Մարուշ Երամեան

ՀԱԼԷ՜Պ ՀԱԼԷ՜Պ

Հողը իմս չէր
Բայց իմս դարձաւ
Երբ հոն թաղուեցան պապերս որոնք
Տիգրանակերտէն ԱՄՆի երազով
Եկեր էին հոս

Ուր երկինքը լուրթ երազ ցօղեր էր
Իրենց աներազ ու տագնապահար
հոգիներուն մէջ

ուր հողը կարմիր ծնունդ տուեր էր 
ցորենին հացին ու քաղցր կեանքի 
հաւատքին անհաս

հողը իմս չէր

բայց իմս դարձաւ
երբ այստեղ ծնան հանիս մեծ-մայրս
Խանըմ անունով

Վերանուանուեցաւ
Զուարթ Գասպարեան

Ու իր պսակին
Դալուկ ժպիտով ու թեւերը վեր
«լէմունէ ալ լէմունէ» պարեց սրտագին

Լեզուն իմս չէր
Բայց արձագանգը կը հասնէր ունկիս
Հեռու Անիէն Արքայէն Գագիկ

Եւ մեր պատմութեան հոսող հիւսակէն
Բազում ձեռքերով հիւսուած ապահով
Եւ նոյն վաչկատուն ցեղերէն քակուած
Իսկ ցաւը մերն էր սկիզբէն իմս

Խոշտանգուած հողի եւ հեղուած արեան
Ցաւը իմս էր                     զի նոյնն էր նման

Այս հողին վրայ
Արեան մէջ կապոյտ
Եւ այս լեզուին մէջ

Վայրը ես էի
Եւ իմս էր վայրը որքան անտառը
հաւատքին անհաս Եւ կամ երկինքը եղնիկներուն է

Բայց հրդեհ ինկաւ
Երկինքն ուրացաւ իր զաւակները
որոնք մնացին անհող                    աներկինք

ու կորսուեցան
իրիկուան լուրերուն
եւ իրականութեան միջեւ տեղ մը

երկնքին հետ
վայրն ալ ուրացաւ մեզ
մենք որ մեր ուսերուն վերցուցեր էինք զայն
ու խնամեր մեր թարթիչներուն շուքովը

ծիծեռնակները ուշացան ժամադրութեան
ամէն գարնան կէսօրէ ետք
ժամը չորսին

արձակուող աշակերտներուն
եւ իջնող իրիկուան օրհնութեան հետ

ծակ-ծակ էր երկինքը

ու ծիծեռնակները այն գարնան չհասկցան
թէ ինչո՞ւ չկային «փայտի հրապարակ»ին
զիրենք սպասող մանչերը

եւ ինչո՞ւ չկային զէթուզահթէր ծախողները

կար միայն մեծ              վախազդու յղի լռութիւնը
– կարծես լռութիւնը էգ ըլլար –
պատրաստ ամէն պահու արհաւիրք ծնելու

ծակ-ծակ երկնքին տակ
ծակ-ծակ քարտէս մըն ալ կար
ուր ոտնաչափ մը տեղ գտեր
կեցեր էինք
ծիծառներուն օրհնութիւնը վրանիս

իրենցմէ սորվեր էինք երգել
մեր գիշերները բերդին շուրջ
նարկիլէի բոյրով քաղցրացած

այն օրերուն
ժամանակը մեր ընկերն էր
մեզի հետ կը ծխէր գիշերներուն խորունկ կապոյտը
եւ կը զուգերգէր պալլատը հին ասպետներուն
որոնց անունները
բերդին դարպասներուն էին դաջուած
«Ոչ կը մոռնամ
Ոչ ալ կը յիշեմ ապագան»
Որ ժամանակին հետ թեւանցուկ
Փախաւ մեր քաղաքէն
Ետեւը միայն փոշի ու մոռացում ձգելով

Հիմա երկրին խորը տեղ մը
Մոռցուած վանքերու կենդանութեամբ կը շնչենք
Մնչող տատրակներուն գգուանքը մեր ուսերուն

(Թիւ 3, 2013)

(ԿԲ. Տարի, 2023)