Քանդումներու ձայներ յաճախ ես կը լսեմ՝
փլող պատեր, ինկող քարեր,
օրերու հետ դատարկուող շրջանակներ պատուհանի...
Այո, երբեմն մղձաւանջներուս
մէջ դեռ կը պայթին սուլոցներ ռումբի,
ու չեմ հասկնար
ասոնք կը հասնին արդեօք անցեալէ՞ս
թէ խուլ ձայներ են ժամանակէ մը... Կարդալ աւելին
Վեհանոյշ Թեքեան
Մեծ քաղաքին պզտի՜կ աղջիկը
Ան ոտքեր չունի
Ուրիշներուն պէս թևեր չունի ան
Ան կը քնանայ ծերացած քրտնած կամուրջներու տակ
Մեծ քաղաքներու պզտիկ աղջիկը
Երկու ծակ ունի ժիր աչքերու տեղ
Որ սենեակները անլոյս կը տեսնէ
Եւ բոլոր դռներն անկուղպ եւ փտուկ Կարդալ աւելին
        մեղրից ես դու ծնուել,
        ինձ մեղրից հարցրու
        հին հնդկական բանաստեղծութիւն

Մեղուապահը պապս է,
իսկ ես մօրս մասին եմ ուզում խօսել,
որ ժիր մեղու է,
եւ տունը մայրիկի բուրում է տարատեսակ Կարդալ աւելին