Պ. Սնապեան Տուն-թանգարան

ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԻՆ 

Տուր ճանապարհէդ 
Կաթիլ մը թանաք 
Որ տուայտած օրերուս համբոյրը 
Նեղ ճակատիդ ու հողմին ցրուած մազերուդ 
Պակուցումով արարեմ: 

Զիս տար քու ափերուդ 
Ուր մեղուներդ պարս առ պարս 
Արեւակուլ վարդերու բերդերէն 
Կ’առնեն հմայքը խաղաղութեան աւիշին: 

Տերեւ մը գոնէ տերեւ մը միայն 
Փակցուր մարմնիս հիւսկէններուն 
Որ ապրիմ յոյզովն քերթութեան սաղմին: 

Այսօր քու տեսիլքէդ 
Ո՜վ բանաստեղծ երբ վիրաւոր տաղերդ
Կ’արտահանեմ աչքերէս 
Ու կը պատմեմ քու աքսորդ 
Կը տարածեմ անէծքիդ փոսուռան 
Երգերուս ու յարուցեալ զայրոյթին մէջ: 

Ահա քեզի համար հնձուոր ու անցաւոր խեղճ մունետիկները 
Որ հայրենիք կ’օրհներգեն ամէն արեւագալի 
Կը մորթուին մէկ-մէկ 
Ու արագիլները, անդաւաճան կը վերադառնան
Արբունքիդ օրերը լուսէ 
Որ դուն քու մոմ մատներովդ երգես 
Ու ըսես 
Ծղրիթ նորէ՞ն եկար բախտս ծաղրելու, 
Ծղրիթ, նորէ՞ն եկար անցեալս խաչափայտի վրայ գամելու: 

Ըսէ՛ Ծղրիթ 
Ինչո՞ւ երթը անոր կարմիրով գրեցիր Ու ալեւոր հասակին տուիր միայն թուք ու մուր 
Ինչո՞ւ սպաննեցիր անոր աչքերուն 
Ամենէն թանկ հայրենիքը խորան, ու սեւ այգին փափաքներուն: 
Զինք պատէ-պատ 
Ու քաղաքէ-քաղաք աքսորեցիր 
Ու անոր հոգիի պատշգամբներուն վրայ 
Ստալիններ շարեցիր 
Որ ան թունաւոր խօսքով մրմնջէր միայն
Ու արհամարհոտ գոչէր տիւ, գիշեր: 

Գոչէր ամէն օր, 
Ու մերթ հառաչէր 
«Ահա ես նորէ՜ն ճանչցայ ձեզ, ձե՛զ, որ բնաւ չիմացաք,
Թէ ինչու ճամբայ կու տան աներկբայ անցքին գիշերուան դէպի լուսածագ, 

Ձեզ, որ գլելով ձեր մութը մգլած քիրտ ու դիրտի մէջ խտիր չդրիք, 
Ինչպէս բզէզն այն, որ ամենուրեք կը թաւալի լոկ քակոր ու թրիք, 

Ձեզ որ ձեր ցրեխ-ցրեխ ցեխերով այնպէ՛ս պատեցիք խաչվառ, խաչ ու մաչ, 

Որ լուսաւորչի Աստուածն ալ զանգի մը մէջ, լռեց անաւաչ,» … 

* * *

Ինք ձեզ կը ճանչնար 
Որպէս որդին տարագրուած կարաւաններուն 
Որ իբրեւ թէ տունդարձի ելաւ 
Կտոր մը հողի, կաթիլ մը ջուրի հաւատքը պարզած, 
Գունաւոր երկինք ու կապոյտ երդիք 
Կանաչ ճանապարհ որոնելու պէս: 

Ճանչցար գոնէ զինք 
Գունաւոր ծղրիթ 
Դուն միջնադարեան լռակեաց միջատ 
Որ երգելու տեղ 
Մոխրացած երկրի ամայութեան մէջ 

Յաճախ յիշեցիր
Որ մինակ էր բանաստեղծը դեռ: 
Այո մինակ էր 
Շատախօս Ծղրիթ: 

Զիս տար անոր ճանապարհով 
Մուսայիս տուր կտոր մը խունկ 
Կաթիլ մը թանաք անոր մասնատուփէն 
Որ ես ալ ծղրիթ աներգ չմեռնիմ 
Արիւնոտ դարու փլատակներուն տակ 
Դուն գիտես Ծղրիթ,
Երգս պարուրուած իր քողը ունի 
Քողին տակ կապոյտ երիզ մը կայ դեռ 
Երիզ մը յոյսի 
Կարմիր արցունքներ որ ամէն գարնան 
Ամէն հեղեղի պիտի բռնկին 
Պիտի կարմրին 
Իր երգով Ծղրիթ, 
Ծղրիթ հեռատես: 

Երգը թափանցիկ ու մեհենական 
Երգը աստուածաշնչական: 

Տերեւ մը գոնէ տերեւ մը միայն 
Փակցուր մարմնիս հիւսկէններուն 
Որ ապրիմ յոյզովն քերթութեան սաղմին: 

Ու մի մոռնար 
Որ կաթիլը ապերախտ յոյսին 
Կը չորնայ օր մը. 
Ու տուայտած օրերուս համբոյրը, 
Կը մարի հին ցաւերուն հետ. 
Յուշեր կը դառնան խոցերը նախկին 
Կը մարին մէկ-մէկ ցաւերը նախկին 
Աքսորի երգիչ խոցուած բանաստեղծ 
Ու ճակտիդ նարօտին վրայ, 
Պայծառ արեւը կը ցոլայ կրկին: 

Ու այն ատեն 
Քու ափերուդ վրայ 
Մեղապարտներու շապիկը հագած
Ուր մեղուներդ պարս առ պարս 
Հոգի առ հոգի 
Կը լեցուին ահա 
Յոյզի օշինդրով 
Ծունկ-ծունկ քալելով 
Մինչեւ դատաստան 
Ոտքերուդ առջեւ 
Իւղ ու գինիով 
Կ’օրհնեն բառերուդ
Թռիչքը անբասիր: 

Այսօր քու տեսիլքիդ 
Ո՜վ բանաստեղծ երբ անունդ 
Ամուր կապարի պէս կ՚արտահանեմ աչքերէս, 
Պատմելու համար քու աքսորդ ցաւագին:
Կ’աղօթեմ նորէն 
Այս դժնէ դարուն 
Այս ամենակուլ կրակներուն մէջ, 
Գրիչս պարզած իբրեւ վահանակ. 
Աքսորի ողբիդ ցաւը մեղմելու 
Անտուն բանաստեղծ 
Եւ անօթեւան 
Վիրաւոր ռեհան 
Ալիք առ ալիք բացուող տաղարան:

Ընդունէ մեղքս 
Ձայնը սերունդիս 
Ու ներէ անոնց 
Մինչեւ որ լուսնայ գիշերը թախծոտ: 
Ընդունէ աղօթք, 
Ընդունէ կնդրուկ 
Եւ խունկ ու վարդեր 
Իմ մեծ բանաստեղծ 
Վիրաւոր Ռեհան 
Ապրած վէրքիդ մէջ 
Փշուրը լոյսի 
Կարիքով միայն 
Պիտի քալենք դեռ 
Երկար համօրէն 
Լուսաւոր երազի 
Կուժը մեր ուսին 
Իբրեւ յետնորդներ 
Քու մեծ ցաւերուդ իբրեւ վկաներ: 

Խաչի բարեկամ 
Խաչուած բանաստեղծ 
Երանելի սէր 
Ու լուրթ արեւի կշիռքով օժտուած 
Այսօր յոյզի տեղ 
Ու կարեկցանքի 
Լոյսի աղօթք բեր մեր երդիքներուն 
Որ անձրեւներու ու հողմին գալով անէծք չթափենք
Աստծոյ սեղանին: 

Մեղայ քեզի տէր 
Որ բանաստեղծին 
Տուիր զոյգ թեւեր
Եւ տուիր անթրոց 
Եւ տուիր քուրայ: 

Հոգւոյ տաճարին յոյս դարձող Բաղեղ 
Ու լոյսով ապրող 
Բնակող իմ մէջ
Արիւնաշաղախ, Արիւնապատգամ 
Եւ բայց ներողի 
Վսեմ սքեմը 
Հոգիին կապած. 
Մինակ բանաստեղծ 
Կենացդ այսօր 
Եւ կենացդ միշտ 
Հուր եւ յաւիտեան 
Վիրաւոր երգիդ մուսան է այսօր որ 
Հուր եկաւ ինծի 
Ու ես երգեցի 
Բառերով կարմիր 
Կարմիր բառերով 
Բայց ոչ անէծքով 
Այլ աղօթելով: 

Կենացդ այսօր 
Ապրող Բանաստեղծ: 

(Թիւ 2, 2005)

Your email address will not be published. Required fields are marked *

նախորդ
ԲԱՌԱՇԽԱՐՀ