«Մերինները…» գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ։ Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ՚ուրուագծէ։
«Մերինները…» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին Պէաթրիսի, Հերիքնազի կամ Ղազարոսի դէմքի արտայայտութիւններով, մտմտումներով, շուքին տակ մնացած անոնց նիստուկացով։