«ԱՅՍՏԵՂՈՒԱՆԸ ՍՈՒՏԱԿԱՆ Է, ՍՈՒՏԱԿԱ՜Ն…» 

Լիբանան: 
    Երբ տակաւին գեղածիծաղ կը կոչուէր: 
    Երբ տակաւին Արեւելքի այդ առաջին դուռներու տարերային չես գիտեր ի՛նչ արկածով այդպէս տեղ բռնած, կամ թէ սադայէլական ուրիշ ինչ դիտումներով դրախտի նման ծպտուած անէծքի մը ծնունդ կարծէք այդ հողաշերտը կը շփոթուէր… Փարիզներու հետ, կանաչ, ժպտուն, բարեկիրթ… Զուիցերիոյ հետ: Երբ տակաւին, երբ տակաւին… 
    Եւ տակաւին Լիբանանի լեռները: Միջերկրականի կապոյտ, վճիտ ջուրերու այդ վերջին ափը մինչեւ իրենց փշերը սփռած, կապոյտ, թափանցիկ մշուշներով պարուրուած լեռները եւ անոնց լանջին կատարներուն՝ պուրակներու պէս ցանուած փայլուն, պսպղուն ամարանոց գիւղերը: Ջերմաչափի առաջին իսկ ոստումներուն հետ, ամառը դեռ Պէյրութ քաղաքը իր հեղձուցիչ թոնիրին մէջ չգրկած, պէյրութցին ինքն ալ ոստում կատարած կ՛ըլլար դէպի լեռները, հազարներով մեթր բարձրութեամբ անոնց լանջերու թառած ամարանոց գիւղերը: Անկասկած, որ պէյրութցիին հետ օդափոխութեան այդ բարձրաբերձ վայրերը փութացած կ՛ըլլար իր օրերը, ժամերը, անոնց յետին պահերը մինչեւ հրճուանքով ու բերկրանքով լեցուն տեսնելու լիբանանցիին անմրցելի… հաճոյամոլութիւնը նաեւ: Եւ այլեւս երգ ու նուագ, պար ու խայտանք, երգահանդէս ու պարահանդէս, հանդէ՜ս… հանդէ՜ս անսպառ: Կեանքը կ՛եռար, կը խայտար ամարանոց այդ գիւղերուն մէջ՝ ցերեկներու, գիշերներու ամբողջ երկայնքին: Պար ու նուագ, խնճոյք, խրախճանք, զուարճութիւն ու ցնծութիւն անյագ, անյագուրդ: 
    Այդպէս էր Լիբանան, ամառներով, ձմեռներով, բոլոր, բոլո՜ր եղանակներով: Առակագիր Լաֆոնթէնի ճպուռին երանելի անհոգութիւնը յիշեցնող պարահանդէ՜ս, երգահանդէ՜ս, տօնահանդէ՜ս Լիբանան: 
    Այդ տարի, կանխահաս տաքի վայրի ալիք մը պատճառ դարձած էր, որ մենք ալ բոլորին պէս աճապարենք ամարանոց բարձրանալ, գիւղի մեր տունը, սովորականէն աւելի կանուխ վերագտնելու համար մեր ամառնային ապրելակերպը: Ամառնային եղանակին պէյրութցիին դէպի լեռները տեսակ մը վաչկատունի կամաւոր գաղթը, տաքէն փախչելու, զով ու մաքուր օդը փնտռելու, օդափոխութեան եւ այլ պատրուակներու կողքին ու այդ պատրուակներէն անկախ, կեանքի, կենցաղի, ապրելակերպի փոփոխութեան հնարաւորութիւն մը կ՛ընծայէր: Ամբողջ տարի մը քաղաքին ճնշիչ, այլեւս տրտում ու տաղտկալի առօրեայէն ազատագրուած կ՛ըլլար այսպէս պէյրութցին եւ երեք ամիս, երբեմն նոյնիսկ աւելի, քաղաքին հետ կապը պահելով հանդերձ, գիւղը ապրելու, գիւղական կեանք վարելու պատրանք կ՛ունենար: Եւ լեռներուն մէջ մնացած էին, կային տակաւին քաղաքակրթութեան ախտերէն դեռ բոլորովին չվարակուած, չխաթարուած անկիւններ, ուր մարդ կրնար ինքզինքին այդպէս հանդարտ ու նախնական կեանքի մը պատրանքը պարգեւել: Յամենայնդէպս, խխունջի մը պատեանին պէս ինքն իր վրայ ոլորուող ցից, ուղղաձիգ այդ լեռնային ճամբաներով իր կռնակը անգամ մը–երկուք Պէյրութ քաղաքին դարձնելէ ետք, քաղաքացին կը վերանորոգուէր կարծէք, նոր հորիզոն կը բացուէր անոր դէմ եւ տիեզերքը կը փոխուէր: 
    Այդ տարի, ուրեմն, Յունիսի դեռ երկրորդ կէսերուն, բարձրացած էինք ու հաստատուած գիւղ եւ յանձնուած՝ ամառնային մեր տոմարներուն: Մեր բոլորէն աւելի, բոլոր տնեցիներէն առաջ ամառնային օրացոյցին ինքզինք յանձնած էր վեց տարեկան աղջիկս: Ինքնաշարժէն հազիւ ոտքը վար դրած, առանց ոչ մէկուն խօսքը մտիկ ընելու, թէ՝ «աղջիկս, քիչ մը սպասէ, տեղաւորուինք անգամ մը», գացած ու տան ետեւը իբրեւ մթերանոց ծառայող սենեակին մէջ գտած էր իր անձնական հեծելանիւը ու խոյացած դուրս, դէպի դաշտերն ու պարտէզները, երկար ատեն արգելափակուած եղջերուի մը պէս: Քաղաքի շէնքերէն մէկուն հինգերորդ յարկի նեղ սահմաններուն մէջ տարի մը ամբողջ կալանաւոր մնացած բնակիչի իր կացութեան վրէժը կարծէք կը լուծէր այդպէս: Շաբաթ մը չանցած՝ աղջկանս ընկերուհի Սիլվայենք ալ եկած էին գիւղ ու տեղաւորուած մեր պարտէզին կից գտնուող իրենց բնակարանին մէջ եւ, այդպէսով, ամառնային մեր կեանքը, աղջկանս կեանքը մասնաւորաբար, ամբողջական իր ընթացքը վերագտած էր: Արեւոտ, պայծառ, բնութեան կանաչ ու հոգատար ծոցին մէջ անհոգ, անկաշկանդ ու անվախճան զբօսանքի ու զուարճութեան շրջան մըն էր, որ կը սկսէր աղջկանս ու իր ընկերուհիին՝ Սիլվային համար։ Եւ այլեւս ճռուողիւն մը, բզզիւն մը մեր երկուքիս տուներու չորս բոլորտիքը: Առաւօտեան առաջին իսկ ժամերէն մինչեւ իրիկուան վերջին սահմանը վազվզուք մը, արշաւ մը՝ մէկ տունէն միւսը ու դադար չունեցող իրարանցում մը մեր եւ Սիլվայենց պարտէզներուն մէջ: Ա՛յնքան՝ որ պարտէզները իրարմէ բաժնող ցանկապատին որոշ մէկ մասը քանդուած էր, գետնին հաւասար ճամբու վերածուած, սակայն մեզմէ ոչ մէկուն միտքէն չէր անցներ վերականգնել զայն… 
    Այսպէս էր սկիզբէն ի վեր: Այն սկիզբէն, երբ աղջիկս ու Սիլվան այլեւս ոտքի կանգնեցան, քալել սկսան: 
   Այդ տարի, սակայն, քաղցր, լուսաւոր ամառնային այդ եղանակը իր միջօրէին հազիւ թէ հասած, աղջկանս մանկական զո ւարթ, անստուեր օրերուն վրայ պղտորութիւն մը, սեւ շուք մը ինկաւ: Ամերիկա երթալու, Ամերիկայէն գալու զրոյցներ հրապարակ ինկան: 
    Իրիկուն մը, քաղաքէն դարձիս, վազեց դէմս աղջիկս եւ մէկ շունչով.
    – Ամերիկան հեռո՞ւ է, պապա… 
    – Հըմմ… 
    – Պէյրութէ՞ն ալ հեռու է… 
    – Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ, աղջիկս… 
    – … Եղեր Սիլվայենք Ամերիկա պիտի երթան,– ըսաւ աղջիկս տեսակ մը անհաւատութեան, արհամարհանքի շեշտով: Եւ կարճ լռութենէ մը ետք.
    – Մենք ե՞րբ կ՛երթանք Ամերիկա, կ՛երթանք մենք ալ, չէ՞, պապա… 
    Սկիզբները մրցումի պէս, մարտահրաւէր կարդալու պէս բան մըն էր Ամերիկա ճամբորդելու այս հարցը: Ինչպէ՞ս թէ Սիլվան կ՛երթայ եւ ինք չի կրնար: Ամերիկան ի՞նչ է որ, ինք եթէ ուզէ իր պապան զինք ուրտեղնե՜րը կը տանի…: Սակայն շուտով կնճռոտեցան հարցերը, մթագնեցաւ աղջկանս առօրեան: Սկիզբի արհամարհոտ, հպարտ կեցուածքը տեղի տուաւ, փոխուեցաւ մանուկի իր տակաւին վտիտ պատեաններուն մէջ պարունակուիլ, լուծուիլ չկրցող մէկ շատ թանձր անձկութեամբ: Աղջկանս առօրեային մէջ Ամերիկան դարձաւ մտասեւեռում, տեսակ մը խուլ, յամառ մտատանջութիւն: «…Սիլվայենք կ՛երթան… Սիլվայենք կ՛երթան… եղեր ա՛լ պիտի չգան… ինչո՞ւ պապա ինչո՞ւ Սիլվայենք…»: 
    Կէսօրէ ետք մը, դէպի մօտակայ բլուրները մեր կատարած սովորական պտոյտներէն մէկուն ընթացքին եւ պտոյտի ողջ տեւողութեան սա խօսակցութիւնը տեղի կ՛ունենար աղջկանս ու Սիլվային միջեւ. 
    – Սնտուկները շինեցինք, գալ ամիս կ՛երթանք… 
    – Ի՜նչ այսինքն, պապայիս կ՛ըսեմ՝ մենք ալ կ՛երթանք… 
    – Դուք տուներնիդ, պարտէզնիդ ծախեցի՞ք մը որ… սնտուկներնիդ շինեցի՞ք… նաւ նստելու թուղթերնիդ առի՞ք… 
    – Է՜հ… ի՞նչ կայ որ… մենք ալ վերջը կը շինենք… վերջէն օթոյով կ՛երթանք… պապաս մեզի օթոյով ամէն տեղ կրնայ տանիլ…
    –  Խե՛նթ… չ՛ըլլար, օթոյով չ՛ըլլար… նաւ պէտք է, նա՜ւ…
    – Կ՛ըլլա՛յ… պապաս կը տանի՛,– կը սրդողէր աղջիկս: 
    – Օթo չ՛ըլլար ըսի քեզի,– կը յամառէր Սիլվան յաղթական,– Ամերիկա ծովին վրայէն կ՛երթան, նաւի թուղթ պէտք է առնես…
    Եւ կարծէք թէ անդրադառնալով ընկերուհիին պատճառած ցաւին եւ զայն մեղմելու մտքով՝
    – Դուն հոգ մի ըներ,– կ՛ըսէր Սիլվան, հի՛չ հոգ մի ըներ, դուն չես գար նէ՝ ես նորէն կու գամ… գալ տարի շուտ մը կու գամ… գալ տարիէն չէ նէ՝ տասը տարիէն շուտ մը կու գամ… 
    – Տասը տարի՞,– կը զարհուրէր աղջիկս,– ես այն ատեն ծեր կ՛ըլլամ, մեծ մամա կ՛ըլլամ… 
    – Չէ՛, ծեր չէ… շուտ մը կու գամ… Ամերիկա ֆիւզէ կայ, անոր հետ լուսին կ՛երթան… ես կը նստիմ–կու գամ… 
    Իրիկուն մըն ալ Սիլվային մայրն ու մեծ քոյրը արդէն «մնաք բարով»ի եկան: Շուտ ընկճուած կ՛երեւէին երկուքն ալ: Կարծէք յանցանք կը գործէին Լիբանանը ձգելով: Չէին ըսեր ինչ, սակայն դիւրաւ կը կռահուէր, որ բան մը պատահած պիտի ըլլար ընտանիքին մէջ, ստիպելով այսպէս, որ երկրէն հեռանան: 
    – Ի՞նչ ընենք,– կ՛ըսէր Սիլվային մայրը ճարահատ մէկու մը շեշտով,– ի՛նչ ընենք… բախտերնիս այսպէս բերաւ… 
    Այդ օրերուն Լիբանանը չէր ձգուեր: Անմիտներու մեծաւորը պիտի ըլլար մարդ, կամ չես գիտեր չըսուող, չխոստովանող ուրիշ ինչ պատճառէ դրդուած՝ Լիբանանէն մեկնելու համար: Հրաժարելու համար կամովին այդ այնքա՛ն կապոյտ ու հրապուրիչ երկինքէն, այնքա՜ն հրաշալի, հաճոյալի կեանքէ, կենցաղէ: Այդ օրերուն աշխարհի բոլոր Եւաներուն ամէնէն հիւթեղ ու հրապուրիչ… խնձորներն անգամ դժուար թէ կարենային լիբանանեան դրախտէն ինքզինք արտաքսել տալու պատրուակ դառնալ: 
    Շաբաթ առտու մը, խոշոր քամիոն մը եկաւ, բեռցուց Սիլվայենց սնտուկներն ու բոլոր պայուսակները ու ելաւ–գնաց: Իրենք ալ մայրը, մեծ քոյրը, եղբայրն ու ինք, նստեցան ուրիշ ինքնաշարժ մը ես «մնաք բարով… մնաք բարո՜վ… պայ–պա՜յ… պայ–պա՜յ…» ըսին, պոռացին ու ելան–գացին: 
    Սիլվան մեկնեցաւ: Գնաց պզտիկ, կարճատեւ պտոյտի մը երթալու պէս: Սիլվան գնաց, ինքնաշարժին պատուհանէն շուար, շլմորած աղջկանս երեսին պոռալով. 
    – Նորէն կու գա՛մ… նորէն կու գա՜մ… շուտ մը կու գա՜մ: 
    Յաջորդ երկու օրերուն, իրենց կատուն գիշեր–ցերեկ մլաւեց, նստած գոց դրան դիմաց: Խեղճ կենդանին չկրցաւ երբեք գիտնալ, թէ ինչո՞ւ այդպէս տեւաբար դուռ ու պատուհան գոց կը մնային: Եւ այլեւս կարծէք ճարահատ, ցերեկ ու գիշեր, գիշերնե՛րը մանաւանդ աղիողորմ մլաւիւններ արձակել սկսաւ: Երրորդ օրը ա՛լ չկրցանք դիմանալ եւ այդ գիշեր, երբ դարձեալ գոց մնացող պատուհաններուն փեղկերու դիմաց կատուն այդպէս մլաւել սկսաւ, տեսայ, որ աղջիկս ալ մահճակալին մէջ անքուն նստեր էր…: Երբ զիս տեսաւ «Պապա,– ըսաւ,– միմին մեղք է, շատ կու լայ, Սիլվային կ՛ուզէ, հաճիս, առնենք մեր տունը բերենք»: Գացինք գիշերով «Միմի՜, Միմի՜» կանչեց աղջիկս: Կատուն ճանչցաւ զինք, եկաւ մօտը եւ քսկռտուիլ սկսաւ։ Առինք–բերինք մեր տունը, որդեգրեցինք զինք եւ ամրան վերջաւորութեան մեզի հետ քաղաք տարինք: 
    Եւ այլեւս նամակ, նամակներ… «Սիրելի ընկերուհիս…»: Առաջինը ստացանք գիւղէն մեր իջնալէն երկու թէ երեք շաբաթ ետք, երբ բոլոր դպրոցներու կարգին աղջկանս դպրոցն ալ վերաբացուած էր եւ դպրոցական մանուկներու հետ օրերն ալ հագած էին իրենց սովորական տարազը: Մէկ տարբերութեամբ, որ այլեւս Սիլվային հանդիպիլ չկար՝ զինք միասին դպրոց տանելու համար: Եւ ուրեմն, այդ օրերէն մէկուն ընթացքին, տեսնես յանկարծ պահարան մը Ամերիկայէն, աղջկանս անունը վրան մեր հասցէին ուղղուած: Պահարանին մէջ մանկական անվարժ, անհաւասար գիրերով… «Սիրելի ընկերուհիս», եւ ամբողջ երկու էջ անհաւասար, ծուռ տարերով, բեւեռագիր կարծէք ծածուկ գրութիւն։ Տեսնելու բան էր աղջկանս ուրախութիւնը: Ուրախութենէն աւելի՝ հպարտութիւնը: Ինք առանձին նամակ կը ստանար, մեծ մարդու կարգին կ՛անցնէր: Չուզեց սկիզբը ոչ ոքի յանձնել, սակայն հեգելէ, անվերջ ճգնելէ, ընթերցանութեան ամբողջ իր գիտութիւնը գործ դնելէ ետք, կրցաւ վերջապէս երեւան բերել… «Սիրելի ընկերուհիս»: Մնացեալը… հետեւեալը կարդացինք. 

Այն օրը Պէյրութ գացինք խոշոր նաւ մը նստեցանք նաւը վերջը մամայիս գլուխը բռնեց: Վերջը ուրիշ շատ աւելի խոշոր նաւ նստանք լողաց լողաց նաւը շատ լողաց շատ շատ քալեցինք Ամերիկա հասանք: Այստեղ գալը շատ հեռու է մէկ հատ նաւ չի բաւեր երկու հատ ալ չի բաւեր: Խոշոր նաւէն վերջ մէկ հատ oթo ալ նստանք շատ հեռու տեղեր գացինք: Այստեղ ես դպրոց կ՛երթամ անգլերէն դպրոց շատ աղուոր խոշոր դպրոց է բայց մեր դպրոցը աւելի աղուոր էր… միշտ քեզի կը մտածեմ շուտ գրէ: Ընկերուհիդ Սիլվա: 

    Այս նամակէն ետք, Ամերիկան դարձեալ սկսաւ աղջկանս միտքը չարչարել: 
    – Առի՞ր, պապա, նաւու տոմսակ առի՞ր մեզի ալ,– սկսաւ դարձեալ հարց տալ տեւաբար: 
    Չուշացաւ «Սիրելի ընկերուհիս» շարքին երկրորդ համարը: Մանկական նոյն անվարժ մատներով, անհաւասար ու ծուռ տողերով երկու լման էջ դարձեալ: Մասնաւոր ճիգ պէտք եղաւ դարձեալ, ծածկագիր, բեւեռագիր կարդալ կրցողի գիտութիւն նաեւ՝ «Սիրելի ընկերուհի»իս տակը շարուած միւս տողերը կարդալու համար: Այս նամակը օրերով մեր ձեռքը մնաց: Կարդացինք, դարձեալ կարդացինք, անոր քանի մը տողերը մասնաւորաբար: Կարծէք աղջիկը չէր հաւատար եւ կամ կ՛ուզէր աւելի ապահով ըլլալ Սիլվային ըսածներուն: – Դպրոց կ՛երթամ, դպրոցէն կու գամ – առօրեայի իր կեանքին մէկ պատկերը տալէ ետք, Սիրելի ընկերուհին սա շատ դաժան հաստատումները կը կատարէր. «Այստեղ հայերէն չկայ հայերէն խօսիս նէ վրադ կը խնդան»: Եւ քիչ մը անդին. «Այստեղ աղուոր չէ, ընկեր չես կրնար գտնել ամէնքն ալ ուրիշ տեսակ են: Մեր այնտեղը ինչքան աղուոր էր. շատ շատ աւելի աղուոր էր»: Եւ, վերջապէս ՝«Այստեղ ուրիշ տեսակ է, այստեղ հեռու է շատ շատ հեռու է այստեղ գալ չ՛ըլլար։ Դուն մի գար սիրելի ընկերուհիս, ես կու գամ, ես նորէն կու գամ: Մեծնամ նէ շուտ մը հոն կու գամ»: 
    Սիլվային այս նամակը՝ Ամերիկայի մասին աղջկանս մէջ ծնած այդ տեսակ մը հմայքը, անդիմադրելի կանչը եթէ երբեք բոլորովին չքանդեց, բայց կարծէք թէ տկարացուց պղտորեց: 
    – Պապա, այդտեղ հեռու է եղեր, շատ, շատ հեռու է եղեր,– սկսաւ ըսել եւ ինչ որ աւելի նկատելի էր, երկար ատեն, գրեթէ այլեւս երբեք մեզի համար ալ «նաւի տոմսակ» առնելու խնդիր չստեղծեց: 

* * *

    Ամերիկայի համար եթէ տակաւին «նաւի տոմսակ» գնելու փափաքներ մնացած էին աղջկանս մօտ, անոնք ալ մէկէն անէացան, չքացան Կաղանդի առթիւ Սիլվային ղրկած վերջին նամակով: Հսկայ ծաւալով փայլուն, պսպղուն ամերիկեան կաղանդի քարթ մը, որուն մէջ հսկայական գիրերով «Շնորհաւոր Նոր Տարի» մը դրուած կար, «Ընկերուհիդ Սիլվա» շատ յաւակնոտ ստորագրութեամբ, որուն սակայն ընկերանար երկու լման անշուշտ էջ այդ էլ, մանկական, անկարգ գրութիւն դարձեալ: Նամակին գլուխը անշուշտ բազմած էր դարձեալ անխուսափելի «Սիրելի ընկերուհիս», որմէ ետք, իրաւ է, մանուկի շատ անվարժ լեզուով ու ձեւով, սակայն խոշոր մարդու մը նոյնիսկ սիրտը բզկտել կրցող հետեւեալ տողերը.
«Կաղանդը եկաւ նորէն։ Հիչ չեմ ուզեր այս տարի: Այդ իրիկունը հոն պիտի չըլլամ քանի որ ինչ ընեմ չեմ կրնար գալ: Այստեղ գիտնաս որքան հեռու է: Շատ շատ հեռու է: Ինչ աղուոր էր մեր Կաղանդ Պապան: Անիկա իրաւէն էր: Երկինքէն կու գար լոյսով շինուած կառքին մէջ: Առաջ կ՛երթար ծովին այնտեղը բոլոր նաւերուն սուլիչները կը զարնէր եկայ ըսելով: Անգամներ ալ կ՛ուշանար շատ կը սպասէինք ինծի եւ քեզի որքան շատ նուէր կու տար: Որքան աղուոր էր: Երկինքէն էր մեր Կաղանդ Պապան»: 
    Այդպէս տրտում շեշտերով հեռուն մնացած, «շատ–շատ» հեռուն մնացած այդ իրաւ Կաղանդ Պապային գովասանքը ընելէ, անոր բազում ուրիշ բարեմասնութիւնները յիշելէ յետոյ Սիլվան յանկարծ կ՚ընկղմէր զինք շրջապատող տխուր իրականութեան դառնութեանը մէջ: Մանուկի իր մատները ասկէ աւելի յստակ չէին կրնար թարգմանել ու յետոյ թուղթին յանձնել հզօրագոյն, նոյնիսկ մարդոց լեզուները շղթայել կրցող այսքան հզօր վիշտ: Կ՛ըսէր.
    «Այստեղ չկայ մեր Կաղանդ Պապան»:
    Եւ չես գիտեր ինչ միտքէ տարուած.
    «Անիկա այստեղ չի գար: Փողոցներուն Կաղանդ Պապան կայ այստեղ: Փողոցները լեցուն Կաղանդ Պապա կայ այստեղ: Այստեղինը շուկայէն կու գայ խանութները կը ծախէ, զանգակ կը զարնէ»:
    Եւ վերջապէս՝
    «Այստեղուան Կաղանդ Պապան սուտական է. սուտական»:
    Միջնարար…։ Կարճ դադարէ մը, կեանքի մը գիրքին պզտիկ մէկ էջը հազիւ գրաւող ժամանակամիջոցէ մը ետք՝ հիմա բեմը կը բացուի, նոյն, միեւնոյն դերակատարներով, սակայն այս անգամ… Նիւ Եորքի «Ըմփայր Սթէյթ Պիլտինկ»ի, «Թայմզ Սքուէր»ի եւ «Ռաքֆելըր Սենթր»ի տեսարաններուն վրայ:
    Ամերիկեան այս բեմին վրայ գործողութեան ձեռնարկելէ առաջ սակայն, հաւանաբար անհրաժեշտ վերաքաղ մը, վերյիշեցում մը կատարել Լիբանանի վերջին տեսարաններուն վերջին արարէն: 
    Եւ ուրեմն, Սիլվային այդ Նոր Տարուան նամակը գայթակղեցուցած, ընդվզեցուցած էր կարծէք պզտիկ աղջիկս: Չէր հասկցած, թէ ինչպէս փողոցները Կաղանդ Պապան կը լեցուի: Չէր ըմբռնած Կաղանդ Պապան ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս զանգակ կը զարնէ: (Իրեն համար աղբահաւաքը զանգակ կը զարնէր, տուներուն զիպիլները տանելու համար): Եւ մա՛նաւանդ՝ Կաղանդ Պապան, Ի՛Ր Կաղանդ Պապան ինչպէ՞ս սուտ կ՛ըլլայ, «սուտական» կ՛ըլլայ: 
    – Կ՛ըլլա՞յ, պապա, Կաղանդ Պապան կ՝ըլլա՞յ, կրնա՞յ սուտական ըլլալ,– հարց տուած էր շարունակ տեսակ մը վախով… 
    Եւ, վերջապէս, Ամերիկայէն կարծէք այլեւս բոլորովին հիասթափ. 
   – Ա՛լ չերթանք պապա, այլեւս չերթանք,– ըսած, կրկնած էր: 

* * *

Բայց ահաւասիկ, հիմա արդէն հոս էինք, ամերիկեան այս բեմին վրայ: «Չերթանք, չերթանք, այլեւս չերթանք» այդպէս անվերջ կրկնելով՝ մենք մեզ գտած էինք Ատլանտեանի հսկայական ջուրերուն այս վերջին ծայրը, առանց նոյնիսկ նախապէս «նաւի տոմսակ» գնած ըլլալու: Ձգած էինք Լիբանանը, երբ տակաւին «գեղածիծաղ» էր, երբ տակաւին մոնկոլական հրէշային իր դիմագիծը փայլուն, շողշողուն ու հմայիչ դիմակներու տակ պահած–նստած էր: Սիլվայենց նման մեր ալ «բախտը այդպէս ուզած էր» եւ, տուն ու տեղ ու պարտէզ ձգած՝ հեռացած էինք կարծէք մեր կամքէն անկախ, հսկայ սխալ մը, աններելի մեղք մը գործողի հոգեվիճակով:   
    Դեկտեմբերի սկիզբներն էին: Առտու մըն ալ արթնցանք, տեսանք աշխարհը ամբողջ մաքրամաքուր, զգլխիչ, ճերմակ հագուած էր: Ըսին՝ այս տարի ձիւնը կանուխէն ինքզինք յայտնած էր, եւ թէ՝ այսպէսով Ճերմակ Քրիսմըս մը ունենալու յոյսեր շատ կան: Դուրս վազեցինք գրեթէ ամբողջ ընտանեօք: Ձիւն նետեցինք իրարու, վազեցինք, վազվզեցինք ճերմակ տարածութեան մէջ, իրարու հասակ չափեցինք: Պէյրութի մէջ ձիւնը գրաւիչ, հմայիչ պատկերի պէս բան մըն էր, Սաննինի բարձր ու հեռաւոր կատարներէն տեւաբար մեզի ժպտացող եւ որ երեխաներուն ափ մը այդպէս ձիւն կարենալ շօշափել տալու համար կը ստիպուէինք միշտ, ձմրան ցուրտին, լեռները ելլել, Տահր–էլ–Պայտարի բարձունքները մագլցիլ, շատ յաճախ ալ վերադառնալ գլխիկոր, առանց ձիւնի փաթիլի մը իսկ հանդիպած ըլլալու…
    Նիւ Եորքի հսկայ թաղամասերէն, հելլէնական չես գիտեր ինչ հրապոյրները յիշեցնող «Ասթորիա»յի մէջ լոյս աշխարհ եկած մեր հայ բարեկամուհին (մոռցանք ըսելու, թէ մեր այստեղ հասնելէն հազիւ երկու շաբաթ ետք, երիտասարդ հայ տիկնոջ մը ծանօթանալու եւ անմիջապէս իրեն հետ բարեկամանալու հազուագիւտ բախտը ունեցած էինք), ուրեմն, այս ազնիւ բարեկամուհին, Բարի Սամարացիի դե՞ր մը ինքզինքին տուած ըլլալու, իր հայ ծագումին տո՞ւրք մը հատուցանելու, թէ ամերիկեան անգլերէնին մլաւիւնին նմանող հնչումներուն պատճառով ծռած, ծռմռած ու քայքայուած իր հայերէնին քիչ մը ուղղութիւն տալու դիտաւորութեամբ, ստանձնած էր, ինքնամատոյց կամեցողութեամբ յանձն առած էր Նիւ Եորքը մեզի եւ մեզ Նիւ Եորքին ծանօթացնելու նուրբ եւ փափուկ եւ ոչ–դիւրին պաշտօնը: Բարձրացած էինք արդէն իսկ «Ուորլտ Թրէյտ Սենթըր» երկուորեակին, ապակիի եւ պեթոնի այդ քառանկիւն տգեղութեան, մարդու ձեռքով կառուցուած բարձրագոյն բուրգերուն այս իբրեւ թէ ամէնէն բարձրին զոյգ գագաթները: Ելած էինք արդէն իսկ «Ըմփայր Սթէյթ Պիլտինկ»ի ծայրագոյն մասը, այդ բարձունքէն տեսնելու համար դիտարժան Նիւ Եորքի համատարած գեղեցկութիւնը: Կամուրջները, թանգարանները, կարծէք լոյսով կերտուած քնարներու պէս դէպի երկինք սլացող հսկայական կամուրջներուն տակ խեղճուկ, թշուառ մնացած, երբեմնի հզօր, բայց այլեւս առասպելի կարգ անցած կոյր փարոսները…: Տեսած էինք այդ ամէնը, ամէնը եւ զմեզ հիացած, սքանչացած ցոյց տուած…։ Ըրած էինք, ցոյց տուած այնպէս, որ կարծէք երբեք, իր աւերակ վիճակին մէջ իսկ հսկայ, վեհաշուք, մարդու ձեռքով կառուցած հին թէ նորագոյն բոլոր հրաշակերտութիւններուն իր փառապանծ սիւներուն ու քանդակներուն բարձունքէն նայող… Պաալպէքի մը անմիջական մօտիկէն եկող չէինք մենք: Ըրած էինք, ցոյց տուած այնպէս, որ կարծէք երբեք, բնութեան ամբողջ, համընդհանուր գեղեցկութիւնը, ծով ու երկինք ու լեռներ, մէկ ափի մէջ հրամցուող պարգեւի մը պէս իր ծոցին մէջ խտացուած, ամփոփած Լիբանան կոչուող ցամաքէ մը եկող չէինք մենք եւ որ ամէն օր, ամէն իրիկուն ահեղ, ահարկու մայրամուտներուն հրկիզումին ականատես եղած չէինք… Հրճուեցանք չոր ցիցի պէս մայթի մը ափին տնկուած «Ըմփայր Սթէյթ Պիլտինկ»ով այնպէս ցոյց տալով, որ կարծէք երբեք երկնասլաց ու այլապէս առինքնող «Թուր–Էյֆէլ»ի գագաթը չէինք բարձրացած եւ որ այնտեղէն, բազում ու բիւր անգամ… Լոյսի Քաղաքին հրաշալիքը չէինք ըմբոշխնած:
    Դեկտեմբերի սկիզբներն էին եւ արդէն… լա՜լլա՜–լա–լա… լա՜լլա՜–լա–լա… օր ու իրիկուն, ձայնասփիւռէն եւ պատկերասփիւռէն, ամէն, ամէն ուղղութենէ, փողոցները, խանութները փայլուն, փայլփլուն զարդարուած են արդէն իսկ եւրոպական Ծնունդը դիմաւորելու համար: Եւ այլեւս ջղայնութիւն, զզուանք պատճառող ամերիկեան այդ Ծնունդի երգերը, յաւիտեանս կրկնուող լա՜լլա՜–լա–լա… լա՜լլա՜–լա–լա… կարծէք առանց այդ լալլա–ներուն Ծնունդ–Զատիկ, Քրիստոս–Յիսուս կարելի չէ որ լոյս աշխարհ գան:
    – Պապա,– իրիկուն մը աղջիկս, դպրոցէն դարձին,– Կաղանդ Պապան այստեղ շուտ կու գայ եղեր, դպրոցը ամբողջ կ՛երգեն, այստեղի Կաղանդ Պապան երգելո՜վ է, երգելով…
    Այդ երգեցիկ օրերէն մէկուն, ամերիկածին մեր հայ բարեկամուհին յայտնեց մեզի, որ աւանդութեան կարգ անցած սովորութեան համաձայն, այս տարի եւս, «Ռաքֆէլըր Սենթըր»ի հրապարակին վրայ, Կաղանդի հսկայ ծառ մը բերած–տնկած են դարձեալ, նախկին իր նմաններուն ամէնէն բարձրը, զոր պիտի զարդարեն ու լուսաւորեն վաղը, Հինգշաբթի իրիկուն: «Կ՛արժէ տեսնել զայն,– ըսաւ մեր բարեկամուհին,– ուրիշ տեղերէ հազարներով մարդիկ հոս կու գան այդ ծառին համար», եւ յանձնարարեց, որ պատրաստ ըլլանք՝ Շաբաթ իրիկուն երթալու համար:
    Գացինք Շաբաթ իրիկուն: Մեր այդ ազնիւ բարեկամուհին տարաւ զիս ու աղջիկս, աշխարհի եօթը հրաշալիքներէն մէկը կարծէք ցոյց տուողի հաւատքով: Հսկայական, անծայրածիր ու, մա՛նաւանդ անկարգ ամբոխ մը, փողոցներու ամբողջ լայնքին, երկայնքին: Մանկամարդ ու պատանի աղջիկներ ու տղաք, ձեռքերնին խմիչքի մէկական շիշ, կէս–հարբած ու կէս–արթուն վիճակով եւ աղմուկով, հրմշտուկով փողոցները կ՛ողողէին: Ռատառի գործիք ունենալ պէտք էր, այսքան իրարանցումի մէջ երկու շիտակ քայլ առնելու համար: Եւ, վերջապէս, «Ռաքֆէլըր Սէնթըր»ի պզտիկ այդ հրապարակը եւ անոր գլխուն… ծառը կար, տեսանք: Ծառը հոն էր, անմրցելի բարձրութեամբ եւ լոյսերով ողողուած: Երկինքի կարծէք բոլոր աստղերը չես գիտեր ի՛նչ հրաշքով, անկարելի, անիրական իրենց փայլով ու գոյնով եկած–տեղաւորուած են «Ռաքֆէլըր Սէնթըր»ի այդ ծառին վրայ: Եւ իր բոլորտիքը ուրախութիւն, հանդէս, հրճուանք, երգչախումբեր, երգեցողութիւն… լա՜լլա՜–լա–լա՛… լա–լա՜ լալա՜…։
    Ծառը կար, հոն էր, երկինքէն կարծէք այստեղ իջած, լոյսով, գոյնով, հմայքով: Ամէն ինչ կար, ամէն ինչ շատ էր, ի բաց առեալ… ի բաց առեալ… 
    Տեսայ՝ պահ մը աղջկանս աչքերը գամուած–կեցած են մէկ ու միակ ուղղութեամբ, մէկ կէտի վրայ: Ես ալ աչքերս նոյն ուղղութեան դարձուցի, նկատելու համար նախ, որ մեզմէ քիչ անդին, փողոցին միւս անկիւնը, լոյսերու մէջ լողացող ամերիկեան այդ հռչակաւոր այդ վաճառատուներէն մէկը կայ եւ յետոյ, որ… Ի՞նչ տեսնեմ աղէկ… երկու Կաղանդ Պապա, առասպելական կարմիր իրենց գլխարկով ու հագուստով, ճերմակ, երկար մօրուքով, իրական Կաղանդ Պապա: Բայց ձեռքերնին մէկական… զանգակ, անդադար կը զանզահարեն, խանութին առջեւ: Ճիշդ այնպէս ինչպէս գրած էր Սիլվան: 
    Աղջիկս մոռցած էր ծառը, անոր շուրջ տիրող իրարանցումը եւ իր ամբողջ էութեամբ տարուած կը թուէր փողոցին միւս անկիւնի անցուդարձերով: Աղջկանս ամբողջ ուշքը այդ փողոցի անկիւնի խանութին առջեւ զանգակ զարնող Կաղանդ Պապաներուն էր: Անոնցմէ մէկը, գիրուկ, կարճուկ մէկը, տեսնենք մէկ ալ դրաւ զանգակը մէկդի ու գնաց նստեցաւ վաճառատան դրան անկիւնը, աթոռակի պէս բանի մը վրայ: Եւ յետոյ… յետոյ… մօրուքը հանեց, գլխարկը հանեց, թշուառ, ճաղատ գլուխ մը մէջտեղ բերելով՝ սկսաւ սանտուիչ մը ուտել: Իսկ աղջիկս, որ յափշտակուածի նման այդ ամբողջը կը դիտէր, ահաբեկուած ձայնով մը՝ 
    – Պապա, պապա, տե՛ս,– ըսաւ,– սուտականները… սուտականները…

(Թիւ 11-12, 1987)

Your email address will not be published. Required fields are marked *