ASSADOUR.
Osthaus Museum, Hagen

Սփիւռքի հայաշխարհէն ծնած եւ տիրականօրէն միջազգային արուեստաշխարհի եւ պատկերասրահներու մատչած՝ քիչ անուններէն է Ասատուր:
Իր բազմատասնեակ ցուցահանդէսներէն, ամբողջ յիսնամեակի մը եւ երկրէ երկիր, ցամաքամասէ ցամաքամաս տարածուող, հոս յիշատակելին՝ վերջինն է, Գերմանիոյ Հակըն քաղաքին մէջ: Եւ անոր առթիւ հրատարակուած (հերթական) գեղատիպ ալպոմը, որ շահեկան է՝ հիանալի գոյներով հարստացած մետաղագծական բազմաթիւ նկարներու կողքին՝ շարք մը երկլեզու գրութիւններով (գերմաներէն եւ անգլերէն), այնքան կուռ ու ամփոփ, որքան շահեկան:
«Օսթհաուս» թանգարանի տնօրէն Թ. Պելկինի ողջոյնի խօսքէն ետք, հոն տեղադրուած են վերլուծական նիւթեր՝ հին թէ նոր արուեստաբան-մշակութաբաններու գրութիւններէն:
Հետաքրքրական է՝ իբր անսովոր՝ Ասատուրի պարագային, իր իսկ ստորագրած «My Little Story» նիւթը. ապա եւ՝ Գր. Պըլտեանի «Ջնջումի տարածութիւնը» վերլուծական նշմարը, եռալեզու, հայերէնով՝ գերմաներէնի եւ անգլերէնի կողքին: