դիմանկար մըն էր, որ տղուն աչքերուն ջերմութեան տակ յանկարծ կեանքի կու գար՝ անդիմադրելի գրաւչութեամբ մը զայն կախարդելու համար…
Աղուոր, շատ աղուոր զոյգ մը, խորհեցայ ու հրճուեցայ:
Աղջիկը թէեւ այս ափերուն վրայ ծնած, բայց աւանդապաշտ ծնողքին թեւերուն տակ մեծցած, պարկեշտ հայ աղջիկ. տղան՝ հայահոծ շրջանէ եկած, ազգային կրթութեամբ, ազգային գիտակցութեամբ թրծուած, հայութեան բոցը իր մէջ, բոց մը, որմէ հաւանաբար կայծեր պիտի իյնային սա աղջկան էութեան մէջ, սա աղջկան, որ Արաքսի էր մկրտուած, բայց դպրոցի սեմը ոտք դրած օրէն Րաքսիի էր փոխուած… Ու… երկուքը միասին պիտի կազմէին հայաբոյր աղուոր բոյն մը, ուր հայ ձագուկներ պիտի մեծնային ու այդպիսիներով պիտի երկարաձգուէր կեանքը գաղութին:
Այսպէս խորհրդածեցի ես այն ատեն երջանկօրէն ու երկա՜ր մնացի նստարանիս վրայ: Հորիզոնն ու ամպերը հետզհետէ մանիշակի երանգներ ստացան ու աւազը ոսկի ցոլքեր: Քանի մը ճերմակ զբօսանաւեր կը կտրէին խաղաղ ծովուն ջուրերը ու մեղմ ալիքներ կու գային դէպի ափը քնքշօրէն սիրերգի մը քաղցրութեամբ, մինչ խարակներն ի վեր ջուրը կը նետուէր զուարթօրէն, սէրէն խենթեցած պատանիի մը նման:
* * *
Տարիներ են անցեր հիմա այն օրէն ասդին ու նստած եմ ես հոս կրկին: Քովս՝ բարեկամուհի մը ու անոր տարեց դրացին: Կը դիտենք աւազի վրայի բազմութիւնը: Սիրաբանող զոյգեր, արտառոց մարմիններ, խաղացող մանուկներ, աղաւնիներու ու ճայերու երամներ:
– Աղջի՛ Արուս, տէ, էնտեղ նիստող մեր Անգինի աղջիկ Րաքսին չի՞…
– Այո՛, – կը պատասխանէ բարեկամուհիս:
Կը նայիմ ցոյց տրուած կողմը, աւազին վրայ նստող կիներուն. երեքն ալ անծանօթ են ինծի, բայց կը թուի, թէ մին տեսած եմ տեղ մը…
Կը պրպտեմ յիշողութիւնս… Մշուշ… մշուշ:
«Անգին, Րաքսի», կը կրկնեմ մտովի ու կրկին պրպտուք… Ո՞վ է…
– Ո՞րն է Րաքսին, – կը հարցնեմ:
– Գլխարկովը, – կ’ըլլայ պատասխանը:
Արաքսի՜ն… Աչքերը մարած, պզտիկցած, թարմութիւնը բոլորովին կորսուած, կարծես միջին տարիքի կին մը եղած ըլլար…
– Ժամանակին մեզի դրացի էին, – կը շարունակէ բարեկամուհիս,– շատ սիրուն աղջիկ էր, շա՜տ, որքա՜ն փոխուած է հիմա… Ամուսինէն բաժնուած, երկու զաւակները առած՝ հեռացած է տունէն:
Կարծես քարացայ: Յիշեցի իր հայ բարեկամը, որուն հետ ալ ամուսնացաւ անշուշտ: Յիշեցի հօրը խօսքերը, հօրը վախերը անոր նկատմամբ ու դիտեցի Րաքսին…
Պատմեցի բարեկամուհիին անոր ու ծնողքին հանդիպիլս տարիներ առաջ:
– Մեղք եղաւ, շա՛տ մեղք, աղուոր անուշ աղջիկ էր Րաքսին, ով ուզէր կրնար առնել, բայց սիրտը այդ անպիտան օտարին էր տուեր ու հայրը մայրն ալ չէին գիտեր: Համարձակութիւն ալ չունեցաւ ըսելու ու օր մըն ալ այդ տղուն հետ փախաւ…
– Հայրը որ լսաւ, վրէն կաթուած իջաւ, քանի մը ամիս ետք մեռաւ, – կ’աւելցնէ դրացուհին:
– Բայց հայ տղու հետ է, երբ ես տեսայ…
– Հա՛, այո, Գեղամը: Չէ, չէ, չեղաւ անիկա. կ’երեւի փորձեց, բայց չկրցաւ մտերմանալ. ինք հոս մեծցած, սիրտն ու միտքը այդ օտարին, Գեղամը անդիի կողմէն, ուսումնական հայ տղայ:
– Ես օր տեսայ, ըսեցի էտ գործ չեղնիր…
– Որքա՜ն փոխուած է, չէ՞… Ո՞ւր գացին, ի՞նչ եղան անոր աղուոր աչքերը… Ամուսինը շաբաթը քանի մը օր խմած տուն կու գայ ու կը ծեծէ ալ եղեր… քաշուելի՞ք բան է…
– Ի՞նչ եղաւ միւսը, հայ տղան, Գեղա՞մ ըսիր…
– Իրաւ չեմ գիտեր, վստահ եմ ան ալ Րաքսիին աղուորութեանը միայն զարնուած էր, հոգեկան կապ մը չեմ կարծեր գոյութիւն ունէր… Անոնք հա՛յ են անշուշտ եւ հայ ալ կը մնան, թէեւ անոնց մէջ ալ այստեղիններէն աւելի շատ ու աւելի շուտ օտարանալու մարմաջ ունեցողներ չեն պակսիր…
Կը դիտեմ ովկիանոսը, որ այնպէ՜ս ալեկոծ է, ալիքները խլացուցիչ աղմուկով ու սպառնագին վայրագ գոռոցով կը խուժեն ցամաք ու փրփրոտ ջուրը կ’եռայ աւազին վրայ: Այն աւազին՝ ուր տարիներ առաջ երջանիկ հայ բոյնի ուրուանկարն էի տեսեր…